«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#6, 2006-01-17 | #7, 2006-01-18 | #8, 2006-01-19


ՇԱՀԷՆ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ «ՄԻՆԱՍԸ» ԵՎ ԵԱԿՈՎ ԶԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾԸ

Մեր սեղանին են Շահէն Խաչատուրեանի պատրաստած ալբոմ-գիրքը գեղանկարիչ Մինաս Աւետիսեանի մասին եւ Եակով Զարգարեանի ռուսերէն յօդուածը Հայաստանի ռուսագիր «Նովայա վրեմիա» թերթի 3 դեկտ. 2005 ի թիւին մէջ:

Նախ խօսինք գիրքին մասին:

Արուեստաբան Շահէն Խաչատուրեան բազում աշխատանքներ կատարելով իր հոգեղբօրՙ գեղանկարիչ Մինասի մասին պատրաստած է 272 էջնոց գեղատիպ հատոր մը, ներկայացնելով մեր ժամանակներու մեծագոյն հայ նկարիչներէն Մինասի լաւագոյն գործերէն 146 իւղաներկ, 35 գծանկար, բեմարուեստի (սենոկրաֆիի) բալէի համար պատրաստուած 12 էսքիզ միւրայներ, մանրանկարներ թիւով 30 եւ զգեստաւորում, առաւել Մինասին կեանքը ներկայացնող 33 լուսանկար, նաեւ արկածահար գեղանկարիչին ձեռագիրն ու Պարոյր Սեւակի «Մարդը ափի մէջ» հատորին շապիկը:

Մէկ խօսքովՙ պատկերասրահ մը ամբողջ:

Շահէնը արդեօք ի՜նչ դժուարութիւններու հանդիպած ըլլալու է այս բոլորը մէկտեղելու, սլայտաւորելու եւ գունատիպ այս հատորին ծախսերը հոգալու համար:

Գործ մը ահաւասիկ, զոր կրնան յաջողցնել միայն այնպիսի մարդիկ, որոնց սիրտը արուեստով կը տրոփէ, եղբայրութեամբ կը տրոփէ:

Նման գործի մը առջեւ մարդ երկիւղածութեամբ կը կանգնի, գլխարկը կը հանէ: Հրատարակութիւն մը այս մէկը, մեր ժողովուրդի դժուարին օրերուն, որ մեր կեանքը կը լուսաւորէ, մարդը կը դարձնէ աւելի ազնիւ, կապուած իր սրբազան հողին, իր մշակոյթին, իր արմատներուն: Այդպիսին է այս հրատարակութիւնը:

Առաքելատիպ մարդ մը եղաւ Մինաս, քալող, շնչող, գործող իմաստասէր մը, ծնած Հայաստանի բազմադարեան ժայռերէն: Ժայռի պէս տոկուն, բայց բուրալի ծաղիկներով թաթաւուն: Ճառագայթող, հոգիի խորերը իջնող նայուածքով մը ահա կը նայի մեզի գիրքին առաջին էջէն:

Հատորը կը բացուի Հայաստանի ժողովրդական նկարիչՙ Յակոբ Յակոբեանի խօսքով, այսինքնՙ մեծի մը խօսքովը մեծի մը մասին, որմէ կու տանք հատուած մը.

«Անհնար է հանդիպել Մինասին ու չենթարկուել նրա մարդկային հմայքին: Երբ առաջին անգամ մտայ իր արուեստանոցը, ես անմոռանալի ցնցում ապրեցի: (Մինասի) պահուածքը հանգիստ էր ու վստահ: Իրենից ճառագայթում էր ազնուական ու խորհրդաւոր մի ուժ... Մինասի կտաւները մտքով համեմատում էի մինչ այդ տեսածներիս հետ, եւ ինձ համար պարզ դարձաւ, որ ծանօթանում էի աշխարհի անզուգական, ինքնատիպ ու անկրկնելի նկարիչներից մէկին: Նրա անսպասելիօրէն համարձակ, ասես սրտից ժայթքած գոյները, որոնց մէջ թրթռում էր կեանքը, միանգամից ապշեցրին ինձ: Հմայուած դիտում էի «Ջաջուռը», «Իմ ծնողները», միւս կտաւները... Նման յայտնագործութիւն չէի սպասում: Բնական էի գտնում, որ փոքրաթիւ մի ժողովրդի համար Սարեան ունենալը արդէն բախտաւորութիւն է: Ես եկել էի Հայաստան Սարեանին հանդիպելու եւ, ահա, գտնում էի Մինասին, հեռուներից եկող մեր ժողովրդի նախասահմանուած ընտրեալներից մէկին»:

Այսպէս, Յակոբեանի հազիւ էջ մը գրաւող խօսքը Մինասի մասին Երգ երգոցը կը յիշեցնէ:

Շահէն Խաչատուրեանը այս հատորը նուիրած է իր հօրՙ էրզրումցի քարակոփ-շինարար վարպետ Գէորգին, որ Մինասի հող բուրող բարեկամներէն մէկն էր, եւ որուն դիմանկարը պատրաստած էր Մինաս, անոր մէջ գտնելով ըմբոստ Արեւմտահայաստանը:

Երբ կը դարձնէի այս ալբոմին էջերը, յանկարծ տեսայ լուսանկար մը, ուր կանգնած է Յակոբ Յակոբեանի կողքինՙ Մինասը, Շահէն Խաչատուրեանը, Հենրիկ Իգիթեանը. երբեմնի մտերիմ ընկերներ, որոնց հետ միասին ըլլալու բարեբախտութիւնը ունեցած էի Երեւան, բժշկականի ուսանող եղած տարիներուս:

Էջերը դարձնելով հասայ հատորին ծածկաշապիկին, ուր Շահէնը գրած է. «Սիրելի Մինաս, 1975-ի մեր երջանիկ փետրուարեան օրը Լենինականում մեր սիրելի ընկերոջՙ Խաչատուր Վարդպարոնեանի մօտ, դաժան ողբերգութեամբ աւարտուեց Երեւանում:

...30 տարի առաջ էր: Առանց քեզ մեր ապրած, քո ապրած, քո անմահութեան 30 տարին... Համընդհանուր ճանաչում ու չմարող հիացումի եւս երեք տասնամեակ: Այդ ընթացքում քո գործերի ցուցադրումները անցկացրեցի Խորհրդային Միութեան ու Եւրոպայի աւելի քան քսան քաղաքներում: Այս պատկերագիրքն էլ, որ պատրաստել էի 60-ամեակիդ, լոյս էր տեսնելու Մոսկուայում, 15 տարի առաջ: Սակայն ԽՍՀՄ փլուզման պատճառով տպագրումը ձախողուեց: Այժմ քո 75-ն է: Հաւաքել եմ տարբեր երկրներում գտնուող քո լաւագոյն գործերի լուսապատկերները, որոնք հնարաւորինս ամբողջական են ներկայացնում քեզ, քո արարումը, քո հրաշք պարգեւը մեր արուեստին: Շնորհակալութիւն քո հայ եւ ռուս լուսանկարիչ բարեկամներին եւ բոլոր նրանց, ովքեր հնարաւոր դարձրին գրքի հրատարակումը ի սէր քո մեծութեան»:

Այս բոլորը եւ աւելին գրուած են գիրքին ետեւի ծածկաշապիկին վրայ:

Լարուած ճիգը, իրագործումըՙ Շահէնին: Մեծարումը, արժանի մեծարումըՙ Մինասին:

Ահա թէ Շահէն Խաչատուրեան արուեստաբանը ինչպԷս կը ներկայացնէ իր սրտագին ընկերը: Ընկեր մը, որ Շահէնին կեանքին ուրախութիւնը եղաւ: Ընկեր մը, որուն անունը Շահէնը պտտցուց երկրէ երկիր եւ աշխարհամասէ աշխարհամաս, որպէս հայ արուեստի ծածանող դրօշ:

