Նիւ Ճըրզիի Սուրբ Թովմաս եկեղեցւոյ կից «Ա՛խ Թամար» կանանց պարախումբին միակ ելոյթը, Քալիֆորնիոյ Գլենդէյլի քաղաքի Երկրորդական վարժարանի սրահին մէջՙ հսկայ յաղթանակի վերածուեցաւ կիրակի նոյեմբեր 2-ին կայացած ելոյթով:
Լոս Անճելըսի Թէքէեան մշակութային միութեան եւ Պոլսահայ միութեան միասնական ճիգերով կազմապերպուած ձեռնարկին ներկայ եղան 1200-ի մօտ հանդիսականներ, որոնք ամբողջ երկու ժամ հիացական ծափահարութեամբ գնահատեցին գեղարուեստական ղեկավար Սիլվա Ասատուրեանի 45 պատանի պարուհիներու շքեղ եւ հեզաճկուն պարերը: Աղջիկներու այս խումբը ցուցաբերեց նախանձելի կազմակերպուածութիւն, կարգապահութիւն եւ գեղարուեստական բարձր ճաշակ ու կատարում, որոնք կը պարտին ղեկավար Սիլվա Ասատուրեանի եւ տեղակալ Զուարթ Կիւլեանի նուիրուածութեան եւ բծախնդիր հեղինակութեան:
Յայտագիրը հարուստ էր հայկական, մոլտովական ու ռուսական տոհմիկ պարերով ու երգերով, որոնք ընդմէջ պարերուՙ կատարուեցան Գագիկ Բադալեանի եւ Արաքս Կարապետեանի վարպետ մեկնաբանութիւններով, Սրինգի մեծ վարպետ Արարատ Պետրոսեան եւս հմայեց հանդիսականները Սայեաթ Նովայէն իր երկու կատարումներով:
«Ա՛խ Թամար» պարախումբը կազմուած է Նիւ Ճըրզիի Թենըֆլայ քաղաքին մէջ, 1993-ին, բայց 1996-ին է, որ ստացած է այսօրուան անունըՙ Սուրբ Թովմաս եկեղցւոյ միանալէ ետք: Եկեղեցւոյ հովիւըՙ Տ. Բաբգէն վրդ. Անուշեան, ամբողջական օժանդակութիւն կը շնորհէ խումբին, որուն անդամները զաւակներն են առաւելաբար Ստանպուլէն Նիւ Ճըրզի հաստատուած պոլսահայ ընտանիքներու: Խումբը ինքնաբաւ է, շնորհիւ մեծ թիւով ծնողներու կամաւոր աշխատանքին: Սիլվա Ասատուրեանի յղացումով կազմուած խումբը այսօր կը հաշուէ մօտ 80 անդամներՙ մեծ մասամբ ուսանողներ տեղական վարժարաններուն մէջ եւ որոնք հայկական տաքուկ մթնոլորտի մը մէջ հայկական մշակոյթով ու սովորութիւններով կ՚առաջնորդուին ղեկավարներու կողմէ:
Գլենդէյլի ձեռնարկին բացառիկ յաջողութեան մէջ մեծ բաժին ունէր երկու կազմակերպութիւններէն կազմուած գործադիր յանձնախումբըՙ գլխաւորութեամբ Վաչէ Սեմերճեանի: Յանձնախումբին անդամները ամբողջ երկու ամիս անխոնջ աշխատանքով յաջողեցան իրենց ծանր պարտաւորութիւնները կատարել: