«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#98, 2008-05-23 | #99, 2008-05-24 | #100, 2008-05-27


ՏԱԳՆԱՊԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՎՈՅ ՄԷՋ

Հայաստանեայց եկեղեցւոյ տագնապը շուրջ յիսուն տարուան անցեալ եւ խորութիւն ունի: Բացուած վէրքը երբ կարելի չեղաւ դարմանել ատենին, ան հետզհետէ խորացաւ եւ վերածուեցաւ խլիրդի: Այսօր զայն բուժելու մասին խօսք իսկ չկայ, եղածը կատարուած իրողութիւն նկատելով:

Բայց շարունակելէ առաջ հարկ է պատմական հակիրճ ակնարկ մը նետել մօտիկ անցեալին վրայ: Սիսէն Անթիլիաս փոխադրուած աքսորական Կիլիկեան աթոռին գործունէութեան տարածք տրուեցան Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Կիպրոսի թեմերը, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան եւ Երուսաղէմի ու Պոլսոյ պատրիարքութեանց համամտութեամբ, ի հոգեւորս ենթակայ մնալով Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնին: ՀԲԸՄիութեան, Կիւլպենկեան հաստատութեան եւ այլ նուիրատուութիւններով հիմնուեցաւ դպրեվանք ու տպարան, ուրկէ լոյս տեսան «Հասկ» պաշտօնաթերթն ու կրօնական բնոյթի բազմաթիւ գիրքեր: Մինչեւ երանաշնորհ Գարեգին Ա Յովսէփեանցի գահակալութիւնը Անթիլիասի կաթողիկոսութիւնը դարձաւ լոյսի ու յոյսի փարոս մը աքսորէն ու Մեծ եղեռնէն վերապրած Մերձաւոր Արեւելքի նորահաստատ հայ գաղութներուն համար, համերաշխ գործակցութեամբը եւ օրհնութեամբը Մայր աթոռին:

Բայց Համաշխարհային Բ. պատերազմէն յետոյ այդ համերաշխ կացութեան մէջ փոփոխութիւն մը յառաջ եկաւ, Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութիւն մը սկսաւ, որ հետզհետէ սրելով թշնամանքի եւ փոխադարձ սպառնալիքներու աստիճանին հասաւ: Արեւելք ըսելով պէտք է հասկնալ մասնաւորաբար Սովետական Միութիւնն ու իր արբանեակ պետութիւնները, որոնց մէջ անշուշտ Հայաստանն ալ կար: Արեւմուտքը խոր մտահոգութեամբ կը տեսնէր համայնավար յեղափոխութեան համաշխարհային ծաւալումը եւ զայն վտանգաւոր նկատելով իր ընկերային, տնտեսական դրամատիրական վարչաձեւինՙ սուր պայքար ձեռնարկեց անոր դէմ: Հակահամայնավար այս վայրագ պայքարին ալիքները հասան նաեւ հայ իրականութեան եւ սփիւռքահայութիւնը երկփեղկուեցաւ հայաստանեան եւ հակահայաստանեան ճակատներու: Ռամկավար, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, Հնչակեան եւ Համայնավար հոսանքները կազմեցին «հայաստանեան ճակատը», իսկ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ու իր արբանեակներըՙ «հակահայաստանեան ճակատը»:

ՌԱԿ եւ ՀԲԸ Միութիւն Հայաստանի հանդէպ իրենց դրական կեցուածքը կարդարացնէին Խորհրդային Հայաստանին միակը եւ միակ կարելին ըլլալուն իրականութեամբ, իրենց պրօ-հայաստանեան արտայայտութեանց ու գործունէութեան միշտ կցելով «թէեւ չենք բաժներ հոն տիրող վարդապետութիւնը», կամ «վարչաձեւէն անկախաբար» բանաձեւումները, որոնք անշուշտ ճշմարտութեան ալ կը համապատասխանէին, մինչ Դաշնակցութիւնը, սոցիալիստական նման վարդապետութեան մը հետեւելով թէեւ մօտ էր համայնավար գաղափարաբանութեան, բայց Արեւմուտքի նիւթական, բարոյական ու քաղաքական քաջալերանքով կը գլխաւորէր հակահայաստանեան ճակատը: ՀՅԴ մտահան չէր կրնար ընել նաեւ իր երազը, որ համայնավար ռեժիմին տապալումով ճամբայ կրնար հարթուիլ իր տիրապետութեան: Այս կացութիւնը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ պատճառ եղաւ եղբայրասպան կռիւներու եւ Անթիլիասի կաթողիկոսութիւնը մղեց Ս. Էջմիածնայ Մայր աթոռին դէմ ըմբոստ դիրքի: Այնուհետեւ ՀՅԴ ձեռնամուխ եղաւ Անթիլիասի կաթողիկոսութիւնը ձեռք ձգելու պայքարի մը, որ հասաւ ծայրայեղ հանգրուաններու եւ եղբայրասպան կռիւներու եւ վերջապէս, միշտ ամերիկեան քաջալերանքով եւ նախագահ Շամունի ու Լիբանանի ոստիկանութեան բռնի միջամտութիւններով Անթիլիասը ենթարկուեցաւ ՀՅԴ-ին, վերածուելով քաղաքական նպատակներու ծառայող կրօնական հաստատութեան մը: Այնուհետեւ Անթիլիաս ձեռնարկեց քաղաքական ծաւալման արշաւի մը, Սփիւռքի տարածքին հիմնելով եկեղեցական մրցակից կամ հակաթոռ թեմեր, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող Էջմիածնայ Մայր աթոռին կողմէ հիմնուած թեմերուն: Այսպէսով պառակտումը ստացաւ աւելի մեծ ծաւալ ու սուր բնոյթՙ Անթիլիասէն տարածուելով սփիւռքահայ գրեթէ բոլոր համայնքներէն ներս: Արդարացման փորձը որքան պարզ թուացող, նոյնքան ալ չարամիտ էր, պատճառաբանելով, որ Մերձաւոր Արեւելքի հայ ժողովուրդն է, որ տարածուած է դէպի Արեւմուտք, հետեւաբար Անթիլիասի կաթողիկոսութեան պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ իր հօտին: Կարծես թէ այդ ժողովուրդը անթիլիասական հպատակութիւն ունէր եւ անտեսելով այն իրականութիւնը, որ անոնք արդէն Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան թեմեր էին, ու խախտելով նաեւ այն համաձայնութիւնը, որով Անթիլիասի եկեղեցական իշխանութեան տարածքը ճշդուած էրՙ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Կիպրոսի վրայ: Հապա Իրանի հայ համայնքնե՞րը. անո՞նք ալ Անթիլիասի պատկանող նախկին թեմեր էին: Անուրանալի իրականութիւնը այն է, որ իրանահայութիւնը ոչ մէկ կապ ունեցած է Անթիլիասի հետ: Անթիլիասի (իմաՙ ՀՅԴ) ծաւալապաշտական արշաւին սուտ ու պատիր պատճառաբանութիւնը, Իրանի օրինակով, փուլ կու գայՙ անգամ մը եւս փաստելու համար, որ ուրիշ էին շարժառիթները, քաղաքական հեռաւոր նպատակները, որոնք կը ձգտէին սփիւռքահայութիւնը լծել ամերիկեան հակահամայնավար պայքարի կառքին, առանց նկատի առնելու այն իրականութիւնը, որ Հայաստան կը գտնուէր համայնավար վարչակարգի տակ, հետեւաբար, հայկական շահերու հակառակ էր այդ պայքարին Սփիւռքի լծուիլը: Ահաւասիկ թէ ո՛ւր հասաւ եկեղեցական տագնապին խորքը կազմող քաղաքական պայքարը, անգամ մը եւս փաստելով, որ սխալ ղեկավարութիւն մը կրնայ ափսոսալի կացութիւններու առաջնորդել հաւաքականութիւն մը, կամ ազգ մը ամբողջ: Վաղուց ի վեր Ս. Միութիւն գոյութիւն չունի եւ անոր հետ Հայաստանի համայնավար վարչաձեւն ալ պատմութեան անցած է, բայց եկեղեցական երկփեղկուած վիճակը կը շարունակուի:

Եթէ Հայաստանի համայնավար վարչաձեւն էր եւ Մայր աթոռին ալ նոյն վարչաձեւին տակ գտնուիլն էր պառակտումին «արդարացում»ը, երկար ժամանակէ ի վեր փոխուած է կացութիւնը Հայաստանի եւ Ս. Էջմիածնայ մէջ: Ժամանակը չէ՞, որ Անթիլիաս ալ փոխէ իր ընթացքը գործնականօրէն ճանչնալու համար Մայր աթոռին վերին իշխանութիւնըՙ վերջ տալով հայ եկեղեցւոյ պառակտումին:

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ, Մոնրէալ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4