«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#85, 2005-05-12 | #86, 2005-05-13 | #87, 2005-05-14


 ԴԱՍԱԼՔՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐԴՈՐՙ ՍՓԻՎՌՔԱՀԱՅՈՒՆ

ԴՈԿՏ. ՀԻԼՏԱ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ-ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Բարեկամներու միջոցաւ տեղեկացայ, որ հայաստանեան «Ազգ» օրաթերթի մէջ յօդուածի ձեւով «նամակ» մը լոյս տեսած է ինծի ուղղեալ «Հանդուրժենք մեր զոյգ ուղղագրութիւնները» խորագրով եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Արծուի Բախչինեանի ստորագրութեամբ, որ իրականութեան մէջ պատասխան մըն է Պէյրութի «Շիրակ» ամսագրի սեպտեմբերի թիւին մէջ իմ գրած մէկ յօդուածիս: Բախչինեանի այս «նամակ»ը նոյնութեամբ լոյս տեսած է նաեւ 26 փետրուար 2005ի «Ազգ» օրաթերթի համացանցի կայքին վրայ, արտատպուած է նաեւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Նոր Oր»ի վրայ, Նիւ Եորք :

«Ազգ»ի Խմբագրութիւնը, իր կողմէ քանի մը տողնոց նախաբանով կ՛ըսէ հետեւեալը. «Արդէն 3-4 տարի «Ազգ»ը մերժում է տպագրել ուղղագրութեան հարցի շուրջ սփիւռքից թէ Հայաստանից ստացուած բազմաթիւ իրարադէմ յօդուածներ ... բացատրելով որ ներկայ պահին ոչ Հայաստանի, ոչ էլ սփիւռքի գլխաւոր առաջնահերթութիւններից չէ այդ խնդիրը»:

«Ազգ»ի այս տողերէն իսկ կը յայտնուի թէ ուղղագրութեան նիւթը թաբու է Հայաստանի մէջ: Արդէն որեւէ հայաստանեան թերթ չի հրատարակեր ուղղագրութեան նիւթով յօդուած: Այս պատճառաւ է որ թէ՛ սփիւռքահայ եւ թէ Հայաստանցի մտաւորականներս Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերականգնումը պահանջող մեր յօդուածները ստիպուած կը հրատարակենք սփիւռքի թերթերուն մէջ: Պատասխան յօդուածներն են միայն որ կը հրատարակուին հայաստանեան թերթերու մէջ, որոնք միշտ յառաջ կը քշեն Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերադարձին համար ներկայ պահու անյարմարութիւնը, ինչպէս կ՚ընէ «Ազգ»ն ալ իր նախաբանով, հարցի «ոչ առաջնահերթութեան» գաղափարը տարածելով:

Բախչինեան պատմական առումով շահեկան կը գտնէ «ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԿՐԵՄԼԻՆԵԱՆ ՃԱԿԱՏԱԳՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍՕՐ» խորագրեալ յօդուածս, «Շիրակ»ի մէջ, ըսելով.- «Քիչերն են ծանօթ Կարէն Ա. Սիմոնեանի «Կրեմլի յոյժ գաղտնի փաստաթղթերից մի քանիսը» գրքոյկին, որի վրայ հիմնուելով եւս մէկ անգամ դուք ցոյց էք տուել, որՙ այո՛, Մոսկուայի անմիջական հրամանով է ի կատար ածուել Հայոց լեզուի ուղղագրութիւնը փոխելու որոշումը: ... Ոչ ոք դրան չի կասկածում: Այդ փաստաթղթերի հրապարակումից յետոյ այլեւս ոչ ոք կասկածելու իրաւունք չի կարող ունենալ»:

Փառք Աստուծոյ, իմ պնդումներէս մէկը ապացուցուեցաւ: Յուսանք որ Հայաստանի այսօրուան լեզուաբաններն ալ Բախչինեանի նման ընդունին փաստը, թէ ուղղագրութեան փոփոխութեան պատճառը զուտ քաղաքական էր եւ այլեւս անիմաստ կերպով չպնդեն թէ Աբեղեան արդէն 1892 թուականին փոփոխութեան առաջարկ մը հրապարակած էր, շատ լաւ գիտնալով հանդերձ թէ առանց 1922ի տխրահռչակ սովետական հրամանագրին, Աբեղեանի առաջարկը մինչեւ այսօր կրնար մնալ իր դարակին մէջ, որպէս յիշատակ:

Բայց միթէ մինչեւ մեր օրերը սպասելու պէտք կա՞ր, գիտնալու համար որ 150 ազգերու ուղղագրութիւններու փոփոխութիւնը այդ ազգերը միաձուլելու նպատակով Սով. Միութեան հետապնդած լեզուական քաղաքականութեան արդիւնքն էր, քանի որ 1920 թուականի սկիզբը Մոսկուայէն Հայաստան ուղարկուած առաջին Լուսաւորութեան Կոմիսար Աշոտ Յովհաննիսեան արդէն յայտարարած էր այդ թուականին, թէ «Ուղղագրական հարցը քաղաքական հարց է եւ հայ լեզուի ուղղագրական ռեֆորմի խնդիրըՙ Հայաստանի յեղափոխական իշխանութեան հերթական խնդիրը»: Այս հարցի ներքին ծալքերն ու իշխանաւորներու միջեւ փոխանակուած գաղտնի գրագրութիւններն են միայն, որ վերջերս պարզուեցան: Հայաստանի լեզուաբանները շատ լաւ գիտեն այս պատմական իրողութիւնը, սակայն մինչեւ այսօր կը թաքցնեն զայն ժողովուրդէն, Սովետական վարչաձեւին մեղքը ծածկելու նպատակով: Դժբախտաբար Բախչինեանն ալ Հայաստանի ներկայ լեզուաբաներու ճապկումներուն զոհ գացողներէն մէկն է, քանի որ կը գրէ .-«Ուզում եմ հաւատալ, որ Հայութիւնը մասնակիօրէն կը բարեփոխէր եւ կը պար-զացնէր իր ուղղագրութիւնը»: Բախչինեան չ՚անդրադառնար որ բոլորովին տարբեր բան է երբ ժողովուրդ մը ուղղագրական գետնի վրայ անտանելի կացութեան մը մատնուելով, իր մտաւորականներու միջոցով որոշէ ընդարձակ ու համակողմանի քննարկման ենթարկել եւ պարզեցնել իր ուղղագրութիւնը: Ատիկա կրնայ տարիներ տեւել, քանի որ ամէն առաջարկ դրուելու է փորձարկութեան եւ այդ փոrձերու յանգած վերջնական ձեւը պէտք է ընդունելութիւն գտնէ ազգի բոլոր հատուածներուն կողմէ: Իսկ բոլորովին տարբեր բան էՙ երբ ժողովուրդ մը առանց անտանելի կացութեան մատնուած ըլլալու եւ առանց քննարկումներու, հրամանագրով փոխէ իր 15 դարու ուղղագրութիւնը եւ ընդունի մէկ հոգիի կողմէ առաջարկուած տարբերակ մը, առանց զայն Սփիւռքի եւ Հայաստանի մտաւորականներու, նաեւ օտար հայագէտներու հաւանութեան ենթարկելու: Բախչինեան չ՚անդրադառնար որ այս երկու ձեւերուն միջեւ սեւ ու սպիտակի չափ տարբերութիւն կայ: Հայաստանի ժողովուրդին պարտադրուած Աբեղեանական ուղղագրութիւնը անջրպետ բացաւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ ու հաղորդակցութեան կապը խզեց, ինչ որ Մոսկուայի կողմէ հետապնդուած նպատակն էր: Աբեղեանի ուղղագրութիւնը սակայն, չափազանց անյաջող էր եւ չկարողացաւ 18 տարիէն աւելի տեւել, որմէ յետոյ նոր փոփոխութեան մը ենթարկուեցաւ, դարձեալ հրամանագրով եւ դարձեալ առանց համազգային քննարկումներուՙ Սփիւռքի ալ մասնակցութեամբ: Այսինքն, նոյն սխալը, նոյն հակագիտական ձեւը կիրարկուեցաւ երկրորդ անգամ ալ եւ այդ հակագիտական ուղղագրութիւնն է որ կ՚օգտագործուի մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ: Ուրեմն, զարմանալի չէ, որ Հայաստանէ դուրս բոլոր հայկական գաղութները, ներառեալ Պարսկահայութիւնը, որ արեւելահայերէն կը խօսի Հայաստանի նման, չընդունեցին այս հակագիտական ուղղագրութիւնը, որ մինչեւ այսօր ահաւոր վնաս կը պատճառէ մեր սքանչելի լեզուին, աղճատելով, աղքատացնելով զայն :

Երանի՜, երանի՜ մռայլ 1922ին ի կատար չածուէր այդ հրամանը եւ այսօր, հազար եւ մէկ հոգսերի տակ ճռնչացող հայաստանցին զերծ լինէր այդ մի հոգսից» կ՚ըսէ Բախչինեան եւ կը շարունակէ.-« Քանի որ պետականօրէն հարցը չի լուծւում (եւ չի էլ լուծուիՙ իմ համեստ կարծիքով), իսկ անպտուղ վէճերը շարունակում են յոգնեցնել, գուցէ ժամանակն է եղած պայմանների հետ ինչ-որ հաշտութիւն կնքել եւ զբաղուել հայութեան համար աւելի առաջնային հարցերով»: Ու կը սկսի թուարկել Հայաստանի ներկայ ցաւերըՙ աղքատութիւնը, գործազրկութիւնը, արտագաղթը, մարմնավաճառութիւնը, խաբէութիւնը, կաշառակերութիւնը, ծնելիութեան պակասը, մայրաքաղաքի կանաչ տարածքներու կացութիւնը, ազատ խօսքի ու մտքի ճնշուածութիւնը, գիւղերու դպրոցներուն մէջ հայերէնի ուսուցման անընդունելիօրէն յետամնաց վիճակը, նոր սերունդի ազգային լեզուէն ու գրականութենէն հեռացումը, հայերէն լեզուի ամենօրեայ բռնաբարումը, գլոբալիզմը (համաշխարհայնացում), ամերիկանիզմը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ համայնքներու մէջ հայերէնի նահանջը , եւլն. եւլն.:

