«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#218, 2004-12-04 | #219, 2004-12-07 | #220, 2004-12-08


ԿԱՐԼԷՆ ԴԱԼԼԱՔԵԱՆ ԲԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի շրջանակին կողմէ հրաւիրուածՙ արդէն Բէյրութ կը գտնուի հայրենի ծանօթ գիտնական, պետական գործիչ պր. Կարլէն Դալլաքեան:

Հայրենի մեծ մտաւորականներու շարքին դասուող պատուարժան հիւրը ստանձնած է պետական մեծ պատասխանատուութիւններ Խորհրդային Հայաստանէն ներս, ի շարս այլոց վարելով «Հայ եկեղեցու գործերի խորհրդի», ինչպէս նաեւՙ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահի պաշտօններ:

Իր կեցութեան ընթացքին, պր. Դալլաքեան պիտի շարունակէ գրի առնել ՌԱԿ-ի պատմութիւնը, որուն Ա. մասըՙ 1921-1940 թուական, դարձեալ իր պատրաստութեամբ, արդէն իսկ լոյս ընծայուած է 1999 թուականին: Նշեալին առընթեր եւ իբրեւ չօպանեանագէտՙ ան պիտի բանախօսէ ԹՄՄ Լիբանանի վարչական խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած եւ Արշակ Չօպանեանի մահուան 50 ամեակին նուիրուած հրապարակային հանդիսութեան: Ան պիտի ունենայ շարք մը շահեկան դասախօսութիւններ եւ ելոյթներ Միջին Արեւելքի կարգ մը գաղութներէն ներս Լիբանան կատարած իր այս այցելութեան ընթացքին:

Տեղին է նշել, թէ պր. Դալլաքեանի կեցութեան, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի պատմութեան 2-րդ հատորի լոյս ընծայման ծախսերուն մեկենասն է ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիրՙ Յակոբ Վարդիվառեանը Նիւ Ջերզիէն:

ՌԱԿ ՄԱՄԼՈՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4