«Հայաստան, Հայաստան, իմ միակ օթեւան»
1979-էն ի վեր Լոս Անջելեսի մէջ տարբեր անուններու տակ կը գործէ Իրաքահայերու միութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակն է ի մի բերել Իրաքէն գաղթած եւ Լոս Անջելես հաստատուած հայերը, զանոնք ազգային կեանքին մէջ պահել, ապա աստիճանաբար զանոնք գաղութիս համահայկական ազգային-հասարակական եւ հոգեւոր կազմակերպութիւններու մէջ ներգրաւել:
Իրաքահայերու միութեան հիմնադիրները բացարձակապէս նպատակ չունէին եւ չունին իրաքահայերու կղզիացած եւ անջատուած հաւաքականութիւն մը կազմել, ընդհակառակը, այս միութեան փոքրաթիւ անդամները ջահակիրն ու եռանդուն մասնակցողներ եղան ազգային եւ հայրենասիրական համահայկական բազմաթիւ միջոցառումներու:
Այսօր Լոս Անջելեսի կրօնական, կրթական, քաղաքական եւ մշակութային ու բարեսիրական բոլոր միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն մէջ իրենց գործօն եւ անփոխարինելի ներդրումն ու մասնակցութիւնը կը բերեն Լոս Անջելեսի եւ շրջակայքի իրաքահայերը:
Այսպէս, 1979-1999, քսան տարի շարունակ, այս միութեան պատասխանատուները հիմնեցին եւ պահեցին շաբաթօրեայ վարժարան մը, որմէ օգտուած են 1500-է աւելի հայորդիներ:
Այս դպրոցը վերջին եօթը տարիներուն միացաւ Թէքէեան մշակութային համահայկական միութեանՙ շարունակելով իր ազգային անգնահատելի ծառայութիւնները:
Կազմակերպուած են մշակութային մեծաշուք ձեռնարկներ, Հայաստանին եւ Արցախին օգնութեան դրամահաւաքներ, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ պայծառութեան համար միջոցառումներ, իրաքահայ գաղութին նիւթապէս օգնելու համար տարին քանի մը առիթներով հանգանակութիւններ կազմակերպուած են:
Վերջին երեք տարիներուն Իրաքի մէջ տիրող քաղաքական անապահով եւ քաոսային պայմաններու բերումով, Իրաքի ազնիւ ժողովուրդին հետ, Իրաքի հայերը եւս մատնուած են մեծ դժուարութիւններու:
Այսօր մեծ թիւով իրաքահայեր ապաստան գտած են զանազան դրացի ու եւրոպական երկիրներու մէջ:
Իրաքահայերու միութիւնը, իրաքահայ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն մնայուն օգնութիւն մը ընելու համար, 2004 հոկտեմբերին կազմեց «Իրաքահայերու օգնութեան հիմնադրամ» անունով մարմին մը, որուն նպատակն է օգնութեան ձեռք երկարել այն իրաքահայերուն, որոնք ապաստան գտած են զանազան երկիրներու մէջ, կամՙ Իրաքէն դուրս ելլել կ՛ուզեն, որպէսզի Հայաստան հաստատուին եւ փոխանակ «օտար ամայի ճամբէքի» մէջ թափառին, արմատ ձգեն եւ հաստատուին մայր հայրենիքի մէջ:
Նորակազմ մարմնի անդամները զանազան քաղաքական, յարանուանական պատկանելութիւն ունեցող ազգայիններէ կազմուած ըլլալով, շատ կարճ ժամանակի մէջ արժանացան Լոս Անջելեսի ամբողջ հայութեան, ինչպէս նաեւ հայաստանցի մեր ժողովուրդի վստահութեան եւ ամբողջական գնահատանքին:
Հիմնադրամի վարչութեան կազմն է հետեւեալ ձեւով.
Ատենապետՙ Սարգիս Դերձակեան, փոխատենապետՙ Րաֆֆի Կարապետեան, ատենադպիրՙ Խաչիկ Ճանոյեան, քարտուղարուհիՙ Ազատուհի Աբրահամեան, գանձապահՙ Գրիգոր Տէմիրեան, խորհրդականներՙ Վարդգէս Պետրոսեան, Պերճ Զաքարեան եւ Հայկ Եսայեան:
Պէտք է խոստովանինք, թէ դիւրին չեղաւ այս մարմնի աշխատանքներուն ծրագրաւորումը: Նախ այսպիսի մեծ գործի մը համար անհրաժեշտ էր նման աշխատանքներու մէջ փորձառութիւն ունեցող անձերու, հսկայ դրամագլուխի եւ մանաւանդՙ ժամանակ ունեցող կամաւորներու մեծ խումբի մը:
Այս բոլորէն զատ, իրաքահայ գաղութին մէջ տարածուած էին ժխտական, անբարեխիղճ տարաձայնութիւններ Հայաստանի մասին: Այդ պատճառաւ իրաքահայը պատրաստ էր ամէն տեղ գաղթել ի բաց առեալ իր նախահայրերու յաւիտենական եւ անկախացած հայրենիքէն: Այս պատճառով էր, որ մեր աշխատանքներուն առաջին ամիսներուն ոչ իսկ մէկ անձ չդիմեց Հայաստան ներգաղթելու համար:
Ամենայն հպարտութեամբ կու գանք յիշելու հոս, թէ վերոնշեալ բոլոր դժուարութիւնները գոյութիւն ունենալով հանդերձ, այս հիմնադրամին անդամները խորունկ հաւատքով եւ մեծ նուիրուածութեամբ աշխատեցան, դժուարըՙ դիւրին եւ անկարելին հնարաւոր դարձնելով:
Նախ մշտական կապ հաստատեցին Իրաքի հայութեան հետ, ստեղծելով մնայուն կայքէջ մը եւ հեռաձայն տրամադրեցին կապուելու համար հիմնադրամի անդամներուն հետ եւ քանի մը ամսուան ընթացքինՙ մօտ 250 հոգի դիմած էին մեր կայքէջին, իսկ ներկայիս մօտ հազար դիմող ունինք: Պրն. Սարգիս Դերձակեան եւ իր վարչութեան անդամներըՙ մանրամասնութեամբ այս ընտանիքներուն հայութիւնը եւ տնտեսական անձուկ վիճակը հաստատող ստուգումները կատարելէ ետք, 2005-ի նոյեմբեր 1-ին իրաքահայերու առաջին խումբը, 17 հոգինոց, չորս ընտանիքներ, Հալէպէն օդանաւով Հայաստան տեղափոխուեցան: Մեր հայրենակիցները ինը օր Հալէպ մնացին: Անոնց կեցութեան, ժումերուն եւ օդանաւի ծախսերը հոգաց Իրաքահայերու միութեան հիմնադրամը: Նկատի ունենալով պատասխանատուներուն այսպիսի գործի մէջ անփորձ ըլլալը, յարմար տեսան, որ ներգաղթողներու առաջին խումբը փոքրաթիւ ըլլայ, իսկ ապագային, փորձառութիւն ձեռք ձգելէ ետք, աւելի մեծ թիւով խումբեր կը տեղափոխուին:
Ազգահաւաքի այս խումբը դիմաւորելու համար Հայաստան մեկնած էր հիմնադրամի ատենապետ Սարգիս Դերձակեանը, որ մօտ 45 օր իր ծախսերով Հայաստան մնաց, անոնց բնակարան գտաւ, կահ կարասին ձեռք ձգեց, զաւակները դպրոց արձանագրել տուաւ եւ իրենց գաղթականական ու մշտական կեցութեան արտօնութիւնները ապահովեց:
Իրաքահայերու օգնութեան հիմնադրամը բախտը ունեցաւ որպէս գործակատար ներկայացուցիչ գործընկեր ունենալ Երեւանի ազգային-հասարակական գործիչ Գայեանէ Մուրադեանը: Ան հոգատար քրոջ նման նոր ներգաղթեալներուն ամէն կարիքին կը հասնէր:
