«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#206, 2008-11-07 | #207, 2008-11-08 | #208, 2008-11-11


ՆՈՐ ԴԱՐ, ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Հ.Բ.Ը. Միութեան 85-րդ ընդհանուր անդամական ժողով

Ծավալային մտահոգությամբ ստորեւ հապավումներով ենք ներկայացնում ՀԲԸՄիության Հալեպում կայացած 85-րդ համագումարի վերաբերյալ թղթակցությունը, որտեղ, դժբախտաբար, ոչինչ չի ասվում Կիպրոսի Մելգոնյան կրթ. հաստատությունը փակելու Բարեգործականի ղեկավարության որոշման մասին, այնինչ ՀԲԸՄիության անդամների (եւ ոչ միայն) մեծամասնությանը մտահոգող գլխավոր հարցը դա՛ է արդեն 5 տարուց ի վեր: Կարծում ենք, կարեւորագույն այդ խնդիրն ընդհանրապես չի արծարծվել համագումարում, քանի որ միության ղեկավարության քիմքին բնավ հաճո չէ քննադատական խոսք լսելը եւ այդ հարցը տաբուի է վերածվել Բարեգործականի շրջանակներում: Առավել զարմանալի է անդամների վախվորածությունը նման ժողովներում այս եւ նման խնդիրներ արծարծելու հարցում, այն դեպքում, երբ միության անդամակցությունը ենթադրում է միայն զոհողություն:

Խմբ.

Հալէպի պատմական բերդը աննախընթաց փառատօնի թատերավայր

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան տարեգրութեան մէջ հպարտառիթ էջեր արձանագրուեցան սեպտեմբեր 30-հոկտեմբեր 7 օրերուն, Հալէպի մէջ գումարումովը միութեան երկամեայ ընդհանուր անդամական ժողովին:

Արդարեւ, միութեան Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամներ, գլխաւորութեամբ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի, մասնաճիւղերու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, իրաւասու անդամներ եւ բարեկամներ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Մ. Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Հայաստանէն, Հալէպ ժամաներ էին քննելու միութեան անցնող երկու տարիներու նիւթա-բարոյական գործունէութիւնը եւ նոր մարտահրաւէրներու լոյսի ներքոյ ծրագրելու գալիք տարիներու աշխատանքները:

Ժողովի եւ յարակից ձեռնարկներու յայտագիրը սկիզբ առաւ 1 եւ 2 հոկտեմբերին, Տէր Զօր եւ Փալմիրա կատարուած այցելութիւններով: Տէր Զօրի մատուռէն ներս հոգեհանգիստի արարողութիւն կատարուեցաւ Ապրիլեան նահատակներուն եւ միութեան հանգուցեալ բարերարներուն յիշատակին:

Այս ընթացքին, Հալէպի «Շերաթոն» պանդոկին մէջ, նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամներ խորհրդակցական հանդիպումներ ունեցան մասնաճիւղերու ատենապետներուն, վարչութեանց ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներկայացուցչութեան եւ հայրենական ծրագիրներու համակարգողներուն հետ:

Հոկտեմբեր 2-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գալուստ Կիւլպենկեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլատեան, Հալէպի ՀՀ հիւպատոսութեան ներկայացուցիչներ, հայ յարանուանութեանց տեղւոյն պետեր, ինչպէս նաեւ գաղութի մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ուրբաթ, 3 հոկտեմբեր 2008-ը աստեղային օր մը եղաւ հալէպահայութեան պատմութեան մէջ: Արդարեւ, աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն Հալէպի խորհրդանիշ պատմական բերդին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական աննախընթաց փառատօն` բարձր հովանաւորութեամբ Սուրիոյ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարուհի դոկտ. Դիեալա Ալհաչ Արէֆի:

Հալէպի պատմական բերդի տարածքին հնչող զանգերու ղօղանջներու եւ փառատօնի «Ով հայոց աշխարհ» կոչնակներու ներքոյ, փողերախումբի եւ թմբկահարներու նուագակցութեամբ, դրօշակակիրներ, սկաուտներ, մարզիկ-մարզուհիներ եւ ներկայացման բոլոր մասնակիցները երեք մուտքերէ բեմ բարձրացան: Բեմին վրայ զետեղուած հեռատեսիլի հսկայ պաստառին վրայ մէջ ընդ մէջ ցուցադրուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմ մը:

Սուրիոյ եւ Հայաստանի պետական օրհներգերու կատարումէն ետք օդ բարձրացան հարիւրաւոր գոյնզգոյն օդապարիկներ եւ աղաւնիներ: Երգչախումբի կատարողութեամբ հնչեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի քայլերգը, որուն յաջորդեց տողանցքը: Գեղարուեստական բարձր որակով գործադրուած փառատօն-արուեստի երեկոյին ներկայ գտնուեցան աւելի քան չորս հազար հալէպահայեր, որոնք լեցուցած էին բերդին ամփիթատրոնը:

Փառատօն-արուեստի երեկոյին ելոյթ ունեցան միութեան Հալէպի «Սպենդիարեան» երգչախումբը, «Անդրանիկ» պարախումբը, «Կոմիտաս» նուագախումբը, մանկական պարախումբը, ինչպէս նաեւ մեներգողներ եւ ասմունքողներ: Յայտագիրը վարեց եւ ասմունքեց հալէպահայ մշակութային յայտնի գործիչ եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լ.Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի հայագիտական բաժնի վարիչ Յակոբ Միքայէլեանը: Փառատօնը եզրափակուեցաւ հրավառութեամբ մը, որ զարդարեց Հալէպի երկնակամարը:

Հայրենի արուեստագէտներ Հրաչեայ Աշուղեան, Աշոտ Համբարձումեան եւ Աշոտ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Հ.Ե.Ը.ի «Կոմիտաս» նուագախումբի ղեկավար Յովհաննէս Մուբայէդ, «Սպենդիարեան» երգչախումբի խմբավարներ Շահէ Քեշիշեան եւ Պերճ Երէցեան փայլուն յայտագիր մը մատուցանեցին հանդիսատեսներուն` անմոռանալի պահեր պարգեւելով:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի 85-րդ Ընդհանուր Անդամական Ժողով

Շաբաթ, 4 հոկտեմբեր 2008, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հալէպի «Շերաթոն» պանդոկի սրահին մէջ բացուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի 85-րդ Ժողովի առաջին նիստը` հովանաւորութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչական Ժողովին եւ նախագահութեամբ Պերճ Սեդրակեանի: Յատուկ հրաւէրով ժողովին ներկայ էր նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհի տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը:

«Նոր Դար, Նոր Տեսլական» խորագրով այս Ժողովը, որ առաջինն էր Միութեան 2-րդ հարիւրամեակի սեմին, յատկանշական էր իր տարողութեամբ եւ մանաւանդ կայացումովը պատմական Հալէպ քաղաքին մէջ, որ կը խորհրդանշէ ցեղասպանութենէն վերապրած հայութեան կենսունակութիւնը: Ժողովը հաստատեց անցնող երկու տարիներուն, նոր հրամայականներու դիմաց միութեան որդեգրած նոր կողմնորոշումները եւ իրագործումները, շեշտելով համամիութենական գործելաոճը եւ Հայրենիք-Սփիւռք փոխադարձ հզօրացումի քաղաքականութիւնը:

Նախագահ Սեդրակեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեր Միութիւնը ապակուսակցական կազմակերպութիւն մըն է, բայց միշտ ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ ազգային քաղաքական յստակ դիրքորոշում, Մայր հայրենիքի եւ Ժողովուրդի բարօրութեան եւ բարգաւաճումին եւ հայ մշակոյթի պահպանումին, հարստացումին ու տարածումին ի խնդիր: Մենք պատրաստ ենք գործակցելու բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ, որոնց գործունէութիւնը ուղղուած է հայրենիքի հզօրացումին: Որովհետեւ համոզուած ենք, որ հզօր հայրենիքով կերաշխաւորուի հայ ժողովուրդին գոյատեւումը»:

Խօսելով Միութեան ապագայ ծրագիրներուն մասին, Պերճ Սեդրակեան ըսաւ. «Պէտք է իրատեսութեամբ ընդունինք, թէ նոր սերունդը այլեւս չ՛ապրիր անցեալին մէջ, շաղուած է իր շրջապատի ընկերային եւ մշակութային իրականութեան եւ այդ իսկ պատճառով ենթակայ է կորսնցնելու իր դիմագիծը եւ հեռանալու հայ կեանքի աւանդական գործունէութիւններէն, մասնաւորաբար ոչ-հայրենամերձ գաղութներու մէջ: Այս ուղղութեամբ արդէն ճշդած ենք մեր կողմնորոշումը եւ առած հիմնական նախաքայլեր, միշտ իբր հիմք ունենալով Հայաստանի իրականութիւնը եւ անոր հետ մնայուն հաղորդակցութեան կենսական անհրաժեշտութիւնը»:

Միութեան 2006-2007 տարեշրջաններու ընդհանուր նիւթական եւ բարոյական, ինչպէս նաեւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի տեղեկագրերը յաջորդաբար ներկայացուեցան Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամներ Ռուբէն Քեշիշեանի, Սինան Սինանեանի եւ Վազգէն Եագուպեանի կողմէ:

Հ.Բ.Ը.Միութեան 85-րդ ընդհանուր անդամական ժողովի նշանակիչ յանձնախումբի յանձնարարութեամբ, Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամներ վերընտրուեցան նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեանը, Արիս Ադամեանը, Ժոզէֆ Պասրալեանը, Նազարէթ Ֆըստըքճեանը, Վահէ Կապրաշը, Արտա Ն. Յարութիւնեանը, Սարգիս Ճեպեճեանը, Լեւոն Նազարեանը եւ Սէմ Սիմոնեանը: Առաջարկուեցաւ իբրեւ ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչական ժողովի նոր անդամ ընտրել Երուանդ Զօրեանը, որուն թեկնածութիւնը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ:

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի 85-րդ Ընդհանուր անդամական Ժողովը առիթ էր նաեւ պատուելու այն անձնաւորութիւնները, որոնք կարեւոր նպաստ բերած էին Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւններու սերտացումին եւ միութեան գործունէութեան ծաւալումին:

Ձեռամբ Պերճ Սեդրակեանի, պարգեւատրուեցան ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհի տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը, ՀՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը (ի բացակայութեան), Virtual College ծրագրի ղեկավարներէն, հայրենի գիտնական Սամուէլ Շուքուրեանը, Խ. Հայաստանի Սփիւռքի կոմիտէի նախկին ղեկավարներէն եւ «Մոմճեան» հիմնադրամի տնօրէն Ռոմէն Կոզմոյեանը, Սուրիոյ մօտ ՀՀ նախկին դեսպան Լեւոն Սարգսեանը եւ Միլանոյի մասնաճիւղի ատենապետուհի Կէկէլ Խաչատուրեանը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով պարգեւատրումի առիթով, մեծարեալները դրուատեցին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ազգաշէն գործունէութիւնը: Իր ելոյթին ընթացքին նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեան, որ իբրեւ նախարարուհի իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը կը կատարէր սփիւռք, խօսեցաւ հայապահպանման, հայ ժողովուրդի ներուժի օգտագործման, դէպի բարգաւաճ Հայաստան հայրենադարձութեան տեսլականին, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հետ համագործակցութեան մասին:

Ժողովը եզրափակուեցաւ Պերճ Սեդրակեանի փակման խօսքով, որ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց միութեան յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան հիմնակէտերը:

Հակառակ տնտեսական վերիվայրումներու, միութեան հաշուեկշիռը առողջ պատկեր մը կը պարզէ: Ժողովին ներկայացուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի 2006-2007 երկամեայ մանրամասնեալ տեղեկագիրը եւ հաշուեկշիռը ներկայացնող հրատարակութիւն մը, որով ժողովականներ հանգամանօրէն ծանօթացան միութեան ելեւմուտքին:

Կիրակի, հոկտեմբեր 5-ին, հիւրերը այցելեցին Հ.Բ.Ը.Միութեան Լ. Նաճարեան-Գ.Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան, ուր դիմաւորուեցան դպրոցի աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ:

Հանդիսութեան աւարտին հիւրերը անցան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գալուստ Կիւլպէնկեան կեդրոն, ուր միութեան Հալէպի պատասխանատուները հիւրերուն ծանօթացուցին կեդրոնի յարկերուն վրայ տեղադրուած Միութեան գրասենեակներն ու գործունէութեան համար նախատեսուած սրահները: Հիւրերը դիտեցին նաեւ Հ.Ե.Ը.-ի «Սարեան» ակադեմիայի սաներու գեղանկարչական ցուցահանդէսի աշխատանքները:

Երկուշաբթի, 6 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10-ին «Ալ Շաաբ» նախագահական ապարանքին մէջ, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Բաշար Ասադ ընդունեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումը առիթ էր շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելու Սուրիոյ նախագահին` սուրիահայութեան հանդէպ ցուցաբերած հոգատարութեան եւ հովանաւորութեան համար, ինչպէս նաեւ խօսակցելու շրջանային քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութեանց շուրջ:

ՀԲԸ Միութեան 85-րդ Ընդհանուր անդամական ժողովը նոր ոգեւորութիւն յառաջացուց միութեան աշխարհատարած մասնաճիւղերը ներկայացնող եւ Հալէպ ժամանած անդամներուն մօտ, որոնք գօտեպնդուած Հալէպի մայր գաղութին մէջ գործող Հ.Բ.Ը.Մ.-ի բոլոր մարմիններուն կատարած կազմակերպչական աշխատանքով, իրենց գաղթօջախները վերադարձան լաւագոյն յուշերով ու տպաւորութիւններով` միշտ ծառայելու համահայկական այս կազմակերպութեան ազգաշահ նպատակներուն

ՅՈՎԻԿ ԷՕՐՏԵՔԵԱՆ, (Հալէպ-Երեւան)


Նկար 1. Ընդհանուր անդամական ժողովի մասնակիցները:

Նկար 2. Պերճ Սեդրակյան

Նկար 3. Համերգ Հալեպի պատմական բեմում:


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4