Օրագիր. 1943-2001 Գիրքի առաջին հատորի լոյս ընծայման առթիւ
«Ուստի գրէ՛ ինչ որ կը տեսնես, ան որ կայ, ան որ ետքը պիտի ըլլայ»
Օրագրութիւնը ամէնէն մտերիմ եւ անկեղծ բացայայտումն է գրողի մը ամենօրեայ խոհերուն ու յոյզերուն, ամէնէն անխարդախ հայելին անոր ներաշխարհին: Ահա թէ ինչու հազուագիւտ գանձ մըն է, որ կը հրամցուի հայ ընթերցողին հրատարակութեամբը տաղանդաւոր գրող ու թարգմանիչ Կարպիս Սուրէնեանի «Օրագիր. 1943-2001» գիրքի առաջին հատորին, որ կ՛ընդգրկէ 1943-1963 ժամանակաշրջանը: Օրագիրՙ որ հոգեկան խոստովանանքն է հեղինակին վիճակուած հայ մարդու ճակատագրին, գրուած ի խորոց սրտի, մարդկային հոգիի խորագոյն ծալքերը թափանցող ինքնազննումով, երեւոյթները դիտելու եւ դատելու աննախապաշար խոհականութեամբ, պատկեր-ապրումներու գեղարուեստական բարձր ճաշակով: Անոր ընթերցումը ոչ միայն կը յուզէ միտքն ու հոգին կեանքի հրաշք-խորհուրդովը, զգացում-գաղափարներու հարստութեամբն ու տիեզերական անհունազգացողութեամբ, այլեւՙ կը դառնայ ուսանելի սերտ հաղորդակցութիւն հայորդիի մը կեանքի ընթացքին հետ, որ մեր նորագոյն պատմութեան աւելի քան կէսդարեայ տարեգրութիւնն ու վաւերագիրն է միաժամանակՙ երկու հատորներով միասին: Մէկ հայ մարդու կեանքին մէջ կը խտանայ կարծէք ամբողջ սերունդի մը ոդիսականը օտարութեան մէջ ծնածՙ Եղեռնէն մազապուրծ ծնողներու զաւակ, ուսումնառութիւնՙ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, երկրորդ աշխարհամարտի աւարտին վերադարձած իր ծննդավայրըՙ Աթէնք եւ ապա ներգաղթած մայր հայրենիք:
Գրելու մղումը Սուրէնեանի համար եղած է ներքին պահանջքՙ արտայայտուելու ինքն իր առջեւ, աւելի լաւ ճանչնալու կեանքն ու աշխարհը, սեփական անձը: Նմանապէսՙ պարպուելու միջոց եւ մասնաւորաբար յիշատակագրելու իր կեանքի ճանապարհին վրայ յայտնուող նշանակալից իրողութիւններու առթած ապրումներըՙ իրենց խորանալու միտող զգացումներով ու միտքերով:
Պատանի տարիքէնՙ Մելգոնեան կրթ. հաստատութեան մէջ իր ուսումնառութեան շրջանէն, ՍուրէնեանՍարկաւագեան հակուած է վերլուծելու ինքզինք ու զինք շրջապատող աշխարհը, խորանալու կեանքի ու աշխարհի անհուն նրբութիւններուն մէջ, հարցադրելու տիեզերախոյզ «ինչու»-ներու մասին եւ միաժամանակ արբենալու կեանքի լուսայորդ խորհուրդով, ներշնչուելու տիեզերական մեծ ուժի, Գերագոյն ճշմարտութեան մը խորունկ հաւատքովն ու հիացիկ երկիւղովըՙ մանաւանդ բնութեան հրաշալիքներուն դէմ յանդիման:
Իր հոգեմտաւոր աշխարհին այնքան հարազատ էՙ համամարդկային եւ ազգային այլ մեծութիւններու շարքին, Մեծարենցը մասնաւորաբար, երբ մանաւանդ կ՛ըսէ հոգիի մասին.
«Ի՞նչ արբեցութեամբ կ՛ընդգրկէ անի/բոլոր ձեւերն ու երանգներն ամէն,/բոլոր գոյութեանց, բոլոր տարրերուն/իր մէջ անդրադարձ ծիածանումէնՙ/Աստուա՛ծն որ եկաւՙ չե՛ս գիտեր ուրկէ՛...»
Մելգոնեանի ընտանեկան, հայեցի ուրոյն մթնոլորտին մէջ, կանաչազարդ ու գեղեցիկ Ծաղկաբլուրին վրայ, ինչպէս նաեւ ամառային հանգստավայր Ս. Մակարավանքին եւ անոր շրջակայ բնութեան մէջ կը կազմաւորուի ու կը ծաղկի իր ներաշխարհըՙ Պօղոս Գէորգեանի, Յովհաննէս Շէօհմելեանի նման ուսուցիչ-դաստիարակներու շունչին տակ, ընթերցանութեամբ հաղորդուելով նաեւ համամարդկային թէ հայ մեծութեանցՙ Կոնփիւկիոսի, Պղատոնի, Սփինոզայի, Տոսթոյեւսկիի, Նարեկացիի... եւ շատշատերու յուզա-իմացական աշխարհին հետ, ունկնդրելով միաժամանակ Բեթհովէն ու Բրամս, Չայկովսքի եւ Շուբերթ...:
Իր հոգեկան աշխարհին բուն էութիւնը կը կազմէ խորհրդաւորութեան ցնծագին ու երկիւղախառն ապրումը, որ ըստ էութեան գիտակից թէ անգիտակից տենչանք է իմաստաւորելու գոյութիւնը: Խորհրդաւորութեան գերագոյն այդ ապրումին մէջ գրողը յայտնատեսօրէն կը զգայ գերագոյն Իրականութեան հետ անհունանալու ձգտումը...: Այդ խորապրումի սերմը իր մէջ ծիլ տուած է դեռ մանկութեան օրերուն, երբ կը դիտէր Ակրոպոլիսի վրայ ծագած արեւի ոսկելոյսը, «այնքան հարազատ, այնքան ցնծագին», կամ բնութեան մէջՙ մէն մի ծառի ու տերեւի, ծաղկի ու ծաղկաթերթի խորհուրդին դէմ յանդիման...:
Իսկ տուայտանքնե՞րը..., որոնց մէջ Հայոց եղեռնի մղձաւանջը մասնաւորաբար, աթոմային ռումբի աշխարհակործան սպառնալիքը, դարուս չոր նիւթապաշտ իրականութիւնը նոյնպէս, ուր մարդկային կեանքը նկատի կ՛առնուի «իբր սպառիչ այսքան ապրանքիՙ այսքան աշխատանքի փոխարէն եւ սահմանուած այս գնով, ի շահ Դրամին ամենազօր»: Իրականութիւնՙ ուր ըստ էութեան կ՛անտեսուի հոգեկանը մարդուն մէջ, սնանկացած կը թուին իդէալները...: Ահա թէ ինչու, կը խորհրդածէ ան, անորակելի անձկութիւն մը կայ մարդուն մէջ, հոգեկանի պահանջը, կեանքի գոյութեան իմաստի խնդիրըՙ գիտակից կամ ոչ գիտակից:
1946-ին դէպի հայրենիք ներգաղթը սկիզբը կը դնէ Սուրէնեանի կեանքի շրջադարձային հանգրուանին: Բազմաթիւ հայրենակարօտ սփիւռքահայերու նման, հեղինակը ընտանեօք կը միանայ Հայաստան տանող կարաւաններուն, քանզի «հայրենիքի գաղափարին լոյսըՙ այդ փարոսը, միշտ ալ քաշած է մեզ ու միշտ ալ պիտի քաշէ անշուշտ...»: Շուտով կը զգայ սակայն սովետական իրականութեան խորթութիւնը: «Գորշ, մութ իրականութիւն մը, ուր խաւարի զգացումը տուողը համատարած վախն է խորքին մէջ, իսկ վերէնՙ սուտը»: Ամբողջատիրական «պարտիական» բռնապետութիւն է այնտեղ: «Միահեծան պարտիան է իր պողպատեայ կուռքերով, իր ստայօդ կրօնակերպ տոկմայով... Ու պարտիական է ամէն ինչՙ գիտութիւն, փիլիսոփայութիւն, գրականութիւն, արուեստ»: Ու ոչ ոք իրաւունք ունի այլ կերպ մտածելու, հալածանքի տակ է ազատ մտածողութիւնը, ուստի շատեր կը լռեն «պատենաւորուած», եթէ չեն արգելափակուած սիբիրեան կալանավայրերու մէջ կամ կը փորձեն «կիսատ-պռատ մտածել» յարմարուելով պարտիային... Եւ ի վերայ այսր ամենայնիՙ հայրենաբաղձ ներգաղթողի երեսին նետուած «ախպար» պիտակը, անոր նկատմամբ ցուցաբերուած խտրական, նուաստացուցիչ վերաբերմունքը, ստալինեան ահաբեկիչ սպառնալիքին հետ միատեղ...
