ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ, Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Նիւ Ճըրզի (ԱՄՆ)
«Ազգ»-ի հասարակական¬քաղաքական յաւելուածին Յուլիս 12-ի թիւին մէջ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց Յարութիւն Մինասեանի ստորագրած յօդուածըՙ «Խենթ վանեցի Յովհաննէս Պէննէեանը» վերնագրով: Յոյս ունէինք նոր տեղեկութիւններով ճոխացնել մեր գիտելիքները, քանի որ խօսքը արդի շրջանին Հարաւային Ամերիկա գաղթած ու հոն հաստատուած առաջին հայերէն մէկուն մասին էր:
Սակայն յօդուածին ընթերցումը աստիճանաբար մեզ տպաւորեց իբրեւ վաղածանօթ տուեալներու ամբողջութիւն մը, նոյնիսկՙ շարադրանքի տեսակէտէն: Զայն աւարտելէ ետք, ուզեցինք ստուգել մեր տպաւորութիւնը եւ անդրադարձանք, որ յիշողութիւնը չէր դաւաճանած մեզի: Նիւթը ամբողջութեամբ քաղուած էր, իր յետին մանրամասնութիւններով իսկ (ոճական չնչին փոփոխութիւններով հանդերձ), 1942-ին Պոստընի մէջ լոյս տեսած «Վասպուրականը եւ իր տարագիր զաւակները» հատորէն, հրատարակութիւնՙ Համավասպուրականի հայրենակցական միութեան: Առաւելաբար Նոր Աշխարհի վասպուրականցիներու վերաբերեալ նիւթերով հարուստ այդ հատորին մէջ, Սիմոն Վրացեան ստորագրած էր «Վասպուրականցիները Հարաւային Ամերիկայի մէջ» վերնագրուած թռուցիկ նշմարներով գլուխ մը (էջ 112-116), որուն աւելի քան կէսը (էջ 113-115) գրաւած է Մկրտիչ Պինայեանի (Յովհաննէս Պէննէեան) պատմութիւնը:
Ցաւօք սրտի, բանաքաղութենէն (compilation) անդին, գրութիւնը կը հասնի բանագողութեան (plagiarism) մակարդակին: Իրազեկ ընթերցողին ձգելով մանրամասն բաղդատութիւն մը, կը գոհանանքՙ մատնանշելով ըստ բախտի առնուած երեք պարբերութիւններ.¬
ա) Մինասեան.¬ «Յովհ. Պէննէեանը (Պնէեան) ծնուել է Վանում: Աշակերտել է Խրիմեան Հայրիկին ու Փորթուգալեանին:
1896-ին թողնելով ծննդավայրը, տեղափոխւում է Կովկաս: Կարճատեւ թափառելով Ռուսաստանում, հասնում, մինչեւ Հարաւային Ամերիկա եւ Չիլի:
Չիլիում բախտը նրան ժպտում է, եւ մեծ հարստութիւն է դիզում: Մայրաքաղաք Սանտեագոյում տասնեակ միլիոնների արժողութեամբ կալուածքներ է գնում»:
Վրացեան.¬ «Յովհաննէս Պէննէեանը բուն վանեցի էր: Աշակերտած էր Խրիմեանին եւ Փորթուգալեանին: 1896-ին թողնում է ծննդավայրը, անցնում Կովկաս եւ, կարճ թափառումներից յետոյ Ռուսաստանում, ընկնում է Հարաւ Ամերիկա ¬ Չիլի: Այստեղ բախտը նրան ժպտում է, եւ մեծ հարստութիւն է դիզում, Չիլիի մայրաքաղաքում տասնեակ միլիոնների արժէքով կալուածների տէր է դառնում (...) (էջ 113):
բ) Մինասեան.¬ «1918-1920 թթ., Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանում, Դոն Խուանը որոշում է գալ անկախ Հայաստան: Սակայն վերահաս աղէտըՙ խորհրդայնացումը, խափանում է նրա պլանները: Այդ ծանր օրերին նա այդպէս է ազդւում, որ քիչ է մնում նորից խելագարուի:
Ֆրանսիացի վարչապետ Ռայմոն Պուանկարէին յղած երկու հեռագրերում նա պահանջում է անմիջապէս օգնել Հայաստանինՙ թօթափելու բոլշեւիկեան լուծը, այլապէս սպառնացել է նա, որ Ֆրանսիան էլ Հայաստանի օրը կÿընկնի»:
Վրացեան.¬ «Հայաստանի Հանրապետութեան օրերին Տոն Խուանը որոշում է գնալ Հայաստան, բայց վերահաս աղէտը արգելք է լինում: Այդ ծանր օրերին նա քիչ է մնում նորից խելագարուի, այնքան էր ազդուել: Ֆրանսայի վարչապետ Փուանքարէին, կամ, ինչպէս ինքն էր ասում, Փոինքիրէին երկու հեռագիր է տալիս եւ պահանջում է անմիջապէս օգնել Հայաստանին: Հակառակ դէպքում, սպառնում էՙ Ֆրանսան էլ Հայաստանի օրին կÿընկնի» (էջ 114):
գ) Մինասեան.¬ «Դոն Խուան Պէննէն մեռաւ, ու 30000 ֆրանկն էլ հետը գնաց, եւ ամբողջ հարստութիւնն էլ կորաւ հայութեան համար:
Հայութեան համար կորան նաեւ հայկական մեծ քթերով ու գեղեցիկ անուններով նրա 14 զաւակները...»:
Վրացեան.¬ «Տոն Խուան մեռաւ, 30,000-ն էլ հետը գնաց, ու ամբողջ հարստութիւնն էլ կորաւ հայութեան համար, ինչպէս եւ հայկական քիթերով ու հայի անուններով 13 աղջիկները եւ իր տաղանդաւոր զաւակը (...)» (էջ 115):
Կը կարծենք, որ մեկնաբանութիւնները աւելորդ են: Հասկնալի է, որ Բ. Աշխարհամարտի օրերուն Պոստընի «Հայրենիք» տպարանէն ելած գիրքը կրնայ հազուագիւտ ըլլալ Հայաստանի մէջ, իսկ հասած օրինակներըՙ երբեմնի «փակ ֆոնտ»-ի նիւթ ու շրջանառութենէ դուրս մնացած, բայց տարրական բարեխղճութիւնը կը պահանջէ թէ՛ աղբիւրի յիշատակումը եւ թէ, այս պարագային, ստորագրութեան արժանի, հիմնովին տարբեր գրիչի արգասիք բովանդակութիւն: Չմոռնանք աւելցնել, որ Յ. Մինասեան նաեւ օգտուած է յիշեալ գիրքին վերջաւորութեան տեղաւորուած Հարաւային Ամերիկայի (իրականութեան մէջՙ միայն Արժանթինի) վասպուրականցիներու ցանկէն (էջ 167-174)ՙ Պինայեան ընտանիքի անդամներուն անունները տալու համար:
Սիմոն Վրացեան 1936-ին այցելած էր Հարաւային Ամերիկայի համայնքները կուսակցական առաքելութեամբ (աւելի ուշՙ 1957-ին եւ 1963-ին երկիցս ճամբորդեց այդ շրջանը): 1942-ի գիրքին մէջ վերոյիշեալ էջերէն զատ, ան իր «Կեանքի ուղիներով» յուշագրութեան Ա. հատորին (Գահիրէ, 1955, էջ 259-267) ամբողջ գլուխ մը նուիրեց այս արտասովոր վանեցիին: Երկու գրութիւնները հիմնականին նոյն նիւթերը կÿարծարծեն, թէեւ որոշ մանրամասնութիւններով կը տարբերին:
Հակառակ անոր, որ Վրացեան անձամբ ճանչցած էր Մկրտիչ Պինայեանը, իր տուած բոլոր տեղեկութիւնները արժանահաւատ չեն ու կը կարօտին որոշ ճշգրտումի: Կոյր զկուրայն իրեն հետեւած Յ. Մինասեանը ո՛չ միայն նոյնութեամբ քաղած է ամէն ինչ, այլեւ Պինայեաններու մասին վիճակագրական սխալաշատ տուեալները վերոյիշեալ ցանկէն ընդօրինակելու միջոցին չէ անդրադարձած, որ, օրինակ, իբրեւ թէ 1875-ին ծնած Մկրտիչ Պինայեանի աղջիկներէն մէկը կամ 1884-ին ծնած իր մանչ զաւակը չէին կրնար ծնած ըլլալ իր չիլեցի կնոջմէն... Վանի մէջ: Իրականութեան մէջ, 1875-ին ծնած «Մարգարիտան» իր կինն էրՙ Մարկարիթա Վալտեռամա Փերէս, եւ ո՛չ թէ իր աղջիկըՙ Մարկարիթա Հայկազուհի, որ ծնած էր 1902-ին: Ի դէպ, 12 քոյրեր էին եւ ո՛չ թէ 13, ծնածՙ 1898-ի եւ 1920-ի միջեւ: Ու ինչպէս գրած է իրենց եղբօրորդինՙ Նարսիսօ Պինայեան Գարմոնան, իրենց հայկական արմատներէն խուսափելով հանդերձ, քոյրերը պահպանած են հայկական որոշ գիծեր, «ու երկու հասարակաց տարրերՙ Վանի սէրը եւ թուրքին ատելութիւնը»:
Նպատակ չունինք Վրացեան¬Մինասեան յօդուածին տուեալները մէկ առ մէկ քննարկելու եւ գնահատելու, այլ առիթէն կÿուզենք օգտուիլ նախ եւ առաջ աւելի ճշգրիտ պատմութիւն մը շարադրելու համար վանեցի երեք սերունդներուն մասին եւ, միաժամանակ, հերքելու յօդուածին մէջ յայտնուած այն տեսակէտը, թէ Տոն Խուանին սերունդը հայութեան համար լրիւ կորսուած էր:
Պինայեաններուն համառօտակի անդրադարձած ենք մեր աշխատութեան մէջՙ «Հարաւային կողմն աշխահի. հայերը Լատին Ամերիկայի մէջ սկիզբէն մինչեւ 1950» (Անթիլիաս, 2005): Այս յօդուածին մէջ պիտի օգտուինք գլխաւորաբար Նարսիսօ Պինայեան Գարմոնայի հրապարակած տուեալներէն:
Առաջին Պինայեանին բուն անունը Մկրտիչ Արթին Պինայեանց էր, ինչպէս գրած է «1889, օգոստոս 25 ի մարսէյլ» պատրաստած «Բառտետրին» մէջ, որուն անուանաթերթին լուսանկարչական պատճէնը հրատարակած է իր թոռը: Ասիկա արդէն կը հերքէ թէ՛ «Յովհաննէս Պէննէեան» անունը եւ թէ 1896-ին Վանէն ելած ըլլալու պնդումները: Ըստ երեւոյթին, իր «Մկրտիչ» անունը սպանացուցած է իբրեւ «Յովհաննէս Մկրտիչ» (Juan Bautista) եւ այնուհետեւ պահածՙ «Խուան»ը, քանի որ արդէն 1890-ին իր անունը գրած է իբրեւ Juan Binayan:
Ան ծնած էր 1855-1858-ին (ստոյգ թուականը յայտնի չէ) Վանի մէջ, իսկ հայրը զինքը ուղարկած էր Վարագայ վանքը, ուր Խրիմեան Հայրիկի աշակերտ եղած էր: Ընտանեկան աւանդութեան համաձայն, խոյս տուաւ ուսումէնՙ կրօնական կոչում չունենալով, բայց Խրիմեանի ներշնչումին հետեւելով, նորաբողբոջ հայդուկային շարժումին մէջ մտաւ: Թուրք մը սպաննած ըլլալու պատճառով, 1874-ի շուրջ անվերադարձ լքեց իր ծննդավայրը:
Փախստական Մկրտիչը անցաւ Ռուսաստան ու հաստատուեցաւ Օտեսա, ուր թէյի տնկարան ունեցաւ, եւ այնուհետեւՙ Պոլիս, ուր 12 տարի աշխատեցաւ իբրեւ սեղանաւոր: Յետոյ մեկնեցաւ Թրիփոլի (Լիբանան), ապաՙ Աղեքսանդրիա եւ Մալթա, իսկ վերջապէսՙ Մարսէյլ, ուր Մկրտիչ Փորթուգալեանը կը հրատարակէր «Արմենիա» պարբերաթերթը: Ըստ Ն. Պինայեան Գարմոնայի, իր մեծ հայրը Արմենական կուսակցութեան անդամ էր, բայց հիմնադրութենէն տասնամեակ մը առաջ Վանը լքած ըլլալովՙ մեր կարծիքով աւելի հնարաւոր է, որ պարզ համակիր ըլլար:
