«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#136, 2006-07-21 | #137, 2006-07-22 | #138, 2006-07-25


ՆԱԽԱՆՁԸ...

Լիբանանի վրայ իսրայելեան յարձակումը սկսելէն շաբաթ մը առաջ գացած էի Բէյրութ, քրոջս թոռնիկին երկրորդական վարժարանէ շրջանաւարտ ըլլալու եւ վկայուելու հանդիսութեան ներկայ գտնուելու: Թէեւ այս էր երթալուս հիմնական պատճառը, սակայն յաճախ, առանց յատուկ պատճառի ալ սովորութիւն դարձած է հալեպահայերուս այցելելու Բէյրութ, պարզապէս այցելելու համար, իսկ Բէյրութ այցելութիւն կը նշանակէ հոգեփոխուիլ, միօրինակ առօրյայէդ դուրս գալով լիցքաթափուիլ ու նոր եւ թարմ լիցք ստանալ. հմայուիլ այս դրախտային երկրի բնական գեղեցկութեամբ, շլանալ անոր շուկաներու աննկարագրելի ճոխութեամբ, հայկական շրջանակներուն ու հաստատութիւններուն մէջ քիչ մը աւելի հայկականութեամբ շնչել...

Լիբանանը, պատմական Փիւնիկէն, իրապէս առասպելական փիւնիկն է, որ մատներու վրայ հաշուած տարիներու ընթացքին կարողացաւ մոխիրներէն վեր յառնիլ, 15-ամեայ քաղաքացիական պատերազմին պատճառած քարուքանդ վիճակէն ուղղահայեաց վերընձիւղումով մը սլանալ դէպի երկինք ու դառնալ նորօրեայ դրախտ իր վերակառուցուած շէնքերով, բարձրաթռիչ կամուրջներու եւ անցուղիներու ցանցով, իրար ետեւէ բացուող նոր «մօլ»-երով, զբօսավայրերով, իր հմայիչ ծովով, դալարագեղ լեռներով, մեկ խոսքով` դառնալով զբոսաշրջիկութեան «Մեքքան»:

Մնացի չորս օր. եղայ Լեռնալիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ, այցելեցի նաեւ Այնճար հայկական աւանը ու քանիերորդ անգամ ըլլալով, չկրցայ հիացումս զսպել ու բարձրաձայն չարտայայտել «Այս ի՜նչ գեղեցկութիւն է, Աստուած ամէն բարիք շռայլեր է այս կտոր մը հողին վրայ. իսկապէս նախանձելի է...»:

«Նախանձելի» բառը արտասանեցի ամենայն անմեղութեամբ, սակայն վերադարձէս 3 օր ետք, երբ սկսաւ իսրայելեան վայրագ յարձակումն ու կանխածրագրուած քանդումը Լիբանանի, ես հասկցայ, որ առանց քաղաքագէտ ըլլալու, ամենաճշգրիտ բնորոշումը տուած եմ այս պատերազմին` նախանձ...

«Հզբոլլահի» երկու իսրայելցի զինուորներ առեւանգելը, հարիւրաւոր առեւանգուածներու եւ հազարաւոր բանտարկեալներու դիմաց, անմիտ ու տխմար պատրուակ է: Եթէ այդ էր իսկական շարժառիթը, յարձակումը կը կենտրոնանար հարաւի վրայ, «Հզբոլլահի» գօտիին վրայ, ոչ թե առաջին իսկ օրէն կը ռմբահարուէին Բէյրութի միջազգային օդակայանը, ճամբարները, կամուրջները, հանրօգուտ ենթակառոյցները...

Մարդ կը դիտէ տեղի ունեցածը ու չի հասկնար, թէ այսքան մաղձ, այսքան ատելութիւն ուրկէ՞ կրնայ ամբարել պետութիւն մը:

Որո՞ւն, ի՞նչ փաստելու համար է, որ Իսրայէլ այսքան սանձարձակ մոլուցքով քարուքանդ կ՛ընե Լիբանանը, կը սպաննէ ու կը վիրաւորէ հարիւրներ ու տասնեակ հազարաւորներու տեղահանութեան ու փախուստի պատճառ կը դառնայ:

Այն շրջանները, որոնք չեն ռմբակոծուած, անոնց բնակիչներուն վիճակը աւելի լաւ չէ միւսներէն: Ահաւոր սարսափի մէջ կ՛ապրին անոնք: 15-ամեայ պատերազմին ուրուականը կրկին կ՛այցելէ զիրենք: Քուն ու հանգիստ չունին, մոլոր ու մտահոգ կը սպասեն, թէ երբ վերջ պիտի գտնէ «Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին» անաստուած վայրագութիւնը:

Հեռատեսիլի կայանները այնպիսի տեսարաններ կը հեռասփռեն, որ հաւատալս չի գար, թէ շաբաթ մը առաջ տեսածս միեւնոյն Լիբանանն է... Այսքան աւերում, այսքան հրկիզում, այսքան մահ...

Ու ճակատագրի քմահաճ դասաւորումո՞վ, թէ՞ կանխածրագրուած ձեւով «G8»-ի, ութ մեծամեծերու գագաթաժողովը կը գումարուի նոյն օրերուն, աշխարհի ամենագեղեցիկ քաղաքներէն մեկուն` Ս. Պետերբուրգի մեջ:

Ութ մեծերը կ՛ուտեն, կը խմեն, կը լուսանկարուին, կը ժպտին, սակայն ոչ մեկ ազդեցիկ քայլի կը դիմեն Լիբանանը փրկելու համար:

Կը զարմանամ. բոլորին համար սիրելի, բոլորին համար շահաւէտ Լիբանանը կը կործանի, իսկ իրենք ոչինչ կ՛ընեն զայն այս գեհէնէն դուրս բերելու համար: Ես վստահ եմ, որ անոնք իրենց հանգիստը չխանգարելու համար հեռատեսիլն ալ կ՛անջատեն:

Իսրայէլը ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի եղեր, հապա Լիբանա՞նը...

Հայկական առածը կ՛ըսէ. «Լուի մը համար անկողինը չեն այրեր»:

Մեր հայրերը հրեաները լաւ չեն ճանչցած երեւի, անոնք անկողինն ալ կ՛այրեն, ամբողջ տունն ալ:

ՀԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ, Հալէպ-Երեւան


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4