Ուրուգուայի մայրաքաղաք Մոնտէվիդէոյի մէջ նոյեմբերի 23-ին իր աշխատանքները աւարտեց Դատաւորներու միջազգային կազմակերպութեան համագումարը, մասնակցութեամբ մօտաւորապէս 200 դատաւորներու, որոնք ժամանած էին աշխարհի զանազան երկիրներէ, որոնց մէջ էին նաեւ Հայաստանի դատաւորներու միութեան նախագահըՙ Հրաչ Սարգսեանը եւ դատաւոր Տիգրան Սահակեանը, որոնք հրաւիրուած էին դիտորդի կարգավիճակով:
Իրենց ժամանումին օրը «Կոմիտաս» ռադիոժամը հարցազրոյց մը ունեցաւ դոկտ Տիգրան Սահակեանի հետ, որու ընթացքին ան տեղեկացուց, թէ այս միջազգային համագումարի ընթացքին Հայաստան դիմում պիտի ներկայացնէ լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ստանալու միտումով:
23 նոյեմբերի ուշ երեկոյեան դոկտ. Տիգրան Սարգսեանը տեղեակ պահեց, թէ Հայաստանը յաջողեցաւ լիիրաւ անդամակցութիւն ձեռք ձգել:
Մանրամասնելով վերջին նիստի աշխատանքները, Սարգսեան ըսաւ, թէ օրակարգի վրայ դրուած էին Բուլղարիոյ եւ Հայաստանի անդամակցութեան հարցերը:
Բուլղարիոյ պարագան մեծ դժուարութիւններու դէմ հանդիման գտնուեցաւ: Սակայն ի վերջոյ վաւերացուեցաւ անոր անդամակցութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, երբ օրուան նիստին նախագահող դատաւորը ներկայացուց անդամակցութեան հարցը եւ հրաւիրեց դատաւորները արտայայտուելու, ոչ ոք առարկեց եւ Հայաստանի լիիրաւ անդամակցութիւնը վաւերացուեցաւ միաձայնութեամբ:
Այսուհետեւ Դատաւորներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր շէնքին վրայ մեր պետական դրօշը պիտի ծածանի:
ԿԱՐՕ ՀԵՔԻՄԵԱՆ, «Կոմիտաս» ռադիոժամ Մոնտէվիդէօ-Ուրուգուայ