23 օգոստոսի առաւօտեան միացանք այն փոքր խումբին, զոր կազմեց Թորոս Պօղոսեանը, որ եկած էր Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքէն օգնութիւն հասցնելու Գիւմրիի «Յոյս» մանկատունին:
Արդարեւ, Սիտնի քաղաքի ՀԲԸՄիութեան մասնաճիւղը վերջին երեք տարիներուն ինքնեկ կերպով կ՛օժանդակէ այս մարդասիրական հաստատութեան, որ գործի լծուած է 2000 թուականի դեկտեմբեր 2-էն սկսեալ, պատսպարելով այժմ 68 գիւմրեցի մանուկներ ու պատանիներ:
Մենք այս տարի գտնուելով Աւստրալիա, ներկայ եղանք նուիրահաւաքի այն երեկոյին, զոր կազմակերպած էին Բարեգործականի Սիտնիի մասնաճիւղի վարչականները օրուան հաւաքուած գումարը Գիւմրիի «Յոյս» մանկատուն հասցնելու նպատակաւ:
Ահա Սիտնիի Բարեգործականի վարչականներէն Թորոս Պօղոսեանը իր հետ բերած էր նշեալ երեկոյի ընթացքին գոյացած 3700 դօլարի գումարը:
Գիւմրիի «Յոյս» մանկատան մէջ մեզ ընդունեց հաստատութեան տնօրէն Ռուբէն Մարկոսեանը իր աշխատակիցներով:
Տնօրէնը անմիջապէս մանկատուն հրաւիրեց Գիւմրիի հեռատեսիլի աշխատակիցներ, որոնք նկարահանեցին այս հանդիպումը: Մենք եղանք երախաներու հետ: Շրջեցանք բաժանմունքները, հիւրասիրուեցանք, զրոյցներ ունեցանք թէ՛ սաներու, թէ՛ հաստատութեան աշխատակիցներուն հետ:
Բարի գործ մըն է կատարուածը: Բայց կը հաստատենք, թէ մանկատունը շատ կարիքներ ունի: Երանի թէ Սիտնիի ՀԲԸՄիութեան մասնաճիւղին նման սփիւռքէն այլ անձեր եւ հաստատութիւններ եւս օգնութեան փութան «Յոյս» մանկատան:
ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ, Երեւան