Այս էջերէն հրճուալի է իմանալ, որ օր մը երբ Մինասը Լենինգրադի արուեստի ակադեմիայէն վտարուելու վրայ էր իր խիզախ արտայայտութիւններուն համար, ճանչցուած արուեստագէտ Բորիս Իոհանսըն կը պաշտպանէ զինք գոչելով. «Մի՛ դպիք իմ Մաթիսին»:

Շահէնը կÿաւելցնէ. «Ճշմարիտ արուեստագէտն ինքն էլ իրենից ներկայացնում է բնութեան վսեմ ստեղծագործութիւն: Մինասը իւրօրինակ մարդ էր, ինչպէս իր արուեստը, եւ լիովին ներդաշնակւում էր դրան... Ծանօթ լինելով նրա փոքր-ինչ արկածախնդիր բնաւորութեանը, ես մօտիկ ընկերոջ իրաւունքով յաճախ հետեւում էի Մինասին»: Ըսել կÿուզէՙ չըլլայ թէ անախորժ բան մը խանգարէ իր խաղաղութիւնը: Ահա այս նախադասութիւնն է, որ կայծ կու տայ վառօդի այն տակառին, զոր կը բռնկեցնէ ռուսերէն թերթին մեջ Եակով Զարգարեանը, որուն մասին տարօրէն խոհուն արուեստագէտ Յակոբ Յակոբեանը գրած է յօդուած մը «Ազգի» մէջՙ հետեւեալ խորագրով. «Հերթական «մահափորձ» Շահէն Խաչատուրեանի դէմՙ այս անգամ Մինասի «մտերիմ ընկերոջ» ձեռքով»:

Մենք եւս մեր կարգին մեր խօսքը ունինք երաժիշտին անտեղի եւ չապացուցուած մտորումներուն կապակցութեամբ, զորս կու տանք քիչ մը վարը:

Մինչ այդ ուրախութեամբ համեցանք այս ալբոմին այն էջերուն վրայ, ուր կը փայլատակէին Մինասին գործերը, երկարօրէն ըմբոշխնելով այն իւղանկարները, որոնց դիմաց կենալը մեր ուրախութիւնը եղած էր, նաեւ մեր հպարտութիւնը:

Կարծէք արեւողող անտառի մը մէջ կորսուած էի: Հաւատացէք, որ ամբողջ օր մը անցուցի դիտելով Մինասի Հայաստան աշխահէն բխող գոյները:

Ու այս բոլորըՙ ինքզինք «Մինասի ընկեր» յորջորջող Եակով Զարգարեանը չէ տեսած եւ ապաւինելով ռուսերէն շարուածքի մէկ նախադասութեան եւ անկէ ալ բառ մը զեղչելով ճամարտակած է ամբողջ երկու սիւնակ, ոչնչացնել կարծելով Շահէն Խաչատուրեանը:

Բոլոր անոնք, որոնք գրիչ կը շարժեն, մեզի կը թուի, թէ անկախ նիւթէն անոնք կը խօսին իրենց մասին: Եակովին յօդուածը մեր այս հաստատումին փայլուն օրինակն է:

Մէջտեղը գիրք մը կայ անտառի զովութեամբ ու հոծութեամբ: Եակով Զարգարեանը գրեթէ չի խօսիր այդ բոլորին մասին:

Յիշեալ յօդուածին մէջ, ահա թէ ինչու Մինասէն ու Շահէնէն աւելի Եակովն է որ կայ:

Միթէ մեր ներկայացուցած գիրքը մեծագոյն յարգանքի արտայայտութիւն չէ՞ «ձեր» բարեկամինՙ Մինասին մասին, պարոն Զարգարեան:

Եւ առաւել եւս ձեր սխալագրութիւնը պատիւ կը բերէ՞ Մինասի յիշատակին:

Այդ ինչպէ՞ս եղած է, որ ձեզի նման թունաւոր մարդ մը եղած է Մինասին ընկերը:

Դուք ջարդել փորձած էք Շահէնը խելագարի մը մոլուցքով, առանց բաւարար ապացոյցի, բառարանի մը հոմանիշներուն բազմազանութեան յենելով ու դարձած ապերասան:

Այստեղ հարցը Շահէնին վիրաւորելը չէ՛, թէեւ Շահէնը իր պայծառ դէմքով պաշտպանութեան պէտք չունի, այլ հարցերու հարցն այն է, որ մտաւորական մարդը պարտաւոր է ունենալ պատասխանատուութեան զգացում մշակութային միջավայրի հանդէպ, այլապէս թող ամէն մարդ թոյն թափէ:

Կÿըսես, պարոն Զարգարեան, որ գիրքն ամբողջութեամբ կարդացած ու վատ զգացած ես, որովհետեւ հոն էջեր գտած ես, ուր ամէն մէկ նախադասութեան ու պարբերութեան մէջ սուտեր գտած ես: Կÿըսես, անտարբեր ըլլալ սուտերու դիմաց մահացած բարեկամիդ մասին, որ այլեւս չի կրնար ինքզինք պաշտպանել, յանցանք մը պիտի նշանակէր: Ահա թէ ինչու գրած ես:

Բայց ալարած ես խօսիլ «բազմաթիւ» սուտերու մասին: Գրած ես մէկ «սուտի» մասին սուտ յօդուած մը, չարափոխելով Շահէնին անմեղօրէն արտայայտած մէկ միտքը. «Ծանօթ լինելով նրա փոքր-ինչ արկածախնդիր բնաւորութեանը...»: Նախ այստեղ «մոռացած ես» բառ մը զոր Շահէնը օգտագործած էՙ «փոքր-ինչ»: Ուրեմն անտեսելով յիշեալ «փոքր-ինչ » բառը, չարութեան թոյնը թափած ես Շահէնին վրայ ու տակաւին անոր մօտ փնտռած ես չեկիստը, զոր պէտք էր փնտրէիր այլ տեղ, որպէսզի ոչ ոք անամօթութիւն վերագրէր քեզի:

«Փոքր-ինչ արկածախնդիր բնաւորութիունը» ըսելը արկածախնդիր է ըսել չէ:

Ո՞ւր է Շահէնին հրատարակած գիրքըՙ յօդուածիդ մէջ:

Չըլլայ թէ Մինասին մասին գրելը եւս սեփականաշնորհուած է մէկ-երկու հոգիի միայն, որուն առաջինը կÿերեւի դուն ես: Արդեօք այլ մարդիկ իրաւունք չունի՞ն Մինասի մասին խօսք ըսելու, գիրք հրատարակելու:

Պրն Եակով Զարգարեան, կÿերեւի գիտէք, թե ամէն հայ մարդ ունի ի՛ր Մինասը:

Կը մտածեմ, որ յանկարծ ձեր չարամիտ կարծիքը բաժնող ալ կրնայ ըլլալ: Եթէ կայ, ափսո՜ս ...

Ձեր գրած այս յօդուածով պարզուեցաւ, որ դուք Մինասէն, որուն բարեկամը ըլլալը կը հաւաստէք, ոչինչ սորված էք - ո՛չ ազնուականութիւն, ո՛չ անկեղծութիւն: Եւ նոյնիսկ Մինասը ինք իր սրբազան արուեստէն ոչինչ կրցած է սորվեցնել ձեզի:

Խօսքերս կը վերջացնեմ ըսելով, որ Շահէն Խաչատուրեանը կարիք չունի ապացուցելու, որ ինք Մինասի բարեկամն է, ու կը մնայ անոր բարեկամը արկածահարին մահէն 30 տարի ետքն ալ:

Վկայՙ այս փառաւոր հատորը:

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ, Հալէպ, 27 դեկտ. 2005


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4