Հրաչեայ Թամրազեանի նոր գիրքը կներկայացնէ` Թորոս Թորանեանը
Գրիգոր եւ Արշօ Մէնեշեաններու մատենաշարով լոյս ընծայուած այս գիրքը ունի երկու բաժինՙ «Նոր մայրցամաք» ենթախորագրին տակ երկուքն ալ նոյն բանաստեղծութեամբ սկիզբ առնող` «Մենատուն»: Այդ մենատունին բնակիչը ինքն է, բանաստեղծը, որ կարծէք իր ըսելիքները խտացուցած է քերթուածին հինգ տուներուն մէջ, որպէսզիՙ
Որ քո բառերը հնչեն միասին,
Որ քո խոհերը օրերիդ հասնեն,
Որ կենդանանայ յուշը քո մասին,
Որ քո բառերը անվերջ հարասեն,
Խոհերի մասին եւ աշխարհների,
Որ ներհիւսուած են յաւէտ իրարու,
Որ անձրեւում են երգն արարելիս,
Որ քո հոգուց են, թւում է, յառնում:
Իր երգին մէջ անձրեւները կը դառնան տողեր ու միտքերը անձրեւի պէս յար կ՛իջնեն ներկայացնելով իր խոհերը այլոց որպէս անգիր արտասանուած խօսք:
«Յաւերժ վերադարձ» երգով բանաստեղծը կը քննէ մահի ու կեանքի առեղծուածը ու «ինչո՞ւ է կեանքը այս մահակործան խլում բոլորին»... Բայց այնուամենայնիւ իր մեկնումը վերադարձով կեանք կ՛առնէ.-
Միայն աչքերն են, որ մնացել են երկնքից առկախ...
«Պատուհանը» բանաստեղծութեամբ մենք կը շաղախուինք բնութեան ու մեր հոգիները կը թեւածեն միջոցն ի վեր ու կը ներծծուինք կենարար լոյսին:
«Թաքուն հայեացք»-ով կը խորաչափենք այս կապոյտ հոգեւոր տարածքը:
«Կենաց օրեր»-ու մէջՙ պարող թիթեռ է դառնում ապրումդ: Ու հնչերանգը այդ խաղաղ ձայնի արձագանքում է արդէն գալիքում :
Իսկ այդ ո՞ր բանաստեղծն է, որ չի ցանկար իր ձայնին հնչելը` գալիքում: «Հոգեւոր Աշուն» երգով, ինքնախոստովանանքի շեշտով բանաստեղծը կ՛ըսէ, թէ մենք բնութեան թոյն կը ներարկենք փոխանակ.
Բառերով սնել օրերն հոգեզուրկ,
Լոյսեր ներարկել խամրող տողերին... ու տակաւին.-
Կեա՛նք պարգեւիր այս ամայի երկրին,
Ներում շնորհի՛ր անառակ որդուդ...
Թող հոգին լռութեան մէջ արարողի դերին մատչի, փոխակերպուի:
Յիշողութեան թելն է, որ մեզ կը կապէ կեանքին ու կեանքերու եւ ժպիտ մը յանկարծ, որ կը լուսաորէ մեր կեանքի ճամբան:
Հրաչեայ Թամրազեան բանաստեղծը իր այս երգերով, հազար թելերով կապուած է բնութեան ու աշնան մէջ եւս ու ձմռան կը տեսնէ, թէ ծառերը կը լսեն մեզ եւ հողն անգամ կը թրթռայ մեր ձայնէն:
Եվ իրաւ որ, ինչպէս կ՛ըսէ բանաստեղծը, « գոյութիւնը յաւիտեան դարձ է,- որ հասնես ներքին լոյսի ետեւից, դեռ պիտի հոգու անդունդներ անցնես »:
Առանց յուսահատելու Թամրազեան բանաստեղծը կ՛աշխատի լուծել կեանքի առեղծուածը_կեանք, որ ակնթարթ մըն է տիեզերքի մէջ: Ակնթա՞րթ: Գուցէ ակնթարթ ալ չէ, երբ կեանքը լքած է քեզ:
Ի՞նչ ենք մենք հարցումին, հեղինակը այսպէս կը պատասխանէ.
