Խօսակցութեան մը ընթացքին, երբեմն նոյնիսկ բեմերէն, կը լսենք դժգոհանքի խօսքեր այն մասին, թէ նոր սերունդը կապուած չէ իր արմատներուն, թէ հետամուտ է շուայտ կեանքի, թէ յոյս կապելու չէ նոր սերունդին, ան հեռու է ազգային կեանքէ...
Այս խօսքերը կրկնելու պահուն կը մտածե՞նք րոպէ մը, թէ մենք, որ երէկ նոր սերունդ էինք, ի՞նչ ստացանք մեր նախորդներէն, ու այսօր, երբ երէց սերունդ դարձած ենք, մեր կարգին ի՞նչ կուտանք նոր սերունդին: Կը մտածե՞նք պահ մը, թէ ինչպիսի պայմաններու տակ հասակ առինք մենք ու որպիսի պայմաններ թելադրուած են նորերուն... Կը խորաչափե՞նք կացութեան գորդեան հանգոյցին խճճուածութիւնը:
Անշուշտ, կայ իրողութիւն մը, զոր ոչ միայն ընդունիլ պէտք է, այլեւ անհրաժեշտ է ճամբաներ որոնել, որոնել գտնելու, որպէսզի հայ նորագոյն սերունդը կապուի իր անցեալին, կապուի իր մայրենիին, կապուի իր մշակոյթին:
Առիթով մը, երբ տունս մտայ, գտայ տղաս, որ ողկոյզ մը ընկերներ հաւաքած սեղանին շուրջը բանով մը կը զբաղի: Միտքէս ըսիՙ դարձեալ այս երիտասարդները վստահաբար յիմար ժամանցի մը յանձնած են իրենք զիրենք ու բարձրաձայն դիմեցի. «Բարեւ, տղա՛ք, ինչո՞վ եք զբաղած...»:
Տղոցմէ մեկը ըսաւ. «Հորեղբայր, պրպտումներ կ՛ընենք ու կ՛արձանագրենք, թէ մենք, հայերս, մեր պատմութեան ընթացքին քանի՞ թագաւոր ունեցած ենք»:
Ինքզինքս այպանեցի դեռ պահ մը առաջ ունեցած մտածումիս համար ու այս անգամ մտովի ըսի. «Մենք մեր զաւակները կը ճանչնա՞նք, անհրաժեշտ ժամանակը կը յատկացնե՞նք իրենց, ընկերոջ, հաւասարի պէս, օր մը նստած ու զրուցա՞ծ ենք իրենց հետ, թէ՞ շարունակ պահանջողի ու դժգոհի դերին մէջ ենք իրենց հանդէպ...»:
Վերջերս, Հալէպի Զաւէն Եկաւեան գրադարանին մէջ հանդիպեցայ նոր ժամանող երկու երիտասարդներուՙ Հրայրին ու Վահագնին: Անոնք բարձրագոյն ուսում ստանալու ընթացքին մէջ էին, հետեւաբար կրնաք գուշակել անոնց տարիքը:
Ու ահա, երբ սովորական փոխադարձ բարեւներէ ետք խօսիլ սկսանք, անոնք, պարսատիկէ արձակուած քարի մը նման շեշտակի հարց տուին, թէ ի՞նչ կարծիք ունիմ ես նորագոյն սերունդին մասին:
Պատասխանս եղաւ անշուշտՙ դրական:
Տղաքը պահ մը չհաւատացին: Բայց երբ միտքս պարզեցի բացատրելով, թէ նորագոյն սերունդին զարգանալու ինչպիսի պայմաններ տրուած են, ինչպէս կարելի է օգտուիլ այդ միջոցներէն թարմ ու բաց ուղեղներով եւ ինչո՞ւ չկարենալ օգտակար ըլլալ թէ՛ իրենց, թէ՛ իրենց շրջապատին ու ազգին ու նաեւ շեշտեցի, թէՙ «Ես նորերուն հետ մեծ յոյսեր կը կապեմ»,- տղաքը իրարու նայեցան: Վահագնը ըսաւ Հրայրին, «Բժիշկին ըսե՞նք, թէ չլսենք մեր ըրածին մասին»...
Հրայրը թէՙ ինչո՞ւ պահենք:
Ու պատմեցին հետեւեալը. «Տարի մը առաջ ընկերներով ճամբայ ելանք երթալու համար Արցախ: Մեզի հետ էր նաեւ Փարիզէն Վահանը: Մենք երեքով, երեք երիտասարդ, որոշեցինք հիմնել նոր միութիւն մը, եւ մեր միութիւնը օժտել անունով մը: Բաւական խորհրդածելէ, ինչու չէ, նաեւ վիճելէ ետք, որոշեցինք մեր խմբակը կոչել «Առաւել 3»:
Զարմանալի՞ կը գտնէք այս անունը: Ի՞նչ է թաքնուած այս անունին ետին: Մեր զրոյցներու ընթացքին ծանրացած էինք այն նիւթին շուրջը, որ հայութիւնը աշխարհի վրա (ներառեալ Հայաստան ու Արցախ) թուային աճ արձանագրելէ հեռու է: Հեռու է գոհացուցիչ ըլլալէ: Ուստի, մտածեցինք համացանցային յատուկ հասցէ մը ունենալով կապի մէջ մտնել մեր տարեկիցներուն հետ, յայտնել մեր խմբակին կազմութեան լուրը եւ կոչ ընել հետեւիլ մեզի, բացատրելով «Առաւել 3»-ին իմաստը:
Ի՞նչ էր «Առաւել 3»-ը, ի՞նչ պիտի ըլլար անոր նպատակը: Ամուսնանալէ, այսինքն հայ ընտանիք մը կազմելէ ետք, նուազագոյնը ունենալ երեք զաւակ: Ահա այս պիտի ըլլար մեր խմբակին նպատակը:
Երեւան-Արցախ ճամբու ընթացքին մեր յղացած գաղափարը կեանքի կոչուելու համար ունեցանք մեր համացանցային կայքը. http:// www. facebook.com/n/ group.plp@gid= 5310315431 ու անցանք գործի: Կապ պահեցինք շատերու հետ: Հալէպ-Փարիզ գիծը շիկացաւ: Այսօր աշխարհի տարբեր երկիրներէ, մեր թիւը հասած է 130-ի, միշտ կապի մէջ ենք ու համախոհներու թիւը կ՛աճի: Մենքՙ «Առաւել 3-ի» կողմնակիցներս, հայ ընտանիք պիտի կազմենք, առնուազն երեք զաւակ պիտի ունենանք, որոնք հայ լեզուով հասակ պիտի առնեն ու պիտի սնուին հայ ոգիով: Որքան մեծ հարստութիւն եւ անսպառ ժառանգութիւն ունինք, ինչո՞ւ չօգտուինք»:
Երբ վերջ գտաւ երիտասարդներուն խօսքը, ի՜նչ մեծ ցանկութիւն յառաջացաւ մէջս վերադարձ մը կատարելու դէպի անոնց մատաղ տարիքը: Բայց միայն կրցայ շնորհաւորել զիրենք:
Կայքի հասցէն գիտցաք, երիտասարդնե՛ր, միացէ՛ք այս տղոց: Իսկ մենքՙ երէցներս, ճանչնանք մեր զաւակները: Անոնք յուսալի են այն աստիճան, որ կրնան զարմացնել, անակնկալի բերել մեզ: Բարի՛ անակնկալի:
ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ, Հալեպ-Երեւան