Հիմնադրամը ներգաղթողներէն իւրաքանչիւր անձին տարին հազար դոլար կը տրամադրէ: Այսինքն հինգ հոգինոց ընտանիքի մը համար տարին հինգ հազար դոլար կը տրամադրուի, որպէսզի այս նոր ժամանողները նիւթապէս ծանրութիւն մը չըլլան հայրենի ժողովուրդին կամ պետութեան վրայ: Մէկ տարի ետք կը յուսանք, որ ներգաղթողները կ՛ընտելանան Հայաստանի կեանքին եւ հայրենի ժողովուրդին հետ ապրելու քաղցր փորձառութիւնը կ՛ունենան:
Երկրորդ գործը եղաւ հայրենի իշխանութեան հետ մեր կապը, յատկապէս գաղթականական բաժնի հարցերու դասաւորումը:
Երախտագիտական խորունկ զգացումներով կու գանք յիշելու այստեղ, թէ առանց «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն տիկին Նաիրա Մելքումեանի օգնութեան եւ օժանդակութեան դժուար թէ մեր հիմնադրամի անդամները կարենային այս գործը գլուխ հանել:
Արդարեւ, տիկ. Մելքումեանի միջնորդութեամբ եւ բարեխօսութեամբ նախագահըՙ Ռոբերտ Քոչարեան յատուկ հրահանգով իրաքահայերուն համար գաղթականական եւ կեցութեան յատուկ կարգավիճակ տնօրինեց: Այսպէս մեր հիմնադրամի միջոցաւ գացած իրաքահայերը առաջին իսկ վայրկեանէն, առանց նիւթական որեւէ վճարումի, մշտական կեցութեան կարգավիճակ ունեցան:
Գաղթականներու բաժնի պետըՙ Գագիկ Եկանեան եւ իր բաժնի անդամները մեծ սիրով ու ջերմութեամբ, ոչ միայն օդակայանէն գացին եւ դիմաւորեցին իրաքահայ հայրենակիցները, այլ անոնց ամէն դիւրութիւն եւ աջակցութիւն տալու պատրաստակամութիւն յայտնեցին:
Այս բոլոր աշխատանքները պիտի չիրականանային, եթէ հիմնադրամի անդամները մեծ աշխատանքով չգոյացնէին պահանջուած գումարը: Հիմնադրամի վտիտ գանձին համար անկարելի էր նման մեծածախս ծրագիր մը իրագործել: Բարեբախտաբար ունեցանք այս գործին եւ հիմնադրամի անդամներուն վստահող ազգայիններ, որոնք իրենց նիւթական օժանդակութեամբ մասամբ հոգացին այս ծախսերը: Տակաւին մեծ գումարի կարիք կայ առաջին խումբին մեր պարտաւորութիւնները կատարելու համար:
Հայաստան մեկնած մեր քոյրերն ու եղբայրները ցարդ գոհ են մեր ծառայութիւններէն, հայրենի ժողովուրդէն եւ իշխանութենէն: Մինչեւ հիմա ոչ մէկ գանգատ կամ դժգոհութիւն հասած է մեզի: Ընդհակառակը, մեր հայրենաբնակ ժողովուրդի նահապետական վարմունքը եւ անոնց հանդէպ ցոյց տուած եղբայրական ոգին խորապէս յուզած են եւ գոհ ձգած են մեր հայրենակիցները: Այսպիսի լուրեր Իրաք հասնելով, պատճառ եղան, որ մօտ 80-է աւելի հայեր, առանց մեր նիւթական օգնութեան, իրենց միջոցներով, այս օրերուն պատրաստուին Հայաստան հաստատուելու:
Իսկ 2006 մարտին մեր հիմնադրամի միջոցաւ մօտ 20 հոգինոց երկրորդ խումբ մը Հայաստան պիտի տեղափոխենք:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ, Լոս Անջելես