Արդէն բաւական ատենէ ի վեր կը խօսուի, կը գրուի, յառաջիկայ սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք երրորդ համաժողովի մասին: Դատելով նախորդներու գումարման կերպէն եւ արդիւնքներէն, կարելի է արդարօրէն կասկածիլ, թէ այս մէկն ալ զգացականէն, լոզունգայինէն անդին բան մը կ՛ըլլայ, թէ ոչՙ անգամ մը եւս զբօսաշրջական հաւաքոյթ, մասնակիցներուն տալով հայկական կոնեակով կենաց ճնկելու, խորոված ու հերիսա ուտելու հաճոյքը: Սփիւռք-Հայաստան բազմաբնոյթ ու բազմերես հարցերէն եւ ոչ մէկը լուծում կրնայ գտնել ո՛չ երկու-երեք օր, ո՛չ ալ լրիւ շաբաթ մը տեւող համաժողովի մը մէջ: Քանզի այսօր լափալիսեան իրականութիւն մըն է յայտարարել, թէ այդ հարցերը ունին քաղաքական (Հայ դատ, երկքաղաքացիութիւն), տնտեսական (Սփիւռքի հսկայական կարողականութեան առողջ ընդգրկում), մշակութային-լեզուական (ընդ որս եւ ուղղագրական) եւ կազմակերպչական (համասփիւռքեան կառոյցի մը ստեղծում) երեսակներ: Հայութեան համար այս բախտորոշ, չըսելու համար ճգնաժամային ժամանակաշրջանին, արդէն տասը տարի առաջ գումարուած ըլլալու էր տեսակ մը e՛tats-ge՛ne՛raux (տեղի՞ն է աշխարհաժողով բառով թարգմանել), որ լուրջ եւ խորունկ ուսումնասիրութեան ենթարկելու համար համահայկական հարցերէն իւրաքանչիւրը, ստեղծէր մշտական յանձնաժողովներ, որոնք յաջորդ ընդհանուր գումարման բերէին իրենց տեղեկագրերը, եզրակացութիւնները: Եւ այդ պիտի ենթադրէր Հայաստանի մէջ մնայուն կառոյցի մը ստեղծումը նախ եւ առաջ:
Էր երբեմն, երբ, խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, Սփիւռքը ունէր Երեւանի մէջ հասցէ մը, 37 Ալավերդեան փողոց, անունըՙ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէ: Ան գործեց գծուած խիստ նեղ ուղիով, հատուածական կերպով եւ այլն, եւ այլն: Սակայն, ան կար առ ի չգոյէ լաւագոյնի, եւ իր երկու հրատարակութիւններով («Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթ եւ «Սովետական Հայաստան» ամսագիր), Մայր հայրենիքը կը բերէր, կը մօտեցնէր Սփիւռքին: Իսկ այսօր, 15 տարիէ ի վեր, արդէն ոչինչ կայ, եւ ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդային ասացուածքըՙ մայրն իր ձագը չի ճանչնար Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք աւելի քան երբեք պէտք ունին հովանաւորուելուՙ համադրուելու, արդիւնաւոր դառնալու համար: Ուստի, շատ համեստ կարծիքովս, այդպիսի կառոյցի մը ստեղծումը պէտք է առաջնահերթ գործը ըլլայ յառաջիկայ համաժողովին: Եթէ միջազգային օրէնսդրութիւնը չի թոյլատրեր սփիւռքահայութեան նախարարութեան մը հիմնումը, կարելի է արտաքին գործոց նախարարութեան կից առանձին գերատեսչութիւն մը ստեղծել:
ՍՏԵՓԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ, Մարսէյլ, «Յառաջ», (հապավումներով)