«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#181, 2006-09-23 | #182, 2006-09-26 | #183, 2006-09-27


«ԱՅՈ՛» ԼՈՐԻՍԻՆ, «Ո՛Չ» ՀԻՆ ՕՐՀՆԵՐԳԻՆ

Արժանաւոր երաժիշտ Լորիս Ճգնաւորեան հայրենի մամուլին մէջ հրատարակած է սրտագին կոչ մըՙ առաջարկելով պահել «Մեր հայրենիք»-ը իբրեւ մեր ազգային պետական օրհներգ:

Ինչ խօսք, որ Լորիս Ճգնաւորեան իրաւունք ունի նման կոչ մը արձակելու, որովհետեւ մեծ եւ անգնահատելի են իր ծառայութիւնները մեր երրորդ հանրապետութեան, մասնաւորաբար անկախութեան առաջին տարիներուն: Արդարեւ, մթութեան եւ ցուրտի այդ դառն օրերուն Ճգնաւորեանը իր միջազգային յանձնառութիւնները թողածՙ փութաց հայրենիք, լոյս ու ջերմութիւն բերելու մեր տառապող ժողովուրդին եւ վկայելու ծնունդը նոր հանրապետութեան: Անոր երաժշտական գործունէութեան կողքին նշանակալից դարձաւ նաեւ իր ոգեշնչող ու հայրենանուէր խօսքը:

Այդ բուռն գործունէութեան ընթացքին հայրենադարձ կատարեց նաեւ «Մեր հայրենիք» օրհներգը, շնորհիւ Ճգնաւորեանին, որ տեղի եւ անտեղի սկսաւ զայն հնչեցնել ամենուրեք: Մինչ այդ Հայաստանի մէջ քիչեր միայն ծանօթ էին այդ օրհներգին:

Եթէ Լորիս Ճգնաւորեան իր կոչին մէջ հարցին մօտեցած ըլլար զուտ երաժշտական տեսանկիւնէՙ մասնագիտական պատրաստութեան իմ պակասս թոյլ պիտի չտար ինծի վիճելու այս վաստակաւոր երաժիշտին հետ, որուն հանդէպ, ի դէպ, ունիմ խոր յարգանք իբրեւ մեծ բարեկամ: Սակայն, իր կոչին զգացական, ազգային եւ քաղաքական բնոյթը թոյլ կուտայ, որ ամէն սրտցաւ հայ արտայայտուի այդ մասին եւ յայտնէ իր կարծիքը:

Արդէն յայտարարուած է մրցոյթը եւ հինգ օրհներգներ ընտրուած են բազմաթիւներու մէջէն: Իմ անձնական նախընտրութիւնս պիտի ըլլար Արամ Խաչատրեանի յօրինած օրհներգին երաժշտութիւնը նոր բառերով, ինչպէս Ռուսաստան ըրաւ սովետական շրջանի իր օրհներգի պարագային: Սակայն, այդ մասին Ճգնաւորեան հետեւեալ առարկութիւնը կ՛ընէ, որ գուցէ արդարացի է.- «Իսկ ինչ վերաբերում է Արամ Խաչատրեանի «Սովետական Հայաստան» օրհներգին, ոչ մի խօսք, որ գրուած է վարպետօրէն, ինչը վայել է նրան, իսկ այդ հիմնը, եթէ յուշերս չեն դաւաճանում, լսել եմ Կարէն Դեմիրճեանից, թէ գրուել է կոմունիստական հաստատութեան համար եւ իր ոճով ազգային մի նոր հիմն չէ, այն մի հիասքանչ փառաբանութիւն է սովետական կարգերին ու Հայաստանին եւ այդ պատճառով էլ իր հնչողութեամբ զուտ սովետական ոգով է գրուած եւ չի համապատասխանում այսօրուայ մեր ազատ, անկախ Հայաստանի ազգային ոգուն»:

Ինչպէս կը տեսնուի վերեւի մէջբերումէնՙ յարգելի երաժիշտը չի ժխտեր Խաչատրեանի գործին գեղարուեստական արժանիքը, սակայն անհարազատ կը գտնէ անոր մէջ «կոմունիստական գաղափարականի» փառաբանութիւնը: Եւ Ճգնաւորեան միակը չէ, որ նման վերապահութիւն մը ունի Խաչատրեանի օրհներգին նկատմամբ. գոյութիւն ունի ամբողջ զանգուած մը, որ կը կրէ այդ վերապահութիւնը: Հետեւաբար արդար պիտի չըլլար անտեսել այդ զանգուածին զգայնութիւնը եւ պարտադրել օրհներգ մը, որ խորթ խորհրդանշան մը կը բովանդակէ: Ճիշտ այդ պատճառով ալ, տարբեր յօդուածի մը մէջ չէի առաջարկած Խաչատրեանի օրհներգը իբրեւ ընդունելի լուծում:

Սակայն, Լորիս Ճգնաւորեան եւ «Մեր հայրենիք»ի պաշտպան հատուածն ալ պարտաւոր է միեւնոյն զգայնութիւնը ցուցաբերել ուրիշ զանգուածի մը նկատմամբ, որ իրաւունք ունի միեւնոյն վերապահութիւնը սնուցանելու «Մեր հայրենիք»-ին նկատմամբ: Եթէ մեր նպատակը ազգային միասնականութիւն ստեղծելն է այս հարցին շուրջ, ուրեմն պէտք է խուսափիլ հատուածի մը նախընտրութիւնը ընդհանուր հաւաքականութեան պարտադրելէ:

Այդ մասին քիչ մը չափազանցեալ ընդհանրացում մը կը կատարէ մեր յարգելի երաժիշտը, ըսելով. «Մեր հայրենիք» օրհներգը, եռագոյնը եւ Մասիսների կարօտն ու երազանքը պահպանել է սփիւռքահայութեան գոյատեւումը»: Եթէ անջատենք «Մասիսների կարօտն ու երազանքը» միւս խորհրդանիշներէն, կրնանք, առանց խղճահարութեան, «պահպանել է» բացատրութիւնը փոխարինել «պառակտել է» բառերով:

Արդարեւ, Հայաստանի մէջ «Մեր հայրենիքը» չէր լսուած 70 տարի, հետեւաբար պահպանիչ դեր մը չէր կրնար կատարել, իսկ սփիւռքի մէջ ալ, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկումէն ետք այդ օրհներգը սեփականաշնորուեցաւ որոշ հատուածի մը, որ զայն գործածեց իբրեւ պայքարի մարտակոչ ընդդէմ Խորհրդային Հայաստանի եւ անոր կողմնակից զանգուածին, սփիւռքը «պահպանելէ» աւելի պառակտելու դեր մը կատարելով:

Հետեւաբար, եթէ Խաչատրեանի օրհներգը պիտի շրջանցուի որոշ զգայնութիւններ յարգելու մտօք, միեւնոյն իրաւունքով պէտք է պատմութեան թանգարանին մէջ պատւոյ տեղ մը վերապահուի «Մեր հայրենիք»-ին:

«Օրհներգ»-ի վէճը պէտք էր պահել լուրջ ու բարեկիրթ սահմաններու մէջՙ խուսափելու համար խուժանավարութենէ: Սակայն, դժբախտաբար այդ կոչը խախտած է այդ սահմանը անարգելով կարգ մը արժանաւոր երաժիշտներ, որոնք նուազ տաղանդաւոր եւ նուազ հայրենասէր չեն Լորիս Ճգնաւորեանէն: Տեսէք թէ ինչպիսի անարգական ակնարկներ են ուղղուած Տիգրան Մանսուրեանի եւ Ռոպէր Ամիրխանեանի նման երաժիշտներու հասցէին, երբ Ճգնաւորեան կը գրէ.- «Ես կոչ եմ անում բոլոր մեր հայ կոմպոզիտորներին, որպէսզի յետ վերցնեն իրենց երաժշտութիւնը, քանի որ դա մեծ անարգանք է հանդէպ մեր ազգային զոհերի: Յուդան խաչուել տուեց Քրիստոսին 30 արծաթով, իսկ մենք ուզում ենք թողել «Մեր հայրենիք» օրհներգը ողորմելի 70.000 դրամովՙ ոտնակոխ անելով հազարաւոր զոհուած հայ ֆիտայիների պատիւը»:

Յուդան, ազգային զոհերն ու ֆիտայիները վկայակոչելը ոչ միայն չի զօրացներ Ճգնաւորեանին թեզը, այլ լրջօրէն կը տկարացնէ զայն, քանի որ իր դիտաւորութիւնն է ամօթել ու վիրաւորել արժանապատիւ այլ պաշտօնակիցներ:

Աւելի պատուաբեր պիտի ըլլար հանգիստ թողուլ Յուդան եւ ֆիտայիները եւ «օրհներգի» հարցը քննել իր բուն բնագաւառին մէջ:

Լորիս Ճգնաւորեանի յուսահատական կոչը արժանի է ուշադրութեամբ լսուելու, ինչպէս «օրհներգը» արժանի է հանգստեան կոչուելու մեր պատմութեան մէջ:

Արդէն սկսած է շարժումը նոր «օրհներգ» մը աշխարհ բերելուՙ նոր խօսք մը ըսելով նոր ժամանակներուն համար:

Հետեւաբար, կը միանամ այդ շարժումին յարգարժան բարեկամիս ըսելովՙ «այո՛ Լորիսին, ո՛չ հին օրհներգին»:

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ, Դետրոյթ-Երեւան


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4