«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#136, 2006-07-21 | #137, 2006-07-22 | #138, 2006-07-25


ՆԱՄԱԿ ԲԵՅՐՈՒԹԻՑ

Պատուարժան խմբագրութիւն

Վստահ ենք, որ պիտի ուրախանաք տեղեկանալով, որ ամեն. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. հոգեւոր տէրը Հալէպի վրայով ողջ-առողջ հասաւ իր նստավայրը, Լիբանան: Այս առթիւ, փառք տալէ ետք Աստուծոյ, ան անգամ մը եւս իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած մեծարանքին եւ հոգատարութեան համար, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի լրատւութեան աղբիւրներուն, մասնաւորաբար «Ազգ»)ին իր Արցախ եւ Հայաստան կեցութեան ընթացքին ցուցաբերած ուշադրութեան համար:

Մեր Լիբանան ժամանումին յաջորդող առաջին ժամերը բաւարար եղան զգալու համար «Հըզպոլլան» հարուածելու պատրուակով իսրայէլեան բանակին Լիբանան ներխուժումին հետեւանքով երկրին մէջ ստեղծուած ողբերգական վիճակն ու տխուր մթնոլորտը: Շուրջ կէս միլիոն ժողովուրդ անտուն-անտէր, տեղափոխուած կամ գաղթական, բռնած է փախուստի ճամբան, խուժած է յարաբերաբար «ապահով» վայրեր, տեղաւորուած դպրոցներու կամ դաշտերու մէջ, ամէն ինչի կարօտ, մինչեւ իսկ ըմպելի ջուրի: Լիբանանցի ամբողջ ժողովուրդը, առանց դաւանանքային եւ համայնքային խտրութեան, նոր զրկանքներ ու տառապանք դիմագրաւելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կը գտնուի: Հերոսը թշնամիին դիմադրող մարտիկը չէ միայն, այլ ժողովուրդը, որ կը տոկայ ու կը դիմադրէ իրեն պարտադրուած ողբերգութեան: Մինչ աշխարհ կրակը դադրեցնելու, պատերազմական գործողութիւններուն վերջ դնելու եւ կացութիւնը հանդարտեցնելու աշխատանքի լծուած ըլլալ կը ձեւանայ, Իսրայէլի պատերազմական մեքենան կը շարունակէ աւերել ամբողջ երկիրը:

Այս բոլորին պատրուակըՙ իսրայէլացի երկու զինուորներու առեւանգումն է «Հըզպոլլահին» կողմէ...

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4