Ամբողջ երկու էջ բռնող այս ցաւերու մանրամասն շարադրանքէն յետոյ, առանց անդրադառնալու որ այդ բոլորը բնաւ կապ չունին ուղղագրութեան հարցին հետ, որու լուծման համար գոյութիւն ունին ՀՀ Մշակոյթի եւ Կրթութեան Նախարարութիւններ, այլ բոլոր հարցերը իրար խառնելով, Բախչինեան կու գայ այն եզրակացութեան, թէ «Նման պայմաններում ճակատ տալ, թէ գրենք ոչ թէ«կոշիկ» այլ «կօշիկ», ոչ թէ«Հարություն» այլ «Յարութիւն» միանգամայն անտեղի, երեսունչորսերորդական հարց է մնում»:

Ո՛չ, ես չեմ կարծեր որ լեզուի եւ ուղղագրութեան հարցը այնքան անկարեւոր է, որ իր լուծումը կարելի է թողուլ յետագայիՙ երբ Հայաստան նիւթապէս վերականգնի:

Չեմ կարծեր նաեւ, որ հարցի լուծումը նիւթական մեծ գումարներու կը կարօտի: Եւ մանաւանդ, չեմ կարծեր որ Հայոց Պատմութեան ամենածանր շրջանը ներկայի շրջանը ըլլայ: Յիշենք գերութեան, ստրկութեան երկար դարերը, երբ վայրի ցեղերը կ՚ասպատակէին, կը կոտորէին մեր ժողովուրդը, կ՚աւերէին մեր երկիրը, կ՚ոչնչացնէին մեր հոգեւոր արժէքները: Ո՛չ գաղթը նորութիւն է մեզի համար, ո՛չ աղքատութիւնը, ո՛չ ալՙ ջարդը, սովը եւ համաճարակները: Այդ արհաւրալից դարերու ընթացքին մարդիկ ինչպէ՞ս գոյութիւն պաշտպաներ են: Միլիոններով գաղթեր են: Իսկ մնացողները աւելի կուշտ փոր չունէին, քան այսօրուան միջին Հայաստանցին, բայց միշտ, ամենադժուար ժամանակներու մէջ ալ Մշակոյթը շարունակուեր է: Ոչ ո՛ք մտածեր էՙ «Սա վատ ժամանակները թող անցնին, 50- 60-100 տարի համբերենք, գիր եւ գրականութեամբ յետոյ կը զբաղինք» : Դեռ 90 տարի առաջ, մեր մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը խոտերուն մէջ ամիսներով պահուըտելով, սողալով, վայրի խոտեր եւ միջատներ ուտելով գոյութիւն պաշտպաներ են, թունաւորուողը մահացեր է, բայց ողջ մնացողը անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ մատով այբ, բեն, գիմ սորվեցուցեր է իր սովահար երախային : Այնպէս որ չեմ կարծեր թէ լեզուի եւ մշակոյթի հարցերը կարելի ըլլայ յետագայի թողուլ: Չեմ կարծեր թէ ոեւէ մէկը իրաւունք ունի «ներկայ պահը անյարմար» նկատելու կամ ուղղագրութեան վերականգնումի հարցը «առաջնահերթ» չնկատելու: Ընդհակառակը, Սովետական Միութեան փլատակներէն վերյառնող Հայաստանի Հանրապետութիւնը առաջին հերթին պէտք է զբաղի լեզուի եւ մշակոյթի հարցերով, քանի որ 80 տարուան ապազգայնացումէ յետոյ առաջին հերթին պէտք է նետել ազգային մտածողութեան, ազգային գաղափարխօսութեան հիմերը: Այլապէս, ապազգայնացած վիճակով, միայն երկրի տնտեսական հարցերով ու «բիզնես»ով զբաղելով կարելի չէ իր սեփական դէմքը ունեցող երկիր պահել, պետականութիւն կառուցել, ինքնիշխան ըլլալ: Պատմութեան ընթացքին մենք Հայերս մեր մշակոյթով է որ գոյատեւեր ենք, նոյնիսկՙ պետականութեան բացակայութեան դարերուն: Իսկ հիմա որ պետականութիւն ունինք, հիմա՞ է որ պիտի հեռանանք մեր մշակոյթէն, մշակութային հարցերու լուծումը յետագայ դարերուն թողլով: Մեր գրաւոր լեզուն մեր ազգային ինքնութիւնն իսկ է: Պէտք է վերադառնանք մեր արմատներուն եւ վերագտնենք մեր համազգային ինքնութիւնը:

Հայաստանեան ներկային վերաբերող ցաւերուն մեծ մասը ապազգային մտածողութեան եւ գործելակերպի արդիւնք են, հետեւանքՙ սովետական ժամանակաշրջանի բարքերուն: Օրինակ, աղանդաւորական գաղափարախօսութեան , «գլոբալիզմ»ի, «ամերիկանիզմ»ի եւ այլ «իզմ»երու հանդէպ այս զանգուածային հակումը ինչո՞ւ այսքան տարածուած է, որովհետեւ չկայ զանոնք փոխարինող ազգային գաղափարախօսութիւն: Մարդիկ ինչո՞ւ կը գաղթեն: Որովհետեւ մարդոց բարոյականը բարձրացնող, ապագայի տեսակէտով յուսադրող որեւէ «ազգային» մօտեցում եւ կեցուածք չկայ: Հայոց հայրենիքը ազգային դիմագիծ չունի դեռ : Եւ մարդիկ կը գաղթեն, հետեւելով ասացուածքին որ կ՚ըսէՙ «Ուրտեղ հաց ՙ այնտեղ կա՛ց»: Հայերէնի ուսուցումը դպրոցներու մէջ ինչո՞ւ անընդունելիօրէն յետամնաց վիճակ ունի, նոր սերունդը ազգային լեզուէն ու գրականութենէն ինչո՞ւ այսքան հեռացած է, հայերէն լեզուն, որ աշխարհի ամենահարուստ եւ ամենաճկուն լեզուներէն մէկն է, ինչո՞ւ այսքան խեղճացած, աղքատացած եւ մուրացկանութեան ելած էՙ օտար լեզուներէն տեւաբար անյարմար եւ սխալ փոխառութիւններ կնքելով: Պատճառը միշտ ազգային մօտեցումի բացակայութիւնն է:

Այս բոլորին դարմանն է ժողովուրդին ազգային մտածողութիւն եւ ազգային զգացողութիւն ներարկել: Առաջին հերթին անհրաժեշտ է վերականգնել համազգային միասնական ուղղագրութիւնը, մեր ազգի երկու հատուածներուն միջեւ բաժանումը վերացնելով:

Թէ ինչո՞ւ պէտք է ուղղագրութեան հարցէն սկսիլ: Որովհետեւ միայն լեզուի կալուածն է որ գերազանցապէս ազգային է, ներհայկական է, որ բացարձակապէս կախեալ չէ արտաքին ազդակներէ, պետութիւններու կամքէն, փոխյարաբերութենէն եւ փոխադարձ շահերէն: Կրթական ու մշակութային կեանքի մէջ կատարուած ուղղագրական բարեփոխութիւնը ազգային արժանապատուութիւն եւ հպարտութիւն պիտի ներշնչէ ժողովուրդին, վստահութեան մթնոլորտ մը պիտի յառաջացնէ Պետութեան եւ Հայաստանի ապագային հանդէպ: Արդարեւ, աշխարհի վրայ քանի՞ ժողովուրդ ունեցած է սեփական այբուբեն եւ ուղղագրութիւն, որ անփոփոխ կերպով օգտագործուած ըլլայ 15 դար: Միթէ քի՞չ պատուաբեր բան է սա եւ քի՞չ հպարտութիւն կը պատճառէ ժողովուրդին: Սփիւռքի հսկայական ներուժին հետ ալ ո՛չ թէ կարգախօսով, այլ իրապէ՛ս միասնանալու կարելիութիւնը այլապէ՛ս պիտի նպաստէՙ յուսադրելով եւ բարձրացնելով մարդոց բարոյականը, ինքնավստահութեան զգացում յառաջացնելով եւ նախաձեռնութեան ոգի ներշնչելով անոնց: Ամէն ինչ մարդոց բարոյականէն ու կամքէն կախեալ է:

Իր հիմնադրութեան տարիներուն, Իսրայէլի պետութիւնը, որպէս առաջին գործ, ձեռնարկեց դարերէ ի վեր մոռցուած եբրայերէնի վերականգնումին, որ անբաղդատելիօրէն աւելի դժուար գործ էր, քանՙ մեր ուղղագրութեան մէջ քանի մը օրէնքի փոփոխութիւնը: Ոեւէ մէկը «ներկայ պահը անյարմար» չնկատեց այդպիսի հերքիւլեան գործի մը համար, այլ երկիր կառուցելու ձեռնարկեցին լեզո՛ւն վերականգնելով, որպէս առաջնահերթութիւններո՛ւ առաջնահերթութիւնը: Ցեղասպանութենէ փրկուած սովահար ազգ մը անապատի պայմաններուն մէջ հեշտութեան չգնաց, չորդեգրեց իրեն ծանօթ եւրոպական լեզուներէն մէկըՙ որպէս երկրի պաշտօնական լեզուն: Այլ յաղթելու կամքով զինուած, ասպարէզ կարդաց դժուարութիւններուն եւ յաղթանակեց: Փրկեց լեզուն եւ ինքն ալ փրկուեցաւ: Ցուցանէ առակս :