Ու արիւնակից, ու լոյսով օծուն,
Իրար անհաղորդ աճող սերունդներ:
Աստծոյ առջեւ ասունն ու անասունը նոյնն են` իր ստեղծածները.-
Դու զրուցելով անվերջ նրանց հետ
Խենթախօսութեան սահմանին հասար...
«Մեկտեղում» քերթուածը յուշերու փունջ մըն է` չմարող ապրումներու: Բանաստեղծը իր կեանքը կը մեկնաբանէ ու միաժամանակ իր ապրած ժամանակը: Լինելութեան ճամբուն վրայ Թամրազեանին միտքը տագնապի մէջ է: Ան լոյս է, բիբերուն նայիլ կը թելադրէ:
Երկա՜ր, երկար երկխօսութիւն մըն է այս գիրքը բնութեան հետ, ապրուած կեանքին հետ, ունայնութիւնը անգոսնող, կեանքին վերադառնալու հաստատ հաւատքով զինուած երկխօսութիւն մը եւ ուրեմն այդ կեանքը.
Ես վայելում եմ այս պայծառ օրը
Իբրեւ կեանքի հետ դաշնութեան նշան...
Հեղինակը ապրած է այնքան, որ կրնայ տալ պատգամներ կեանքիդ համար, իր կեանքով շահուած,-
Եթէ ուզում ես ճախրել եթերում`
Սովորիր առանց օրերի քայլել...
Դարձեալ ու միշտ գալիքի կանչ.-
Փրկես անցեալը ու կեանքի ծարաւ`
Անցահուները բացես գալիքի...
Խորունկ տենչանք ու ապրում է, տեւելու խռովալի միտքը: Իր խոհերը.
Բառի մէջ առնի ծիրը աշխարհի
Ու առաջ շարժուի` իր աչքն ի հեռուն...
Այս բոլորով հանդերձ, անբաժան շուքի նման իրեն հետեւող մը կայ,-
Անդունդի վախն է կրկին պատել ինձ:
Բայց նման պահերու, որպէսզի անդունդը չկլանէ քեզ,-
Այնժամ դու պիտի քեզնից ազատուես,
Վտարես քեզնից քո երկրորդ Եսին:
Խոհեր, ինքնազննումի, ինքնաճանաչման պահեր, որոնք կ՛այցելեն մարդը, երբ ոչնչութիւնը ահա կը մատնէ մարդ արարածը եւ ան կը զգայ, թէ մօտ է այն պահը, երբ մեկնումը կեանքէն իրողութիւն պիտի դառնայ:
Հող էիր, հող պիտի դառնաս: Իմաստ ունի՞ վերջապէս այս կեանքը: Այո՜, ունի՜,- « Երբ կեանքդ դառնայ ուրիշի համար մաքուր ներշնչանք »:
Ահա բանաստեղծին եզրակացութիւնը:
Ի՞նչ է ուզածը գիրքը եկնողին, եթէ վայրկեան մըն է մեր կեանքը, մեծ բան չկարծէ՜ք, կ՛ուզէ, որ մեր, - վայրկեանն այդ յավերժօրեն տեւի...
Տխրութեամբ ողողուած մեր հողին սերմնացանը ո՞վ է, երբ այստեղ տիրողը տխուր երգն է, արդեօք այդ տխրութիւնը պայծառ ապագայի մը համար է ստեղծուա՞ծ. եթէ այսպէս է, բանաստեղծը այդ այգաբացին կը սպասէ:
Բանաստեղծը փնտրտուքի մէջ է: Ինքզինք գիտնալու, ճանչնալու, իր երկրորդ կեանքը փնտրել-գտնելու ճիգին մէջ.
Հոգիդ, որ ուրիշ կեանքի է կարօտ,
Ակունքն է փնտրում իր իսկ էութեան
Ու հողին մէջ հանգչող մարդը, -Աղեղ է երկրի-երկնքի միջեւ:
Բ Բաժին-Դարձեալ
Նոր ՄԱՅՐՑԱՄԱՔ
Նոր պատգամ, - Անէութեան մէջ քո սէրը հեղիր,
Որ ակնթարթը դառնայ կախարդանք...
