Պէտք ունի՞նք արդեօք անգամ մը եւս վերանայելու փիւնիկեան այս գեղատեսիլ ափին վրայ երկարող մեր սիրելի Լիբանանի պատմութեան, հաստատապէս ու բարձրաձայն ըսելու, թէ պիտի ապրի՛ ան, հակառակ այսօրուան այս տագնապին: Ո՞ւր են այս երկիրը դարեր ամբողջ աւերած, կողոպտած, թալանած Ասորեստանը, Հռոմէական եւ Օսմանեան կայսրութիւնները: Լիբանանը կ՚ապրի իր ժողովուրդով, իր ազնուագոյն արժանապատուութեամբն ու փառքովը:
Քաղաքացիական պատերազմի յաջորդող տարիները եկան ապացուցանել, թէ լիբանանցիին կա՛մքը վերապրելու կարելի չէ ոտնակոխ ընել: Որքան ալ օտար պետութիւններ ու գործակալութիւններ ուզեցին յարանուանական թէ կրօնական, դասակարգային թէ գաղափարական հարցերով այս երկիրը քար ու քանդ ընել, սակայն, ի վերջոյ չկրցան զայն վերցնել Միջին Արեւելքի քարտէսէն: Հրեայ լրատուական միջոցներու օժանդակութեամբ, այսօրուան բռնատէրերը, որոնք ռամկավարութեան անունով հրապարակ են ելած, ազատամարտիկներու հայրենասիրական ու հայրենիքի պահպանման սրբազան գործը ահաբեկչութեան հետ կը ջանան շփոթեցնել համայն աշխարհին. բարեբախտաբար, պիտի ունենան ոչ մէկ յաջողութիւն, հակառակ իրենց մարտական թէ տնտեսական մեծ կարելիութիւններուն ու Ամերիկայի ծայրայեղ աջերու օրհնութեան:
Աֆղանիստանն ու Իրաքը գոնէ օրինակ դառնալու էին մեր երկրիՙ Միացեալ Նահանգներու այսօրուան իշխանութիւններուն:
Մինչեւ այն ատեն, որ պաղեստինեան հարցը չէ գտած իր արդար լուծումը, մինչեւ այն ատեն, որ տակաւին կը շարունակուին գրաւեալ մնալ արաբական հողերը Պաղեստինի, Սուրիոյ թէ Լիբանանի, անկարելի է կարկտան կարգադրութիւններով Իսրայէլ կարենայ ինքզինք ապահով զգալ Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ: Որքան ալ Մ. Նահանգները խորհի, թէ Եգիպտոսի հանրապետութեան նախագահը կամ Յորդանանի թագաւորը սիրաշահած ըլլայ իր կողմը, սակայն այդ երկիրներու ժողովուրդները պիտի մնան անմասն արաբական աշխարհի իրական կեանքին:
Անարդարութիւնը, որ կ՚իրագործուի անգամ մը եւս Լիբանանի հանդէպ, կարելի չէ սահմանել լոկ բառերով: Ժողովուրդ մը, որ հազիւ դուրս էր ելած տասնհինգամեայ քաղաքացիական պատերազմէ մը եւ կը ջանար ինքզինք հաւաքել ու իր տունը կարգի բերել, ահա՛ կը գտնուի նոր ճգնաժամի մը դէմ յանդիման: Սակայն, արդէն քաղաքական փորձառութիւնը կը թելադրէ ըլլալ միակամ, ու այս տագնապը դիմակալել որպէս լիբանանցի մէ՛կ ժողովուրդ: Ու այդպէս ալ, բարեբախտաբար, ըրին: Քրիստոնեայ մարոնիթն ու օրթոտոքսը, սիւննին, շիան, հայն ու դուրզին, իսրայէլեան այս վերջին յարձակումով մնացին միացած ու առաջքը առին նոր քաղաքացիական պատերազմի մը:
Ու ասոր որպէս արդիւնք քսան օրեր անց տակաւին իսրայէլեան բանակը, ամերիկեան բարձրորակ զինամթերքովն ու թեքնոլոջիով իսկ չկրցաւ գրաւել նոյնիսկ մէկ գիւղՙ Բինթ էլ Ջբէյլը ... երբ 67-ի պատերազմին, վեց օրուան մէջ գրաւած էր Գոլանը, Արեւմտեան ափը, Գազան ու Սինայի ամբողջ թերակղզին, հասնելով մինչեւ Սուէզի ջրանցքը:
Ազատամարտիկներու ճակատումը հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած սուրբ պատերազմ է. ինչպէս որ էր պարագան հայոց ազատագրական պայքարը Վանէն մինչեւ Շապին Գարահիսար ու Զէյթունէն Սարդարապատ ընդդէմ թուրքին, եւ կամՙ ֆրանսական դիմադրութիւնը նացի գերմաններուն դէմ ու Բուլկարիոյ ազատագրական պայքարըՙ օսմանցիին դեմ:
Այսօր ալ, պէ՚տք է գիտակցինք, թէ «Հզբոլլահ»-ի այս շարժումը տարբեր չէ երբեք վերեւ յիշուած ու նմանօրինակ այլ ազատագրական պայքարներէն, թէ այդ պայքարը կը մղուի Իսրայէլի դէմ, որ անցնող յիսուն տարիներուն տէր է դարձած աշխարհի մեծագոյն լրատուական տարբեր միջոցներու, ժողովուրդներու ուշադրութիւնը ապակողմնորոշող նենգ քաղաքականութեամբ մը: Սակայն, արդար իրաւունքը կարելի չէ ոտնակոխ ընել, եւ ժամանակով, ուշ կամ կանուխ, անպայմանօրէն արդարութիւնն է, որ պիտի յաղթանակէ: Կան իրատես ու արդարամիտ հրեաներ, որոնք ի տես, մանաւանդ, Կանայի ջարդին, արդէն ամբաստանութեան եւ պատասխանատուութեան տակ են դրած Իսրայէլի այսօրուան իշխանութիւնները:
Վստահ ենք, թէ շուտով մեր երկրիՙ Մ. Նահանգներու պետութեան այսօրուան պատասխանատուները, մանաւանդ հանրապետականները, պիտի անդրադառնան, որ «Հզբոլլահը» «Ալ Ղայիդա» չէ, թէ Լիբանանի հարաւի շիիա հայրենակիցները առճակատումի մէջն են իսրայէլեան այն ոյժերուն դէմ, որոնք գրաւեալ կը պահեն Լիբանանի հողերը ու բանտարկալՙ լիբանանցի ազատամարտիկներըՙ մօտ երեսուն տարիներէ ի վեր:
Պաղեստինցիներու հարցը, որքան ալ արդար ըլլայ, կապելու չէ, այս պարագային, Լիբանանի արդար ազատագրական պայքարին հետ: Լիբանանցին, իր բոլոր յարանուանութիւններով, մա՚ս կը կազմէ այս սրբազան պայքարին, վերատիրանալու իր հողերուն եւ իրա՛ւ անկախութեան:
Հրեաները, իբրեւ պատմութեան ամենէն տառապած ժողովուրդներէն մէկը, անշուշտ իրաւունք ունին ազգային պետութիւն մը ունենալու, ատիկա, մենք հայերս լաւագոյնս կը զգանք ու կը հասկնանք, բայցՙ ազգային պետութիւնՙ ոչ ուրիշ ժողովուրդներու արեան եւ իրաւունքին գնով:
Ու այս պայքարին մաս կը կազմենք մենքՙ հայերս նաեւ: Լիբանանի խաղաղութեան համար ցանկացող ու աղօթողն ենք տիւ եւ գիշեր: Կարելի չէ կորսնցնել մեր այդ գաղութը նոր արտագաղթի շարժումով մը, նոյնիսկ եթէ այդ գաղթը, այս անգամ ըլլայ դէպի Հայաստան: Հազիւ շահուած էր, նահատակ ու մեծ հայրենասէր Ռաֆիք Հարիրիի ջանքերով այն վստահութիւնը, թէ Լիբանանը պիտի վերապրի դարձեալ դառնալու Փարիզըՙ Միջին Արեւելքի: Այդ յոյսը կը մնայ բոլորՙ արտերկրի թէ երկրաբնակ լիբանանցիներու սրտին մօտիկ, մանաւանդՙ մեր հայերուս, այն գիտակցութեամբ, թէ տակաւին մեր սքանչելի այդ գաղութը ունի տալիք շատ բան սփիւռքահայ մեր միւս համայնքներուն, ինչպէս տուած է անցեալ տասնամեակներուն:
Այս առաջադրանքով մօտենալու ենք, այս պահուն, լիբանանցիներու եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած արիւնալի ու կործանարար տագնապին:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք