«Իսկական ցեղասպանութիւն մըն էր, որ Եւրոպայի շատ մը երկիրները դժբախտաբար տակաւին կ՚անտեսեն: Մերը փաստաթուղթերու վրայ հիմնուած ֆիլմ մըն է, ընդելուզուած մարդկային զգացումներովՙ սիրոյ, ատելութեան, խաղաղութեան, պատերազմի, սպաննութիւններու եւ վերապրումներու»: Այս բառերով է, որ Տաւիանի շարժանկարի փորձառու եւ ծերունազարդ եղբայրները կը ներկայացնեն իրենց ֆիլմը: «Պատմութիւնն է ժողովուրդի մը, որ խաղաղասէր եւ երեւակայող է, որ 90 տարիներ առաջ երիտասարդ թուրքերը փորձեցին ոչնչացնել, անգթօրէն կոտորելով կիներ եւ մանուկներ, երիտասարդներ եւ ծերունիներ: Արսլանեան ընտանիքըՙ Անտոնիային մեծ հայրը, մէկն էր բիւրաւորներու մէջէն, որոնց գերդաստանը ոչնչացաւ իրենց իսկ ագարակին մէջ»:
Ֆիլմը հրապարակ իջած է 23 մարտէն սկսեալ միջազգային ծանօթ դերասաններու մասնակցութեամբ, ուր միակ հայըՙ Արսինէ Խանջեանն է, տանտիրուհիի դերով:
«Մենք որեւէ կողմնորոշումի չենք հետեւած. որպէս բեմադրող պատմութիւն չենք գրեր, այլ կը հետեւինք տառապող մարդկութեան մը քայլերուն, այս պարագայինՙ հայ ժողովուրդին, որուն մօտեցած ենք մեծ յարգանքով որպէս մարտիրոսացած ազգի մը, որուն մասին մենք եւս շատ ծանօթութիւն չունէինք մինչեւ Անտոնիա Արսլանի վէպին լոյս ընծայումը: Այսօրուան Թուրքիան թէեւ պատասխանատու չէ անցեալի պատահած դէպքերուն համար, բայց պարտաւոր է հրապարակային կերպով արտայայտուիլ հայկական ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը ընդունելով եւ դատապարտելով»:
Իսկ Պատովա քաղաքը, ուր Անտոնիայի վէպը սկիզբ կ՚առնէ, յարմարագոյն ձեւը գտած է պատուելու իր քաղաքի ծնունդ հեղինակին, ֆիլմի առաջին ներկայացումը «Ռուծանթէ» վերանորոգուած թատրոնի պաշտօնական բացումը անով կատարելով: Հռոմէն եւ Սիէնայէն վերջ Պատովա ծրագրած է մէկ օրուան մէջ երեք պատկերասփռում կատարել գոհացնելու համար բնակչութեան բոլոր խաւերը, սկսած դպրոցականներէն մինչեւ քաղաքի հեղինակութիւնները. երեք ներկայացումներուն ալ Անտոնիա ներկայ պիտի ըլլայ եւ խօսք առնէ: Պէտք չէ մոռնալ, որ Արսլանները Պատովայի մէջ մեծ հեղինակութիւն կը վայելեն ստեղծած եւ մեծապէս զարգացուցած ըլլալով քիթ-կոկորդ-ականջի բժիշկին մասնագիտութիւնը:
Ոմանք առարկած են ֆիլմի մէջ տեղ գտած կարգ մը անհանդուրժելի տեսարաններու մասին, որոնց Անտոնիա պատասխանած է, թէ նուազագոյն կարծրութիւն մը հարկաւոր էր գաղափար մը տալու համար թուրքերու անմարդկային վայրագութիւններու մասին, որ գործադրուեցան հայ ժողովուրդին դէմ յատկապէս 1915-ի Մեծ եղեռնին:
Հայր ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ, Փարիզ