1889-ին Մարսէյլ գտնուելով, իր ականջին հասած էր, թէ «Չիլէի մէջ ոսկին փողոցները կը հաւաքեն» եւ որոշեց մեկնիլ դէպի Հարաւային Ամերիկա: Անշուշտ, ոսկին Հրոյ Երկրին մէջ յայտնաբերուած էր, բայց ինք հաստատուեցաւ մայրաքաղաքըՙ Սանթիակօ: Իր առեւտրական գործը ծաղկեցաւ եւ քանի մը տարիէն 12 մասնաճիւղերու տէր դարձաւ այլ քաղաքներու մէջ: Տեղական ազնուատոհմ ընտանիքի մը շառաւիղին հետ ամուսնանալով, Սանթիակոյի մէջ ծնան իր մանչ զաւակըՙ Նարսիսօ (1896-1970) եւ իր աղջիկներէն չորսը:
1902-ին սնանկանալով, Մկրտիչ Պինայեան որոշեց երկիրը լքել եւ հանդերձ ընտանեօք մեկնեցաւ Հարաւային Ափրիկէ, բայց հոն յաջողութիւն չունեցաւ: 1905-ին որոշեց վերադառնալ Հարաւային Ամերիկա եւ այս անգամ Պուէնոս Այրէս հաստատուեցաւ, ուր առաջին հայկական գործարանը բացաւՙ «Յովհաննէս Պինայեանՙ հայկական վաւերական տուն» նշանախօսքով: Հայ համայնքը պիտի հիմնուէր 1910-ական թուականներուն, բայց Պինայեան ընտանիքը երբեք գործօն մաս պիտի չկազմէր անոր: Գրեթէ 80-ամեայ Մկրտիչ Պինայեանը իր մահկանացուն կնքեց 1937-ին, իսկ իր վերջին խօսքը եղաւ. «Չեմ ուզեր մեռնիլ օտար հողի վրայ: Կÿուզեմ մեռնիլ Վանի մէջՙ հայոց հողի վրայ»:
Անոր մահէն մէկ տարի առաջ, Ս. Վրացեան նաեւ հանդիպած էր մանչ զաւակինՙ Նարսիսօ («Նարցիս») Պինայեանին, որուն մասին գրած էր, թէ արժանթինեան շրջանակներու մէջ ծանօթ դէմք մըն էր, բայց կապ չունէր հայութեան հետ, քանի որ հայերէն չէր գիտեր: Վրացեան չէր կրնար գիտնալ, որ նոյնիսկ 1930-ական թուականներէն, «կէս հայ» Ն. Պինայեանը արդէն հայութեան հետ կապ ունէր, իսկ կեանքին վերջին 10-15 տարիներուն այդ կապը մեծապէս պիտի աշխուժացնէր: Ոչ ալ կրնար գուշակել, որ իր զաւակըՙ «քառորդ հայ» եւ նոյնպէս ոչ¬հայախօս Նարսիսօ Պինայեան-Գարմոնան, որ իր մօրենական մականունը կցած էՙ հօրմէն զանազանուելու համար, ո՛չ միայն մոլեռանդ հայ եւ վանեցի պիտի մնար մինչեւ օրս, առանց երբեք Վանը տեսած ըլլալու, այլեւ պիտի դառնար ծանօթ մտաւորական մը եւ արժանթինահայ համայնքին առաջին պատմաբանը, ի գիտութիւն եւ ի հերքումն հայկականութիւնը սահմանափակ չափանիշներով դատող անձանց: Կÿարժէ մէջբերել հատուած մը իր վկայութենէն.¬
«Հայկական որեւէ դաստիարակութիւն չունիմ, լեզուն չեմ խօսիր, իմ հօրս պէս կաթողիկէ եմ, հիւրերուն բերած անուշեղէնէ մը անդինՙ հայկական կերակուրները չճանչցայ, եւ ոչ իսկ հայկական տառերը տեսայ մինչեւ 15 տարեկանս, եւ ատիկաՙ բացառաբար, հայկական երաժշտութիւն չլսեցի մինչեւ 11 տարեկանս, ու հոս հայ ազգականներ չունինք: (...) Այդուհանդերձ, իմանալէ առաջ, որ Արժանթին գտնուող Պուէնոս Այրէս քաղաքն էի, ուր ծնած եմ, գիտէի Հայաստանի մասին, հրաշալի ու դրախտային երկրի մը մասին, եւ որ պապս կու գար այդ ցնորական երկրին երազային մէկ քաղաքէնՙ շքեղազարդ Վանը, ուր հսկայ տուն մը ունէին հոյակապ պարտէզով: Իմ առաջին մանկական յիշատակներուս մէջ բնաւ մուտք չգործեց