Աշունը: Ի՞նչ է աշունը, արդեօք լոկ տերեւաթափ, արդեօք տխրութեան ղողանջ, թէ՞ քեզ տեսիլքի մղող անրջանք,- «Նախշեր կենաց մատեանում», կայ նաեւ հոգեւոր գարուն, երբ այգին արբունքի մէջ է:
Արթնութեան եւ քունի միջեւ որպէս երազ, նախորդ կեանքն է որ կ՛երկարի: Յանկարծ, բանաստեղծը կը դառնայ գոյներու երգիչ,- ճերմակ առաւօտ, օրը դեղնաւուն, երեկոն լեղակ, կանաչ երազներ, եւ «Աչքերիդ մէջ է գոյնն այդ բնակւում»: Ու տակաւին,- «Գիշերուայ կակաչ, գիշերուայ ծաղիկ, վառուի՜ր խաւարող մեր երազներում»: Սէրն այսպես պիտի ըլլայ.
Ծանօթ է քիմքիդ աստղերի լեզուն,
Տաճարի արձակ քրմուհին եղիր,
Անցիր գիշերուայ խորունկ պարտէզով`
Վարսերիդ հիւսած պսակն աստղերի:
Ո՞ւր է վերջապէս կապոյտ մանկութեան հեքիաթը. « Ու խմորրում են յոյզերը, կրկին սէրը պիտի յորդի-ես նրա տաք ողկոյզներն եմ քամում հիմա երկրի պորտին »:
Ու տակաւին «Գարնան անձրեւներ»-ու մէջ.-
Ու ապագան է այդպէս շղթայւում
Հին պատկերներին վայրկեան առ վայրկեան,
Կաթիլ առ կաթիլ, անուն առ անուն
Վերադառնում է կրկին կեանքն առ կեանք:
Յարութեան, վերստին աշխարհի գալու գաղափարը կարծէք կեանքի ու մահուան զոյգ ափերուն մէջէն հոսող գետակ մը ըլլայ անվերջ ու յաւիտեան: Այս է ճնշող գաղափարը այս հատորին:
Իրեն համար գալիքը թաղուած է անցեալին մէջ: - « Ինչպէս հնչիւնը չհնչած երգում »:
Մարդը պիտի ապրի, ինչպէս ցանուած ցորենը կը վերապրի. մարդը իր սաղմով ծնունդ պիտի տայ սերունդներու, քանի,- սպեղանի մարմինը կնոջ` կեանքի գնով կեանք պիտի տայ քեզի:
Քանի կայ յիշողութիւնը, անցեալն ու գալիքը իրար կը հիւսուին: Հին յուշերը նոր յոյզեր կուտան մեզի եւ յուշը այն հողն է, որ նոր ծիլեր կուտայ, որպէս անվերջութեան արգանդ:
Այսքան գրելէ ետք,- « Գրչին ես յանձնում տաղերն անաւարտ... »
Բանաստեղծը կ՛ուզէ, որ իր երգերը, - նորից կեանք առնեն ու անձրեւներու հետ նոյն այդ երգերը մեր պատուհանները մատնայարեն :
Ես կարօտներս թաղել եմ հողում:
Այո, հողը մայր ըլլալուն կեանք կուտայ իր կարօտներուն: Կենաց հողը իր արեամբ ոռոգողն է բանաստեղծը ու կեանքը մեր` հոգիի հայրենիք ու կարօտի Սփիւռք:
Ու մենք բոլորս` թափառող հիւլէ:
Եկէք այս գիրքը կոչենք մարդերգութիւն, մարդ, որ կ՛ապրի տագնապներով, մարդ, որ իր մահուամբ մահը յաղթել կ՛ուզէ, մարդ անյուսահատ, որ մահուան մէջ անգամ, իր վերազարթնումին յոյսովը կ՛ապրի:
Յոյսի գիրք մըն է այս, մահուան մէջ անգամ կեանքով լեցուն:
«Իսկ մահը` նախադուռն է մեծ ճանապարհի...»
Հալէպ, դեկտեմբեր 20, 2007