Հրաւէրովը ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Կանադայի Կեդրոնական վարչութեան, սեպտեմբերի առաջին շաբաթը Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան նախագահ պրն Ռուբէն Միրզախանեանը:
Սեպտեմբեր 3, կիրակի օր, ան ներկայ գտնուեցաւ Մեծն. Նիւ Եորքի մասնաճիւղի կազմակերպած դաշտահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ վարչութեան անդամ տէր եւ տիկին Յարութ Չաթմաճեաններու գեղատեսիլ պուրակին մէջ, Օլդ Թապան, Նիւ Ջըրզի, ուր հաւաքուած էին Թէքէեանի զանազան մարմիններու եւ յանձնախումբերու անդամները, ինչպէս նաեւ Թէքէեան Երիտասարդացի վարչականները, աւելի քան 120 հոգի:
Օրուան հիւրին ներկայացուց ԹՄՄ Կեդր. վարչութեան անդամ Յակոբ Վարդիվառեանը: Սրտի խօսքով հանդէս եկան պարոններ Յարութիւն Տիրացուեան, Սարգիս Բասքալեան եւ Յարութ եւ Անի Չաթմաճեան: Պարոն Միրզախանեան հայրենի թէքէեանականներու ողջոյնները փոխանցեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ ԹՄՄ-ի ունեցած լայնածաւալ մշակութային գործունէութեան: Ան խոստացաւ յառաջիկայ տարի հրաւիրել Նիւ Եորքի ԹՄՄ Մհեր Մկրտչեանի անուան թատերախումբը Հայաստան, տարբեր քաղաքներու մէջ հիւրախաղեր ունենալու: Հիւրը մօտէն ծանօթացաւ մասնաճիւղի խանդավառ գործունէութեան, որ իր իւրայատուկ ձեռնարկներով գրաւած է մասնաւոր տեղ մը այս մեծ ոստանի մշակութային-ընկերային կեանքին մէջ:
Պրն. Ռ. Միրզախանեան յաջորդ օրը ներկայ գտնուեցաւ ՀՀ անկախութեան տօնակատարութեան համահայկական յանձնաժողովի նիստին, որ կը գլխաւորէ ԹՄ Միութիւնը: Ծանօթացաւ տարուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներուն: Երեկոյեան եղաւ Թէքէեան Երիտասարդաց վարչութեան նիստին: Հայրենի հիւրը քաջալերեց ու խրախուսեց երիտասարդները յառաջիկայ տարի գալու Հայաստան ու ներկայ ըլլալու Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադրութեան 60-րդ տարեդարձի հանդիսութիւններուն:
Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 6-ին, պրն. Միրզախանեան եղաւ հիւրը Ֆիլադելֆիոյ ԹՄՄ մասնաճիւղին: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն ՌԱԿ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Կանադայի շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկեր եւ ընկերուհի Բաբգէն եւ Անահիտ Մկրեաններու բնակարանին մէջ, Նիթըն Սքուէր, Փենսիլվանիա: Տեղւոյն վարչութեան ատենապետ Անթուան Պազարպաշեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք հրաւիրեց պրն. Վարդիվառեանը հանգամանօրէն ներկայացնելու օրուան հիւրը 60-ի մօտ եղող թէքէեանականներուն: Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հովիւ ու Մայր աթոռի միաբան Հայկազուն ծ. վրդ. Նաճարեանը:
Պարոն Միրզախանեան լայնօրէն անդրադարձաւ Թէքէեանի կատարած գործին Հայաստանի մշակութային տարբեր բնագաւառներէ ներս: Ան սիրով պատասխանեց ներկաներու հարցերուն:
Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 7-ի առաւօտեան պրն. Ռ. Միրզախանեան, ընկերակցութեամբ պրն. Յ. Վարդիվառեանի, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանին: Հայ կեանքը ընդհանրապէս յուզող հարցերու մասին տեղի ունեցաւ երկխօսութիւն, ծանրանալով մանաւանդ Հայաստանի հոգեւոր կեանքը խռովող աղանդաւորական երեւոյթներուն վրայ: Խօսուեցաւ նաեւ Մայր աթոռէն ներս հոգեւոր զարթօնքին մասին, վեր առնելով Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ.-ի մեծ աշխատանքը այդ ուղղութեամբ:
Նոյն օրը կէսօրին պրն Միրզախանեան, ընկերակցութեամբ ՌԱԿ Նիւ Եորք-Նիւ Ջըրզի Արմենական-Յովսէփեան ակումբի ատենապետ ընկեր Գրիգոր Սալպաշեանի տուաւ այցելութիւն ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ հաւատարմատար ու դեսպան դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեանին: Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մասին հպանցիկ ակնարկէ մը ետք խօսք եղաւ Հայաստան-Սփիւռք Գ. համաժողովի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ կեանքէն ներս մշակութային միութիւններու գործունէութեան անհրաժեշտութեան մասին:
Ուրբաթ, առաւօտեան պրն. Ռուբէն Միրզախանեան մեկնեցաւ Մոնթրէեալ մասնակցելու Մ. Նահանգներու եւ Կանադայի շրջանակի տարեկան համագումարին: