«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#5, 2005-01-15 | #6, 2005-01-18 | #7, 2005-01-19


ՀԲԸՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԴԱՏ

Թուրքիոյ հայոց պատրիարքը դիմեց Կալիֆոռնիոյ դատական ատեաններուն

Պոլսո «Ժամանակ» օրաթերթի երեկվա համարից գրեթե նույնությամբ արտատպում ենք հետեւյալ հոդվածը, որն ըստ ամենայնի կանխանշում է նոր զարգացումներ Կիպրոսի Մելգոնյան վարժարանի փակման որոշմամբ ծագած հայտնի տագնապում: Հոդվածի գլխավոր նորությունն այն է, որ Թուրքիայի հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆյանը Կալիֆոռնիայի դատական ատյաններին է դիմել Հայկական բարեգործական ընդհանուր միության Կենտրոնական վարչության դեմ դատական գործ հարուցելու հայցով: Բողոքի առարկանՙ ըստ պատրիարքի ՀԲԸՄիությունը խախտել է 1926 թ. ստորագրված Մելգոնյան կտակի դրույթներից մեկը, ըստ որի Պոլսո հայոց պատրիարքությունը տարեկան 1000 անգլիական ոսկի պետք է ստանա ՀԲԸՄիությունից: «Ազգը» դեռեւս առիթ կունենա անդրադառնալու այս նոր զարգացմանը, որը աննախադեպ լինելուց բացի հղի է նաեւ վտանգավոր հետագա զարգացումներով, ընդհուպ թուրքական իշխանությունների միջամտությամբ..

Մելգոնեան եղբայրներու կտակը այս շրջանին անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ հայ աշխարհին օրակարգը: Մելգոնեան եղբայրները, որոնք իրենց ողջ հարստութիւնը թողած են մեր ժողովուրդին, իրենց կենդանութեան շրջանին թէ՛ հիմքը դրած են շատ կարեւոր հաստատութիւններու եւ թէ իրենց կտակով երաշխաւորածՙ այդ եւ ուրիշ ազգային կառոյցներու ապագան: Այս առումով իսկապէս անփոխարինելի ու երախտաշատ գործունէութիւն մը ծաւալած են անոնք եւ բնականաբար ի զուր չէ, որ ցայսօր իրենց յիշատակը անթառամ կը մնայ հայ ժողովուրդին մօտ, արժանանալով բիւր յարգանքի:

Հարցի բարոյական երեսակը մէկ կողմ, վերջին շրջաններուն յաճախ օրակարգի վրայ կու գայ Մելգոնեան եղբայրներուն կտակը իր բոլոր մանրամասնութիւններով, զանազան երեսակներով եւ տրամադրութիւններով: Թէ ի՞նչ է պատճառը... Այս հարցումին պատասխանը այսօր այլեւս յայտնի է բոլորին: Պատճառը, կարճ խօսքով, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անհեռատես գործադրութիւններն են: Արդարեւ, Մելգոնեան եղբայրները տակաւին իրենց կենդանութեան շրջանին հիմքը դրած են իրենց մեծագոյն գործինՙ հիմնելով Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը (ՄԿՀ), որ կըգտնուի Կիպրոս կղզիին մէջ: Մելգոնեանները նաեւ իրենց թողած կտակով փափագած են երաշխաւորել ՄԿՀ-ի ապագայ կենսագործունէութիւնը: Ըստ զանազան աղբիւրներու, այդ կտակը, ստորագրուած շրջանի պայմաններով, կ՛արժէր շուրջ 600 հազար անգլիական ձոյլ ոսկի, նաեւ կ՛ընդգրկէր կարգ մը կալուածներ: Կտակին էական մասը կը վերաբերի ՄՀԿ-ին եւ անոր տրամադրուելիք միջոցներուն, իսկ յատկացումներու բաժնին մէջ իրենց տեղը ունին նաեւ ուրիշ հայ կառոյցներ, ինչպէսՙ Երեւանի պետական համալսարանը, նաեւ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռները:

Սկզբնական շրջանին կտակը կը տնօրինէր Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը: 1926 թուականին ստորագրուեցաւ եռակողմանի փաստաթուղթ մը, որուն հիման վրայ կտակարար դարձաւ ՀԲԸՄ: Բարերար եղբայրներէն Գրիգոր աղա Մելգոնեան թէեւ այդ շրջանին մահացած էր, սակայն իր եղբայրըՙ Կարապետ աղա Մելգոնեան, եղաւ այդ եռակողմանի փաստաթուղթը ստորագրողներէն մէկը: Պայմանաւորուածութեան միւս երկու կողմերն էինՙ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը եւ ՀԲԸՄ-ը: Այսինքն պատրիարքարանը կտակարարի պաշտօնը փոխանցողն էր, ՀԲԸՄ-ըՙ ստանձնողը, իսկ Կարապետ Մելգոնեան կենդանութեան օրով կու տար իր հաւանութիւնը: Անցնող տասնամեակներուն այս դրութիւնը ընդհանրապէս գործեց յաջող եւ ՀԲԸՄ իբրեւ կտակարար իրականացուց ՄԿՀ-ի մատակարարութիւնը:

Այս կտակին առողջ օգտագործումը հարցականի տակ մնաց անցյալ տարի, երբ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը հռչակեց ՄԿՀ-ն փակելու որոշումը: Ողջ աշխարհի հայութիւնը այս որոշումը ընկալեց մեծ վերապահութեամբ եւ ընդվզումով: Բողոքի ալիք մը յառաջացաւ ամէնուրեք այս անհեռատես ու կործանիչ որոշման դէմ: Սփիւռքիՙ իր տեսակին մէջ աննման այս կրթական հաստատութեան փակման որոշումը երբեք չարդարացաւ հայկական հանրային կարծիքի խղճին մօտ: ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, որ հետեւողականօրէն գետին կը պատրաստէր ՄԿՀ-ի փակման համար, իր առած վատառողջ որոշումը այսպիսի անհաւատալի ու անհիմն պատճառաբանութիւններով բացատրել կը փորձէր, որ իսկապէս կը վիրաւորէր իր հեղինակութիւնը:

Սփիւռքի ողջմիտ շրջանակներ ջանացին ընդվզումի ալիքէն զերծ պահել ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան ամբողջը եւ փորձեցին սոսկ ՄԿՀ-ի վերաբերեալ երեսակը վիճարկել: Ի վերջոյ, ՀԲԸՄ եզակի կառոյց մըն է ամբողջ հայութեան համար ու կը հովանաւորէ կրթական, մշակութային ու մարդասիրական բնոյթով հաստատութիւններու աշխարհացրիւ ցանց մը: ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը սակայն, նոյնիսկ չփոխադարձեց այս զգայնութիւններուն եւ ականջալուր բոլոր շինիչ քննադատութիւններունՙ զարմանալի յամառութեամբ:

Առկայ պայմաններուն ներքեւ ինքնաբերաբար վիճաբանութեան նիւթ դարձաւ նաեւ Մելգոնեան եղբայրներու կտակը: Արդարեւ, անոնք, որոնք կ՛ընդդիմանան ՄԿՀ-ի փակման, տեղին ձեւով կը մատնանշեն, թէ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իրաւունք չունի նման որոշում մը կայացնելու: Այսպէս, ՀԲԸՄ տէրը չէ ՄԿՀ-ին, այլ Մելգոնեան կտակի կտակարարի հանգամանքով տարիներէ ի վեր մատակարարած է դպրոցը, հետեւաբար ո՛չ կրնայ փակել վարժարանը, ոչ ալ կրնայ վաճառել անոր տարածքն ու շէնքերը: Ահա թնջուկը այս կէտին վրայ է: ՄԿՀ-ի աշխարհացրիւ շրջանաւարտներն ու համակիրները, նաեւ զանազան սանուց միութիւնները ցայսօր ըրած են զանազան նախաձեռնութիւններ, որպէսզի վարժարանը չփակուի: Գործընթացը տակաւին չէ հասունցած անհրաժեշտ չափով: Այս ուղղութեամբ ամենաիրատես ու սիստեմատիք աշխատանքը ցարդ տարած է «Պրօէդիւքասիօ» միջազգային անկախներու խմբակը: Թերթս ցայսօր յաճախ անդրադարձած է ՄԿՀ-ի ճգնաժամի փուլերուն եւ մօտիկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած էՙ «Պրոէդիւքասիօ»ի քայլերը: Այս խմբակը կեդրոնացած է կտակի ո՛չ թէ մասնակի բաժիններուն, այլ ուղղակիօրէն առանցքինՙ ՄԿՀ-ի վրայ: Խմբակին մերձեցումը այն է, որ ՀԲԸՄ կտակարարի դեր ունի, ՄԿՀ տէր չունի, հետեւաբար պատկան իշխանութիւնները պէտք է ճշդեն, թէ ո՞վ է այդ հաստատութեան սեփականատէրը: ՄՀԿ-ի տէրը փնտռելու առաջադրութեամբ, ինչպէս օրին ալ հաղորդած էինք, «Պրոէդիւքասիօ» դիմումներ ներկայացուցած է Կիպրոսի Հանրապետութեան ղեկավարութեան, որուն ինքնիշխան տարածքէն ներս կը գտնուի ՄՀԿ-ն եւ որ մօտաւոր անցեալին պատրաստակամութիւն յայտնած է նիւթապէս սատար հանդիսանալու համար: Այս շրջագծով նամակներ ուղարկուած են Կիպրոսի պետական աւագանիի առաջատար դէմքերուն, ինչպէսՙ նախագահ Թասոս Պապադատուպուլոսին, խորհրդարանի նախագահին, ներքին գործոց նախարարին, եւ այլն... Տակաւին վերջերս խնդիրը դրուած է նաեւ տեղւոյն աւագ դատախազի սեղանին վրայ: «Պրոէդիւքասիօ»ի փաստաբանները հանդիպում մը ունեցած են աւագ դատախազին հետ եւ անոր ուշադրութեան յանձնածՙ մանրամասնութիւններ: Տեսակցութեան ընթացքին դատախազը խոստացած է թղթածրարը ուսումնասիրել ու պատասխանել քանի մը շաբաթ վերջ: «Պրոէդիւքասիօ»-ն այժմ կը սպասէ այս եզրակացութեան: Այս արդիւնքներուն հիման վրայ է, որ պիտի փորձուի կանխել ՄԿՀ-ի փակման ու կալուածներու վաճառման վտանգը: Անշուշտ դրական հաւանականութիւններու մասին վերջնականօրէն խօսելու համար տակաւին շատ կանուխ է ժամանակը...

Մինչ այդ Ամենապատիւ Սրբազան պատրիարք հայրն ալ ՀԲԸՄ-ի դէմ դատ բացած է այս մթնոլորտին մէջ: Այսինքն, երբ Մելգոնեան եղբայրներու կտակին մասին ծագած են տարակարծութիւններ, ո՛չ ՄԿՀ-ի հետ ուղղակիօրէն առնչութեամբ, բայց կտակի վիճարկման առումով դատական իշխանութիւններու դիմած է պատրիարքը: Այս դատը կը վերաբերի կտակի մասնակի մէկ բաժնին: Արդարեւ, կտակի յատկացումներու բաժնին մէջ նախատեսուած է, որ իբրեւ կտակարար, ՀԲԸՄ ամէն տարի (ստորագրուած օրուան արժէքներով) 3000 անգլիական ոսկի տրամադրէ ԵՊՀ-ի հայագիտական ամբիոնին, 1000-ական անգլիական ոսկի ալՙ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռներուն: Երուսաղէմ այդ գումարը ամբողջութեամբ պիտի կարենար օգտագործել վանքի կարիքներուն համար, իսկ Պոլսոյ աթոռը այդ գումարին կէսը պիտի օգտագործէր պատրիարքարանի կարիքներուն համար, իսկ միւս կէսն ալ պիտի տրամադրէր հիւանդանոցին ու այլ բարենպատակ համայնքային հաստատութիւններու: Մելգոնեան կտակի վերաբերեալ եռակողմանի փաստաթուղթը ստորագրուած է 1926 թուականին եւ ըստ երեւոյթին անցնող 79 տարիներու ընթացքին պատրիարքական աթոռը չէ ստացած այդ գումարները:

Մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, վերջին շրջաններուն քաղաքիս մէջ որոշ երթեւեկ մը ապրուած է սոյն խնդրին առնչութեամբ: Ամեն. Ս. պատրիարք հայրը ընդունած է Մելգոնեան Սանուց Կալիֆոռնիոյ միութեան նախագահ Րաֆֆի Ցնծալեանը, վարչութեան անդամներէն մին եւ իրաւաբան Մարք Մաք Քարլին: Անցեալ կիրակի, յիշեալ միութեան նախաձեռնութեամբ, Կալիֆոռնիոյ մէջ, Մելգոնեան եղբայրներու համար կազմակերպուած տարեկան աւանդական հոգեճաշին ընթացքին Րաֆֆի Ցնծալեան ելոյթ մը ունենալով անդրադարձած է այս նիւթին: Ըստ իր հրապարակումներուն, պատրիարք հայրը Կալիֆոռնիոյ համապատասխան ատեաններուն մօտ ՀԲԸՄ-ի դէմ դատ բացած է իրենց փաստաբանինՙ Մաք Քարլիի միջոցաւՙ պնդելով, որ խախտած է եռակողմանի խնդրոյ առարկայ փաստաթուղթը Մելգոնեան կտակին վերաբերեալ: Այլ հաղորդումներու համաձայն ալ, յիշեալները ամառն ալ անգամ մը եկած են Պոլիս տեսակցելու համար Ամեն. Ս. պատրիարք հօր հետ: Այն ժամանակ սակայն, պատրիարքը կը գտնուէր արձակուրդի մէջ, հետեւաբար անոնք չէին կրցած իրականացնել հանդիպումը: Մելգոնեան Սանուց Կալիֆոռնիոյ միութեան երկու այցելութիւններուն մասնակիցները ըստ երեւոյթին նոյն անձերը չեն եղած: Թէեւ Րաֆֆի Ցնծալեան երկու անգամին ալ եկած է Իսթանպուլ, բայց առաջին այցելութեան մասնակցած է նաեւ ամերիկահայ իրաւաբան Եղիայեան: Այս վերջինը ծանօթ է իր շահած այն դատով, որուն հիման վրայ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Նիւ Եորք Լայֆ» ապահովագրութեան ընկերութիւնը վերջին շրջաններուն յատուցումներ կը վճարէ 1915 թուականի կարգ մը զոհերու այսօրուան ժառանգորդներուն: Ուրեմն, կարելի է հետեւցնել, որ Մելգոնեան սանուց Կալիֆոռնիոյ միութիւնը մէկէ աւելի փաստաբաններու հետ շփման մէջ է:

Պատրիարք հոր հետ միութեան խումբին տեսակցութիւնը կայացած է իրենց երկրորդ այցելութեան օրերուն եւ ըստ երեւոյթին, այդ հիման վրայ ալ յունուար 13 թուականին պատրիարքը բացած է դատը: Պաշտօնական այս բողոքին պատճէնը յղուած է նաեւ ՀԲԸՄ-ին, որ երեսուն օր ժամանակ ունի պատասխանելու համար: Նոյնպէս, մեր տեղեկութիւններով, Լոս Անջելըսէն դատաւոր Տիգրան Թեվրիզեան, որ միեւնոյն ժամանակ կ՛անդամակցի ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, հեռաձայնած է իրաւաբան Մաք Քարլիին եւ առաջարկածՙ բանակցութիւն: Մինչ այդ, Րաֆֆի Ցնծալեան ըսած է նաեւ, որ իրենց միութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարակէ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն ուղղեալ զեկոյց մը: Ան շեշտած է, որ տուեալ պարագային բողոքարկուն պատրիարք հայրն է: Այս մէկը իսկապէս հետաքրքրական ու զգայացունց իրադարձութիւն մըն է, որուն կապակցութեամբ պատրիարքական աթոռն ալ գուցէ լուսաբանէ հանրային կարծիքը: Արդարեւ, առաջին իսկ ակնարկով կան հարցումներ, որոնց պատասխանները նիւթը տակաւ պիտի բիւրեղացնեն: 1926 թուականին ստորագրուած եռակողմանի փաստաթուղթէն վերջ, 1934 թուականին մահացած է Կարապետ աղա Մելգոնեան: Ան չէ՞ միջամտած, որ պատրիարքական աթոռը չստանար իր յատկացումը: Եվ կամ, անցնող 79 տարիներուն ընթացքին Աթոռը մասա՞մբ չէ ստացած իր բաժինը, թէ ամբողջութեամբ: Ինչ որ ալ ըլլայ, ակնյայտ է, որ այստեղ խօսքը կը վերաբերի հսկայական, եթէ ոչ աստղաբաշխական գումարի մը:

Հետաքրքրական է նաեւ, որ հանրապետական շրջանի Պոլսոյ նախորդ երանաշնորհ պատրիարքները ինչո՞ւ չեն հետապնդած նման էական հարց մը եւ կամ հետապնդած են ու չէ՞ հրապարակուած: Այժմ, Սրբազան պատրիարքը Կալիֆոռնիոյ մէջ դատը բացած է մելգոնեանցիներու փաստաբանին միջոցաւ եւ արդեօք սա կը նշանակէ՞, որ խնդիրը առնչակից կրնայ դառնալ նաեւ ՄԿՀ-ի հարցին հետ, թէ ոչ հարցը լոկ պատրիարքական աթոռին մասին է: Կ՛երեւի նման հարցումներու պատասխանները հետզհետէ յայտնի դառնան յառաջիկայ շրջանին:

Հարկ է նշել, որ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ զանազան առիթներով նիւթ դարձած է, թէ ՀԲԸՄ-ի այժմու ստացուածքը կը յայտարարուի շուրջ 300-350 միլիոն ամերիկեան դոլար:

«ԺԱՄԱՆԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹ, Իստանբուլ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4