«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#157, 2006-08-19 | #158, 2006-08-22 | #159, 2006-08-23


«ՕՏԱՐ ԱՄԱՅԻ ՃԱՄԲԷՔԻ ՎՐԱՅ»

Այցելութիւին մը կրնա՞ք տալ Լիբանան

Ամբողջ աշխարհը սրտաճմլիկ զգացումներով հետեւեցաւ իսրայէլեան անմարդկային ներխուժումին, որով Լիբանանը դարձաւ թիրախ սիոնական պետութեան շարունակուող ասպատակութեան մէկ նոր փուլին:

Սրտաճմլիկութիւնը Լիբանանի քանդումն ու սպանդը չէին լոկ, այլ այն գեհէնային ռազմաքաղաքականութիւնը, որով այս վիժուածք պետութիւնը ուզեց սարսռել լիբանանեան գոյութեան հիմերը:

Պարզ է, թէ իր ստրկամիտ դիտաւորութեան մէջ ան չկրցաւ յաջողիլ, որովհետեւ դիմադրական շարժումը մէկ կողմէն ու լիբանանեան դիւանագիտութիւնը միւս կողմէն, կրցան այնպիսի ուժգին հարուած մը տալ Թել Աւիւի վարիչներուն, որոնց հետքերը կը տեսնուին ամբողջ եբրայական պետութեան տարածքին, նաեւՙ անոնց երեսին:

Արդէն իսկ վարչապետ Եհուտ Օլմերթի հեղինակութիւնն ու անոր կառավարութեան ժողովրդականութիւնը սկսած են երերալ, հետեւաբար, վաղ թէ ուշ, անոնք չուելու պարտաւորութեան տակ պիտի գտնուին:

Ասիկա չի նշանակեր, թէ գացողներուն տեղ «աղաւնիներ» պիտի գան, քա՜ւ լիցի, բայց, անտարակոյս, ով որ ալ գայ, նման արկածախնդրութեան մը լծուելու համար պէտք է ունենայ զայն շահելու (աւելի ճիշտ չշահելու) հաւատքը:

Այս հերոսութիւնն է, որ կատարեց լիբանանեան դիմադրական շարժումը, իր մարտիկներով թէ ամբոխներով, երբ վերջ տուաւ սիոնական անյաղթելիութեան առասպելին, եւ ասիկա, նոյնինքն վկայութեամբը հրէական մամուլին ու քաղաքական կարգ մը հոսանքներուն, մինչ իսրայէլացիք տակաւին կ՚ապրին ահաւոր մղձաւանջը իրենց յիմարական ներխուժումին:

Լիբանանցիք, ի մասնաւորի անոնց խոցոտուած հատուածները, այսօր կը փորձեն իրենց վէրքերը ամոքել, կրած վնասները հաշուարկել զարմանալի վճռակամութեամբ եւ յանձնառութեամբ:

Կասկած չկայ, որ Լիբանանը պէտք է վերականգնի ու լիբանանցիք պիտի վերապրին, թէկուզ եւ անձուկ պայմաններով, բայց այն ինչ որ իրագործուեցաւ Մայրիներու երկրին մէջ, պիտի մնայ անոր լինելիութեան եւ ապագայի հիմնական կռուանը:

Պատահական չէ, որ ներխուժումի ընթացքին թէ անկէ ետք, օտար լրատու գործակալութիւնները քայլ պահեցին ( ու կը պահեն) այն իրադարձութիւններուն հետ, որոնք պատահեցան այս երկրին մէջ:

Այդ օտար լրատուամիջոցները, կենդանի պատկերներով ու խօսուն տուեալներով լուսարձակի տակ առին այն բոլոր տեսակի քանդումներն ու մարդկային կորուստները, որոնք ցոյց կու տային ամեհի վնասներն ու կորուստները, որոնց ենթարկուեցան Լիբանանն ու լիբանանցին:

Օտար դիւանագէտները եւս, մանաւանդ իրաւ բարեկամները Լիբանանին ու լիբանանցիներուն, իրենք եւս փութացին աղիտեալ գօտիներ, դառնօրէն հանդիսատեսը ըլլալու այն աննկարագրելի աւերակներուն, որոնք գործուեցան այս երկրին դէմ եւ այն հաւաքական նախճիրներուն, որոնց ենթարկուեցան լիբանանցի մանուկներ:

Ի տես այս «այցելութիւններուն», երբ պահ մը կը հետեւէի «Հայլուր»-ի մէկ հաղորդումին, ուր կը ցուցադրուէր «Օտար ամայի ճամբէքի վրայ»-ի հերթական մէկ հաղորդումը, յանկարծ այն մտածումը ունեցայ, թէ հայրենական լրատու պատուիրակութիւն մը ինչո՞ւ չժամանեց Լիբանան, հետեւելու համար այն զարգացումներուն, որոնք շահագրգիռ պիտի ըլլային հայրենի մեր ժողովուրդին համար:

«Օտար ամայի ճամբէքի վրայ»-ի համար արդեօք հրամայական պիտի չդառնա՞ր, ինչպէս օտար լրատու գործակալութեանց պարագային, տեղւոյն վրայ պատրաստել ռեփորթաժներ, նախՙ պատերազմական գործողութիւններուն, ապաՙ լիբանանահայ գաղութի ապրած օրերուն, հուսկՙ ապագայի ծրագիրներու մասին:

Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղարկած մարդասիրական օգնութիւնը, իրօ՛ք, հոյակապ եւ ազնիւ նախաձեռնութիւն մըն էր, զոր լիբանանեան կառավարութիւնը շնորհակալութեամբ եւ երախտագիտութեամբ ընդունեց, սակայն որքան ցանկալի պիտի ըլլար, որ հայրենական պաշտօնական մամուլի ցանցը միանար այդ առաքումին, անհրաժեշտ տեսագրութիւններուն ու հաղորդումներու պատրաստութեամբ, զայն մատուցանելու ինչպէս հայրենի նաեւ գաղթաշխարհի հայ հեռուստադիտողներուն:

Իսկ այս հանգրուանին, դարձեալ որքան ցանկալի նոյնքան ալ հրատապ պիտի ըլլար, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարըՙ Վարդան Օսկանեան, պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանէր Բէյրութ ու տեսնուէր իր պաշտօնակիցին եւ Լիբանանի մեծաւորներուն հետ, նաեւ հանդիպում մը ունենալով լիբանանահայութեան հետ:

Չէ՞ որ այս գաղութը կը նկատուի հայրենամերձ բաբախուն այն երակը, որով հպարտանալու առիթները երբեք չեն պակսիր, ամէն անգամ որ կը խօսուի անոր մասին կամ կը մէջբերուի անոր անունը:

Թող չըսուի կամ առարկուի, թէ այս բոլորը նախատեսուած են ու պիտի ըլլան յետագային: Պահը հիմա՛ է, քանի արաբ եւ օտար դիւանագէտներու եռուզեռ մը կայ, իսկ Հայաստանի ներկայութիւնը հոս, բազմակիօրէն նշանակութիւն կրնայ ունենալ-քաղաքական, հայկական, միջպետական, բարեկամական, մերձ հայաստանեան առումներով:

Ուրեմն, «Օտար ամայի ճամբէքի վրայ»ով, բարի եկած էք Լիբանան:

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂԲԱՇԵԱՆ, «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4