ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ, Պատմական գիտությունների թեկնածու
2008 թուականի ամառը ԱՄՆ-ի «Մայրենի» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց նախկին լիբանանահայ, 1970-ականներու կէսերէն ամերիկաբնակ հասարակական եւ կուսակցական գործիչ Յակոբ Վարդիվառեանի «Հանդիպումներ» մատենաշարի հերթական` Գ. հատորը: Ան կը կրէ «Նիւ Ճըրզի, 2008» նշումները եւ բաղկացած է 17 x 24 սմ. չափի 453 էջերէ: Վարդիվառեան հատորը նուիրած է իր երկրորդ, ամերիկուհի կնոջը` Մարիային, «որ սիրեց Հայաստանն ու հայութիւնը» (էջ 5):
Նախորդ հատորներուն նման, Գ. հատորը եւս ընթերցողին կը ներկայացնէ 40 անձերու հետ Յակոբ Վարդիվառեանի կատարած հարցազրոյցները: Անոնք կ,ընդգրկեն աւելի քան քառորդ դարու ժամանակաշրջան մը` Ապրիլ 1980-էն մինչեւ 28 Դեկտեմբեր 2006-ը (միայն առաջին երեք հարցազրոյցները կը վերաբերին 1980-ականներուն), եւ հատորին մէջ դասաւորուած են ժամանակագրական հերթականութեամբ: Յ. Վարդիվառեանի 40 խօսակիցներէն 38-ը հայեր են, 2-ը` թուրք, ընդ որուն` Էլչիպէյի նախագահութեան տարիներուն Ատրպէյճանի Մամլոյ սպասարկութեան տնօրէն Աֆիֆ Ալիեւը մերժած է լուսանկարուիլ (հարցազրոյցը կատարուած է 19 Մարտ 1993-ին` Մոսկուա, Ատրպէյճանի դեսպանատան մէջ): Հարցազրոյցներէն 28-ն ժամանակին լոյս տեսած է կամ իրարմէ արտապուած է Ռ. Ա. Կ.-ի մամուլին, քանի մը հատն ալ ուրիշ թերթերու մէջ:
Վարդիվառեանի հայազգի խօսակիցները կու գան տարբեր վայրերէ` Հայաստանի Հանրապետութիւն, Ա. Մ. Ն., Ռուսաստան, Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի երկիրներ, Պրազիլ եւ Արժանթին: Իւրաքանչիւրին հետ հարցավարը կÿարծարծէ, այլոց շարքին, տուեալ երկրի հայութեան ամենատարբեր հարցերը, շեշտը դնելով մանաւանդ ազգային միասնութեան եւ հայապահպանման խնդիրներուն վրայ:
Վարդիվառեանի խօսակիցները իրենց մասնագիտութեամբ կամ պաշտօնով ամենատարբեր մարդիկ են` հոգեւորականներ (ներառեալ` Գարեգին Ա. եւ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսները), գիտութեան, մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներ, մանկավարժներ, Հ. Հ.-ի դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, սփիւռքահայ դպրոցներու տնօրէններ, գրողներ, քաղաքական եւ կուսակցական ղեկավար դէմքեր... Կայ ընդամէնը մէկ գործարար` Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան նախագահ Գագիկ Աբրահամեանը: Բոլոր հայազգիները իրենց կուսակցական պատկանելիութեամբ կա՛մ ռամկավար ազատական են, կա՛մ ազատական կողմնորոշում ունին, բացի մէկէն` խմբագիր եւ գրադատ, դաշնակցական Մինաս Թէօլէօլեանէն: Հնչակեաններ եւ համայնավարներ առհասարակ չկան: Իսկ միակ անձը, որու հետ Վարդիվառեան անձամբ չէ վարած հարցազրոյցը, եղած է Թեհրանի թեմի երկարամեայ առաջնորդ Արտակ Արք. Մանուկեանը. «Ամերիկայի մէջ եկեղեցական տագնապը հասած ըլլալով տխուր վիճակի մը, կուսակցական պաշտօնիս բերումով եւ հասկնալի պատճառներով չէի կրնար անձամբ վարել այս հարցազրոյցը»,- կը պատճառաբանէ Վարդիվառեան (էջ 22):
«Հանդիպումներ - 3» հարցազրոյցներու ժողովածուն կը սկսի «Մայրենի» հրատարակչութեան տէր եւ տնօրէն դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի «Հայելացոյցն Այս» վերնագրուած ներածական խօսքով (էջ 7-11), ուր ան կարժեւորէ թէ՛ նախորդ եւ թէ՛ այս ժողովածուները: Առիթէն օգտուելով, ան կարծիքներ կարտայայտէ 1990-ականներէն առ այսօր Ռ. Ա. Կ.-ը հարուածած ներքին խնդիրներուն մասին` անթաքոյց կերպով իր համակրանքն արտայայտելով Վիգէն Խաչատրեանին` Յակոբ Աւետիքեան - Ռուբէն Միրզախանեան զոյգին հանդիման (էջ 10), մինչդեռ Յակոբ Վարդիվառեան կը բաւականանայ արձանագրելով Խաչատրեան-Միրզախանեան հակադրութեան գոյութիւնը, որով անոնք «երկփեղկումի կ,առաջնորդէին կուսակցութիւնը» ու Աւետիքեանի պաշտպանութիւնը Միրզախանեանին (էջ 152): Մեր կարծիքով, դոկտ. Ղազարեան նոյն` անաչառ կերպով պէտք է վարուէր, իսկ աւելի ճիշդ կ,ընէր, եթէ կատարէր բծախնդիր խմբագիրի դերը, որուն կարիքը այս գիրքը կը զգայ դժբախտաբար:
Այս, ինչպէս եւ նախորդ երկու ժողովածուներուն առանձին արժէք կ,աւելցնեն իւրաքանչիւր խօսակիցին լուսանկարը եւ տուեալ անձին մասին Յակոբ Վարդիվառեանի` այս ժողովածուի հրատարակման առթիւ գրած մէկ էջնոց բնութագիրները, որոնց մէջ ան յաճախ տեղեկութիւններ կու տայ նաեւ հարցազրոյցներու կատարման հանգամանքներուն մասին: Այս էջերուն մէջ Վարդիվառեան երբեմն կը շարադրէ նաեւ այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք այլապէս անծանօթ պիտի մնային ո՛չ միայն հատորի ընթերցողին, այլեւ` հայ հասարակութեանն առհասարակ: Օրինակ, Հ. Ռ. Ա. Կ.-ի Հանրապետական վարչութեան ատենապետ Ռուբէն Միրզախանեանի մասին իր գրած էջէն կ,իմանանք, թէ ծրագիր եղած է Յակոբ Վարդիվառեանի եւ Հ. Ռ. Ա. Կ.-ի անուամբ գնելու Երեւանի ռուսալեզու «Կոլոս Արմենիի» թերթը, ինչը չէ իրականացած` Ռ. Ա. Կ.-ի ղեկավարութեան որոշումով Վարդիվառեանի` կուսակցութենէն հեռացման պատճառով (էջ 76): Նոյն էջէն կը տեղեկանանք, թէ Վարդիվառեան գործօն մասնակցութիւն ունեցած է «Ազգ» թերթը մէկ տարուան թուղթով ապահովելու գործին մէջ` 1992-1993 դժնդակ տարիներուն: Վարդիվառեան այս էջերուն մէջ կ,ընէ նաեւ զանազան ուշագրաւ դատողութիւններ:
Յակոբ Վարդիվառեան իր ռամկավար շուրջ 10 խօսակիցներուն հետ կ,արծարծէ ներկուսակցական հակառակ դիրքաւորումներու խնդիրները` զանոնք հարթեցնելու անկեղծ մղումով: Այս շարքին մէջ կ,առանձնանայ Հ. Ռ. Ա. Կ.-ի խորհրդարանական պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Վիգէն Խաչատրեանի հետ Պէյրութի մէջ 13 Փետրուար 1994-ին կատարած ու անտիպ մնացած հարցազրոյցը (էջ 153-167), ուր խօսակիցը շեշտը կը դնէ պետական-քաղաքական քատրերու պատրաստման անհրաժեշտութեան վրայ: Իսկ բարձրաստիճան հոգեւորական հայրերու հետ իր հարցազրոյցներուն մէջ Վարդիվառեան խօսակիցին կը նեղէ արտայայտուելու հայութեան միասնական մարմինը կրծող` Հայ Եկեղեցւոյ պառակտման մասին: Մինչ էջմիածնական հոգեւորականներն ու Մայր Աթոռի գերագահութեան նախանձախնդիր աշխարհական շրջանակներու ներկայացուցիչներ այս մասին կ,արտայայտուին որոշակիօրէն, անթիլիասական կամ նախկին անթիլիասական միաբաններ (օրինակ` Գարեգին Ա. Սարգիսեանը) կը խուսանաւեն` միութեան փոխարէն խօսելով կաթողիկոսական երկու Աթոռներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին: Ակնյայտ է, որ անոնք չեն ախորժիր այս հարցի բարձրաձայնումէն, զոր յամառօրէն ու հետեւողականօրէն կը կատարէ Վարդիվառեանը:
Առանց Յ. Վարդիվառեանի կատարած հարցազրոյցներուն, բազմաթիւ կարեւոր տեղեկութիւններ անհասու պիտի ըլլային հայութեան: Այսպէս, այսօր ո՞վ գիտէ, թէ շարժանկարի` ողբերգական վախճան ունեցած բեմադրիչ, լիբանանահայ Կարի Կարապետեանն է իրագործած Լիբանանի հեռատեսիլի պատմութեան մէջ առաջին ուղիղ հեռասփռումը, որ եղած է 1960-ին` Սարգիս Փասքալեանի կազմած Հ. Ե. Ը.-ի երգի-պարի խումբի աւարտական ելոյթը Պէյրութի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահին մէջ (էջ 40):
Ինքնին խնդրայարոյց է Սարգիս Փասքալեանի անձի պարագան: Յայտնի է, որ խորհրդային գաղտնի սպասարկութիւնները Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի տեղակալներէն Պետրոս Պետրոսեանի միջոցով հաւաքագրած էին Փասքալեանը, որու յայտնաբերումը քիչ մնաց խզէր Ալեք Մանուկեանի կապը յիշեալ կոմիտէին հետ («Ուրեմն Համազասպեանի Կոմիտէն լրտեսական գործով կը զբաղի, ինչպէ՞ս կրնանք յարաբերիլ հետը»,- վրդոված է Հ. Բ. Ը. Մ.-ի ցկեանս նախագահը. տե՛ս Բարունակ Թովմասեան, «Հայրենական Օրագրութիւն. 1957-1985» Ուոլթհեմ, Ա. Մ. Ն., 1994, էջ 165): Այս պատմութեանը վրայ նոյնինքն Փասքալեան կ՚անդրադառնայ իր հետ կատարուած հարցազրոյցին մէջ: Այս առումով հետաքրքրական, սակայն հարցականներ պահպանող է Վարդիվառեանի գրածը Փասքալեանի ուրուանկարին մէջ. «Հայ Դատի հետապնդման իր ուղին զինք առաջնորդեց բանտ» (էջ 36): Կը յուսանք, թէ «վասն Հայ Դատին» Փասքալեանին «եօթը տարի, մէկ ամիս եւ քսան օր» բանտարկութիւն արժեցած (էջ 53) այս պատմութեան վրայ օր մը յաւելեալ լոյս կը սփռուի` ի նպաստ հասարակական-քաղաքական միտքին եւ հայ պատմագիտութեան, մասնաւորաբար հայկական հետախուզութեան պատմութեան:
Հարցականներ կը յարուցէ նաեւ 5 Ապրիլ 2000-ին հայատառ մամուլին առաջին անգամ հարցազրոյց տուած թուրք հանրայայտ պատմաբան Թանէր Աքչամի` առ այս հատորը անտիպ (Վարդիվառեան այս փաստը կը բացատրէ թրքերէն պատասխանները օրին թարգմանել տալու իր ճիգերու անյաջողութեամբ` էջ 320, որ մեր կարծիքով, համոզիչ փաստարկ չէ)` հետեւեալ տեղեկութիւնը` ի պատասխան հարցավարի` Միջին Արեւելքի հայաշատ գաղութներուն հետ իր շփումներու մասին հարցումին. «Ես այն ժամանակ (խօսքը 1970-ականներու վերջի մասին է - Գ. Ե.) մէկ այլ կազմակերպութեան ղեկավարն էի: 1982-ին Ապտուլլա Օճալանն ինձ առաջարկեց կապ հաստատել ԱՍԱԼԱ-ի հետ: Կարծեմ 1981-ից յետոյ էր, իսկ ես ի պատասխան Օճալանին հայհոյեցի, թէ դու այդ բանն ինչպէ՞ս ես ինձ առաջարկում: Որովհետեւ մեր կարծիքով, ԱՍԱԼԱ-ն իմփերիալիզմի ձեռքին խաղալիք էր եւ վատ կազմակերպութիւն» (էջ 330):
Աքչամի այս բացայայտումը տարակուսանք կը յարուցէ, քանի որ Օճալանը 1978-ին ոչ միայն կապ հաստատած էր ԱՍԱԼԱ-ի հետ, այլեւ` գործակցութեան համաձայնութիւն կնքած Գաղտնի բանակի ղեկավար Յակոբ Յակոբեանի (բուն անունով` Յարութիւն Թաքուշեան) հետ, որը մինչեւ 1980-ը տապալեցաւ Օճալանի խոստմնադրժութեան պատճառով, իսկ Յակոբեանն այնպիսի մէկը չէր, որ փորձուածը մէկ անգամ եւս փորձէր...
Վիգէն Խաչատրեանն ալ բաւական բացայայտումներ կատարած է անտիպ մնացած իր հարցազրոյցին մէջ: Անոր համաձայն, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահական թեկնածութեան հարցը Հ. Ռ. Ա. Կ.-ի Հանրապետական վարչութիւնը միաձայն չէ ընդունած. աւելին` «փոխ-ատենապետ Կարէն Կոստանդեանը դէմ քուէարկեց, իսկ ատենապետ Ռուբէն Միրզախանեանը ձեռնպահ մնաց» (էջ 154): Իսկ ինչո՞ւ այդ որոշումը պէտք է միաձայն անցնէր, խորհրդային կարգերը դեռ կը շարունակուէի՞ն: Խաչատրեանը համոզուած է, որ եթէ Լ. Տէր Պետրոսեան պաշտօնի նշանակէր Հ. Ռ. Ա. Կ.-ի կողմէ իրեն առաջարկուած նախարարացուները, կուսակցութիւնը պիտի վարկաբեկուէր (էջ 155):
Անտիպ հարցազրոյցներէն յատուկ կարեւորութիւն կը զգենուն Գարեգին Ա. Սարգիսեանի, ամերիկահայ ու սաղիմահայ սրտաբան եւ գրող տոքթ. Կարօ Կարապետեանի եւ Թանէր Աքչամի հետ կատարուածները: Գարեգին Ա.-ը, Նիւ Եորքի մէջ 12 Յունուար 1996-ին կատարուած հարցազրոյցին մէջ կը խուսափի յստակ տեսակէտ արտայայտելէ երկու կաթողիկոսութիւններու իրաւասութեանց մասին` բաւարարուելով Հայ Եկեղեցւոյ մէկութեան մասին հերթական, փճացած ձայնասկաւառակի ձայն հանող արտայայտութիւններով, շարունակելով խօսիլ երկու Աթոռներու «գործակցութեան» մասին (էջ 280): Կը պարզուի, որ պէտք է «փառք տանք Աստուծոյ», որ «բաղդատելով ասկէ տասնամեակներ առաջուան հետ... շա՛տ աւելի մօտիկութիւն ստեղծուած է» երկու Աթոռներուն միջեւ: «Այս ճամբան պիտի շարունակէ դէպի միութիւն»,- համոզուած է Գարեգին Ա.-ը, սակայն չի գիտեր, թէ այդ հոլովոյթը «քսան տարի՞ կը տեւէ, յիսուն տարի՞ կը տեւէ», ու կաւելցնէ. «Ես Աստուած չեմ որ ձեզի ըսեմ թէ քանի՞ տարի կը տեւէ» (էջ 286): Մեկնաբանութիւնները թող ընթերցողները կատարեն...
Տոքթ. Կարօ Կարապետեանը չափազանց լաւատեղեակ է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան ու Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներու ներքին խոհանոցին ու կենցաղին: Ան քիչ բան կ, ըսէ, բայց շատ բան կը հասկցնէ: Թորգոմ Պատրիարքին մտերիմ բժիշկը կը խօսի երեւոյթի մը մասին, որ կրնայ մօտ ապագային լուրջ անախորժութիւններու տեղիք տալ. ատիկա միաբանութեան` Երուսաղէմ ապրող եւ դուրսը գտնուող ու վերադառնալ չցանկացող անդամներուն միջեւ յառաջացած անդունդն է: «Հիմա ներսինները ամբողջութեամբ հակառակ են դրսեցիներուն: ... Անոնք դուրսի միաբաններուն երեսը չեն ուզեր տեսնել, դուրսէն պատրիարքութեան թեկնածուի մը անկարելի է որ քուէարկեն»,- կ,ըսէ տոքթ. Կարապետեան (էջ 312): Եղիշէ Տէրտէրեան - Տիրան Ներսոյեան յիսնամեայ վաղեմութեան հակամարտութիւնը նոյն այս երեւոյթով բացատրելէ ետք, սրտաբանը կը խօսի Եղիշէ Տէրտէրեան եւ Շահէ Աճէմեան արքեպիսկոպոսներու շահատակութեանց ու իրարու հակադրուելուն մասին, յայտնելով, թէ Եղիշէն վանքը վախցնելով կը կառավարէր (էջ 313):
Թանէր Աքչամի հետ հարցազրոյցը ուշագրաւ է թուրք պատմաբանին յայտնած կարծիքներով, որոնք ան յետագային կրկնած է տարբեր առիթներով: Անոնցմէ կ,առանձնացնենք հետեւեալները.
«Իթթիհատ վէ Թերաքքի» կուսակցութեան կենտրոնական կոմիտէի արխիւը, ինչպէս նաեւ Սթամպուլում «Թէշքիլաթը Մահսուսա»ի արխիւը ոչնչացուել են: Որտեղի՞ց գիտենք այդ մասին. դատավարութիւններից: 1919 թ. Սթամպուլի ռազմական ատեանում Զիա Կէօքալփի, Միտհաթ Շիւքրիւի պէս մեղադրեալներ խոստովանել են, որ արխիւային այդ փաստաթղթերը ոչնչացուել են» (էջ 322):
«... երկու հասարակութիւնների միջեւ չկայ երկխօսութիւն. ... ե՛ւ թուրքերը, ե՛ւ հայերը պատրանքով են զբաղուած: Ձեր պատկերացրած Թուրքիան պատրանքով ստեղծուած, հնարովի Թուրքիան է, ոչ թէ իրական: Թուրքիայում բնակուողների պատկերացրած սփիւռքը նոյնպէս հնարովի սփիւռք է: ... Պէտք է յաղթահարենք հնարովի թուրքին, հնարովի հային» (էջ 323): Ըստ երեւոյթին, Հրանդ Տինքը սպանողն ալ «հնարովի թուրք» է` ըստ Աքչամին...
«... Թուրքիայում ժողովրդավարութեան ամրապնդման, հասարակական կեանքի կատարելագործման անհրաժեշտ նախապայմանը պատմութեան հետ հաշտուելն է» (էջ 324):
Կը պարզուի, որ ըստ Աքչամի, Հայոց Ցեղասպանութեան` Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումը նաեւ առեւտրական օգուտներ ունի երկու կողմերուն համար, այսինքն` կարելի է հայոց պատմութեան մեծագոյն ցաւը առեւտրական շահի առարկայ դարձնել. «Ցեղասպանութիւնը ճանաչելու դէպքում Ա. Մ. Ն.-ի երեք միլիոնանոց սփիւռքահայութիւնը (Աքչամ ուրկէ՞ յօրինած է այս թիւը. - Գ. Ե.) կը նպաստի Թուրքիային: Դա ներդրումների, աշխատատեղերի մեծ ոլորտ է, աւելի լաւը չէք կարող պատկերացնել» (էջ 325): Ահա՛ այսպէս, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս... Հայերս աւելի լաւ բան չենք կրնար պատկերացնել եղեր:
«... Ես հայկական սփիւռքից կամ հայ համայնքից ակնկալում եմ, որ նրանք նախքան թուրք մարդու հետ երկխօսութեան մէջ մտնելը` որպէս նախապայման նրան չառաջադրեն ցեղասպանութեան ճանաչումը, որովհետեւ դա կը յանգեցնի երկխօսութեան ձախողմանը» (էջ 328): Այսքանէն ետք կարելի՞ է կասկածիլ, թէ Աքչամն ու իր նմանները Տրովադայի Ձիեր են հայ իրականութեան դաշտին մէջ նետուած...
«Պարզապէս նկատել եմ, որ ցեղասպանութիւնը սփիւռքի միասնականութիւնն ապահովող գլխաւոր գործօնն է: Միաժամանակ պէտք է խոստովանեմ. չէի կարող պատկերացնել, որ սփիւռքը թուրքերի նկատմամբ թշնամանքով գերազանցի թուրքերին» (էջ 330):
«Պէտք է իրար ճանաչենք: Սակայն չենք ճանաչում» (էջ 330): «... Մենք մուտք ենք գործում 21-րդ դար: Իմ կարծիքով, որեւէ իմաստ չունեն սահմանների շուրջը ծաւալուող բանավէճերը: ... Հողային կամ պահանջատիրութեան նման յաւակնութիւնները ո՛չ միայն օգուտ չեն բերի, այլեւ կը խախտեն սահմանների անդորրը» (էջ 331), «Կարեւորն այն է, որ հայերը կարողանան ազատօրէն եւ ցանկացած պահին այցելել Արարատ լեռ» (էջ 332. նախորդ էջին մէջ Արարատը Աղրի լեռ դարձած էր...): Այսինքն, Աքչամ բացայայտօրէն կոչ կ,ուղղէ հայոց` հրաժարելու հազարամեակներու հայրենիքի գրաւեալ տարածքներու պահանջատիրութենէն, ու բաւարարուիլ ազատ ... զբօսաշրջութեամբ հայրենի տարածքներուն մէջ, անշուշտ չմոռնալով գումարներ ծախսել առատօրէն:
«Հայկական սփիւռքին խնդրում եմ, սա Թանէր Աքչամի խնդրանքն է. եկէ՛ք աշխատենք, որ Թուրքիան դառնայ Եւրոմիութեան անդամ: Ի՞նչ կը լինի: Այլապէս կը նշանակի, թէ դուք չէք ուզում Թուրքիայում դրական փոփոխութիւնների կատարում» (էջ 332): Այսինքն, Աքչամ կը կորսնցնէ իր չափն ու կշիռը ու հայերս կը մեղադրէ... Հարցնող ըլլայ սոյն պարոնին, իսկ դո՛ւք, թուրքե՛րդ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ դրական փոփոխութիւններ կուզէ՞ք որ ըլլան: Այո՞: Այդ պարագային, ինչո՞ւ 15 տարիէ աւելի շրջափակուած պահեցիք ու կը պահէք անոր սահմանները եւ ամէն տեսակ թշնամական արարքներ կը գործէք անոր ու հայութեան նկատմամբ առհասարակ:
Կը պարզուի, որ հայ-թրքական հակամարտութեան լուծման կախարդական դեղամիջոց մը ունի Պրն. Աքչամը. « ... առկայ հիմնախնդիրների յաղթահարման ուղին ազգայնականութիւնից վեր կանգնելն է» (էջ 333):
Շատ տեղ տրամադրեցինք Թանէր Աքչամի տեսակէտներուն, որովհետեւ անոնք ... շատ թունաւոր են եւ թրքավարի խորամանկութեամբ ներծծուած, ուստի մենք` հայերս պէտք է շատ աւելի աչալուրջ ըլլանք:
Ի՜նչ նիւթեր ըսէք, որ այս հարցազրոյցներուն մէջ չեն արծարծուած: Ցաւօք, անոնցմէ շատ-շատեր, այսօր եւս կը կրծեն մեր հոգին. Հայ Եկեղեցւոյ պառակտումը, Հայրենիքի այս բուռ մը հողէն աղիտալի արտագաղթը, հայ գրողին, արուեստագէտին ու գործիչին վիճակուած Գողգոթան, անոնց եւ հայ ուսուցիչին նկատմամբ անարգանքի հասնող պետական եւ հասարակական վերաբերմունքը... Ո՞ր մէկ ցաւը թուենք:
Բաւարարուինք ընդամէնը հայ ուսուցիչի վիճակը պատկերող հետեւեալ տողերուն ներկայացումով: Ալեքսան Աթթարեան ցաւ կը յայտնէ, թէ հայագիտական առարկաներու ուսուցիչներու նոր հերթափոխ չկայ, որուն պատճառով ալ աշխատիլ կը ստիպեն թոշակի տարիքի հասածները: Վարդիվառեան թէեւ կը զարմանայ այս փաստին առթիւ, սակայն ինք եւս «դժբախտ երեւոյթ» կը նկատէ ասիկա: Երկխօսութեանը ներկայ, Ռ. Ա. Կ.-ի Սուրիոյ ղեկավարներէն Գրիգոր Ատանալեանը կը միջամտէ. «Դժբախտ երեւոյթ չէ. կը ներէք, ես պիտի ընդմիջեմ: Այստեղ նիւթական վարձատրութեան հարց կայ»: Աթթարեանը կ,ըսէ նոյնհետայն. «Այդ դուռը եթէ բանանք, շատ ողբալի բաներ պիտի ըսեմ...»: Քանի մը տող անդին կ,իմանանք, թէ բանասիրութեան դոկտոր, 21 տարուան ուսուցչական վաստակ ունեցողի մը (Աթթարեան անունը չի տար, թէեւ խօսքը հաստատապէս կը վերաբերի այժմ հանգուցեալ Բիւզանդ Մինասեանին) ամսավարձը 6600 սուրիական ոսկի (110 տոլար) է, իսկ այդ տարի հայագիտական նիւթեր դասաւանդող տիկին մը դպրոց ընդունած են 3000 սուրիական ոսկի (60 տոլար) ամսականով, մինչդեռ «չորս հոգինոց ընտանիք մը Հալէպի մէջ համեստ կեանք մը ապրելու համար առնուազն 300 տոլարի պէտք ունի» (էջ 175):
Այս վիճակը կը շարունակուի այսօր ալ` 2008-ի վերջին, շա՛տ աւելի մեծ տարողութեամբ ու ... խայտառակութեամբ, մինչ բեմերէն ու թերթերու էջերէն կը պոռպռան` ուսուցիչ չկա՜յ, խմբագիր չկա՜յ, դպրոցի տնօրէն չկա՜յ, եկեղեցի գացող չկա՜յ, սա չկա՜յ, նա չկա՜յ...
