«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#82, 2008-05-01 | #83, 2008-05-02 | #84, 2008-05-03


ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԱԳԱՊԻ ՆԱՍԻՊԵԱՆ-ԷՔՄԵՔՃԵԱՆ, Պատմաբան-աղբյուրագետ, ՄԿՀ նախկին տնօրեն

Սբ. Յովհաննես Կարապետի տօնին առիթով, մելգոնեանցիներ, ի սփիւռս աշխարհի, սրբազան աւանդութեամբ մը, կը խոնարհին իրենց պաշտելի բարերարներունՙ Գրիգոր ու Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու յիշատակին առջեւ ու կ՛ուխտեն հաւատարիմ մնալ անոնց ոգիին ու գործին:

Այս տարի եւս, աւանդական հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր տէր Մոմիկ քահանայ Հապէշեան յաւուր պատշաճի մի քանի խօսքով վեր առաւ գործը ազգային մեծ բարերարներուն: Սովորութիւն էր անցեալին, որ Մելգոնեանի աւարտական դասարանի սան-սանուհիները հաղորդութիւն առնէին ու վերանորոգէին իրենց ուխտը Մելգոնեանի ոգիին: «Բանակը ճաշակ կ՛առնէ այս գիշեր» ըսեր էր մելգոնեանցի ընկերուհի մը մի քանի տարիներ առաջ, մէջբերելով Թէքէեանի ծանօթ տողը: Հիմա... չկան աշակերտները ու չկայ այդ աւանդութիւնը:

Հոգեհանգիստէն ետք, «Այլաճայի կիմնազիոն» ցուցատախտակին առջեւէն անցնելով կ՛ուղղուինք Մելգոնեանի հողատարածք, դէպի Բարերարներու դամբարանը, ծաղկեփունջերով: Բաւական մեծ թիւ մը մելգոնեանցիներու ու բարեկամներու եկած է հոնՙ հաւաքաբար խոնարհելու զոյգ եղբայրներու յիշատակին առջեւ:

Անձի մը յիշողութեան կորուստըՙ մահ կը նշանակէ: Կը մխիթարուիմ, որ անտարբերութեան մեր օրերունՙ տակաւին մեր հաւաքական յիշողութիւնը չէ կորսուած բոլորովին:

Լուռ է ամէն կողմ: Զոյգ շէնքերը Մելգոնեանիՙ մեծակառոյց ու վեհաշուք, անշշունջ կը նային իրենց հիմնադիրներու արձաններուն: Ոչ հայ աղջիկներու ու տղոց եռուզեռը, ոչ անոնց ուրախ կամ տխուր բացագանչութիւնն ու պռոչտուքը, ոչ ալ մայրենի անոյշ լեզուով ճվլտոցը կայ հիմա:

Խոնաւցած են շատերու աչքերը: Անսահմանօրէն տխուր ու ցաւած ըլլալու են նաեւ հոգիները բարերարներուն:

Մելգոնեանի վաստակաշատ ուսուցիչ պրն Սեպուհ Աբգարեանի առաջնորդութեամբ կ՛աշխատինք երգել Տէրունական աղօթքը, ի Վերին Երուսաղէմը եւ... Մելգոնեանի քայլերգը: Պրն. Աբգարեան կը փղձկի...

«Փառք ու պատի՜ւ յաւիտեան,

Լուսոյ անշէջ վառարանՙ

Կրթարանին Մելգոնեանՙ

Փառք ու պատի՜ւ յաւիտեան...»

Կը հեռանանք դամբանէն ծանր տրամադրութեամբ: Մի քանի հոգի կը հետեւինք պրն Աբգարեանին, որ կ՛ուղղուի դէպի ետեւի շրջաբակին արձանները: Արձաններէն ոմանք սրբապղծուած են ու փորձեր եղածՙ զանոնք մաքրելու:

Մովսէս Խորենացիի աչքերուն մէջ բիբեր շինուած ենՙ սեւով ներկուած: Կոմիտասի ձախ ականջին մէջ վարդագոյն ձիւթ մնացած է, իսկ բերանին վրայՙ ճերմակ ներկ: Զորավար Անդրանիկին աջ ականջը կարմիր ներկուած է, իսկ Թէքէեանի աջ ականջըՙ կապոյտ: Փորձեր եղած են ներկերը մաքրելու:

Գեղագէտի բծախնդրութեամբ ու հարազատ մելգոնեանցիի զգացումով ու գուրգուրանքով, պրն Աբգարեան կ՛աշխատի մաքրել ներկերն ու ձիւթը եւ դիտել կու տայ, որ նախապէս եղած սրբագրումի փորձերուն հետեւանքով Անդրանիկի եւ Թէքէեանի արձանները կորսնցուցած են իրենց համաչափութիւնը:

Ճմլուած է սիրտս: Շշմած ու անզգայացած եմ: Այլանճայի կիմնազիոնի աշակերտները ազատօրէն խաղացած են, ըստ կամս, այս արձաններուն հետ: Շա՞տ զգացական եմ: Կարելի է մտածել, թէ արձաններու սրբապղծումը պարզապէս աշակերտական չարաճճիութիւն է: Թէՙ Մելգոնեանը փոխ տրուած է Այլանճայի կիմնազիոնին միայն մի քանի տարուան համար...

Վերջը՞.. վերջը՞ սակայն...

Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս հողատարածքը: Որո՞ւն կամ ո՞ր օտարներուն ձեռքը պիտի անցնի ան: Բայց հողատարածք չէ՛ ասիկա, սովորական դաշտ կամ արտ... այլ սրբավայր... նշխա՛ր մը մեր պատմութենէն ու վկայութիւնը մեր պատմութեան:

Հո՛ս անցուցած է մաս մը իր կեանքէն բարերար Կարապետ աղա Մելգոնեան, որ մինակ մնացած շատ հայ որբերու համար եղած է «միակ հայրիկը», զոր երբեւիցէ ճանչցած են (Թ. Տէվլեթեան, Ողջոյն, Կեանք, 2007, էջ 298):

Հո՛ս, Լիմասոլի ճամբուն վրայ կը գտնուի հայ որբերուն որբ ձեռքերով տնկուած պուրակը: Հիմա, Մելգոնեանի փակումէն ի վեր, ամէն անգամ, որ անցնիմ այս տեղէն, չեմ կրնար չշշնջել...

«Մեռելներուս որպէս խաչ

ես այս ծառը տնկեցի...»

Հո՛ս մարմին առած է մեր ամէնէն վեհօրէն նպատակասլաց բարերարութիւններէն մէկը, Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնըՙ մեր ցեղասպանութեան ազնուագոյն վրէժը:

«Իմ դպրոցը պէտք է մեր վրէժը լուծէ... այդ որբ ձագուկներէն պէտք է պատրաստենք մեր նոր մեծերը» («Յուշարար», 15 մայիս, 1982, էջ 5):

Թուրքը հայութիւնը բնաջնջելու իր մտածուած ծրագիրը սկսեր էր մեր մտաւորականներուն, մեր բառ ու բանի նուիրեալներուն ոչնչացումով: 1911 հոկտեմբերին իսկ, երիտթուրքերու մէկ գաղտնի ժողովին որոշում կայացեր էր, թէ կայսրութեան փոքրամասնութիւնները կրնային «պահել իրենց կրօնքը, բայց ոչ իրենց լեզուն» (Վահագն Տատրեան, Warrant For Genocide, 1999, էջ 96): Ուրեմն, ժողովուրդ մը ոչնչացնելու ու չքացնելու հզօրագոյն միջոցը զայն զրկել էր մայրենի լեզուէն: Ցեղին բնազդական իմաստութեամբ ու հեռատեսութեամբՙ բարերար Մելգոնեան ու իր խորհրդատուները եզրակացուցեր էին, թէ գոյատեւումի ու վերապրումի հզօրագոյն երաշխիքը պիտի ըլլար, ուրեմն, հա՛յ դպրոցի մէջ պատրաստել նոր սերունդ մը, որ ըլլար տէրը մեր լեզուին ու մշակոյթին: Եթէ թշնամին փորձեր էր հայութիւնը զրկել իր մարդոյժէն, իրենց դպրոցն ալ պիտի փորձէր հայութիւնը յաւերժացնել հայ մարդոյժ պատրաստելով հայ դպրոցին մէջ:

Հո՛ս, այս հողատարածքին վրայ իրագործուած է մեր ժամանակի մեծագոյն բարերարութիւններէն մէկը, շուրջ 600,000 անգլ. հնչուն ոսկիի իշխանական նուիրատուութիւն մը, որուն շնորհիւ «Մելգոնեանը պիտի կարենար շարունակել իր գոյութիւնը անարգել»: Արդարեւ, այդ շրջանին պետական միջոցներ ունեցողներ իսկ նման գումար չէին տրամադրեր այդպիսի կրթական հաստատութիւններու (Թ. Տեվլեթեան, «Ողջոյն, կեանք», 2007, էջ 298, 299) եւ Բարերարին բացայայտ փափաքն էր, որ իր դպրոցը տեւէր «դարէ դար»:

Անգին գրութեան մը մէջ, «Յիշատակարան Մելգոնեան կրթական հաստատութիւններու անդրանիկ հիմնարկութեան», ստորագրուած Աղեքսանդրիա, 1924 յունուար 29-ին, Բարերարը ըսած է.

«Կը փափաքիմ, որ Մելգոնեան կրթական այս հաստատութիւնները տեւեն դարէ դար, եւ ըլլան լուսաւորութեան վառարաններ, տալու համար հայ ազգին, հայ հայրենիքին եւ մարդկութեան օգտակար եւ պարկեշտ նկարագրով անդամներ»:

Այս տեսիլքով է, որ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը ծնունդ առաւ հո՛ս հայութեան համար, հա՛յ ազգին զաւակներուն համար, տեւելուՙ «դարէ դար»: Քայլերգին բառերը պերճախօս են: Մելգոնեանը պիտի ըլլար անմահ լուսոյ տաճար, լուսոյ անշէջ վառարան ու պիտի ունենար փառք ու պատիւ յաւիտեան:

Արդարեւ, Մելգոնեանը եղաւ լուսոյ տաճար: Հո՛ս, գերազանցապէս հայաշունչ այս սրբավայրին մէջ ապրած, քալած, շնչած ու դասախօսած են մեր մշակոյթի ամէնէն մեծերէնՙ Օշական, Թէքէեան, անմահ Կոմիտասի տաղանդաշատ աշակերտ Կանաչեան եւ այլ նուիրեալներ... Եւ այս տաճարին մէջ ելոյթ ունեցած են Գարեգին կաթողիկոս Յովսէփեան, Արշակ Չօպանեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Վահագն Դաւթեան, Վահագն Տատրեան, Գոհար Գասպարեան, Լուսինէ Զաքարեան եւ ուրիշներ:

Հիմա, ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը այս սրբավայրին: Որո՞նց պիտի յանձնուի այս մասունքը, որ եղաւ տուն մեր որբերուն, տաճար լոյսի ու խորհրդանիշ-կոթողՙ ամրակուռ տոկունութեանը դարերէն որդեգրուած մեր ժողովուրդին, որ կրցաւ հո՛ս, բարձրագոռ հնչեցնել հայ երգն ու հայ լեզունՙ յաղթական:

Անվարան կարելի է ըսել, թէ տասնամեակներ շարունակ Մելգոնեանը պատիւով կատարեց իր ազգանուէր առաքելութիւնըՙ մարդոյժ հայթայթելով հայութեան, մասնաւորաբար արտերկրին: Միայն պզտիկ Կիպրոսի պարագայինՙ որքան կրթական մշակներ տուաւ ան մեր հայկական վարժարաններուն: Տուաւ հայ թերթի խմբագիր, բանաստեղծ-մտաւորական, գրող երաժիշտ-խմբավար ու մեր հայ նկարիչներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը: Ազատ ասպարէզներու մէջՙ Ամերիկեան NASA (National Aeronautical Space Administration) հրթիռ պատրաստող Draper ընկերութեան պատասխանատուներէն մէկը մելգոնեանցի է (Նազարէթ Պետրոսեան), Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր փոխքարտուղարը, Կիպրոսի միակ ֆինանսական թերթին երկու խմբագիրները, Dale Carnegie դասընթացներուն Կիպրոսի եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատուն եւ տակաւին շատ ուրիշներ եղած են ու ենՙ մելգոնեանցիներ:

Բայց ինչո՞ւ փակուեցաւ Մելգոնեանը: Աշակերտներու թիւի, որակի կամ պիւտճէի պատճառաբանութիւնները համոզիչ չեն թուած երբե՛ք: Ոչ ոք տակաւին հասկցած է, թէ հիմնական ի՞նչ պատճառներով գոցուեցաւ լոյսի այս տաճարը: Ու տեւապէս կը հարցուիՙ եթէ թերութիւններ կային կամ սխալներ գործուեցան, ինչո՞ւ ժամանակին չսրբագրուեցան անոնք: Անհրաժեշտ առաջնորդութիւնը ինչո՞ւ չտրուեցաւ:

Հայաստանի ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկունՙ «Ազգ»-ի աշխատակից Կարինէ Դանիէլեանի 2007 ապրիլին գրած յօդուածին նիւթը Մելգոնեանն է: Համաձայն այս գրութեան, անոնք, որոնց մերձաւորներէն ոեւէ մէկուն բախտ վիճակուեր է ուսանիլ այս կրթարանին մէջ, միայն երախտագիտութեամբ ու ծայր աստիճանի ափսոսանքով կու տան անոր անունը, թէ ինչո՞ւ փակուեցաւ համբաւաւոր վարժարանը: Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Գարոլին Ասլանեանի եւ կրթական տնօրէն Արթուն Համալեանի հետ իր տեսակցութիւնները հիմ ընդունելով, յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ Երեւանի Նոր Նորք շրջանին մէջ ձեռք ձգուած հողամասին վրայ զետեղուելիք համալիրինՙ որպէս արդարացում Կիպրոսի Մելգոնեանի փակման: Գ. Ասլանեան փակումին իբրեւ պատճառ յիշած է այն հանգամանքը, թէ «Հ. Բ. Ը. Մ.-ի կատարած ծախսերը չեն արդարացուել ո՛չ ուսման արդիւնաւէտութեամբ, ո՛չ աշակերտների քանակով»: Իսկ Արթուն Համալեանի բացատրութեամբ նոր համալիրը պիտի ըլլայ սփիւռքի ուսանողներուն համար, որոնք բարձրագոյն մակարդակով «1 կամ 2 դասանիւթի» հետեւելով պիտի կարենան Հայաստանի համապատասխան համալսարաններուն մէջ ուսանիլ: «Մեր նպատակն է ստեղծել մի համալիր, ուր կու գան բազմաթիւ ուսանողներ սփիւռքից» եւ շփում կ՛ունենան հայրենիքի եւ սփիւռքի տարբեր շրջաններու ուսանողներուն հետ:

Հետաքրքրական է յօդուածագիրին եզրակացութիւնը. թէՙ շփումի իրողութիւնը նոյնն էր Կիպրոսի Մելգոնեանի մէջ եւ թէ բնաւ ալ «պէտք չէ հին հեծանիւը ջարդել», նմանը շինելու համար, թէՙ Հայաստանի մէջ արդէն կան շուրջ 1400 դպրոցներ եւ թէ Բարեգործականը կրնար ասոնցմէ մէկը կամ միւսը «որդեգրել» («Ազգ», 7 Ապրիլ, 2007):

Դիպուկ յօդուած մը արդարեւ, որուն տուեալները, սակայն, շատ ճիշդ չեն: Հայաստանի մէջ բացուելիք համալիրը չի կրնար համարժէք դառնալ Մելգոնեանին: Բայց կայ նաեւ ուրիշ հիմնական պարագայ մը:

1915-ին արեւմտահայութիւնն է, որ հայրենազրկուեցաւ, հետեւաբար սփի՛ւռքն է, բարոյապէս, ժառանգորդը Արեւմտահայաստանին եւ սփիւ՛ռքն է, որ առաւելաբար տէր պէտք է կանգնի եղերաբար ինկած մեր նահատակներու լեզուին, մշակոյթին եւ ազգային իտէալներուն:

Իսկ արեւմտահայերէնը հարստութիւն մըն է, որ պէտք չէ անտեսուի կամ լքուի: Յանձնառու բանաստեղծ մտաւորական Սիլվա Կապուտիկեան «անփոխարինելի գանձարան» կը նկատէ գրաբարը ու կ՛աւելցնէ թէ «ոչ պակաս հարստութիւն է նաեւ արեւմտահայերէնը» («Լեզուն մեր հոգեւոր հարստութիւնն է», «Ծաղիկ», 25 հոկտեմբեր, 2007, էջ 6):

Ո՞վ պիտի պահպանէ արեւմտահայերէնը եթէ ոչ մեր սփիւռքահայ երկրորդական վարժարաններուն մէջ պատրաստուած սերունդը:

Եւրոպայի Խորհուրդի նախարարներուն յանձնախումբն ալ 27 սեպտեմբեր 2006-ին որդեգրեց շրջանային կամ փոքրամասնական լեզուներու եւրոպական հիմնաթուղթին (European Charter) գործադրութեան որոշումը Կիպրոսի մէջ եւ յատկապէս յանձնարարեց «միջոցներ ձեռք առնել ապահովելու հայերէն լեզուով եւ հայերէնի ուսուցումը երկրորդական ուսման մակարդակով»:

Յստակ է, որ մարդկային իրաւունքներուն մտահոգութեամբ այս յանձնարարութիւնն ալ անհրաժեշտ կը դարձնէ Մելգոնեանի դերակատարումը Կիպրոսի մէջ, եթէ հայերէնը պիտի չվտանգուի Կղզիին մէջ մասնաւորաբար, եւ Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի մէջՙ ընդհանրապէս:

Բայց կայ նաեւ շատ լուրջ ուրիշ պատճառ մը, որ Մելգոնեանը մնայ Կիպրոսի մէջ: Ամէն տեղ ալ մայրենի լեզուները նահանջ կ՛արձանագրին համաշխարհայնացումի համահարթեցնող մամլիչին ներքեւ: Ու թէեւ բացայայտ անտարբերութիւն կայ նաեւ սփիւռքի մեր մայրենի լեզուին նկատմամբ, շատ մտաւորականներու կարծիքն է, որ մեր հայրենիքին մէջ հայերէնի նահանջը հասած է լուրջ համեմատութիւններու ներկայիս, թէՙ հայ լեզուն վերածուած է «...նոր բաբելոնականութեան մը, բարբառայինի եւ ռուսականի կողքին, արեւմտեան բառապաշարի ներխուժումով» (Պ. Աղպաշեան, «2007-ըՙ Հայ լեզուի տարի», «Հասկ», նոյեմբեր 2007, էջ 934):

Կիպրոսի մէջ վերակազմակերպուած Մելգոնեանը կրնայ եւ կրցեր է լրացնել հայութեան մարդոյժի պակասը: Որքա՜ն պէտք ունինք հայ ուսուցիչներու, խմբագիրներու, ազգային գործիչներու, որոնք լեցուած ըլլան մեր լեզուին ու մշակոյթին սիրով, իմացութեամբ ու պաշտամունքով: Նաեւ ըլլան լաւատեղեակՙ տեղական լեզուներուն ու պայմաններուն: Մելգոնեան Բարերարներու հոգիները պիտի չխայտայի՞ն, եթէ այս օրերուն հայ պատանիները գային հոսՙ Մելգոնեան, դժուարութեանց մէջ տւայտող Միջին Արեւելքի երկիրներէն ու մանաւանդ Իրաքէն: Օտար բանակներու ներխուժումէն ի վեր այդ երկրէն շուրջ 3000 հայեր արտագաղթած են: Եղած են նաեւ տասնեակներով մահեր ու գերի բռնուողներ (Center for Armenian Information & Advice, Armenian Voice, London, թիւ 52, էջ 6):

Սփիւռքը որեւէ ատենէ աւելի այսօր պէտք ունի Մելգոնեանին: Այնքան տկարացած է մեր հետաքրքրութիւնը մեր լեզուին, մշակոյթին ու մեր ազգային արժէքներուն նկատմամբ եւ այնքան աղօտած ու խաթարուածՙ մեր ինքնութիւնը, որ եթէ որեւէ միութիւն կամ ոեւէ ղեկավար պիտի մեծապէս գնահատէ հայօրէն ապրող հայ մարդոյժ պատրաստելու առաքելութիւնը, իրագործած պիտի ըլլայ մեծագոյն բարերարութիւնը մեր ժողովուրդին համար: Մենք պէտք ունինք այսօր ոչ թէ մէկ Մելգոնեանի, այլ Մելգոնեանի նման մի քանի գիշերօթիկ երկրորդական վարժարաններուՙ հայեցի համապարփակ կրթութեան մը համար: Որովհետեւ, երկրորդական վարժարանի տարիներուն է, որ պատանին կը կազմաւորուի ֆիզիքապէս, միտքով ու հոգիովը հո՛ս, երկրորդական վարժարանին մէջ է, որ պիտի ալեկոծուի ան, որ հոգին ընթերցումովը Րաֆֆիի վէպերուն, պիտի զմայլի Միսաք Մեծարենցի աննման բարութեան, պիտի վերանայ Թէքէեանի «Աղօթք վաղուան սեմին առջեւ» համամարդկային ոգիով գրուած քերթուածով ու փոթորկի Չարենցի մրրկաշունչ տողերով: Հո՛ս, երկրորդական վարժարանին մէջ է, որ պատանին պիտի ունենայ մեր տոհմիկ արժէքներէն այնպիսի անջնջելի զգացողութիւններ ու տպաւորութիւններ, որոնք պիտի ընկերանան իրենՙ կեանքի ամբողջ տեւողութեան: Ո՛չ նախակրթարանը, ո՛չ համալսարանը եւ ոչ ալ հետազօտական կեդրոնը կուգան երբեւիցէ փոխարինել հայաշունչ, հայրենաշունչ ու իր մշակութային գործունէութիւններով եռուն հայ տոհմիկ երկրորդական վարժարանի վաղուան հայ ուսուցիչը, որ իր կարգին կարենայ յետագային հայ արժէքներով բոցավառել հայ պատանիին սիրտն ու միտքը:

Մելգոնեան Բարերարներու օրուան առիթով աղօթքի ջերմեռանդութեամբ կը մաղթեմ, որ Կիպրոսի մէջ վերաբացուի Մելգոնեանը վերակազմակերպուածՙ գալիք սերունդներու հայ աղջիկներուն ու հայ տղոց համար: Մինչ այդ չեմ կրնար չշշնջելՙ

«Մեռելներուս որպէս խաչՙ

Ես այս ծառը տնկեցի...»

Լիմասոլ, Կիպրոս


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4