«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#218, 2005-11-30 | #219, 2005-12-01 | #220, 2005-12-02


ՌԱԿ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՎՆԸ Ի ՊԱՏԻՎ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐԿԱԴԻ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆԻ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Արկադի Ղուկասեանի Լոս Անջելես ներկայութեան բարեպատեհ առիթէն օգտուելով, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնը գնահատելի գաղափարը ունեցաւ կազմակերպել ընդունելութիւն մը ի պատիւ պարոն նախագահին, որուն կ՛ընկերակցէր Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցավ նոյեմբեր 23-ի երեկոյան ԹՄՄ Պեշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ:

Տօնական բացառիկ երեւոյթ մը կը պարզէր սրահը: Ժամը 8-ին սրահ հաւաքուած գաղափարի մեր ընկերներն ու հոծ թիւով համակիրները ծափողջոյններով ընդունեցին Արցախի ղեկավարները, որոնց կ՛ընկերակցէին ղեկավար ընկերներՙ գլխաւորութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Փանիկ Քեշիշեանի եւ ՌԱԿ շրջանային վարչութեան ատենապետ Արա Ահարոնեանի:

Հանդիսութեան ներկայ էին կուսակցական եւ կալիֆորնիահայ զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւՙ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ սպասարկուներ: Պատուոյ հիւրերու շարքին էին նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Նաիրա Մելքումեան եւ հիմնադրամի վարչութեան ատենապետուհի Մարիա Միհրանեան: Ներկայ էին համայնքին ծանօթ բարերարներ ու ծանօթ ազգայիններ:

Նկատելով, որ այս հաւաքին հիմնական նպատակը Արցախի մէջ դպրոցի մը վերանորոգութեան դրամահաւաքն էր, Արա Ահարոնեան բացուած յայտարարեց նուիրահաւաքի այս արշաւը:

Պարոն Աշոտ Ղուլեան ներկայացուց այս տարուան թելեթոնի դրամահաւաքով նախաձեռնուելիք ծրագիրները, ներառելով դպրոցաշինութիւնն ու Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի ծրագրին շարունակումը:

Հրաւիրուեցաւ նախագահ պրն Ղուկասեան տալու իր խօսքը: Ան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց ՌԱԿ-ին եւ համայն հայութեան իրենց օգնութեան ձեռքը երկարած ըլլալով Արցախի հայութեան: Յայտարարեց, թէ Ղարաբաղը միշտ գործակցած է իր բարեկամ զոյգ սիրելի կազմակերպութիւններունՙ ՀԲԸՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի: Իր սրտայոյզ խօսքը աւարտեց ըսելով. «Շատ կը ցանկանայինք ներկայանալ ձեզի այսօր հոս եւ ըսելՙ եկած ենք օգնելու ձեզի, սակայն այդ կարողութիւնը չունինք տակաւին: Կը հրաւիրեմ ձեզ բոլորդ այցելելու ձեր հայրենիքըՙ Արցախ, որպէսզի ձեր աչքերով տեսնէք զայն: Մի՛ մոռացէք, որ ունէք հայրենիք»:

Ձեռնարկի օրուան նուիրահաւաքին ընդհանուր գումարը հասաւ 30.000 դոլար:

ՌԱԿ ՄԱՄԼՈՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4