«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#65, 2005-04-13 | #66, 2005-04-14 | #67, 2005-04-15


ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՎՆԸ

Հայ դատի 90-ամեակի առթիւ

Հրապարակ Հայոց ցեղասպանութեան անունով

1965-ին, Հայոց ցեղասպանութեան նախօրեակին, 50-ամեակի առթիւ, Ուրուկուայ ոչ միայն առաջին երկիրը հանդիսացաւ պաշտօնապէս ճանչնալու Մեծ եղեռնի իրականութիւնը, այլեւ անկէ ետք եւ 40 տարիներու ընթացքին հաստատ մնալով իր յանձնառութեան վրայ, շարունակեց իր զօրակցութիւնը: Այս հայասէր երկրի խորհրդարանը յատուկ ստուար թղթածրար մը ունի, ուր 50-ամեակէն ասդին կը պահուին բոլոր նախագիծերը, բանաձեւերը, որոշումները եւ հրապարակած յայտարարութիւնները ի նպաստ Հայ դատին: Հակառակ անոր որ տարիներու ընթացքին քաղաքական ոլորտի մէջ փոխուած են դերակատարները, սակայն այդ երբեք պատճառ չէ եղած որպէսզի հայկական հարցերու նկատմամբ նուազի իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը:

Լուրը հրապարակուեցաւ այս շաբաթավերջին, եւ երբ կը գտնուինք 90-ամեակի այս օրերուն, զօրակցութիւնը այս անգամ եկաւ մայրաքաղաք Մոնտեվիդէոյի քաղաքապետական խորհուրդէն:

Արդարեւ, գրեթէ տարի մը առաջ, այդ խորհուրդի երիտասարդ անդամ ընկ. Ռաֆֆի Յունանեանը առաջարկ մը ներկայացուց, որպէսզի մայրաքաղաքի փողոցներէն մէկը անուանուի «1915 Ապրիլ 24», ինչ որ ընդունուեցաւ եւ մտաւ քաղաքապետական խորհուրդի օրակարգին մէջ: Այդ օրէն ասդին եւ իբրեւ հետեւանք շարունակուող աշխատանքներուն, անցեալ 30 Մարտին, քաղաքապետական խորհուրդը այդ օրակարգը սեղանի վրայ դրաւ, սակայն փողոց մը անուանելու փոխարէն, միաձայնութեամբ վաւերացուց մայրաքաղաքի ամենէն բանուկ պողոտաներէն ճիշդ մէջտեղ գտնուող լայն հողաշերտ մը տրամադրել եւ զայն կոչել «Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան հրապարակ», նաեւ որոշուեցաւ յուշաքար մը բարձրացնել հոն եւ անոր պաշտօնական բացումը կատարել Ապրիլ 22-ին:

Որպէս ուրուկուահայեր եւ ինչու միայն մենք, այլեւ ամբողջ հայութեան անունով երախտապարտ ենք եւ մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք այս նախաձեռնութեան, որ կը պատուէ յիշատակը մեր բիւրաւոր նահատակներուն, հրապարակ մը տրամադրելով, անմահացնելու համար անոնց անունները:

ԿԱՐՕ ՀԵՔԻՄԵԱՆ, Մոնտեվիդեո


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4