ժանանակակիցներսՙ վերապրողներուն զաւակները խարանող հայկական ահաւոր ողբերգութիւնը: Բայց շաբաթ չէր անցներՙ առանց որ հայեր այցելէին մեր տունը, երբեմն շաբաթը քանի մը անգամ: Եւ միշտ, ջարդերուն դեռ այնքան մօտիկ այդ տարիներուն, անվերջ կը խօսէին, կը խօսէին սարսափի պատմութիւններէ: Այսինքնՙ Պինայեան մեծ հօր երիտասարդութեան ու իր ծննդավայրին հաճելի յիշատակներուն քիչ ետք միացաւ (հայկական) Ողջակէզին եւ թուրքերուն ներկայութիւնը»#:
Պուէնոս Այրէս մեծցած ու տեղական աւանդական ընտանիքի մը շառաւիղին հետ (իր կինը արժանթինցի հռչակաւոր պատմաբան Անթոնիօ Զիննիի թոռն էր) ամուսնացած իր հայրըՙ Նարսիսօ Պինայեանը, դեռ համալսարանի ուսանող էր, երբ 1921-22-ին արժանթինեան մատենագիտութեան երկու հատոր կը հրատարակէր, իսկ 1924-ին առաջին արժանթինահայ համալսարանաւարտը եղաւՙ Պուէնոս Այրէսի պետական համալսարանէն գրականութեան մանկավարժի վկայականը ստանալէ ետք: Թէեւ անաւարտ ձգեց իր տոքթորական աւարտաճառը, ան երկար ժամանակ գրականութեան եւ պատմութեան դասատու եղաւ ու բազմաթիւ գիտական յօդուածներ եւ գրքոյկներ հրատարակեց, ինչպէս նաեւ լայնօրէն գործածուած պատմութեան եւ սպաներէն լեզուի դասագիրքեր: Թէեւ ծանրակշիռ հատորներու ժառանգութիւն մը չձգեց, պատմաբանասիրական իր աշխատութիւնները բաւարար եղան գիտական շրջանակներու յարգանքին արժանանալու համար: 1963-ին, «փրոֆեսոր Պինայեանը», ինչպէս ծանօթ էր ան, սպաներէնի թարգմանեց ֆրանսացի լրագրող Ժան¬Փիեռ Ալեմի «Հայաստան» գիրքը եւ հրատարակել տուաւ Պուէնոս Այրէսի պետական համալսարանի հրատարակչատան միջոցով, այնպիսի ժամանակի մը, երբ սպաներէն լեզուով հայկական ցանցառ մատենագիտութիւնը հազիւ թէ կը սկսէր դուրս գալ անհատական կամ համայնքային հրատարակութիւններու նեղ շրջանակէն:
1928-ին ծնած իր մանչ զաւակըՙ Նարսիսօ Պինայեան-Գարմոնա, արդէն 1950-ական թուականներուն հայագիտական բնոյթի յօդուածներ կը հրատարակէր, իսկ 1960-1991-ին ազդեցիկ «Լա Նասիոն» օրաթերթի լրագրող եւ խմբագրութեան անդամ եղաւ: Իրաւաբանական ուսումը կիսատ ձգած ըլլալով հանդերձ, հանրագիտարանային ինքնաշխատութեամբ ան պատմութեան եւ յատկապէս տոհմաբանութեան մէջ մասնագիտացաւ: Իր գրիչին կը պատկանին արժանթինեան եւ հարաւամերիկեան պատմութեան նուիրուած անհամար գիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ զեկուցումներ գիտաժողովներու մէջ: Օտար զանազան ակադեմիաներու անդամ ընտրուած է եւ ճամբորդածՙ հարիւրեակ մը երկիրներ: 1997-2003-ին «Լա Նասիոն»-ի մէջ շաբաթական սիւնակ մը հրատարակեցՙ «Հակամարտութեան վարկածներ» վերնագրով, ուր համաշխարհային իրադարձութիւններու եւ պատմութեան իր խոր հմտութիւնը շարունակեց ցուցադրել:
Չհաշուելով հայկական նիւթերով տարիներու երկայնքին հրատարակուած գիտական եւ հանրամատչելի բազում յօդուածները, 1974-ին Պինայեան-Գարմոնա հրատարակեց «La colectividad armenia de la Argentina» («Արժանթինի հայ համայնքը») հատորը, սպաներէն լեզուով առաջին գործը արժանթինահայութեան մասին, որ շուտով սպառեցաւ: 1996-ին ան լոյս ընծայեց երկրորդ հատոր մըՙ «Entre el pasado y el futuro: los armenios en la Argentina» («Անցեալի եւ ապագայի միջեւ. հայերը Արժանթինի մէջ»): Երկու գիրքերն ալ, սակայն, համայնքին պարզ պատմութիւնը չեն: Խիտ ու խորապէս ուսումնասիրուած էջերով, Պինայեան-Գարմոնա ցոյց կու տայ իր բուն նպատակըՙ հայ ժողովուրդին ուսումնասիրութիւնը իբրեւ «յիշողութեան համայնք», խօսք մը զոր կը սիրէ ընդգծել: Ան կը տեղադրէ արժանթինահայ համայնքը հայկական աշխարհին մէջ, իսկ հայկական աշխարհըՙ չորս հազարամեայ ժամանակահատուածի մը մէջ:
1999-ին հեղինակը լոյս ընծայեց լայնածաւալ աշխատութիւն մըՙ «Historia genealցgica argentina» («Արժանթինեան տոհմաբանական պատմութիւն»), ուր ան կրկին ցոյց տուաւ իր հմտութիւնը, կարգ մը ինքնուրոյն եւ լաւ հիմնաւորուած տեսութիւններ բանաձեւելով երկրի մը եւ անոր բնակչութեան արմատներուն մասին, որ միայն ԺԹ.¬Ի. դարուն պիտի դառնար Արժանթին ու ինքզինք պիտի նկատէր արժանթինցի: Այս ճիգին մէջ, ան հետազօտած է ողջ արժանթինեան բնակչութեան տոհմածառերը, սպանացի նուաճողներէն մինչեւ գրեթէ անհետացած նախաբնիկները, իտալացի գաղթականներէն մինչեւ հայերը (որոնց նուիրած է 20 շահեկան էջեր) եւ ամենափոքրիկ օտար համայնքները:
2002-ին լոյս տեսաւ Ն. Պինայեան-Գարմոնայի ժողովածու մըՙ «Diecisռis estudios genealցgicos» («Տասնվեց տոհմաբանական ուսումնասիրութիւններ»), որ կը համախմբէ 1958-2000 թուականներուն լոյս տեսած գիտական յօդուածներու շարք մը: Ինչպէս ինք կը գրէ ներածականին մէջ, «ընտրանին կÿընդգրկէ զիս ուղղակի հետաքրքրող նիւթեր: Ահա թէ ինչու, ամերիկեան հարցերու հետ միասին,- տասնհինգ,- կը յայտնուի «Հայ իշխանուհի մը Գոմփոստելայի մէջ ԺԱ. դարուն. իր տոհմաբանութիւնը» (յօդուածը): Ճիշդ է, որ ան բազմաթիւ նուաճողներու (conquistadores) բեղուն նախնին է, բայց զայն ընդգրկած եմ իմ անընկճելի հաւատարմութեանս համար Պինայեաններու պապենական ու անմոռանալի հայրենիքին հանդէպՙ Հայաստանը, Նոյի երկիրը, Եկեղեցւոյ անդրանիկ դուստրը»#:
Իր կեանքին ութերորդ տասնամեակը թեւակոխած Նարսիսօ Պինայեան-Գարմոնան կÿապրի Պուէնոս Այրէսի բազմասենեակ յարկաբաժնի մը մէջ, որ կը պարփակէ ընտանեկան արժէքաւոր ժառանգութիւն մըՙ երկրի ամենէն ճոխ մասնաւոր գրադարաններէն մէկը, ու քանի մը տարիներէ ի վեր պատրաստ ունի ուրիշ ռահվիրայական գործ մըՙ «Արժանթինեան բնակչութեան պատմութիւնը», որ, ըստ իրեն, կոչուած է ակադեմական շրջանակներու մէջ բազմաթիւ վիճաբանութիւններ ստեղծելու: Ու կը շարունակէ վառ պահել հայկական հարցերու հանդէպ իր անյագ հետաքրքրութիւնը: