Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուած պատերազմը կամ թերեւս աւելի ճիշդ բնորոշումովՙ միջին արեւելեան տագնապի նորագոյն այս դրսեւորումը յայտնաբար իր լրումի հանգրուանին մէջ չէ տակաւին։ Հանգրուաններ կը թեւակոխուին, սակայն հարցի լուծման հեռանկարը չէ ուրուագծուած տակաւին։
Առօրեայ միջազգային թէ տեղական լրահոսն ու անոնց ընկերակցող տարատեսակ վերլուծումները երկար մելան պիտի հոսեցնեն տակաւին կամ ներկայ արհեստա-գիտութեան նկատառումի ըսելաձեւովՙ համացանցի հսկայական տարածքներր պիտի շարունակեն գրաւել։
Բայց պահ մը զանց առնենք միջազգային քաղաքականութիւնն ու քաղաքական տեսութիւններու ներկայացման համայնապատկերը կամ տարաբնոյթ մտածողու-թիւններու զարգացումը եւ կեդրոնանանք պատերազմական իրավիճակ դիմագրա-ւող երկրին մէջ ապրող մեր գաղութին եւ անոր պարզած կացութեան վրայ։
Ճիշդ է, որ այս գաղութը առաջին անգամը չէ, որ համալիբանանեան մակարդակով պատերազմական իրավիճակ կը դիմակայէ։ Պատերազմներՙ ներքին քաղաքա-ցիական առումով թէ արտաքին թշնամիին կողմէ սանձազերծուած տարբերակով, ի վերջոյ ապակայունացումի եւ մարդկօրէն ապրելու անորոշ եւ անհեռանկար կացութիւններ կը ստեղծեն, որոնց ամէնէն արագ դրութեամբ շրջանցումը համեմատաբար դրական հետեւանքներ կ՚ունենայ պատերազմական դաշտի մէջ ապրող ազգաբնակչութիւններուն համար։
Նման տարողութեամբ պատերազմը արդէն յուշ էր լիբանանահայ երէց եւ միջին սերունդներուն համար եւ բոլորովին անծանօթՙ պատանի եւ երիտասարդ սերունդներուն։ Այս տեսակի օրհասի վերադարձը շատ բնական կարգով մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ թէ՛ սեփական եւ թէ հաւաքական կեանքի յառաջիկայ գործունէութիւններու ծրագրաւորման տեսանկիւններէն։
Գիտակցելի է նաեւ այն, որ նման պահերուՙ գաղութին կառչած մնալու, երկիրը չձգելու եւ խուճապահար չըլլալու կոչերն ու յորդորները կրնան ընկալուիլ իբրեւ սոսկ ձեւական բարոյախօսութիւն, որ գործնական իմաստով կրնան մնալ անհետեւանք։
Թերեւս զուտ յորդորական եւ յայտարարողական տրամադրութիւններէ զերծ, տագնապի ստեղծման պահուն եւ անոր ընթացքին նախապատրաստուիլը, կազմա-կերպուիլը եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ համակարգելու համապատաս-խան տարողութեամբ մեքենայ յառաջացնելը ինքնին թելադրական էՙ գործնապէս գաղութն ու համայնքը անդորր պահելու, ապատեղեկատուութիւնները ջրելու եւ գործով շեշտելու այս գաղութին համասփիւռքեան տարողութեամբ կեդրոնական հանգամանք վայելելու իրողութիւնը։
Եւ բնական է այդ հանգամանքին ստանձնումը. այդ բնականութեամբ կը բացատրուի լիբանանեան տագնապին տարողութեան համազօր մտահոգութեան ալիքի բարձրացումը Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաներ եւ Աւստրալիաներ ու Ուրուկուէյներ մինչեւ իրաքի սահմանները։ Այդպէս է. լիբանանահայութեան դիմագրաւած տագնապը հայութեա՛ն տագնապն է։
Մեր պաշտօնակիցներուն խմբագրականները, ակնարկները, առաջնորդող յօդուած-ները թէ մամուլի եւ առ հասարակ հայկական լրատուամիջոցներէ մեզի հասած նամակներն ու հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները իբրեւ հասարակ յայտարար կ՚ընդգծեն այս գաղութին հանդէպ տածուած յատուկ գուրգուրանք մը, յատուկ նախանձախնդրութիւն մը։
Եւ թերեւս համահայկական այս նախանձախնդրութեան ոգիի ամէնէն գիտակիցներէն ենք մենքՙ լիբանանահայերս, որ ստանձնած ըլլալով կեդրոնական գաղութ հանդիսանալու հանգամանքը, վճռած ենք յաղթահարել նաեւ այ՛ս տագնապը, որքան ալ խիստ ըլլան պատերազմական իրավիճակի պարտադրած պայմանները եւ որքան ալ տխուր վերաթարմացուած յիշատակները։
Ուշ կամ կանուխ Լիբանանը դուրս կու գայ պատերազմական այս հանգրուանէն եւ լիբանանահայութիւնըՙ այս կեդրոնական գաղութը կը վերագտնէ իր կենսունակ իրավիճակը։
«Ա»