Բախչինեան, հաւատք ընծայելով Հայաստանցի լեզուաբաններու տարածած սխալ տեղեկութիւններուն, կը տարակուսի թէ ուղղագրութեան տարբերութիւնը մեր ժողովուրդի երկու հատուածներու միջեւ յառաջացած բաժանումին հիմնական պատճառը ըլլայ: Հարց կու տայ .- «Միգուցէ, անհիմն կանխատրամադրուածութիւնը եւ միմիեանց աւելի լաւ ճանաչել չցանկանալու գործօ՞նն է առկայ»: Փոխադարձ հարց կու տամ.- Ինչո՞ւ Սփիւռքահայերս տասնեակ տարիներէ ի վեր կ՚ըմբոստանանք, անընդունելի կը գտնենք ուղղագրական տարբերութիւնը եւ կը պահանջենք վերադարձ միասնական Մեսրոպեան ուղղագրութեան : Որովհետեւ բառապատկերներու փոփոխութեան հետեւանքով իրարու մամուլ եւ գրքեր կարդալու անկարելիութիւն յառաջ եկաւ, գրաւոր հաղորդակցութեան կապը խզուեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, իրարու լեզուամտածողութեան եւ հոգեբանութեան անհաղորդ դարձանք: Հայրենիքէն հեռու ապրողներս աւելի լաւ կը զգանք թէ հետզհետէ աւելի կը հեռանանք իրարմէ եւ մեզ իրարու կապող զգացական կապն իսկ փրթելու մօտեցած է: Մեր ըմբոստութիւնն ու պահանջատիրութիւնը իրականութեան մէջ նաւաբեկեալին արձակած S.O.S. նշանն է, որով ան օգնութիւն կը խնդրէ օգնելու կարելիութիւն ունեցողէն: Դժբախտաբար մեր դիմումը կը հանդիպի տեսնել, լսել եւ զգալ չուզող խումբ մը անձերու մերժումին, որոնք իրենց անմիտ կեցուածքով թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի ապագային վնաս կը պատճառենՙ իրենց նստած ծառին ճիւղը կտրելով: Տասնեակ տարիներէ ի վեր, Սփիւռքահայ սերունդները հայ լեզուի, գրականութեան, պատմութեան ընդունելի դասագրքեր չունեցան, այլ դպրոցներու մէջ օգտագործուեցան աջէն ձախէն ճարուած էջեր, բանաստեղծութիւններ: Նախ անհրաժեշտ էր այդ էջերու ուղ-ղագրութիւնը Մեսրոպեանի վերածել, յետոյ մեքենագրել, յետոյ աշակերտներու թիւով պատճենահանել եւ բաժնել աշակերտներուն: Ինչքան ջանքեր, պարապին ծախսուած գումարներ, կորսուած ժամանակ: Հակառակ այս դժուարութիւններուն, Պարոյր Սեւակ, Յովհաննէս Շիրազ կարդացուցինք մեր աշակերտներուն: Հապա ի՞նչ ըսել մանկապատանեկան գրականութեան չգոյութեան, երբ ուսուցուած լեզուն կարելի չէ աշակերտին ուղեղին մէջ ամրացնելՙ Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ ընթերցանութեան գրքերու չգոյութեան պատճառով: Ո՞ր ազգը այսքան դժուարութիւն դիմագրաւած է : Այս պայմաններուն մէջ ձեռք բերուած արդիւնքը հրաշքի համազօր է:

Բայց ինչ հիանալի սերունդ կրնայինք ունենալ, եթէ չըլլար այս բաժանուածութիւնը եւ օգտուէինք միասնական ուղղագրութեամբ տպուած Հայաստանեան դասագրքերէ եւ մանկապատանեկան գրականութենէ: Այս բոլորին վրայ վերջին տարիներս նոր եւ անյաղթահարելի դժուարութիւն մը եւս աւելցած է, որ բոլորովին անկարելի կը դարձնէ սովորական նամակագրութիւնն անգամ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ: Խօսքս կը վերաբերի հայերէնով եւ հայկական տառերով համակարգչային հաղորդակցութեան, որ այնպիսի դժուարութիւն կը ստեղծէ, որ փափաքողները յուսահատելով, ի վերջոյ կ՚օգտագործեն լատինական տառերը: Իսկ համացանցէն օգտուիլն ալ նոյնպէս գրեթէ անկարելի է: Եւ պատճառը երկու ուղղագրութիւններու անհամատեղելիութիւնն է եղեր...: Ահա թէ ինչպիսի «հաղորդակցութեան» մը եւ «միմիեանց աւելի լաւ ճանաչելու» ինչ հրաշալի կացութեան մը հասած ենք ...: Եւ դեռ պնդողներ կան, թէ «ներկայ պահը անյարմար է», «ուղղագրութեան հարցը առաջնահերթութիւն մը չէ»:

Ուղղագրութեան հարցի լուծման համար ներկայ պահը «անյարմար» նկատողները արդեօք ի՞նչ կ՚ընեն որպէսզի «յարմար պահը» գայ: Չեմ կարծեր որ յուսալքութիւն բաշխելով եւ Սփիւռքահայերուս դասալքութեան հրաւէր կարդալով կրնան բարելաւել Հայաստանի տնտեսական վիճակը: Տկարացողը իրաւունք չունի ուրիշներուն ալ տկարանալու կոչ ընելու :

Եւ արդէն, մենք Սփիւռքահայերս տկարանալու, յուսահատելու եւ դասալիք դառնալու ա՛յլ կարեւոր առիթ մը ունէինք, ցեղասպանութեան հարցին կապակցութեամբ: Սակայն մեր մէջէն ո՛չ ոք ըսաւ «Հիմա ատենը չէ պահանջատիրութեան, ցեղասպանութեան հարցին ճանաչումը առաջնահերթութիւն մը չէ»: Այլ մօտ 90 տարի օտարութեան մէջ ապ-րողներ, տոկացին ամէն տեսակ դժուարութիւններու, օտար երկինքներու տակ թէ՛ ազգութիւն, լեզու եւ ուղղագրութիւն պահեցին, թէ՛ պահանջատիրութիւն ցուցաբերեցին եւ թէ Հայաստանի փրկութեան հասանՙ 1988ի երկրաշարժէն յետոյ: Եղան օտար թելադրողներ, որ մոռնանք պատմական դէպքերը եւ կը բարելաւուի Հայաստանի տնտեսական վիճակը: Կարելի՞ էր անսալ այդ թելադրութիւններուն:

Բաց աստի, ուղղագրութեան հարցի լուծումը միթէ՞ այդքան դժուար է, միթէ՞ միլիոնաւոր տոլարներու կարիք կայ ուղղագրական քանի մը օրէնք փոխելու համար: Ի՞նչ է հարցը .- Հայաստանցի լեզուաբանները չեն ուզեր որեւէ փոփոխութիւն, այլ կ՚ուզեն հաւատարիմ մնալ 1922ի եւ1940ի Սովետական հրամանագրերուն: Իսկ Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերականգնումը պահանջողները կ՛ուզեն 1922ի դեկրետին «ջնջումը» : Ասիկա ըսելու ձեւ մըն է: Որովհետեւ Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը արգիլեալ հռչակող եւ «Նոր ուղղագրութիւն»ը Հայաստանցի ժողովուրդին պարտադրող 1922ի հրամանագիրը իրականութեան մէջ ջնջւած է արդէն եւ փոխարինուած է 1993ին ընդունուած Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան «ԼԵԶՈՒԻ ՄԱՍԻՆ ՕՐԷՆՔ» ով, որ կը պատգամէ «ուղղագրութիւններու միասնականացումը»: Կը նշանակէ որ Հայաստանցի լեզուաբանները եւ իրենց համախոհները 1993էն ի վեր օրէնքի առջեւ հակասահմանադրական դիրքի մէջ կը գտնուին, քանի որ չեն ուզեր միասնականացում: Արդ, քանի որ մեր ժողովուրդը վարժ չէ դեռ ժողովրդավարական ձեւերու եւ չի գիտեր թէ նոր ընդունուած օրէնք մը կը ջնջէ հին օրէնքը, անհրաժեշտ է որ Իշխանութիւնները պաշտօնապէս յիշեցնեն, թէ 1922ի հրամանագիրը իր ուժը կորսնցուցած է, ի զօրու չէ այլեւս, այլ 1993ի ՀՀ Լեզուի մասին օրէնքն է որ ի զօրու է ներկայիս: Այս յիշեցումը բաւական էՙ ի կարգ հրաւիրելու համար օրէնքին անսաստող լեզուաբանները: Այս յիշեցումը չի նշանակեր անշուշտ, որ Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը անմիջապէս, մէկ օրէն միւսը վերականգնուած է եւ բոլոր պաշտօնական գրագրութիւնները, Մամուլը, դպրոցներու մէջ դասաւանդութիւնները, փողոցներու ցուցատախտակները Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ պիտի փոխարինուին: Բնաւ երբէք: Այլ, կը նշանակէ թէ Պետութեան կամքը միասնականացումն է եւ ազգովին դէպի միասնականացում պիտի դիմենք յետագայ տարիներուն : Թելադրութիւն մըն է, որպէսզի Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը դադրի «արգիլեալ» ըլլալէ եւ բոլորը մտածեն երկու ուղղագրութիւնները միասնականացնելու ձեւերուն մասին: Թելադրութիւն մըն է նաեւ, որպէսզի Մամուլը անվախօրէն ընթացք տայ պարբերաբար Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ գրութիւններու հրատարակութեան: Այսքան... Յետագային, Սփիւռքահայութեան հետ Խորհրդաժողով գումարելով կ՚որոշուին միասնականացման կարելիութիւնները, ձեւերը, կ՚որոշուին նաեւ անցումային ժամանակաշրջանի տեւողութիւնը, ընելիքներու հերթականութիւնը, եւլն.:

Եւ պահը շատ յարմար է նման յիշեցումի մը համար, քանի որ մօտերս Գրերու Գիւտի 1600ամեակը պիտի տօնուի: Այսպիսի պաշտօնական յիշեցում մը մարդոց կը զգացնէ թէ կարելի չէ Մեսրոպեան Գրերու Գիւտը փառաբանել, երբ գիւտարարին անունն անգամ արգիլուած է յիշել իր ստեղծած տառերու եւ ուղղագրութեան կապակցութեամբ ու մարդիկ ստիպուած կ՚օգտագործեն «հին», «դասական», «աւանդական», «գրաբարի», «արեւմտահայերէնի» ուղղագրութիւն բացատրութիւնները, չըսելու համար «Մեսրոպեան ուղղագրութիւն»: 1600ամեակի առթիւ այսպիսի յիշեցում մը իր դերը կը կատարէ մարդոց ուղեղներէն ներս եւ կը փրկէ պատիւը Հայաստանի Իշխանութիւններուն ու ամբողջ ազգին: Եւ չի կարօտիր տնտեսական բարգաւաճ պայմաններու, մեծ գումարներու:

Ինչ կը վերաբերի ինծի ուղղուած «նամակ»ի վերջին պարբերութեան, Բախչինեան կը գրէ.- «Թող որ գոյատեւի այս դժուարին ազգըՙ իր երկու ուղղագրութեամբ: ...Ես շարունակելու եմ իմ սփիւռքահայ ընկերներին գրել եւ սփիւռքահայ մամուլին աշխատակցել դասականով, եւ ոչ ոք չի կարող ինձ զրկել իմ այդ իրաւունքից: ... Ի վերջոյ, ամէն ոք ազատ է ինքն ընտրելու, թէ ո՛ր ուղղագրութեամբ գրի եւ չդատի դիմացինին»:

Սիրելի բարեկամ Բախչինեան, համբուրելի մօտեցում մըն է աս, երանի թէ իրականութիւն ըլլար եւ ամէն ոք գրէր իր սիրած ուղղագրութեամբ: Բայց արդեօք լուսնի մէ՞ջ կ՚ապրիք, չգիտնալու համար թէ Հայաստանի մէջ նման ազատութիւն չկայ ուղղագրութեան նիւթին կապակցութեամբ: «Ազգ» օրաթերթի վերոյիշեալ նախաբանը կը փաստէ այս իրականութիւնը: Հարց կու տամ.- Արդեօք միայն Արծուի Բախչինեա՞նը իրաւունք ունի գրելու իր ցանկացած ուղղագրութեամբ եւ ցանկացած թերթինՙ հայերէնի ուղղագրութեան մասին յօդուածներ: Ինչո՞ւ մենք, Մեսրոպեան ուղղագրութեան Սփիւռքահայ կամ Հայաստանահայ պաշտպաններս իրաւունք չունինք Հայաստանեան թերթերու մէջ գրելու եւ պարզելու մեր տեսակէտները հայերէնի ուղղագրութեան մասին : Այդ ի՞նչ իրաւունք է, որ վերապահուած է միայն մէկ հոգիի: Լեւոն Միրիջանեան, Գէորգ Տէր Վարդանեան, Ջանի Միրզաբէկեան, Ռաֆայէլ Համբարձումեան եւ շատ ուրիշներ ինչո՞ւ իրենց յօդուածները ստիպուած տպագրած են Սփիւռքահայ թերթերու մէջ: Ի փոխարէն, մէկ Սփիւռքահայու յօդուած դեռ չէ տպագրուած Հայաստանի մամուլին մէջ ա՛յս նիւթին մասին եւ Մեսրոպեա՛ն ուղղագրութեամբ: Այնպէս որ «դասական ուղղագրութեան ազատ կիրառումը Հայաստանում» դեռ երազ է :

Ես կը հաւատամ սակայն, որ այս հարցը ուշ կամ կանուխ անպայման պիտի գտնէ իր բարեյաջող լուծումը: Հայաստանի նոր սերունդը պիտի գիտակցի որ ապազգայնացած վիճակով կարելի չէ ազատ անկախ հայրենիք պահել, պետականութիւն կերտել: Պիտի մշակէ լեզուական ազգային քաղաքականութիւն մը եւ անոր համաձայն պիտի գործէ, փրկելով մեզ երկու գրաւոր լեզու ունեցող երկու տարբեր ազգերու վերածուելէ: Այսպէս, վերադառնալով իր արմատներուն, պիտի վերագտնէ իր ազգային ինքնութիւնը եւ իր ազգային միասնութիւնը Սփիւռքի հետ: Մեր պարտականութիւնն է արագացնել գիտակցութեան այդ պահը եւ անհրաժեշտ տուեալները հայթայթել իրեն, որոնց յենուելով կարողանայ ապահովել մեր ազգի եւ լեզուի միասնութիւնն ու ապագան :

Փարիզ, 31 մարտ 2005.

