Կիրակի, 9 հոկտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ Սիդնի ժամանեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը, կառավարական պաշտօնեաներու պատուիրակութեամբ մը: Օդակայանը զինք դիմաւորելու ներկայ էին աւստրալահայ գաղութի ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ Աղան արք. Պալիոզեանի:
Պր. Օսկանեան նախ այցելեց Ս. Յարութիւն եկեղեցի ներկայ գտնուելու Ս. Պատարագի արարողութեան: Ան հակիրճ խօսք ուղղեց ներկայ բազմաթիւ հաւատացեալներուն:
Կէսօրէ ետք ան ներկայ եղաւ ժողովրդային հաւաքի մը, ուր ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը: Պր. Օսկանեան տեղեկութիւններ տուաւ հայրենիքէն վերջին եւ յառաջիկայ իրադարձութիւններու մասին, որմէ ետք գոհացում տուաւ ներկաներուն հարցումներուն:
Անկէ ետք պր. Օսկանեան մամլոյ ասուլիս մը ունեցաւ, որուն ընթացքին եղան զանազան հարցումներ:
«Հիմնական առանցքային հանդիպումն է իմ գործընկերոջ (Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանդր) Դաուների հետ, ըսաւ պրն Օսկանեան: Հոն մեր երկկողմ յարաբերութիւնները մի փոքր պիտի քննարկենք, բայց առաւելաբար ուզում եմ շեշտը դնել տարածաշրջանին խնդիրների վրայ, բացատրել Լեռնային Ղարաբաղի ընդհանուր հարցը, ինչպիսի զարգացումներ կան, հարցերի կարգաւորման կարեւորութիւնը, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւները, Եւրոմիութեան հետ Թուրքիայի, մերՙ Եւրոմիութեան հետ, ինչպէս նաեւ որոշ տնտեսական հարցեր:
Հանդիպումներ եմ ունենալու նաեւ խորհրդարանականներ (հայազգի, Ազատական կուսակցութենէն նախարար Ջօ Հոքիի), Ազատական ընդդիմադիր կուսակցութեան խորհրդարանական Կլատիս Պերեճիքլեանի եւ Ջոն Ուաթքընզի հետ: Նրանից յետոյ արդէն կը մեկնեմ Ինտոնեզիա»:
ԱՐԵԳ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ, Սիդնի