Թենըֆլայի (ԱՄՆ) Սբ. Թովմաս հայոց եկեղեցու հոգեւոր հովիվ Բաբկեն ծայրագույն վարդապետ Անուշյանի անունը մեր ընթերցողներին ծանոթ է Թուրքիո հայոց պատրիարքի վատառողջության վերաբերյալ պատրիարքության պաշտոնական հաղորդագրությանը հետեւած զարգացումների շրջածիրում, որպես հավակնորդ ամենապատիվ սրբազանի աթոռին: Այդ մասին թուրքական «Սաբահ» թերթն էր ժամանակին բարձրաձայնել, որին հետեւել էր պատրիարքության գործերի ժամանակավոր պատասխանատուներ Արամ եպս. Աթեշյանի եւ Շահան արք. Սվաճյանի ջղային արձագանքը: Իրականությանը իրազեկվելու համար Նյու Յորք-Նյու Ջերսիի մեր ազգային աշխույժ գործիչներիցՙ լրագրող եւ գրքերի հեղինակ Հակոբ Վարդիվառյանը օրերս հարցազրույց է ունեցել Անուշյան վարդապետի հետ: Հրապարակում ենք կրճատումներով:
- Ի՞նչ էր դրդապատճառը վերջերս ձեր Թուրքիա այցելութեան:
- Նպատակս էր այցելել ընտանիքիս անդամներուն եւ բարեկամներուս:
- Սակայն թրքական մամլոյ կարգ մը սպասարկութիւններ ձեր այս այցելութիւնը կը վերագրեն տարբեր պատճառներու: Յունիսի 19-ի թիւով թրքական «Սաբահ» թերթը կը հաղորդէր Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի վատառողջութեան մասին եւ ձեր այցելութիւնը կը ջանար կապել ձեր թեկնածութեանը Կ. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի պաշտօնին: Նոյն հաղորդագրութեամբ կասկածանքով դիւանագիտական կապ մը կը միտէր նշմարել Մ. Նահանգներու, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան շուրջը, նշելով ձեր Անքարա այցելութիւնը 2005 թուականին: Ու աւելի առաջ երթալով, նոյն «Սաբահ» օրաթերթը կը հաղորդէր, թէ կարգ մը զգայուն տեղեկութիւններ տուած ըլլաք հայ սփիւռքի մասին զանազան պատկան մարմիններու: Կ՚ուզենք իմանալՙ երբեւիցե հարցազրոյց շնորհա՞ծ էք «Սաբահին»:
- Ո՛չ: Երբ կարդացի յիշեալ յօդուածը, ամբողջութեամբ ցնցուեցայ եւ անշուշտ անակնկալի եկայ կարդալով իմ մասին լոյս տեսած գրութիւնը: Ես երբեք հարցազրոյց չեմ տուած «Սաբահ» կամ այլ թերթի, ըլլայ թրքական թէ հայկական: Ինչպէ՞ս կարելի է նման հաստատումներ ընել: Եւ կամ ինչպէ՞ս կարելի է Պատրիարք սրբազան հօր առողջութեան հետ կապուած մեկնաբանութիւններ կատարեմ, երբ տեղեակ իսկ չեմ մեր Պատրիարք սրբազան հօր առողջութեան իսկական վիճակի մասին: Միակ տեղեկութիւնս իր առողջութեան մասին իմացած եմ հանրութեան տրուած պատրիարքութեան հոգեւոր իշխանութեան հաղորդագրութենէն, ուր կ՚ըսուէր, թէ Նորին ամենապատուութիւնը ապաքինման շրջան մը կը բոլորէ եւ ամէն ինչ բնականոն կ՚ընթանայ:
- Հայր սուրբ, անձնապէս կը ճանչնա՞ք Մութաֆեան պատրիարքը:
- Շատ լա՛ւ կը ճանչնամ զինք: Մեր բարեկամութիւնը կ՚երթայ ետ մինչեւ 1976-77 տարիներուն, երբ այցելաբար ան եկած էր Երուսաղէմ Միացեալ Նահանգներէն, ուր ան դեռ համալսարանի ուսանող էր: Եղանք մտերիմ ընկերներ:
- Այս պահուս ի՞նչ են ձեր զգացումները Պատրիարք սրբազան հօր նկատմամբ, երբ ան առողջապէս հանգիստ չէ:
- Հակառակ որ երբեմն բարեկամաբար չեմ բաժնած հարցերուն մօտենալու կարգ մը իր տեսակէտները, սակայն այդ երբեք չի վնասեր տարիներու վրայ երկարող մեր մտերմութեան: Անոր առողջական վիճակը զիս կը մտահոգէ գերազանցապէս:
- Թուրքիոյ հպատա՞կ էք:
- Ես թուրքիոյ քաղաքացի եմ, ինչպէս նաեւՙ Մ. Նահանգներու: Միաժամանակ պահած եմ կապս եւ հետաքրքրութիւնս պոլսահայ համայնքին հետ: Տարիներու ընթացքին հետեւած եմ աւելի մօտէն պոլսահայ կեանքի զարգացումներուն: Պէ՚տք է խոստովանիմ, որ ինքզինքս միշտ նկատած եմ մէկ մասնիկը պոլսահայ համայնքին:
- Արդէն այս ինքնին կը բաւէ, որ կարգ մը եկեղեցականներ անհանգիստ զգան ձեր ներկայութենէն, մանաւանդ որ ունիք բարի յարաբերութիւններ արտասահմանի հայկական զանազան համայնքներէ ներս, ինչպէս նաեւՙ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հետ:
- Ձեր այս հարցումը ո՞ւր պիտի առաջնորդէ:
- Հայր սուրբ, արդեօք նկատի պիտի ունենա՞ք ձեր թեկնածութիւնը դնել Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին, ապագային եթէ պատեհութիւնը տրուի:
- Ամէն բանէ առաջ մեր մտահոգութիւնը պէ՛տք է կեդրոնանայ Պատրիարք սրբազան հօր առողջութեան վրայ, մաղթելով անոր երկար կեանք: Երկրորդ, երբ օրը գայ, վերջին հաշուով Թուրքիոյ հայութիւնն է, որ պիտի որոշէ ո՞վ պիտի նստի պատրիարքական աթոռին վրայ: Ամէն պարագայի, առանձնաշնորհում մը կը նկատեմ ծառայել Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ անշուշտ պատիւ մը ինծիՙ ծառայելու այն համայնքին, որուն ծնունդն եմ եղած:
- Ծանօթ եմ, որ Պոլսոյ կրօնական ժողովին մաս կազմող երկու անձեր բողոքագիրներ յանձնած են Երուսաղէմի հայոց պատրիարքինՙ Թորգոմ արք. Մանուկեանին եւ Ամերիկայի հայոց առաջնորդինՙ Խաժակ արք. Պարսամեանին, ամբաստանելով ձեզ, թէ տեղեակ չէք պահած Պոլսոյ պատրիարքութիւնը ձեր այս վերջին այցելութեան ընթացքին:
- Ճիշդ չէ: Հեռաձայնեցի լուսարարապետ Արամ արք. Աթեշեանին եւ խնդրեցի ունենալ իր հետ հանդիպում:
- Եւ այդ հանդիպումը տեղի ունեցա՞ւ:
- Արամ սրբազան մերժեց հանդիպիլ: Անշուշտ, կ՚ուզէի այցելել իրեն եւ մեծապէս կը փափագէի այցելել նաեւ այս առթիւ Նորին ամենապատուութեան: Նկատեցի, թէ ես անընդունելի անձ մըն եմ իրեն համար:
- Հետաքրքրական է իմանալ, թէ անցեալին ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ ունեցած էք Արամ սրբազանին հետ:
- Ան երկու անգամ այցելած է իմ ծուխս: Կը խորհէի, թէ բարի յարաբերութիւններ պահած եմ իր հետ:
- Պոլսոյ հոգեւոր իշխանութիւններու այս բողոքագիր նամակներուն դրդապատճառներուն մասին ի՞նչ կը խորհիք ըլլան:
- Ձեր գուշակումը իմս է: Նորին ամենապատուութիւն Թորգոմ պատրիարք եւ Առաջնորդ Խաժակ Սրբազան լա՛ւ գիտեն կարգն ու կանոնը եկեղեցական մեր կառոյցին: Եւ վստահ եմ, թէ անոնք իրենց եզրակացութեան կու գան իրական տուեալներէն առաջնորդուած:
- Արամ սրբազան կը յայտարարէ, թէ դուք տեղեակ պահելու էիք զինք նախքան ձեր Թուրքիա այցելութիւնը: Ի՞նչ է կարգուձեւը:
- Որեւէ եկեղեցական ստիպուած է հաղորդ պահելու եկեղեցական իշխանութիւնները նախքան իր այցելութիւնը տուեալ թեմէ մը ներս, եթէ ան պիտի մասնակցի որեւէ տեսակի եկեղեցական արարողութեան մըՙ պատարագ, յուղարկաւորութիւն, մկրտութիւն, պսակ եւ այլն: Նկատելով, որ ես նման մասնակցութիւն պիտի չունենայի այդ օրերուն, ստիպուած չեմ զգացած նախապէս իմ գալուստս հաղորդելու:
- Անքարա գտնուա՞ծ էք 2005 թուականին:
- Այո: Կարեւոր առաքելութեամբ մը Անքարա այցելած եմ խնդրանքովը Ամենապատիւ Թորգոմ սրբազանին: Թորգոմ սրբազան խնդրած էր ինծմէ այցելել Անքարա ու հանդիպիլ պետական շրջանակներու եւ արտօնութիւն խնդրել իրենցմէ Երուսաղէմի հայոց վանքի ընծայարանին եւ ժառանգաւորացին համար սաներ ապահովելու: Այս նպատակով միայն այցելած եմ Անքարա: Անքարայէն վերադարձիս, հոս իմ այդ առաքելութեան մասին չեմ զեկուցած հանրութեան:
- Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը ձեր այդ հանդիպումներուն:
- Շատ յաջող էր եւ խօրին շնորհակալութիւն յայտնեցի թրքական իշխանութիւններուն այս ուղղութեամբ իրենց համագործակցութեան համար: Պէտք է ըսել, թէ Երուսաղէմի մեր աթոռին համար կարեւոր է կոչում ունեցող պատանիներու ապահովումը: Այս հանդիպումներով ես բարեկամական յարաբերութիւններ ստեղծեցի կարգ մը թուրք պաշտօնատարներու հետ եւ որոնք պահած եմ մինչեւ այսօր:
- Պոլսոյ պատրիարքութենէն որեւէ անձ ծանօթ եղա՞ւ ձեր այդ կանխածրագրուած առաքելութենէն:
- Մեսրոպ արք. Մութաֆեան եւ Արամ արք. Աթեշեան գիտէին իմ Անքարա այցելութեանս մասին, որովհետեւ երեքով մէկ Գումգափուի պատրիարքարանէն ներս ճաշի շուրջ ունեցանք միտքերու փոխանակում իմՙ դէպի Անքարա առաքելութեան հետ կապուած:
- Կը ծրագրէ՞ք մօտիկ ապագային դարձեալ երթալ Պոլիս:
- Անպայմանօրէն. ունիմ հարազատներ, ընկերներ, վերջ ի վերջոյ իմ ծննդավայրն է Պոլիսը: Դարձեալ պիտի այցելեմ:
ԹԵՆԸՖԼԱՅ, ՆՅՈՒ ՃԸՐԶԻ