Խմբագրության կողմից

Կողքի սյունակներում հրատարակում ենք Փարիզից դոկտ. Հիլդա Գալֆայանի պատասխան հոդվածը «Ազգ»-ի 2005 թ. փետրվարի 26-ի մշակութային ներդիրում լույս տեսածՙ Արծվի Բախչինյանի « Հանդուրժենք մեր զույգ ուղղագրությունները » հոդվածին (http://www.archive.azg.am/?lang=AR&num=2005022607): Հրատարակում ենք նույնությամբ, այսինքնՙ առանց փոխելու ուղղագրությունը, առանց ուղղելու կետադրությունը, գլխագրերը, ուղղագրական (դասական հայերենի) եւ այլ սխալները, որպեսզի հոդվածագրի կողմից չմեղադրվենք «մեսրոպյան» ուղղագրության դեմ մեղանչելու մեջ: Այսուամենայնիվ, չենք կարող զերծ մնալ մի քանի մատնանշումներից, թեեւ բազմաթիվ են մեր առարկությունները:

Առաջին հերթինՙ մերժելով մերժում ենք հոդվածի վերնագիրը, որն անարդար լինելուց բացի վիրավորական է թե՛ մեր թերթի եւ թե՛ մեր աշխատակցի նկատմամբ: «Ազգ»-ն անցնող մեկուկես տասնամյակում ոչինչ չի խնայել սփյուռքահայ գաղթօջախների կյանքը, մտահոգությունները հանրության սեփականությունը դարձնելու համար: Նույն վերաբերմունքը կար նաեւ Ա. Բախչինյանի վերոհիշյալ հոդվածում, որի էությունն այն էր, որ, հաշվի առնելով ներկա պահի հայաստանյան դժվարությունները, հնարավոր չէ վերականգնել «մաշտոցյան» ուղղագրությունը Հայաստանում, հետեւաբար առայժմ պետք է հանդուրժել մեր զույգ ուղղագրություններն էլ, մինչեւ ավելի հարմար ժամանակներ: Հայաստանում այս պահին 10-12 հազար աշակերտ դպրոց չի հաճախում սոցիալական այլեւայլ պատճառներով: Մեզ համար առաջնահերթը հենց այս եւ նման հարցերի լուծումն է: Ուղղագրությունը փոխելովՙ նրանց դպրոց չես ուղարկի: Այս պահին սփյուռքում 3-րդ եւ 4-րդ սերունդների մեծամասնությունը հայերեն խոսել չգիտի, էլ ո՜ւր մնաց գրել: Ուղղագրությունը միասնականացնելովՙ նրանց հայախոս չես դարձնի: Այս վերջին պարագան առանձին, դժվարագույն խնդիր է, որի լուծումը հնարավոր է տալ միայն այն դեպքում, երբ ողջ հայությունն ապրի աշխարհագրական միեւնույն տարածքումՙ Հայաստանում: Եվ տիկին Գալֆայանի բերած օրինակըՙ Իսրայելի եւ եբրայերենի վերաբերյալ, միայն այս առումով է տեղին:

Մերժում ենք նաեւ հոդվածագրի հերթականՙ մյուս ամբաստանությունը, թե Հայաստանում ուղղագրության հարցը տաբու է: Նրանք, ովքեր հետեւել են հայաստանյան մամուլին հատկապես 1990-96 թթ., լավ գիտեն, որ բազմաթիվ իրարամերժ հոդվածներ էին հրատարակվում դասական ուղղագրության վերաբերյալ: Հանգուցյալներ Ռաֆայել Իշխանյանը, Լեւոն Միրիջանյանը եւ ուրիշներ, նաեւ սփյուռքից, «Ազգ» օրաթերթում էին շարադրում դասական ուղղագրությանը վերադառնալու իրենց սկզբունքային հոդվածները: «Հայաստանցի լեզվաբանները», որոնց նկատմամբ այդքան կրքով եւ արհամարհանքով է արտահայտվում տկն Գալֆայանը, դժբախտաբար ոչ մի ազդեցություն չունեն մեր մամուլի վրա, եւ ուրիշ ոչ ոք, ներառյալ իշխանությունները, չեն կարող լռություն պարտադրել մեզ: Պարզապես, կրկնում ենք, հարցը նույն սրությունը չունի այստեղ, ինչպես տիկին Գալֆայանի պատկերացումներում:

Այսուհանդերձ, օգտակար ենք գտնում հոդվածագրի այն միտքը, թե անհրաժեշտ է հանգրվանային լուծում տալ հարցինՙ նպատակ ունենալով հետագայում իրականացնել ուղղագրության միասնականացումը: Մեր թերթը, օրինակ, հյուրընկալում է երկու ուղղագրություններով էլ գրված հոդվածները: Հայաստանում այժմ քիչ չեն նաեւ դասական ուղղագրությամբ (թեեւ աղճատ եւ սխալաշատ) տպված գրքերն ու գրքույկները: Հանգրվանային լուծումներից մեկն էլ կարող է լինել ակադեմիկոս Գեւորգ Ջահուկյանի առաջարկըՙ հանրակրթական դպրոցների վերջին դասարաններում գրաբարի ուսուցում կազմակերպել, աշակերտներին վարժեցնելու համար ոչ միայն հայոց հին լեզվին, այլեւ ուղղագրությանը: Բայց ինչպե՞ս: Ունե՞նք այդքան ուսուցիչ մասնագետներ: Եկեք այս մասին մտածենք եւ... գրենք:


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4