Ֆէթհիյէ Չէթինի «Մէծ մայրիկս» գիրքի հայերէն եւ ֆրանսերէն թարգմանութիւններուն առթիւ, Փարիզի ԱՅԲ. F.M. ձայնասփիւռի կազմակերպած հանդիպումէն մի քանի ժամ առաջ տեղի ունեցած «Ակօսի» խմբագիր Հրանտ Դինքի սպանութեամբ, Ֆրանսայի լրատուական ցանցի լուսարձակներն անգամ մը եւս կեդրոնացան Ֆէթհիյէ Չէթինի վրայ, որ Հրանտ Դինքի պաշտպան փաստաբանուհին էր:
Դարձեալ ԱՅԲ. F.M. ձայնսփիւռի կազմակերպութեամբ, տեղի ունենալիք հանդիպումէն մէկ ժամ առաջ, Փարիզի 9-րդ թաղամասի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ուր Հրանտ Դինքի պաշտպան փաստաբանուհի Ֆ. Չէթին, ֆրանսական լրատուական գործակալութիւններու ներկայացուցիչներուն առջեւ հանդէս եկաւ համապատասխան մեկնաբանութիւններով, նախ ըսելով, թէ Հրանտ Դինքի հանդէպ գործածուած այս անարգ ոճիրով, կը կորսնցնէ շատ արժեքաւոր մտաւորական բարեկամ մը, ժողովրդավարութեան եւ հաշտութեան պաշտպան մը, խանդավառ, անկեղծ եւ խիզախ մամուլի գործիչ մը:
Ապա Ֆէթհիյէ Չէթին դիտել տուաւ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած քաղաքական լարուած մթնոլորտի մը տուն տուող կարգ մը պատճառներ, իրավիճակներ եւ անոնց կապուած համապատասխան կեցուածքներ ու դրսեւորումներ, ըսելով, թէ «Հրանտ Դինք Թուրքիոյ խիղճն էր» եւ սպաննուեցաւ այս խիղճէն ձերբազատուիլ ուզողներու փամփուշտներով, որոնք անկասկած կը սխալին, կարծելով, թէ Հրանտ Դինքը սպաննելով մեծ յաղթանակ մը տարին, որովհետեւ այս պահուն «Ակօսի» խմբագրատան դէմ խմբուած Հրանտ Դինքի թուրք եւ քիւրտ հազարաւոր բարեկամներն անոր գաղափարի ընկերները, «Մենք բոլորս հայ ենք...» կը պոռան:
Ըստ Ֆ. Չէթինի, Հրանդ Տինք վերջերս կանչուած էր պետական գրասենեակ մը հոն զինք սպասող այրի կնոջմէ մը սպառնալիքներու ենթարկուած, որմէ ետք սկսած էր ստանալ գրաւոր նոր սպառնալիքներ եւ խօստացած էր զանոնք Ֆ. Չէթինին յանձնել, որ վերջինս զանոնք պիտի յանձնէր Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանին: Հ. Դինք որոշած էր գրել այդ մասին, բայց Ֆ. Չէթին զգուշացուցած էր զինք: Հ. Դինք «Ակօսի» 10 յունուարի թիւով գրած էր այդ մասին եւ մի քանի օր ետք սպաննուած, որովհետեւ միայն անոր մահով կարելի կդառնար այդ սպառնալիքներու փաստաթղթային արժէքը չեզոքացնել:
Ֆ. Չէթին պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, ըսաւ, թէ Հ. Դինքի ոճրագործ(ները) գտնելու համար, պէտք է նկատի ունենալ Թուրքիոյ խաւարամիտ եւ ազգայնամոլ այն շերտը, որ իր ընդյատակեայ կառավարութիւն մը ըլլալու կառոյցով, կը ձգտի արգելք հանդիսանալ երկրին ժողովրդավարայնացման գործընթացին, եւ Հրանտ Դինք որ անոնց համար վտանգաւոր այլախոհ մըն էր, ժողովրդավարութեան ջատագով մը եւ յանուն այդ արժէքներուն պայքարող արդէն իսկ աշխարհահռչակ դարձած մամուլի խիզախ գործիչ մը, յարմարագոյն անձն էր, որուն սպաննութեամբ երկրին մէջ պիտի ստեղծուէր քաղաքական տակնուվրայութիւն առաջացնող մթնոլորտ:
Ըստ Ֆ. Չէթինի, 2007-ը Թուրքիոյ համար լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու տարի մը պիտի ըլլար, նկատի ունենալով յառաջիկայ մայիսին նախատեսուած երկրին նախագահական ընտրութիւնները, ԱՄՆ-ի մէջ ներկայ քաղաքական փոփոխութիւններու լոյսին տակ, Հայկական հարցին առնչութեամբ Թուրքիոյ համար աննպաստ եւ անհաճոյ մօտեցումի մը հաւանական սպառնալիքը, Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայկական ցեղասպանութիւնը ժխտողներու համար պատժական յօդուածի (օրէնքի) վաւերացումը, Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցի թաբուին երերումը, Եւրոպա մուտք գործելու այլազան խոչընդոտները եւ այս բոլորին հետեւանքով երկրին քաղաքական հասարակութեան մէջ ստեղծուած լուրջ հարցերը, անշրջանցելի հանգամանքներ էին, որ ընդյատակեայ կառոյցի այս ծայրայեղական եւ ցեղապաշտ ուժերը գործի անցնէին եւ երկրին դատաստանական համապատասխան համակարգի բացայայտ գործակցութեամբ եւ Հրանտ Դինքը ներկայացնէին իբրեւ Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին թշնամին: Ֆ. Չէթին ուշադրութեան կը յանձնէ նաեւ այն հանգամանքը, որ թուրք կառավարութիւնն ալ թերացած է եւ մերժած մահուան սպառնալիք ստացած իր քաղաքացին պաշտպանիլ, պատճառ դառնալով, որ Հրանտ Դինք թիրախ դառնայ երկրին ընդյատակեայ կառոյցի ցեղապաշտական մոլուցքին, կսկծացնելով ազատասիրական եւ արդարադատութեան գաղափարներով առաջնորդուող մարդոց խիղճն ու հոգին, ինչպէս աշխարհի տարածքին, բայց նաեւ Թուրքիոյ մէջ:
Ապա, Ֆ. Չէթին ըսաւ, թէ Հրանտ Դինքի դէմ գործուած այս ոճիրը չի կրնար փակել այն ճանապարհը ուրկէ ան քալեց հաւատքով, համոզումով եւ խիզախութեամբ, միանգամայն Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջելով ոճրագործներու բացայայտումը, այլապէս ան շատ նեղ կացութեան պիտի մատնուի միջազգային քաղաքական եւ հասարակական հանրութեան մէջ:
Ֆ. Չէթին իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Հրանտ Դինք Թուրքիոյ աղաւնին էր եւ այդ աղաւնին անխղճօրէն սպաննեցին...
Յունուարի 9-ին անոր հետ կխօսէի, առաջարկեց, որ միասին Հայաստան երթանք... Այլեւս չէինք կրնար միասին Հայաստան երթալ... Բայց ես Հայաստան պիտի երթամ...»:
ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ, Փարիզ