«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#155, 2005-09-01 | #156, 2005-09-02 | #157, 2005-09-03


ԵՐԿՈՒ ԱՄԻՍ ԱՎՍՏՐԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Երկու տարուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով Սիդնիի ՀԲԸՄիութեան մասնաճիւղը զիս հրաւիրեց Աւստրալիա: Երկու անգամուան համար ալ զեկոյցով հանդէս պէտք է գայի. առաջինըՙ Մեծ եղեռնի 89-ամեակին ու երկրորդըՙ Եղեռնի 90-ամեակին առիթով:

Այս առիթները պատճառ եղան Նիւ Սաութ Ուէյլսի համալսարանի սրահին մէջ Սիդնիի հայ բազմութեան մը խուռներամ մէկտեղումին:

Անշուշտ, ինծի տրուած հրաւէրը մէկ զեկոյցի համար չէր. կանուխէն համաձայնած էինք դասախօսութիւններու շարքի մը համար նիւթ ունենալով Մխիթար Հերացին, Սիմոն Սիմոնեանը, Համօ Սահեանը, Ջըբրան Խալիլ Ջըբրանի «Մարգարէն», Եղիշէ Չարենցը, սփիւռքի մէջ հայ երիտասարդին վրայ հայրենիքէն հեռու ապրելու պարագային ազդեցութիւնը, Սփիւռքի մէջ խառն ամուսնութիւններէն յառաջացած տագնապները եւ այլ նիւթեր, որոնց հետեւեցան իմ այլ ելոյթները Սիդնիի ու Մելբուրնի մէջ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններու եւ յարանուանութիւններու փոքր ու մեծ սրահներուն ու դպրոցներուն մէջ:

Աւստրալիան, որ երկիր մը չէ, այլ աշխարհամաս մը, եւ որ ունի Եւրոպայի տարածութիւնը գլող-անցնող հողամաս, այսօր ունի 45.000ի հասնող հայութիւն մը, որ պէտք է ըսել կ՛ապրի տանելի կեանքով մը ելլելով երկրի օրէնքներէն:

Հոն առաջին հաստատուող հայերը եկած են Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներէն ու կղզիներէն, ոմանք փախչելով ճափոնի ներխուժումէն դէպի Չինաստան, որ կը զուգադիպի 1937 թուականին:

Աւելի կանուխէն եկողները կը զուգադիպին ոսկի որոնողներու արշաւին, զոր կազմակերպած էին Անգլիայէն, Իրլանդայէն Աւստրալիա խուժող գաղթականներ, որոնց հետեւած էին նաեւ Եւրոպայի այլ երկիրներէն ոսկիի գանձերէն շլացած անհատներ, որոնց մէջ գտնուած են նաեւ մի քանի հայեր:

Այսուհանդերձ կրնանք ըսել, թէ Աւստրալիոյ մէջ հաստատուող առաջին հայերը այս երկիրը հասած են անցեալ դարի քսանական թուականներէն: Հայոց թիւը այս երկրին մէջ աւելցած է Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ու բազմապատկուած Մերձաւոր Արեւելքի անկայուն այն վիճակէն մանաւանդ, որ ստեղծուեցաւ Լիբանանի մէջ հոն տեւող 16 տարիներու ներքին զինեալ կռիւներու ստեղծած խուճապէն:

Աւստրալիան, ինչպէս Ամերիկաները, այն երկիրներէն է, որ ունեցած է աշխարհէն կտրուած կիսավայրենի նախաբնիկներ, որոնք աւելի քան 50.000 տարիներ առաջ գաղթած են Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներէն ու կղզիներէն ու վարած թափառաշրջիկ կեանք մը:

Աւստրալիան յայտնաբերողը կոչուած է Քեփթըն Քոսք անգլիացին:

Անոր այս ցամաքամասը հասնելէն առաջ ուրիշ եւրոպացիներ եւս հասած են այս ամայի երկիրը, բայց անգլիացիներն են առաջինը, որ այս ցամաքամասը գրաւած ու վերածած են աքսորավայրի, ուր սոսկալի տանջանքներու ենթարկած են թէ՛ անգլիական հասարակապետութեան անհնազանդ տարրերը, թէ՛ ցամաքամասին նախաբնիկները:

Նախաբնիկները անգլիական պետութեան կողմէ ենթարկուած են զանգուածային ջարդերու, այն աստիճանՙ որ կը կարծուէր, թէ անոնք լրիւ բնաջնջուած են:

Սակայն այսօր, երէկի տառապեալ նախաբնիկները, որոնք գոյնով եւս կը տարբերին նորեկներէն, անոնց պէս կը վայելեն հաւասար քաղաքացիական իրաւունքներ, կ՛ուսանին, համալսարան կը յաճախեն, ունին դասախօսներ:

Երկրին ամբողջ ազգաբնակչութիւնը կը հասնի քսան միլիոնի, որոնց մէջ նախաբնիկները 300.000-ի մօտ թիւ մը կը կազմեն:

Այսօր, Աւստրալիան երէկի աքսորավայրը չէ: Զարգացած է: Ունի համալսարաններ, օպերա, թատրոն, բարձր ճարտարարուեստ ու կը պատկանի զարգացած երկիրներու շարքին:

Եւ ահա, ինչպէս ամէն հայ գաղութի մէջ, այս ցամաքամասին վրայ ապրող հայերը իրենց հետ տարած են բոլոր այն գործունէութեան ձեւերն ու կերպերը զորս ժառանգած էին իրենց ապրած նախկին երկիրներէն:

Հայերը առաւելապէս կեդրոնացած են Նիւ Սաութ Ուէյլս նահանգի Սիդնի քաղաքին մէջ, որ Խաղաղականի ափին, այսինքն երկրի արեւելեան ափին արագօրէն բարգաւաճող եւ գեղազմայլ բնական տեսարաններով օժտուած բնակավայր մըն է:

Այստեղ հայոց թիւը կ՛անցնի 30.000ը: Երկրորդ բազմամարդ քաղաքըՙ հայկական ներկայութեան իմաստով, Մելբուրնն է, ուր կ՛ապրին 5-6 հազար հայեր:

Տասնեակ մը հայ ընտանիքներ կ՛ապրին մայրաքաղաք Քանբերիայի եւ հարիւրեակ մը ընտանիք ցամաքամասի ծայրագոյն արեւմուտքի կտուցին թառած Փըրթ քաղաքին մէջ:

Այլ վայրերու մէջ հատուկենտ անհատներ կան, ինչպէս ութ հազար բնակիչ ունեցող Նարումա աւանին մէջ, ուր կ,ապրին երեք հայերՙ ամուսիններ Կարպիս եւ Օսան Հեքիմեաններն ու հայ երիտասարդ մը: Կարպիսը մտաւորական մարդ է, արդէն երկու տպագրեալ գիրքերու հեղինակ եւ 3-րդ գիրք մը տպագրութեան յանձնած: Հայը ո՛ւր ալ գացած է Ս. Մեսրոպը տարած է իրեն հետ: Ահա թէ ինչու այս զարմանալի Կարպիսը ամէն օր սեղան կը նստի Աճառեանի, Մալխասեանի, Թումանեանի եւ ի զարմանս մեզիՙ Հրանդ Մաթեւոսեանի հետ, որուն նամակագրութիւնը պահած է:

Այս գաղութին մէջ մեր դասական կուսակցութիւններու կողքին գործունէութիւն կը ծաւալէ Հ. Բ. Ը. Միութիւնը, որ ունի իր սեփական կոկիկ ակումբը եւ զոյգ վարժարաններ, որոնցմէ առաջինը ունի ամէնօրեայ բնոյթ, իսկ երկրորդըՙ միօրեայ:

Համազգային հայ մշակութային միութիւնը նոյնպէս ունի իր ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարանը ընդարձակ հողատարածքի մը վրայ, կոկիկ շէնքերով եւ թիւով աւելի բազմամարդ քան առաջինները:

Իրենց ուրոյնՙ Թումանեան միօրեայ վարժարանը կը պահեն իրանահայերը, ուր դասաւանդութիւնը կ՛ընթանայ արեւելեահայերէնով: Կոկիկ դպրոց մըն է: Յաճախողներուն թիւը կ՛անցնի 120-ը:

Այս դպրոցին մէջ կը պաշտօնավարեն 17 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Անոնք բոլորը նուիրումով կ՛աշխատին:

Ամենէն բազմամարդ դպրոցը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանն է, որուն սպասարկուները նուիրումով փարած են իրենց գործին: Դպրոցին վարիչները կաթողիկէ հայրեր են, բայց իրենց այս վարժարանը չեն կոչեր հայ կաթողիկէ վարժարան. մեր դպրոցը համահայկական է կ՛ըսեն:

Այս բոլորըՙ Սիդնիի մէջ:

Մելբուրնի մէջ աւելի քան քառասուն տարիներէ ի վեր կը գործէ միօրեայ Ակինեան վարժարանը, որուն տնօրէնութիւնը անձնդիր կը վարէ մեր մելգոնեանցի դասընկերուհի Սիրարփին:

Համազգայինը նոյնպէս այս քաղաքին մէջ ունի իր դպրոցը:

Իմ յիշած բոլոր վարժարաններուն մէջ ինծի տրուեցաւ երկիցս առիթ, որպէսզի խօսքս ուղղեմ հայ աշակերտութեան:

Մեր երեք յարանուանութիւնները Սիդնիի մէջ ունին իրենց եկեղեցիները:

Հայ Առաքելական եկեղեցիները կը գլխաւորէ Աղան արք. Պալիոզեանը, որ Սիդնիիէն պէտք է հասնի Մելբուրն, մերթ ալ մինչեւ Փըրթ ու յատկապէս Նոր Զելանդա, հասնելու համար իր հօտի կարիքներուն:

Բարեբախտաբար հոս կը տիրէ «հայ եկեղեցին մէկ է» սկզբունքը:

Հայ աւետարանականները կը պահեն իրենց հայագմբէթ եկեղեցին, հովիւ ունենալով Վեր. Եումուշագեանը, որ լրջախոհ ու զարգացած եկեղեցական մըն է:

Հայ կաթողիկները կը հովուէ Սուսանեան վարդապետը, որ հասկնալի քարոզներ կը կարդայ իր հօտին երեք լեզուներովՙ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն: Հայ կաթողիկները ունին իրենց եկեղեցին, ակումբը նաեւ, ուր կը հաւաքուին ամէն կիրակի:

Վերջերս անոնք կազմակերպեցին հաւաքոյթ մը, ուր հրաւիրուած էր նաեւ Աւստրալիոյ Սուրիոյ դեսպանը, ուր սուրիահայութեան գովքը ըրաւ:

Այս երեք եկեղեցիներու կազմակերպած հաւաքոյթներուն երկիցս հրաւիրուեցայ ըսելու խօսքս, ուր ծանրացայ մեր լեզուն պահելու կարեւորագոյն հարցին վրայ:

Աւելցնեմ, որ պետութիւնը հայոց համար տրամադրած է ռադիոժամ, ուրկէ մեր մայրենի լեզուով կը սփռուին լուրեր ու երգեր:

Ռադիոժամ ունին Հայ Առաքելական եկեղեցին, Համազգայինը, Հ. Բ. Ը. Միութիւնը: Այդ բոլոր կայաններէն երկիցս առիթ տրուեցաւ ինծի ելոյթներ ունենալու եւ խօսելու յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կայք հաստատած մեր գաղութներու ցուցաբերած գործունէութեան մասին:

Ինչպէս ամէն գաղութի, նոյնպէս Աւստրալիոյ մէջ հայը ունի տարեցներու տուն: Յուզիչ էր այցելութիւնը այդ հաստատութիւն, ուր կարելի է հանդիպիլ աշխարհի բազում երկիրներէ եկած ծերունիներու, որոնց կը տրուի կարելի խնամք:

Հայկական ակումբները չեն մոռցած պահել մարզական խումբեր եւ սկաուտական կազմ:

Հ. Բ. Ը.Միութեան եւ Համազգայինի խումբերու կողքին պոլսահայերը Սիդնիի ու Մելբուրնի մէջ կը պահեն իրենց բասկետբոլի խումբերը:

Այս տարի, 2005-ի Յունիսի սկիզբները, անոնք հանդէս եկան միասնական մրցումներով: Կ՛երեւի գաղութին մէջ միասնակամութիւն պիտի ստեղծեն մարզական խումբերը:

Այս երկրին մէջ չկարծէք թէ միտում չկայ պետական պաշտօնները դէպի:

Երկրին փոքրամասնութիւններուն հարցերով բարձրագոյն պաշտօն կը վարէ Ստեփան Գըրքեաշարեանը, որ հաճընցի ծնողներու զաւակ է եւ մօտեն կապ կը պահէ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ անխտիր, միասնակամութեան ստեղծման օրինակ դառնալով:

Նիւ Սաութ Ուէյլսի խորհրդարանի սիրուած երեսփոխանուհի է Կլատիս Պերեճիգլեանը, որ կը վայելէ զօրակցութիւնը տեղւոյն բնակչութեան:

Չէ մոռցուած մամուլը: Հայ Առաքելական եկեղեցին կը պահէ ամսաթերթ: Հայ աւետարանականներն ու կաթողիկէները ունին իրենց թերթիկները:

Համազգայինը կը հրատարակէ «Արմենիա» շաբաթաթերթը:

Հ. Բ. Ը. Միութիւնը ունի ամսագիրՙ «Միութիւն»ը: Իրանահայերըՙ «Գարուն» ամսագիրը:

Գաղութը կը փորձէ պահել նաեւ թատրոն: Ունի պարի խումբեր ու երգչախումբեր: Կրնանք աւելցնել նաեւ, որ Համազգայինը կը պահէ մանուկներու համար «Ուրախ մանուկներ» կեդրոնը թերահասակներուն համար, ղեկավարուած ՀՕՄ «Սօսէ» մասնաճիւղին կողմէ:

Գաղութը պետական օժանդակութեամբ կը պահէ նաեւ հայերէն լեզուի ուսուցման կեդրոն մը, ուրկէ շրջանաւարտ եղող մեր երիտասարդները նիշերու առաւելութիւն մը ձեռք կը բերեն կարենալ ընդունուելու համար համալսարան:

Պետական շրջանակներու մօտ աշխատանք կը տարուի որպէսզի Աւստրալիան եւս պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Անշուշտ, Սիդնիի խորհրդարանին կից ծաղկազարդ կեդրոնի մը մէջ Հայոց եղեռնի յիշատակը յարգող կոթող մը կայ. այդ մէկը քայլ մըն է Եղեռնի ճանաչումին ուղղութեամբ, քայլ մը միայն: Կը սպասուի ճանաչումը:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին աւստրալիական բանակէն հազարաւոր զինուորներ մահացած են թուրքին զէնքովը Պոլսոյ մօտՙ Գելիբոլուի մէջ: «Անզակ» կը կոչեն զայդ աւստրալիացիք եւ ամէն տարի Ապրիլի 25-ին կը պատուեն յիշատակը իրենց զոհերուն:

Ապրիլ 24-ին 90-ամեակի օրը առաջարկեցի աւստրալացիներու հետ միացնել մեր յիշատակի օրը եւ հազարաւորներու ներկայութեան յարգել յիշատակը երկու ժողովուրդներու զոհերուն, նահատակներուն:

Աւստրալահայ գաղութը կը պահէ իր աշխուժութիւնը:

Յոյս ունենանք որ շարունակէ պահել:

Հալեպ-Երեւան


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4