«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#201, 2005-11-05 | #202, 2005-11-08 | #203, 2005-11-09


ԱՐՈՒԵՍՏԱԲԱՆԻՆ ԴԵՐՆ ՈՒ ՏԵՂԸ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ. ԱՐՈՒԵՍՏԱԲԱՆ ՇԱՀԵՆ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Մօտիկ անցեալին, երբ Եղեռնի 90-ամեակը կը նշէինք, Շահէն Խաչատրեան Բէյրութէն կ՛անցնէր բերելով հայ մամուլին իր արուեստաբանական վերլուծումները հայ գեղանկարիչներուն այն պաստառներուն, որոնք կ՛արտացոլացնեն Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձն ու վկայութիւնը գեղարուեստական ընկալումներով: Ապա, նոյնին մատուցումը լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութեան, երբ ՀԲԸՄիութեան Ե. Տեմիրճեան Կեդրոնի հանդիսասրահէն ներս սահիկներու ցուցադրութեամբ կու տար իր դասախօսութիւնը յագեցած մասնագիտական խորունկ դիտարկումներով (տեսնել նոյնին ամբողջական գրառումն ու նկարչական վերարտադրութիւնները «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի մարտ-ապրիլ 2005-ի համարին մէջ):

Եթէ երբեք գեղարուեստական գրականութեան մէջ կը փնտռենք բարեկամութիւնը գեղագիտական որոնումներու եւ գրաքննադատական հայեացքներու, նոյնպէսՙ գեղանկարչութեան եւ գեղարուեստի այլ բնագաւառներէն, գեղագէտ-արուեստաբանն է, որ իր ունեցած խորունկ հմտութեամբ, գեղարուեստական համապարփակ ծանօթութեամբ եւ արտայայտչականութեամբ կը մօտեցնէ մեզի «անծանօթ աշխարհ»-ները գեղանկարչութեան պաստառներու, գոյներու «լեզուաբանութեան» եւ զգացողութեան, կամ երաժշտական կտորներու - ձայնային իմաստաբանութեան, գեղապարային շարժումներու ներքին կշռոյթին եւ երաժշտութեան հետ անոր ստեղծած միաձոյլ առարկայականութեան:

Շահէն Խաչատրեանը արուեստաբան է բառին ամբողջական իմաստով: Առաւել արուեստի վաստակաւոր գործիչ մը, որ իր պարագային պիտի նշանակէր լծուիլ հայ գեղարուեստի ու մշտական դեսպանի առաքելութեան. յատկապէսՙ արտերկրի մեր մշակութային կեանքին մէջ:

Ծնունդով հալէպահայ (28 սեպտեմբեր 1934): Հայրենադարձՙ 1946-ին: 1965-ին աւարտած է Լենինգրադի Ռեպինի անուան հիմնարկը: 1959-էն սկսած է աշխատիլ Հայաստանի ազգային պատկերասրահէն ներս: 1967-ին կոչուած է Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէնի պաշտօնին, զոր կը վարէր ձեռնհասօրէն մինչեւ վերջերս: Այժմՙ տնօրէնն է Էջմիածնի Արշիլ Գորկիի անուան թանգարանին, բացուածՙ մեծ գեղանկարիչին ծննդեան 100-ամեակին առիթով:

Շահէն Խաչատրեան կազմած, խմբագրած եւ կամ գրած է յառաջաբանները շարք մը պատկերագիրքերու, որոնցմէ մեզի ծանօթ են յատկապէսՙ Պետրոս Գոնտուրաճեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Յ. Այվազովսկիի, Յակոբ Յակոբեանի, Արշիլ Գորկիի նուիրուած գործերը: Ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի ուղեցոյց բազմարժէք գեղատիպ հատորը:

Ներկայիս, Միացեալ Նահանգներու մէջ մամուլի տակ է Հայոց ցեղասպանութեան 90-ամեակի ծիրէն ներս կատարուող աննախընթաց պատկերագիրք մըՙ «Ցաւին գոյնը» խորագրեալ: Գիրք մըՙ որ կ՛ընդգրկէ 19-րդ դարու վերջին Համիտեան կոտորածներէն մինչեւ Մեծ Եղեռն եւ յետ-եղեռնեան մեր հայ նկարիչներուն պաստառներէն նմոյշներ, որոնք կ՛արտացոլացնեն ներքին տառապանքը հայ արուեստագէտներուն: Ահաւասիկՙ ամփոփ գիծերու մէջ Շահէն Խաչատրեանին ունեցած բեղուն գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքահայ կարեւոր գաղթօջախներէն ներս, Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ Խաղաղականի ափերը:

Ինչպէս անցեալ ապրիլին, նոյնպէս հոկտեմբերի 10-ին, ՀԲԸՄ - ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Մշակութային Միութեան հրաւէրով, Մ. Սարեանի ծննդեան 125-ամեակին առիթով, Շահէն Խաչատրեան կրկին անգամ ըլլալով այցելեց գաղութս, ներկայացնելու համար բազմերախտ մեծ գեղանկարիչին կեանքն ու գործունէութիւնըՙ սահիկներու ցուցադրութեամբ:

Ներկայ գրութիւնը չի միտիր իբրեւ թղթակցութիւն անդրադառնալու դասախօսութեան ձեւին ու բովանդակութեան, այդ մէկը թողնելով մամուլի յատուկ աշխատակիցներուն: Մեր մօտեցումըՙ վկայութիւնն է այն մեծ գործին, որուն լծուած է արուեստաբան Շ. Խաչատրեանը: Գեղարուեստական հարցերու մեկնաբան-դասախօսը, վարպետըՙ իր մարզէն ներս, մանաւանդՙ երբ կը խօսի ան իր «հոգեւոր հօր», մեծանուն վարպետ Մարտիրոս Սարեանի կեանքին եւ ստեղծագործութեան շուրջ: Վարպետին կեանքին իւրաքանչիւր հանգրուանը խորիմաստ ապրումն է արուեստագէտի իր ներաշխարհին, բնութեան գոյներուն եւ արեւին լոյսի մէջ կ՛ողջունէ կեանքի ներբողը, հայրենիքէն հեռուՙ հայրենի բնաշխարհը անհաս կարօտ է, իսկ ինք կը ներկայանայ իբրեւ մէկ մասնիկը տիեզերքին, անոր պէս յաւերժՙ իր ստեղծագործած գեղանկարներուն ընդմէջէն: Անշուշտ մեր բանախօսը, երբ իր կեանքին ամէնէն գեղեցիկ տարիները ապրած է մեծ վարպետին ներկայութեան, հոգեզաւակի մի հարազատութեամբ, իր ներկայացուցած դասախօսութիւնը պիտի չըլլար պարզ ընթերցում մը ակադեմեական նախապատրաստութեամբ, այլ, ժամ մը ամբողջ, անգիր զրոյցՙ մեծանուն նկարիչին կենդանի ու պայծառ յիշատակին հետ: Ահա թէ ինչպէս, մեծ արուեստաբաններուն բանաւոր խօսքերը ունկնդիրը կը տպաւորեն առաւելագոյնս, դասախօսութեան ժամը վերածելով գեղագիտական հաճոյքի:

Բարեբախտութիւն է մեզի համար, որ մենք յիսնամեակէ մը ի վեր վայելած ենք հայրենիքէն մեզի հիւրաբար այցելութիւն տուող դասախօսներ, արուեստասէր հասարակութիւնը անկարելի է որ մոռնայ անցեալն ու ներկան կամրջող գեղարուեստական պահերը, մշակութային մեր հանդիսութիւնները:

Կ՛արժէ, որ երբեմն յետադարձ հայեացքներով վերակենդանացնենք հեռու թէ մօտիկ անցեալի մեր յուշ յիշատակները: Յիշենք բոլոր այն դէմքերը, որոնք քաղցրացուցին մեր կեանքին պահերը:

Շահէն Խաչատրեանը եղաւ վերջնեկ «առաքեալ»-ը, մեզի ղրկուած արուեստագէտ անձը:

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ, «Զարթօնք», 22 Հոկտեմբեր 2005


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4