Վերջին երկու-երեք տասնամեակներու թեքնիք հսկայական, գլխապտոյտ պատճառելու աստիճան յառաջխաղացումները, մանաւանդ հաղորդակցութեան մարզին մէջ, Երկիր մոլորակը այնքան փոքրացուցած են, հեռաւորութիւնները այնքան կարճեցուցած: Հակա-բեւեռի մէջ անցած դարձածը նոյն վայրկեանին կ՛իմացուի, կը տեսնուի: Եվ այս աշխարհը յեղաշրջող միջոցներէն մին ալ արբանեակային հեռատեսիլն է, որ թոյլ կուտայ հարիւրաւոր կայաններու պատկերասփռումները ստանալ: Շնորհիւ ասոր ալ Հայաստան ամէնօրեայ ներկայութիւն է բազմաթիւ սփիւռքահայ «հայրենակարօտ» օջախներուն մէջ, հայկական հեռատեսիլի առաջին, «պետական» կայանի միջոցով: «Հայաստանի հեռուստատեսութեան» կայանը հասցէագրուած է, եւ սա շատ բնական է, նախ հայրենաբնակ հայութեան: Լեզուն արեւելահայերէն է, շատ անգամ մաքուր, գրական, բայց յաճախ ալ ռուսերէնի բովէն անցած օտարամուտ բառերով ծանրաբեռն, աղճատուած: Հաղորդումները յաճախ ընդհատուած են երկար գովազդներով, լատինատառ կամ ռուսատառ անցքերով: Անոնցմէ մին կը գովաբանէ Հիւսիսային պողոտայի շինութիւնները. «Շտապէ՛ք, վերջին բաժիններն են մնացել»... բայց աւելի քան վեց ամիսէ ի վեր գրասենեակի կամ բնակութեան այդ յարկաբաժինները դեռ չե՞ն ծախւած...
Նախ` երեք ժամուան տարբերութիւնը, յետոյ առձեռն յայտագրի չգոյութիւնը մեզի թոյլ չեն տար պատկերասփռումներու ամբողջական ծրագիրը ունենալով հետեւելու. ըստ բախտի, երբեմն կ՛իյնաս թատերական կտորի մը, ռըփորթաժի մը վրայ, ինչպէս անցեալ գիշեր` պոլսահայութեան մասին (նկարահանուած 2004-ին) յայտագրին: Ինչպէս ըսինք, հասցէագրւած ըլլալով տեղաբնակներուն, հոն կը վխտան հայերէնի թարգմանւած օտար ֆիլմեր, գլխաւորաբար ամերիկեան կամ ֆրանսական:
Իհարկէ, մեզի ամէնէն հետաքրքրողը լուրերու բաժինն է, որ կը տրուի օրական երեք անգամ. ֆրանսական ժամով ժամը 12-ին եւ 18-ին, «Հայլուր» անուան տակ: Երրորդ հաղորդում մըն ալ կը կատարուի երեկոյան ժամը 9-ի շուրջ, բայց անկանոն ժամերու, կամ ետք... սակայն այս մէկը արեւմտահայերէն լեզուով: Մինչ քիչ երեւցող շնորհալի երիտասարդ այր խօսնակները կ՛արտայայտուին հանդարտ եւ սքանչելի առոգանութեամբ, պարագան նոյնը չէ իգական սեռի պատկանողներուն, որոնք կը խօսին շատ արագ, իսկ անոնցմէ մին գրեթէ անհասկնալի է իր «չինական» առոգանութեամբ:
Անկարելի բան է, որ որեւէ պետական կայան, նոյնիսկ արեւմտեան «ժողովրդավար» երկիրներուն մէջ, օրուան իշխանութեան թմբուկը չզարնէ: Նոյնն է պարագան հայկական այս «պետական» կայանին: Եվ «Հայլուրի» մշտական ու տիրական դէմքն է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը: Ռոբերտ Քոչարեան, ինչպէս իր ֆրանսացի պաշտօնակից Նիքոլա Սարքոզի, հոն է եւ կ՛արտայայտուի ամէն բանի մասին (Հայաստանի սահմանադրութիւնը ֆրանսականէն ընդօրինակուած չէ՞ր, ուստի ինչո՞ւ զարմանալ): Ոչ նուազ ներկայութիւն ալ է երկրին վարչապետ Սերժ Սարգսեան իր ժպտուն դէմքով, նշանակուած օրէն իսկ: Ու դժուար չէր հետեւցնել, թէ օրինաւոր թուականէն շատ առաջ, նախագահական ընտրապայքարը վաղուց սկսած է, վարչապետը համարուելով թիւ մէկ թեկնածուն: Եվ այդ թուականը հասած ըլլալով, պաշտօնապէս յայտնուած են ինը թեկնածու, որոնց մէջ է հանրապետութեան նախկին նախագահը: Շատ չէ՞, պերճանք չէ՞ Հայաստանի պէս փոքրիկ երկրի մը համար, որ այլապէս բազմաթիւ հարցեր ունի եւ կը գտնուի վտանգաւոր աշխարհագրական գօտիի մը մէջ: Գլխաւոր հիմնահարցը ըլլալով Արցախեան հակամարտութեան նպաստաւոր կարգաւորումը, Հայաստան եւ հայ ժողովուրդը աւելի քան երբեք, պէտք չունի՞ն ազգային միասնականութեան:
Կարծէք անգիր օրէնք է, որ գրեթէ ամէնուրեք իշխանութիւնները շատ քիչ անգամ կը քաղեն իրենց իշխանութեան ժամանակաշրջանի դրականներուն պտուղները, բայց միշտ կը տուժեն ժխտականներէն, իսկ դժգոհութիւնները շատ եւ արդարացի էին Հայաստանի վերանկախացման առաջին շրջանին: Բնականաբար առաջին դիրքի վրայ գտնուողն է, որ կը դառնայ դժգոհութիւններու քաւութեան նոխազը: Պատմութիւնը, բախտին անիւը այնպէս տնօրինեց, որ այդ անձը կոչուի Լեւոն Տէր-Պետրոսեան: Իր տեղ որեւէ մէկ ուրիշը նոյնքան պատասխանատու պիտի նկատուէր, ի՛նչ ալ ըլլար իր անունը, այդ տարիներու անտանելի դժուարութիւններուն, սխալներուն կամ աւելիին: Ու անոր պարտադրուեցաւ հրաժարիլ, զեղծուած ընտրութիւններու պատճառաբանութեամբ:
Այսօր մօտ 10 տարի լուռ մնալէ յետոյ կրկին թեկնածու է ան: Մեզի չի մնար դատել, թէ այդ թեկնածութիւնը տեղի՞ն է կամ ոչ. այլ միայն մաղթել, որ օտար ուժեր չըլլան այդ թեկնածութեան ետին: Նաեւ փառք տալ Աստուծոյ, որ «օտարերկրացիներ» ըլլալով, պարտականութիւն չունինք ընտրելու այդ ինը թեկնածուներէն մին: Կարծր, ծանր խօսքեր լսուեցան արդէն անոնցմէ ոմանց բերնէն, եւ եթէ որեւէ ընտրապայքար ձեռնոցներով չի կատարուիր, մաղթելի է, որ արտառոցութիւնները չափ ու սահման ունենան:
Գէթ, ցարդ հեռատեսիլէն ըսուած-չըսուածներուն մէջ, Հայաստանի քաղաքական թենորներու մտահոգութիւններուն մէջ մեծ բացական է սփիւռքահայութիւնը: Ազգին երկրին սահմաններէն դուրս բնակող երկու երրորդին մասին ոչ մէկ խօսք, ոչ մէկ առաջարկ` յաղթութեան պարագային անոր վերաբերեալ նախարարութիւն մը, գերատեսչութիւն մը ստեղծելու մասին, երբ աւելի քան երբեք Հայաստան-Սփիւռք օրգանական կապը ոչ թէ անհրաժեշտ, այլ անյետաձգելի է: Բաւ չէ՞, որ Սփիւռքի մասին խօսուի միայն թելեթոն-ֆոնեթոնի օրերուն կամ Հայ դատի առթիւ: Ա՛լ չխօսինք Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերականգնումին մասին, որպէս համայն հայութեան հոգեկան ու մշակութային իսկական կապ: Ֆրանսացի ծանօթ քաղաքական դէմք մը պիտի ըսէր ասանկ բաներու մասին` մանրուքներ են, մա՛նաւանդ Հայաստանի քաղաքական դէմքերուն համար, այս օրերուս:
Օրացոյցի դիպուածով Ռուսաստանի եւ Հայաստանի նախագահներուն պաշտօնավարութեան պայմանաժամը կը լրանայ գրեթէ նոյն ատեն: Առաջինը իր երկիրը կրկին բերաւ միջազգային բեմի առաջատար դիրքի վրայ: Երկիրը օժտեց հոյակապ փառերգով եւ իր հեղինակութեամբ մեծապէս նպաստեց ութ տասնամեակ Մոսկուայի պատրիարքութենէն բաժնուած արտասահմանի Ռուս պրաւոսլաւ եկեղեցւոյ մայր բունին հետ վերամիաւորման:
Մենք տակաւին ոտքի կը կանգնինք, երբ հնչէ մեր օտարաստեղծ ու լալագին փառերգը... իսկ անկախութենէն 16 տարի յետոյ Հայաստանեայց եկեղեցին բաժանեալ կը մնայ, ճիշդ ջլամարտի օրերուն պէս: Մեր հայրենաբնակ «քաղաքացի» ազգակիցներուն ձգելով այդ ինը թեկնածուներուն դրականին ու ժխտականին արժեւորումը, դուրսէն դիտելով` «Պուտին-2, Քոչարեան-0»-ով մը չփակե՞նք մեր գրութիւնը:
ՍՏԵՓԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ, Մարսեյլ, «Յառաջ», 18.11.07