Հրաշալի դաշնակահար Շահան Արծրունին 17 սեպտեմբեր 2006-ին երկարաշունչ նուագահանդէսով եւ հոյակապ մեծարանքի տուրքով մը տօնախմբեց Հայաստանի անկախութեան օրը Merkin համերգասրահին մէջ: Հանդիսութիւնները ընդգրկեցին եւս նկարչական ցուցահանդէս մը` խումբ մը հայաստանեան արուեստագէտներու, նոյն այդ Merkin համալիրի պատկերասրահին մէջ, որպէսզի դիտուին հանդիսականներուն կողմէ երկու ընդմիջումներու պահերուն:
Ամէն բանէ առաջ եւ վեր` Արծրունին, փայլուն դաշնակահարը, հերոսն էր այդ երեկոյթին: Ան ո՛չ միայն հմայեց յղկուած կատարողական թեքնիքով, համաչափութիւններու եւ արտայայտչական ձեւաւորումներու գերազանց եւ խորունկ զգացումներով, այլեւ արժանացաւ բոլորին գնահատանքին` ընտրած ըլլալուն համար մասնակից ընկերներու բացառիկ խումբ մը (ի՛րապէս ընկերներ, եւ ո՛չ թէ պարզապէս գործակիցներ):
Զարմանալի էր ինծի համար յայտագրի պարունակութեան մէջ լսել իր երկրի որոշապէս ամէնէն յայտնիին` Արամ Խաչատուրեանի երաժշտութեան առնչուած ու նուիրականացուած «հայկականութենէն» այնքա՛ն քիչ բան: Ի հակադրութիւն Միրզոյեանի 1984-ին յօրինուած «Ալբոմ թոռնիկիս» եւ Յարութիւնեանի 2004-ին գրուած «Երախաներու ալբոմ» հաւաքածոները _ երկուքն ալ առինքնող պատառիկներ _ ոգեկոչեցին Շումանի եւ Չայքովսկիի նմանօրինակ կտորները եւ, բնականաբար Կաբալեվսկիի այդ ժանրին բերած սովետական շրջանի ներդրումները:
Յայտագրին բացումը` Միրզոյեանի 1971-ի «Պոէմը», նոյն երգահանին 1967-ի «Թաւջութակի սոնատ»-ը ներկայացուցին աւելի բարկ եւ կճող անձնաւորութիւն մը (սոնատը գրուած է Ռոստրոպովիչի պատուէրով), եւ իր «Չորս չինական ռոմանսներ»-ը յօրինուած նոյն այս` 2006 տարուան ընթացքին, ի յայտ բերին խիստ բարձրօրէն զարգացած անհատականութիւն եւ յուզաթաթաւ ոճ մը:
Վարդան Աճեմեանի 1998-ին յօրինած թուբայի եւ դաշնամուրի «Ֆանթեզի»-ն յայտնուեցաւ որպէս գրաւչօրէն «ուրախ» գործ մը, որ բնաւ չունէր իր մէջ հետքը «անճարակութեան», զոր շատեր կ՛ակնկալեն պղնձափողային նուագարաններու ստորնագոյնէն: Թուբահար Բին Լաւ երեկոյթի գերազանց ախոյեանն էր:
Մարտիրոս Սարեանի վաղամեռիկ որդի Ղազարոս Սարեանի 1990-ի երեք «Postlude»-երը, Աճեմեանի նախայիշեալ թուբայի գործին նման, այս համերգով ունեցաւ արեւմտեան աշխարհի իր առաջին կատարումը, ներկայացուած Արծրունիի զգաստութիւն ներշնչող պերճախօսութեամբ:
Սակայն, ինչ որ յատկապէս տպաւորեց զիս` Տիգրան Մանսուրեանի ջութակի եւ դաշնամուրի համար 2005-ին ստեղծած չորս «Հայրէններ»-ն էին, ներշնչուած Նահապետ Քուչակի քառեակներէն: Դժուար պիտի ըլլայ երեւակայել մեկնաբանութիւն մը, որ գերազանցէ հոյակապ նուագածոներ Քիմ Քաշքաշեանի եւ Շահան Արծրունիի այնքա՜ն խոր ապրումով եւ զիրենք պարտադրող անձնականութեամբ կատարողութիւնը:
Նոյնպիսի խորութեամբ զիս առինքնեց Զաքարեանի «Quasi Sonatina»-ն (1990): Երեք մասերէ բաղկացած գործին երկրորդ բաժինը, յատկապէս, ունէր Բարթոքի խորհրդաւոր «գիշերային» երաժշտութեան ներհայեաց ուժգնութիւնը, բայց ես կարծես նաեւ զգացի Ռավելի հետքերը:
Ծնունդով իսթանպուլահայ Լեւոն Աստուածատուրեանի «Prologue and Motet»-ը կ՛ընդգրկէ հայկական միջնադարեան տաղերը` մեծապէս անձնականացած մօտեցումով: «Prologue»-ը, ինչպէս յայտագրին օգտակար ծանօթագրութիւններէն տեղեկացանք, «ներհայեցողական է եւ յանկուցիչ հակադրութիւն մը կը ստեղծէ արտահայեցողական «Mo-tet»-ին: Երկու մասերուն մէջ ալ երգահանը գործի կը լծէ ուժգնութեան եւ մեղմութեան ծայրայեղ պահեր, օգտագործելով միաժամանակ դաշնամուրի ամբողջական տարածութիւնը»:
Գեղունի Չթչեանի «Հայկական խորաքանդակները»-ը եւս հիմնուած են միջնադարեան տաղերու վրայ: Համերգի ընթացքին մեր լսած «պատկեր»-ներէն առաջինը կը կոչուէր «Այրիվանք»: Չթչեանի ոճը թեեւ էապես լիրիկական է, ունի նաեւ իր դրամատիկ պահերը:
Մենք լսեցինք Գայիանէ Չեբոտարեանի վեց «Prelude»-ներէն երկուքը: Ըստ ծանօթագրութիւններուն, «իւրաքանչիւրը կը պեղէ առանձին գաղափար մը եւ կը պատկերէ բանաստեղծական մէկ տրամադրութիւն... տպաւորելով որպէս յանկարծաստեղծ յօրինումներ: Թէեւ Չեբոտարեանի երաժշտութիւնը կ՛ընդգրկէ որոշ հայկական նկարագիր, ան նաեւ կը դրսեւորէ ռուսական դասական աւանդոյթներու տարրերը»:
Համերգը իր գագաթնակէտին հասաւ փառքի ճառագայթումով: Բաբաջանեանը, Խաչատուրեանէն ետք, թերեւս ամենայայտնին էր այդ երգահաններուն, եւ անոր դաշնամուրի գործերէն ներկայացուած նմոյշները ձեւաւորուած էին համաձայն Բաբաջանեանի պահանջքներուն եւ կարողութիւններուն` որպէս անթերի վիրթիւոզ: «Հայկական ռաբսոտիա»-ն եւ «Տօնական»-ը Բաբաջանեանի եւ Յարութիւնեանի համատեղ յօրինումներն էին: Վերջինը պարագայական կտոր մըն էր եւ կատարեալ նմոյշ մը «ընկերվարական իրապաշտութիւն» խորհրդային ըմբռնողութեան. ոգեւորիչ, կենսախինդ երաժշտութիւն մը, որ կ՛արտացոլացնէ հասարակ ժողովուրդին կենշանքն ու պայքարը:
Կորեացի սոպրանո Վոնջունգ Կիմ հոյակապ էր Միրզոյեանի «Չինական ռոմանս»-ներուն մէջ (Գարուն, Ամառ, Աշուն, Ձմեռ): Արծրունիի առընթեր, դաշնակահարներ Շերիլ Սելցըր եւ Ջոել Սաքս հաւասարապէս խանդավառեցին ներկաները, իսկ «Շուշի» հայկական պարախումբին գեղեցկատարազ պարողները ճոխացուցին Բարխուդարեանի եւ Յարութիւնեանի գործերը` աչքերու ալ խրախճանք պարգեւելով: Եվ վերջապէս, հարուածային գործիքներու վարպետներ Քրիս Թամսըն եւ Էրիկ Փոլընդ թնդացուցին մթնոլորտը:
ՀԵՐԻՍ ԳՈԼԴՍՄԻԹ