Այսօր Նիկոսիայի Ս. Աստվածածին եկեղեցում կկատարվի միջազգային հայտնի լրագրող, մեր թերթի բարեկամ եւ հատուկ թղթակից Ջորջ Տեր-Բարթողի վերջին հրաժեշտի արարողությունը: Հանգուցյալ լրագրողի երկար տարիների բարեկամ, ներկայիս Գյումրիի «Գոհար» երգչախմբի եւ համանուն երաժշտանոցի գեղարվեստական ղեկավար Սեպուհ Աբգարյանի հրաժեշտի հետեւյալ տողերը հեռակա մասնակցություն են այդ հուզիչ արարողությանը:
Ասկէ մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ, Կիպրոսէն հայրենիք վերադառնալու նախօրեակիս, հիւանդանոցէդ, ուր չորս օրուան բժշկական նախաքննութեանց համար տարեր էին քեզՙ հեռաձայնեցիր ինծի, եւ ձայնդ հին օրերու քնքշութեամբ ու անկեղծութեամբ կը հնչէր, սակայն այս անգամ այնքան հեռուէն արձագանքող, հատնելով ալ կուգար, իր հին տեղը կ՛ուզէր գրաւել... Այն տեղըՙ որ քու կայտառ ու կատակներով համեմուած էր: Սակայն, նախկինը չէր: Բան մը կոտրած էր: Բացայայտ էր կենսախինդ ճիգդ մոռնալու համար այն խոր, սակայն նոյն ատեն անորոշ ցաւդ, որ վերջերս քեզ կը տանջէր, կը տառապեցնէր: Մեր «երեքներու ժողովը» այս անգամ անկատար մնաց ապառողջութեանդ պատճառով: Քեզ ջանացի հանգստացնել պայծառ օրերու լուսապատկերով: Տէտիկն ալ կեանքին լեղի հունձքը կը հանդուրժէրՙ այս հանգրուանին, դժկամօրէն տարուող համեմատութեամբ: Տկար ձայնովդ կը նկարագրէիր բուժարանի քու առօրեադ: Կ՛ըսէիր թէ չորս օրեր վերջ պիտի վերադառնայիր պապենական տունդ, ապաքինմանդ նուիրուած հանգիստիդ պահերը վայլելու սիրեցեալ կէսիդՙ Լանայի խնամքին անձնատուր: Ձայնդ հետզհետէ կը դանդաղէր եւ կը հեռանար... Անյապաղ միջամտեցի եւ խնդրեցի, որ պատումդ դադրեցնէիր եւ հանգիստդ, որ էական միակ բալասանն էր կեանքիդ փրկութեանՙ շարունակէիր, խոստանալով, որ հայրենիք հասնելուս, տանդ հեռաձայնին քեզ կը կանչեմ: Ամենայն բարի եւ մանաւանդ ապաքինման մաղթանքներովս հրաժեշտ առինք... Երբ հեռուէն բարի ճանապարհի խօսքովդ դադրեցաւ մեր խօսակցութիւնը, որ մեր կեանքերուն վերջինը պիտի մնար եւ պիտի ըլլար քեզի վերադարձող, յաւիտենական կեանքիդ որպէս բարի երթը:
Հայրենիք հասնելուս, առաջին պարտականութիւնս եղաւ տունդ հեռաձայնել: Սակայն, երկարատեւ զանգերը խորհրդաւոր լռութիւն մը կը պահէին... Այսօր, 4 յունիսին, Տէտիկը, անսպասելիօրէն հեռաձայնեց եւ «սիրտս ու հոգիս մահուանդ գոյժով փլատակի մը վերածեց», անգին բարեկամս: Անսպասելի էր: Չէի կրար գուշակել տարողութիւնը ապառողջութեանդ, որ արագացուցեր էր մեկնումդ մեր կեանքին: Միջազգային մամուլի արդարախօսը, տառապող ժողովուրդներու բարօրութեան ջատագովը, իր կեանքը վտանգներու ենթարկող համեստ հերոսը, մանուկ հոգիդ պահպանածՙ բարեկամներուդ եւ այլոց բարեգործ ձեռք մեկնող ազնուական տիպարդ իր պարտաւորութիւնները ուրիշներու փոխանցած կը մեկնի: Մեր ծննդավայրըՙ Կիպրոսն ու յոյն եղբայրները կը կորսնցնեն իրենց միասնական դատին սատար կանգնող «Cyprus Weekly»-ի վաստակաշատ խմբագրապետը: Կիպրահայութիւնը թերթիդ էջերէն կ՛իմանար Հայ դատին, հայրենիքի փառքին ու շատ յաճախ տխուր կացութեան, ի վերայ այս բոլորին ու իրականութեան հոն արարուող մշակութային վերելքի խապրիկներուն լոյսը սփռող լրատուն ոչ եւս էր: Մելգոնեան անմահ բարերարներու հիմնած կրթական հաստատութիւնըՙ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան իրենց վրէժը լուծելու սահմանուած լուսոյ տաճարը իր անխոնջ ու նուիրեալ մարտիկը կորսնցուց, նկատի ունենալով տարիներու վրայ տարածուող քու հասարակական գործունէութիւնդ որպէս հոգաբարձու, անխօս մնալով անոր վերջին տասնամեակի ընթացքին գործադրուած նպատակադրեալ անյայտացումի խլրդային իրադրոյթով: Գիտեմ, որ տխուր եւ օտարազգի իրականութիւններ պիտի չուզէիր լսել այս հանգրուանին, ուստի դառնամ լոյսին... Ինչ մեծ հրճուանքով կը յիշեմ հայրենի մամլոյ ընկերութեան, Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի համերգային սրահին մէջ քեզի շնորհուած մեծագոյն պարգեւիդ օրը, որպէս վաստակաշատ անդամը Միջազգային լրատուական ընկերութեան: Եւ այն երջանկութիւնը, որ տիկնոջդՙ Լանային հետ մեզ բոլորս մասնակից ըրիր: Հիմա, մտքով ու հոգիով Կիպրոս եմ, Նիկոսիոյ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մայր դրան աջ կողմըՙ անկիւնըՙ հոծ բազմութեանՙ հայ թէ օտար յուղարկաւորներու հետ: Թաղմանական շարականներն ու ընթերցումները իրենց գործադրումը կը կատարեն, մինչ մտածումս կը սաւառնի վերը, ետեւ ստուերամած ու մթասքօղ ծուխի ու խունկի բոյրինՙ կեանքիդ այլ պատումները մտաբերելով, կիսատուած խորհուրդներուդ թեւին յենած: Ու աչքերս խորհրդամած, սեւեռուն, բիւր խորհուրդներով կը լեցնեն էութիւնս:
Բարի յաւիտենական երթ, անմոռանալի Ճորճ...
ՍԵՊՈՒՀ ԱԲԳԱՐԵԱՆ, Կումայրի-Հայաստան