Հեղինակին առողջ բնազդը, այնուամենայնիւ, կը յուշէ իրեն, որ ճակատագրականօրէն երեւանցի դարձած ըլլալու հանգամանքին մէջ լաւ բան մըն ալ կայ: «Դիմացս Արարատն է իր վեհ գեղեցկութեամբ, որ մեր պատմութեան շունչն ալ կը ճառագայթէ, թէպէտ անոր անմատչելիութիւնը, սահմանէն անդին, կը խոցէ նաեւ հայու սիրտս ամէն անգամ, երբ նայիմ»: Եւ որքան ճիշդ կը խորհրդածէ ան. «Հայ լինելը դժուար է, շատ դժուար: Հայ լինելը ճակատագիր է...»:
Այս պայմաններուն տակ, Սուրէնեանի գրելու կոչումը, ճշմարտութիւնը գրելու վտանգի ճնշիչ զգացողութեամբ, դարձեր էր տեսակ մը «նկուղային» աշխատանք, ինքն իրեն համար գրելու պէս բան, թէեւ մերթ ընդ մերթ սկսած էր գրել նաեւ «ընդունելի, տպագրելի բաներ»ՙ ընթերցողին հետ վերջապէս հաղորդակցուելու համար:
Նշանակալից կերպով հեղինակը կը պատմէ, որ օր մը, գիշերային լռութեան մէջ անակնկալօրէն ան կը յայտնաբերէր հօրը գրած թղթիկըՙ Սուրբ գրքի էջերուն մէջՙ «Ուստի գրէ՛ ինչ որ կը տեսնես, ան որ կայ, ան որ ետքը պիտի ըլլայ»:
Կարծէք այս պատուիրանին անսալով նաեւՙ Սուրէնեան յատկապէս Օրագրութեան էջերուն պիտի յանձնէր իր ապրածը, իր դիտածը այդ արտառոց իրականութեան մէջ, որուն մէջ յայտնուեր էր, ջանալով հասկնալ բուն ճշմարտութիւնը եւ հաստատ գիտնալով, որ այդ բռնատիրութիւնն ալ, ինչպէս անցեալի բոլոր բռնատիրութիւնները, իր վերջը պիտի ունենար: Գրելու հրայրքը, ի մասնաւորի, այդ «ներքին դեւը» կը մղէր զինք, որ անձնատուր ըլլար անոր, հակառակ իր տատանումներուն եւ ի հեճուկս զինք, շրջապատող տարապայման իրականութեան: Վերջապէս պիտի գտնէր իր խառնուածքին խորապէս հարազատ գրելու ժանրըՙ պատմողական, գեղարուեստական էսսէ, երբ Սարոյեանի հետ մոսկովեան ջերմ հանդիպումէն ետք, երկու օրուան մէջ, ստեղծագործական ինքնաբուխ ներշնչումով պիտի գրէր 30-էջնոց էսսէնՙ «Հանդիպումներ Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ» խորագրեալ, որ պիտի տպուէր «Սովետական արուեստ»ի մէջ եւ արժանանար աննախընթաց ընդունելութեան:
Ահա պատմողական, գեղարուեստական խոհագրութեան մէկ թանկագին ու բովանդակալից օրինակն է այս Օրագիրը: Ամենայն անկեղծութեամբ եւ ի խորոց սրտի գեղարուեստախոհական արտայայտութիւնն է ան հայ մարդու եւ ընդհանրապէս մարդու ճակատագրին եւ անոր խորխորատներուն: Օրագիրՙ որուն ընթերցումը կը կլանէ ամբողջ էութիւնդ, քեզ կը մղէ հարցադրելու, մտորելու, այլեւ մանաւանդ վառ պահելու կեանքը լիարժէք ապրելու խորախորհուրդ լոյսը: Տակաւին, քեզ կը մղէ աւելի լաւ ճանչնալու ինքդ քեզՙ ազգային ու մարդկային ճակատագրի խորաչափումով, եւ սերտօրէն հաղորդակցուելու հայ ժողովուրդի պատմութեան այդ բախտորոշ ժամանակաշրջանին, որ այնքան հարազատութեամբ պաստառադրուած է խոհագեղարուեստական այդ ընդարձակ կտաւին վրայ:
Օրագիրը ընթերցելու այս բացառիկ հոգեմտաւոր վայելքին համար երախտապարտ ենք առաջին հերթին մեծատաղանդ գրող Կարպիս Սուրէնեանին, ապա գրքի հրատարակիչ Սարգիս Խաչենցին եւ ի վերջոյՙ հրատարակութիւնը հովանաւորող Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկին:
Ընթերցողինՙ մեզի կը մնայ, անհամբեր սպասել Օրագիրի Բ հատորի հրատարակութեան: Մինչ այդ, տաղանդաշատ, սիրելի Սուրէնեանին կը մաղթենք քաջառողջութիւն, ստեղծագործական մշտանորոգ եռանդ եւ անխոնջ կորով:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ, Խմբագրապետուհի Կիպրոսի «Ազատ Ձայն» ամսաթերթի, Նիկոսիա, Մայիս 2006