ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Վեցամսյա վայրիվերումներից ու վերջին արյունահեղությունից հետո Լիբանանը վերջապես ունեցավ նախագահ, շուտով կնշանակվի նաեւ ազգային միության կառավարություն, ու երկիրը, թերեւս, վերադառնա կայունության ուղի: Գոնե հարաբերական կայունություն, քանզի այդ փոքրիկ երկիրը (ընդամենը 10000 քառ. կմ տարածություն եւ շուրջ 4 մլն բնակչություն) հազիվ թե բնականոն ու խաղաղ զարգացման ուղի վերադառնա այնքան ժամանակ, քանի դեռ չի հանգուցալուծվել արաբաիսրայելյան թնջուկը: Համայնքային ղեկավարման իր դրությամբ, հետեւաբար, կենտրոնական պետական իշխանության իր թուլությամբ Լիբանանը 5 տասնամյակ արդեն ենթակա է պատերազմիկ հարեւանների եւ տարածաշրջանային ու միջազգային մրցակից ուժերի խարդավանքներին, նրանց արյունոտ պայքարներին: Բնականաբար, դրանց ցավագին հետեւանքները կրում է նաեւ մեր երբեմնի հզոր գաղութը, որը փորձում է, ինչպես լիբանանցի կենսասեր ու հնարամիտ ողջ ժողովուրդը, գոյատեւել, դիմանալ, նորից լցվել հույսով:
Վերջին 10-15 օրվա վայրիվերումների եւ դրանց հանգուցալուծման մասին մեր խնդրանքով եւ մեր թերթի համար վերլուծական ակնարկ է ստորագրել ՀՅԴ Բեյրութի պաշտոնաթերթ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Շահան Գանտահարյանը, հակիրճ ներկայացնելով նաեւ լիբանանահայ քաղաքական կուսակցությունների համակարգված դիրքորոշումը երկրի կացության նկատմամբ:
Խմբ.
Նախորդ շաբթուան ընթացքին Լիբանանի տարածքին արձանագրուած ապահովական դէպքերը եւ առ այսօր հնչող քաղաքական գնահատականները, մեկնաբանութիւնները կարելի է դիտարկել որոշ հայեցակէտերէ մեկնած եւ յանգիլ եթէ ոչ ուղղակի եզրակացութիւններու, այլ գոնէ ընդհանուր ուրուագիծերու:
Մայիս 6-ին յայտարարուած Լիբանանի աշխատաւորական համադաշնակցութեան գործադուլը կտրուկ անցում կատարեց ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումի: Այնուհետեւ համարեա՛ անդամալուծուեցաւ երկիրը: Միջադէպերը, կառավարամէտ եւ ընդդիմադիր ուժերու միջեւ ընդհարումները Բէյրութի արեւմտեան թաղամասերէն արագօրէն տեղափոխուեցան դէպի հիւսիսային Լիբանան, Բէքաայի շրջան եւ Լեռնալիբանան: Պէտք է ըսել, որ ընդդիմութիւնը շատ արագ տիրապետեց կացութեան յատկապէս Բէյրութի արեւմտեան թաղամասերուն եւ Լեռնալիբանանի որոշ շրջաններու մէջ: Ընդդիմութիւն ըսելով, բնականաբար, նախ պէտք է հասկնալ «Հըզբոլլահ» կազմակերպութիւնը, ապա Ղովմի, Բաաս կուսակցութիւնները, Դուրզի ղեկավարներՙ Թալալ Արսլանի եւ Ուիհըմ Ուահաբի ղեկավարած կուսակցութիւնները: Մինչ կառավարամէտ ուժեր հասկացողութիւնը կը ներառէ նախ Սաադ Հարիրիի գլխաւորած «Մոսթաքպալ» հոսանքը եւ Ուալիդ Ջոմբլաթի ղեկավարած ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութիւնը: Յատկանշական է, որ որքան արագ եղաւ «Հըզբոլլահի» տիրապետումը, այնքան արագ եղաւ նաեւ կառավարամէտ ուժերու գրասենեակներու եւ կեդրոններու յանձնումը բանակին:
Արդիւնքը եղաւ այն, որ բանակը այս բոլորին առընթեր տեղաբաշխեց իր ստորաբաժանումները Բէյրութի, հիւսիսային Լիբանանի եւ Լեռնալիբանանի մէջ: Պէտք է յատուկ նշել, որ բանակը որդեգրած էր ծայրայեղ զգուշաւորութիւնՙ չներքաշուելու ընդհարումներուն: Պէտք չէ մոռնալ, որ բանակը եւս բաղկացած է բոլոր համայնքներէն, հետեւաբար տակաւ միջհամայնքային բախումներու վերածուող միջադէպերուն ներքաշուիլը կրնար շատ վտանգաւոր կացութիւններու յանգիլ:
Ի՞նչ էին «Հըզբոլլահի» պահանջները կամ աւելի ճիշտՙ ի՞նչ էին այն պատճառները, որոնք Աշխատաւորական համադաշնակցութեան գործադուլը վերածեցին քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումի: Կառավարութիւնը որոշած էր պաշտօնանկ ընել Բէյրութի օդակայանի անվտանգութեան պետը եւ վերացնել «Հըզբոլլահի» վերահսկողութիւնըՙ հաղորդակցութեան յատուկ համակարգէն:
«Հըզբոլլահի» առաջնորդ սէյիդ Հասան Նասրալլան կը պահանջէր կառավարութենէն յետս կոչել իր երկու որոշումները, որպէսզի վերջ դրուէր քաղաքացիական անհնազանդութեան:
Ոչ պաշտօնական, լռելեայն հասկացողութեամբ քրիոստոնեայ կառավարամէտ եւ ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ կար հասկացողութիւնՙ չներքաշուելու միջքաղաքացիական բախումներու: Սա, յայտնապէս նաեւ նպատակ չէր առհասարակ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն ուժերուն համար: Այլապէս, ապահովական ճգնաժամերու պարագային կը թուի որ աւելի հեշտ էր որեւէ շրջան բռնկեցնելը: Այդպէս ալ եղաւ. եղան նոյնիսկ մամուլի հրապարակումներ, որոնք կը խօսէին քուլիսներու ետին տարբեր ճամբարներու մէջ գործող քրիստոնեայ ղեկավարներու ներկայացուցիչներու միջեւ յաճախակի հանդիպումներու եւ խորհրդակցութիւններու մասին:
Հայկական գործօնի պարագային ներհամայնքային պառակտումի կամ հակադրութեան որեւէ հաւանական ենթադրութեան կանխարգիլումը եղաւ շատ արագ: Մայիս 9-ին հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները համատեղ նիստ գումարեցին ՀՅԴաշնակցութեան կեդրոնին մէջ եւ յատուկ յայտարարութեամբ հանդէս եկան, ուր կը մերժուէր բախումը եւ կ՛առաջադրուէր քաղաքական երկխօսութիւնը իբրեւ հարցերու լուծման միակ միջոց: Այս վարքագիծը լիբանանահայութեան որդեգրած աւանդական ուղեգիծին վերարտադրութիւնն էր, որուն հրապարակումը թէ՛ ըստ ձեւի, թէ՛ ըստ ժամանակի եւ թէ՛ ըստ բովանդակութեան, նախ պատգամ էր լիբանանեան բոլոր կողմերուն անխտիր եւ ապաՙ հանգստացնող գործօն էր լիբանանահայութեան համար: Համոզելով բոլորը, որ անկախՙ լիբանանեան քաղաքականութեան մէջ տարբեր հայեացքներ ունենալէ, լիբանանահայութեան ազգային-քաղաքական ղեկավարութիւնը կը գերադասէ համայնքային շահերը եւ միջհամայնքային համակեցութիւնը երկրին մէջ: Գիտէ արագօրէն համախմբուիլ եւ գործնապէս փաստել միասնական մնալու կեցուածքը յատկապէս ճգնաժամային պահերու:
Դիպաշարը այնուհետեւ ծանօթ է հետեւողներուն: Արաբական միջնորդական առաքելութեան այցելութիւնը Լիբանան մեկնարկն էր այս հանգրուանի հանգուցալուծումին: Կառավարութիւնը յատուկ նիստով չեղեալ կը համարէր խնդրայարոյց երկու որոշումները, որուն դիմաց կը վերանային քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումին դրսեւորումները: Մինչ այդ, ընդառաջելով բանակի կոչին, ընդդիմութիւնը հետզհետէ վերջ տուած էր զինեալ երեւոյթներուն: Մինչեւ արաբական միջնորդական առաքելութեան իրականացումը եւ որոշումներու յետո կոչման աքթը, կառավարութիւնը միջանկեալ քայլ առած էր խնդրայարոյց հարցերու կարգաւորումը բանակին յանձնելու մասին հաղորդագրութեան հրապարակումով:
Քաթարի վարչապետին գլխաւորած միջնորդական յանձնախումբի բանակցային աշխատանքները կ՛արդիւնաւորուէին: Լիբանանեան կողմերը կը համաձայնէին քաղաքական երկխօսութեան սեղանին շուրջ համախմբուելուՙ այս անգամ Արաբական լիգան նախագահող երկրի մայրաքաղաքին մէջ: Փաստօրէն կը ստացուէր այնպէս, որ լիբանանահայ ազգային-քաղաքական մտածողութեան ներկայացուցչութեան պահանջը, վարքագիծն ու աւանդական ուղեգիծըՙ հարցերուն բացառապէս քաղաքական երկխօսութեամբ լուծում բերելու իբրեւ անշրջանցելի հրամայական, շօշափելի կը դառնար գէթ այս հանգրուանին:
Այս առումով նախատեսելի էր, որ Դոհայի միջլիբանանեան երկխօսութիւնը պիտի յաջողի սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացնել հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, ազգային միութեան կառավարութեան եւ ընտրական նոր օրինագիծի մշակման որոշումներուն շուրջ, եթէ անշուշտ խանգարիչ հիմնական գործօններ չարգելակեն սկսուած գործընթացը:
Դժուար հանգրուաններ թեւակոխելէ ետք Դոհայի բանակցութիւնները յանգեցան հիմնական հետեւեալ սկզբունքային համաձայնութեան.
ա.-Հանրապետութեան նախագահի համախոհական թեկնածուի ընտրութիւն.
բ.- Ազգային միութեան կառավարութեան կազմութիւն.
գ.- Ընտրական նոր օրէնք:
Հայկական առումով ընտրական նոր օրէնքը կը ստեղծէ հնարաւորութիւնը ընդհանրապէս լիբանանեան համայնքներու իրողական ներկայացուցչութիւններու խորհրդարան մուտքին: Այս հանգրուանին ակնկալելի է նաեւ, որ նորակազմելի կառավարութեան մէջ յարգուի հայ համայնքին վերապահուած նախարարական աթոռներու չափաբաժինը:
Պարզ է, որ լիբանանեան թղթածրարը միջազգայնացած է բոլոր ժամանակներէն աւելի: Թէեւ Միացեալ Նահանգները յատկապէս եւ նուազ տարողութեամբՙ միջազգային ընտանիքը ցուցականօրէն անտեսեցին ներկայ հանգրուանը: Լիբանանի նկատմամբ երբեմնի եւ յաճախակի դիւանագիտական եւ առհասարակ քաղաքական աշխուժութիւնը բացայայտ բացակայութիւն արձանագրեց: Քաղաքական այս վարքագիծին հետեւեցան նաեւ միջազգային լրատուամիջոցները, որոնց ներկայի լուսաբանումները մեծապէս կը զիջէին ապահովական թէ քաղաքական մակարդակներու վրայ նուազ ցնցիչ պատահարներու ատեն Մայրիներու երկրին վրայ անոնց բացած լուսարձակներու տարողութեան: Առանձնապէս պէտք է նշել թրքական դիւանագիտութեան աշխուժացումը տարածաշրջանային առումով հարցերու լուծման մէջ: Չմոռնանք, որ Թուրքիան ինքնառաջադրուեր էր մաս կազմելու հարաւային Լիբանան տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելու: Վերջին շրջանին մենք ականատես եղած էինք Թուրքիոյ վարչապետին եւ արտգործ նախարարին ընդհանրապէս շրջան եւ Լիբանան կատարուած այցելութիւններուն: Թաքուն չէ նաեւ Թուրքիոյ կատարած միջնորդութիւնը Սուրիա-Իսրայէլ մերձեցման մէջ: Եւ ամէնէն յատկանշականըՙ լիբանանեան հանգուցալուծումին առնչուած պետութիւններու ներկայացուցիչները բոլորը չէին, որ Թուրքիոյ նման վարչապետի մակարդակով կը մասնակցէին նորընտիր նախագահ Միշէլ Սուլէյմանի պաշտօնամուտի արարողութեան:
Իրատեսական կանխատեսումներ կատարելը դէպքերու յետագայ ընթացքին մասին դժուար է: Փաստը կը մնայ փաստ, որ միջլիբանանեան համատարած համաձայնութիւն կայացած է առկա հարցերուն քաղաքական լուծում տալու: Երեւոյթները մտածել կու տան, թէ անհամաձայնութիւն, քաոսային իրավիճակի վերադարձ կամ միջքաղաքացիական ընդհարումներու կրկնութիւնը այսուհետեւ թելադրուած պիտի ըլլան արտաքին ազդակներէ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան բաժանմունքին կողմէ թէ՛ փախստականներու կամ միգրացիայի վարչութենէն հնչած յայտարարութիւնները կը նախանշեն, թէ՛ հայրենի պետութիւնը անտարբեր չէ Սփիւռքի կարեւոր այս գաղութի ճակատագրովՙ թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ գործնապէս: Ինչ որ, ահաւասիկ երկրորդ անգամ ըլլալով կը ցուցաբերուի հայրենի պետութեան կողմէՙ ճգնաժամային պայմաններու մէջ ապրող գաղութին համար: Նման պայմաններու յառաջացման պարագային, բարոյական այս պատասխանատուութիւնը մօտ ապագային պիտի դառնայ նաեւ իրաւական պատասխանատուութիւն, պարզ այն նախատեսութեամբ, որ մեր պետութիւնը, ինչպէս այլ գաղութներու մէջ, երկքաղաքացիութեան օրէնքի կիրարկումով շուտով Լիբանանի մէջ պիտի ունենայ Հայաստանի քաղաքացիներու նկատելի քանակ մը:
Բէյրութ