2005 թուականին մայիսի 10-20-ը կայացած Մոնրէալի միջազգային երգարուեստի մրցոյթը երաժշտասէր հասարակութեան համար եղաւ անջնջելի ապրում մը: Աշխարհի չորս ծագերէն 33 տարիքը չբոլորած 190 երիտասարդ երգիչներէն ընտրուած 43 բարձր մակարդակի մրցորդներ ելոյթ ունեցան խստապահանջ դասական յայտագրով մը, որմէ 12 ամենատաղանդաւորները անցան աւարտական հանգրուանին:
Ընտրակազմը ինքնին կը ներկայացնէր պատկառելի աշխարհահռչակ երգիչներ, ներկայիս ուսուցիչներ դարձած, ինչպէս Կառլո Բերգոզի, Շերլի Վերեթ, Ժոզեֆ Ռուլո, Թոմ Քրաուզ եւ այլն, որոնց ներկայութիւնը ինքնին կը նշանակէր ամենաբարձր մակարդակի երգարուեստի մրցոյթ մը: Առիթը ունեցայ ներկայ գտնուելու կիսաւարտական ելոյթներուն եւ Կառլո Բերգոզիի Մաստեր Քլասսին, ուր մեծ վարպետը յայտարարեց, թէ Մոնրէալի միջազգային երգարուեստի մրցոյթը աշխարհի ամենաբարձր մակարդակի մրցանքներէն մէկն է իր կազմակերպութեամբ, կարգապահութեամբ, մասնակիցներու որակով եւ այլն:
Մեծ ուրախութեամբ կարդացինք անունները երկու հայուհիներուՙ Քրիստինա Դովլաթեան (29-ամեայ) եւ Աննա Կասեան (23-ամեայ), որոնք նախնական զտումէն յետոյ Մոնրէալ հրաւիրուեցան մասնակցելու կիսաւարտական հանգրուանին:
Մրցոյթի բոլոր մասնակիցները պարտաւոր էին ներկայանալ կիսաւարտական բաժնին մէջ քնարերգական եւ օպերատիք 5 ստեղծագործութիւններովՙ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, եւ աւարտական բաժնին մէջՙ 5 տարբեր ստեղծագործութիւններով, նուագախումբի ընկերակցութեամբ:
Ռուսաստան ծնած Քրիստինա Դովլաթեան, վկայեալ Երեւանի Կոմիտասի անվ. երաժշտանոցէն, 2000-ին շահած է առաջնութիւնը հանրապետական մրցոյթին եւ յաջորդ տարին եղած է մրցանակակիր երիտասարդ ռուս երգիչներու մրցոյթին: Գլխաւոր դերեր վերցուցած է Երեւանի մէջ Վերդիի «Աիդա» եւ Պուչինիի «Մադամ Բաթերֆլայ» օպերաներուն մէջ: Սոպրանօ Քրիստինա Դովլաթեան մեզ տպաւորեց իր ջերմ եւ հաստատօրէն կազմուած ձայնով, ինքնավստահ բեմականութեամբ, զօրեղ մեկնաբանութեամբ, ինչպէս նաեւ երաժշտական խորունկ զգացական արտայայտութեամբ:
Հայազգի Աննա Կասեան ծնած է Թիֆլիսՙ երաժշտական ընտանիքէ եւ իր երաժշտական ուսումը սկսած է դաշնամուրի եւ ջութակի դասերով, 2001-ին կ՛որոշէ հետեւիլ երգարուեստի ճիւղին Թիֆլիսի պետական երաժշտանոցին մէջ: Յաջորդ երկու տարիներուն մասնակցած է 50-է աւելի համերգներու, ստանձնելով գլխաւոր դերեր, ինչպես Ջիլդաՙ Վերդիի «Ռիգոլէտօ»-էն, Նորինՙ Դոնիձեթիիՙ «Դոն Պասկուալէ»-էն, Դեսպինաՙ Մոցարտի «Կոզի ֆան թութի»-էն եւ այլն: Այժմ Աննան իր մասնագիտութիւնը կը շարունակէ Փարիզի «Conservatoire National Superieur de Musique et de Danse-ին մէջ: 2004-ին առաջին մրցանակակիրը եղած է International Autumn Symphony Competition-ին, իսկ 2005-ին պատուակալ մրցանակակիր 12-րդ European Music Competition)ին Picardie-ի մէջ: Աննան ցուցաբերեց ամբողջական օպերայի երգչուհիի մը յատկութիւնները իր ելոյթներուն մէջ, ըլլան անոնք դաշնամուրի կամ նուագախումբի ընկերակցութեամբ: Ունի բացարձակ կարողութիւն տիրապետելու իր ձայնային ելեւէջներըՙ թաւ կամ բարձր, մեղմ կամ հզօր: Մեկնաբանութիւնները շատ զգայուն եւ հաղորդակից են ձայնային նրբերանգութեամբ: Երգեցողութիւնը հարազատՙ երգահանի պահանջքներուն, եւ ինչպէս ժիւրիի անդամներեն մէկը արտայայտուած էՙ «Աննան երգի ամէն մէկ նօթը երգեց առանց բացառութեան»: Աննայի աւարտական ելոյթը նուագախումբի հետ խլեց ներկաներու յոտնկայս ծափահարութիւնները, այս բարձրորակ մրցաշարքին հանդիսանալով 4-րդ լաւագոյն մրցանակի դափնեկիրը: Այս մրցոյթին առաջնութիւնը շահեցաւ տաղանդաւոր սոպրանօ 32-ամեայ կորէացի Սին-Նյուգ Հվանգը իր բացառիկ կատարողութեամբ:
Քանի մը երաժշտասէր հայեր, որոնք մոտէն հետեւեցան այս մրցոյթին, հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ բաժնուեցան այն յոյսով, որ մօտ ապագային միջազգային երգարուեստի մէջ պիտի յայտնուին նոր աստղեր, ներառեալ հայազգի սոխակներ, որոնք շատ հաւանաբար պիտի ծաղկեցնեն աշխարհի օպերայի մեծագոյն բեմերը:
ԿԱՐՕ ՆՇԱՆԵԱՆ, Մոնրէալ