Հետաքրքրական է Մինաս Թէօլէօլեանի այն տեսակէտը, որ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ վերջնական խօսքը կը պատկանի ու պէտք է պատկանի միայն աշխարհականներուն: Ան կը բացարձակացնէ Ազգային Սահմանադրութեամբ աշխարհականներուն տրուած իրաւունքները` ըստ երեւոյթին արդարացնելու համար 1950-ականներու եկեղեցական պառակտումը, որու մէջ ինք ալ որոշակի դեր խաղաց: Ըստ Մ. Թէօլէօլեանի` «եկեղեցականութեան կարծիքը թէ այս կամ այն պիտի ունենանք որպէս կաթողիկոս` բացարձակապէս իմաստ չունի» (էջ 218): Թէօլէօլեան յառաջ կը տանի նաեւ ուրիշ անընդունելի դրոյթ մը, երբ կը յայտարարէ, թէ Մայր Աթոռը «գերագոյն կաթողիկոսութիւն է, բայց (Մայր Աթոռի գահակալը - Գ. Ե.) գերագոյն կաթողիկոսը չէ» (էջ 222): Սա նոյնն է, ինչ երկու կաթողիկոսներու հաւասարազօր ըլլալու պառակտիչ դրոյթը, որն այնքան աղիտաբեր եղաւ ու կը շարունակէ ըլլալ հայութեան համար: Հիմնովին անընդունելի են նաեւ Թէօլէօլեանի պնդումները Սիմոն Սիմոնեանի գրական ստեղծագործութիւններ չունենալուն մասին (էջ 225):
Չափազանց կարեւոր յուշեր կը պատմէ Բաբգէն Ա. Քահ. Մագսուտեանը Անթիլիասի 1930-1940-ական թուականներու կեանքէն: Ըստ անոր` Անթիլիասի դպրեվանքը առաջին տարիներուն գերնպատակ ունէր քահանաներ եւ ուսուցիչներ պատրաստելու: Յետեղեռնեան ժամանակաշրջանի ազգային կեանքի կազմակերպման առաջնահերթութիւնները այդ կը պարտադրէին, եւ սա շատ լաւ ըմբռնած էին դպրեվանքի հիմնադիրն ու առաջին տեսուչը` Բաբգէն Եպս. Կիւլեսէրեանը եւ Շահէ Ծ. Վրդ. Գասպարեանը: Տէր Հօր յուշերը համեմուած են զուարթասացութեամբ: Օրինակ, յուշ մը, Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսէն. «Իրիկունը Բաբգէն Սրբազան կերթար, միասին կը ճաշէին: «Թաւլի» ալ կը խաղար հետը: Երբեմն կը փորձէր միտքը հասկնալ ու քար կը փախցնէր...: «Տեսա՜յ, տեսա՜յ, Վեհափա՛ռ, գողցար...»: Ու ան կըսէր. « «Թաւլի» կը խաղանք կոր, Աւետարան չենք կարդար կոր» » (էջ 354): Տէր Բաբգէն կը բնութագրէ ապագայ Զարեհ եւ Խորէն Կաթողիկոսները, որոնց մօտիկ անձ եղած է. «Զարեհը շատ բարի էր, «չօճուխի» պէս: Երբ ձեռնադրուեցաւ ու վարդապետ եղաւ, իմ ամենէն մօտիկ բարեկամներէս էր: Զարեհը բարեգործականճի էր, հակադաշնակցական» (էջ 356), որու նկարագրի թուլութենէն ալ կ,օգտուին Դաշնակցութեան Հալէպի մեծաւորները (էջ 356-357): Խորէնն ալ «շա՜տ բարի տղայ էր: ... Ամէն մարդ կը սիրէր զինք: ... Հիւսիսային Սուրիա գառնուկ գնաց, գայլ վերադարձաւ... Ուտող եւ արբեցող, սիկառէթը ետեւ-ետեւի` շղթայի նման...: Հոն արկածներ ունեցաւ» (էջ 357):
«Հանդիպումներ - 3» ժողովածուն կ,աւարտի «Հանդիպումներ -2» հատորի արձագանգներէն փունջի մը տպագրութեամբ, լոյս տեսած հայկական մամուլին մէջ կամ նամակով ու այլապէս յայտնուած Յակոբ Վարդիվառեանին: Անոնց հեղինակները իրաւամբ կը մատնանշեն այն արժանիքները, որոնք ունին մատենաշարին հատորները:
Հալէպի Ազգ. գերեզմանատան մէջ հանգչող Յակոբ Օշականի շիրիմին այցելած Յակոբ Վարդիվառեանը կը յայտնէ, թէ այնտեղ Աթթարեանի հետ վերանորոգած են իրենց ուխտը` «տէր կանգնելու մեր լեզուին» (էջ 168): Պիտի փափաքէինք, որ այդ տիրութիւնն արտայայտուէր հայոց լեզուի անաղարտութեան նկատմամբ շատ աւելի խիստ մօտեցումով, ինչը, ցաւօք, չի նշմարուիր այս ժողովածուին մէջ:
Ժողովածուի սխալները կը դասակարգենք հետեւեալ կէտերուն մէջ.
-Հայատառ օտար բառեր.- Ասոնք կը վխտան յատկապէս հայաստանցի գործիչներու բերաններուն մէջ: Սա ամօթալի եւ անընդունելի երեւոյթը սկսած է վարակել նոյնիսկ սփիւռքահայերը, որոնցմէ ոմանք իբրեւ թէ արեւելահայերէն, իրականին մէջ օտար բառերն ու օտարաբանութիւնները սկսած են բազմապատկել իրենց գրաւոր եւ բանաւոր խօսքին մէջ: Ասոնց գլուխ-գործոցն է «ցանկացած» պժգալի բառը, զոր ռուսական կրթութիւն ստացածները կը գործածեն «իւրաքանչիւր», «ամէն», «որեւէ» եւ նման բառերու փոխարէն: Աստուծոյ սիրոյն, աղբանոց նետեցէ՛ք այս անցանկալի «ցանկացած» բառը: Նոյնպիսի զզուանք կը յառաջացնէ «ստացուիլ» բայի գործածումը «պատահիլ», «ըլլալ» (լինել) կամ «յաջողիլ» բայերու փոխարէն: Ուրիշ աղբ մըն է «խօսքը գնում է» ռուսաբանութիւնը, զոր կը գործածեն իրենք զիրենք հայ մշակոյթի նուիրեալ ներկայացնող խօսակիցներ: Հայերէնին մէջ խօսքը «չի գնում», «չի գալիս», «չի պարում», «չի ցատկոտում»... Հայոց լեզուին մէջ «խօսքը լինում է» միայն:
Ամենուրեք կը հանդիպինք հետեւեալ օտար բառերուն, որոնք ունին իրենց հայերէն հոյակապ համարժէքները. «ակտիւ» (աշխոյժ, եռանդուն), «ռէալ» (իրողական, իսկական), «ինիցիատիւ» (նախաձեռնութիւն), «էքոնոմիք» (տնտեսական), «նորմալ» (բնական), «պրոբլեմ» (խնդիր, հարց, կնճիռ), «պոտենցիալ» (ներոյժ), «իմէջ» (կերպար, տեսք), «եունիկալ» (եզակի), «կոնտակտ» (շփում), «կոլեգա» (գործընկեր)...: Ո՞ր մէկը թուենք: Եւ ըսել, թէ այս բառերը կը գործածեն իրենք զիրենք ոչ միայն մտաւորական, այլեւ հայ մտաւորականութեան սերուցք յայտարարող անձեր: Յակոբ Վարդիվառեան այս օտար բառերը հաւանաբար ձգած է` իր խօսակիցին հայաստանցի ըլլալը շեշտելու համար: Սակայն, ինչ ալ ըլլայ պարագան, կարելի չէ նոյնիսկ աննշան զիջում թոյլ տալ հայոց լեզուի անաղարտութեան պարտաւորութեան մէջ:
Լեզուական նման սխալներ կը սպրդին նոյնիսկ սփիւռքահայերու խօսքերուն մէջ: Ինչո՞ւ ըսել «փոլոնական» (էջ 315), երբ հայկական ընդունուած ձեւն է «լեհական»ը:
Ժամանակագրական սխալներ. - Գարեգին Վրդ. Ներսիսեանի (ապագայ Գարեգին Բ.) Վիեննայի մէջ ուսումնառութեան տարիներուն անոր «հոգեհայր» Մեսրոպ Գրիգորեանը կը յայտարարուի «Սրբազան» (էջ 334), «Արքեպիսկոպոս» (էջ 386), մինչդեռ մինչեւ 1986 թուականին եպիսկոպոս օծուիլը, յիշեալ եկեղեցականը ծայրագոյն վարդապետի աստիճան ունէր, հետեւաբար չէր կրնար «Սրբազան» տիտղոսով կոչուիլ:
Սխալ կամ վիճելի տեղեկութիւններ ու հաստատումներ. - Երեւանի մէջ լոյս տեսնող «Կոլոս Արմենիի» թերթը Վարդիվառեան երկու անգամ կ,որակէ «ռուսական թերթ» (էջ 76): Սա հիմնովին սխալ է: Յիշեալ թերթը եղած է ու կը մնայ հայկակա՛ն պարբերական մամուլ, թէեւ ռուսատառ:
Տարօրինակօրէն, սխալներով կը վխտայ Գարեգին Ա. Սարգիսեանի ուրուանկարի էջի շարադրանքը (էջ 274): Այսպէս, կը կարդանք, թէ «իրեն հայրենակից Արտաւազդ Սրբազանի միջնորդութեամբ Անթիլիասի վանք մտած է» ան: Նախ, ան եւ յետագայի Արտաւազդ Արք. Թրթռեանը Անթիլիասի դպրեվանք (եւ ոչ թէ վանք) մտած են իրենց հայրենակից (քեսապցի), դպրեվանքի օրուան տեսուչ Դերենիկ Եպս. Փոլատեանի միջնորդութեամբ, իսկ Արտաւազդը եղած է Գարեգինի օծակիցը աբեղայ եւ եպիսկոպոս ձեռնադրութեանց ժամանակ: Այնուհետեւ կը կարդանք, թէ Խորէն Կաթողիկոս Գարեգինը «աքսորած էր Ատրպատական»: Խորէն Ա. իսկապէս չէր ախորժեր Գարեգինէն, սակայն զայն Իրան ուղարկելը որպէս Իրանա-Հնդկաստանի (եւ ոչ թէ Ատրպատականի) թեմի առաջնորդ աքսո՞ր էր, թէ՞ ոչ` վիճելի է: Երկու տող անդին կ,ըսուի, թէ Գարեգին Սրբազան, այնուամենայնիւ վերադարձաւ Անթիլիաս «եւ նշանակուեցաւ Դրան եպիսկոպոս ու ապա` Աթոռակից կաթողիկոս»: Ընթերցողը այս շարադրանքէն այն տպաւորութիւնը կը ստանայ, թէ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ (տուեալ պարագային` 1977-ին), աթոռակից կաթողիկոսը կը նշանակուի, մինչդեռ ան եւս կ,ընտրուի Ազգային-Եկեղեցական կամ Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ եւ ոչ թէ «կը նշանակուի»: Յաջորդ պարբերութեան աւարտին կը կարդանք, թէ Վեհափառ Հայրապետը «մուսա-տաղցի» է: Վարդիվառեան ինքն իրեն կը հակասէ, քանի որ ընդամէնը քանի մը տող վերը գրած էր, թէ ան «ունէր նկարագիրը Քեսապի հայութեան», իսկ Քեսապն ու Մուսա Լեռը տարբեր տարածքներ են, թէեւ շատ մօտիկ աշխարհագրօրէն, բարբառով եւ այլ կողմերով: Վարդիվառեան ուրուանկարը կ,աւարտէ, գրելով, թէ «Կիլիկիոյ հարազատ զաւա՛կն էր ան»: Վարդիվառեան եթէ «Կիլիկիա»ն այստեղ նկատի ունի իբրեւ կաթողիկոսութիւն, ապա իրաւացի է, իսկ եթէ նկատի ունի այն, որ Քեսապը Կիլիկիայէն մնացած տարածք է` տուրք տուած կ,ըլլայ Քեսապը Կիլիկիա նկատող համատարած սխալին: Քեսապը Կիլիկիոյ մաս չէ եղած երբեւէ: Վարդիվառեան կրկնակի սխալ թոյլ կու տայ նաեւ Վեհափառ Հօր հետ իր հարցազրոյցին մէջ, երբ անոր կ,ըսէ. «Պարսկաստանի թեմը հովուեցիք» (էջ 286): Նախ ճշդենք, թէ Պարսկաստան պետութեան պաշտօնական անունը 1936-ին փոխուեցաւ Իրանի (1979-էն` Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն), երկրորդ` Իրանի հայութիւնը կազմակերպուած է երեք թեմերու մէջ` Ատրպատական, Թեհրան եւ Իրանա-Հնդկաստան: Վերջինս որոշ ժամանակ որպէս առաջնորդ հովուած է յետագայի կաթողիկոսը:
Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ստեփան Դեմիրճեանի մէկ էջնոց ուրուանկարի շարադրանքին մէջ կը կարդանք. «Հայաստանի Ժողովրդային Կուսակցութեան ատենապետը` Ստեփանը, անկասկած ընտրեալ նախագահն է Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս իր հայրը` Կարէն Սերոբիչը, եղած էր ընտրեալ նախագահը մեր հանրապետութեան» (էջ 344): Այս մէկ նախադասութեան մէջ տեղ գտած են բազմաթիւ սխալներ: Այսպէս, կուսակցութեան անուան բաղադրիչը ոչ թէ «Ժողովրդային» է, այլ` «Ժողովրդական», Հ. Ժ. Կ.-ի ղեկավարը ոչ թէ ատենապետ կը կոչուի, այլ` նախագահ, իսկ Կարէն ու Ստեփան Դեմիրճեաններու Հ. Հ.-ի ընտրեալ նախագահ ըլլալու հաստատումը կը նշանակէ, թէ Վարդիվառեան կը մերժէ, կամ առնուազն կասկածի տակ կառնէ Հ. Հ.-ի մէջ ժողովրդավարութեան եւ դատական անկախ համակարգի առկայութիւնը: Յ. Վարդիվառեան լաւ կընէր եթէ հրաժարէր հայազգի անհատին օտար` ռուսական դիմելաձեւէն, ինչքան ալ Կարէն Դեմիրճեանին շատ-շատեր այդպէս կը դիմէին: Եկէ՛ք իսկապէս հայանանք, պարոնա՛յք:
Պաքու-Ճէյհանը (զարմանալի է, որ տպուած է «Ջէյհան» ձեւով. այդ պարագային` Պաքուն ալ պէտք է տպուեր «Բաքու» ձեւով, ինչպէս կը կարդանք 370-րդ էջի վերջին տողին մէջ) ոչ թէ կազատար խողովակ է (էջ 362), այլ` նաւթատար:
Վարդիվառեան հայ-ռուսական յարաբերութեանց պատմութիւնը ընդամէնը 200 տարուան կը վերագրէ: Անոր կերկրորդէ «Ազգային Միաբանութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արտաշէս Գեղամեանը, աւելցնելով, թէ անոնք «սկիզբ են առել 1827-ի յայտնի պայմանագրից յետոյ» (էջ 370): Հայ-ռուսական քաղաքական յարաբերութիւնները աւելի քան 300 տարուան կեանք ունին (յիշենք Իսրայէլ Օրիի առաքելութիւնը Մեծն Պետրոսի մօտ 18-րդ դարու առաջին տասնամեակին), իսկ 1827-ին որեւէ պայմանագիր չէ կնքուած: Եթէ ակնարկութիւնը Թիւրքմէնչայի 1828-ի պայմանագրին կը վերաբերի, այդ ալ ճիշդ չէ, քանի որ Արեւելեան Հայաստանի որոշ մասեր Ռուսաստանի կցուած էին Կիւլիստանի 1813-ի պայմանագրով:
Յատուկ անուններու սխալներ.- Պետութեան անունը Ուքրաինա է եւ ոչ թէ Ուքրանիա (էջ 135, 375, 378), հալէպահայ միութեան արաբական անունը «Ուրուպէ» է եւ ոչ թէ «Արուպէ» (էջ 173), հիմնադրամին անունը «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ» է եւ ոչ թէ «Հայաստանի հանրապետութեան Հիմնադրամ» (էջ 245), կազմակերպութեան անունն է` «Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդ» եւ ոչ թէ «Ազգային Եկեղեցիներու Խորհուրդ» (էջ 268), Ատրպէյճանի եւ Հիւսիսային Կովկասի իսլամներու առաջնորդ Շէյխ-ուլ-Իսլամ Ալլահշիւքիւրին մականունը Փաշազատէ է եւ ոչ թէ Աղազատէ (էջ 278), Իրանի արտաքին գործոց երբեմնի փոխնախարարին մականունը ոչ թէ Պայէզի է (էջ 287), այլ` Վայէզի: Պաղեստինի մէջ կը յիշատակուին «Եաֆա եւ Յոպպէ» բնակավայրերը (էջ 309), որոնք ... նոյն բնակավայրն են, մինչդեռ ճիշդ պիտի ըլլար Եաֆայի փոխարէն գրել Հայֆա քաղաքին անունը, ուր եւս կայ հայկական եկեղեցի` Եաֆա (գրաբարաձեւ` Յոպպէ) քաղաքին նման: Միութեան անունը «Ռուսաստանի Հայերի Միութիւն» է եւ ոչ թէ «Ռուսաստանի Հայկական Միութիւն» (էջ 339), «Ստաւրափոլ»ի (էջ 375) եւ «Լւով»ի (էջ 378) արեւմտահայերէն ճիշդ գրելաձեւն են` «Սթաւրոփոլ» եւ «Լվով», Լոռիս-Մելիքովները (ասիկա վրացական ձեւի մականուն է եւ կը նշանակէ «Լոռիի մելիքներու սերունդ») դարձեր են Պորիս Մելիքովներ (էջ 378), Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանական ակադեմիան կը գտնուի ոչ թէ Զակորի (էջ 381), այլ` Զակորսքի մէջ, «Կրասնաեասկ» քաղաքին (էջ 382) ճիշդ անունն է «Քրասնոեարսք», «Բարթողոմէոս» անուան (էջ 395) հայացուած ձեւը «Բարթողիմէոս»ն է: Հ. Հ.-ի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահ Ռատիկ Մարտիրոսեանը կ,արտաբերէ «Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն» տարածուած սխալ անուանաձեւը (էջ 406), որ պէտք է բացառուած ըլլար Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան բազմատասնամեայ երեւելի անդամ հարցավարին որեւէ հրապարակման մէջ:
Ուրիշ սխալներ. - Հայոց Համազգային Շարժում կուսակցութիւնը ունի նախագահ եւ ոչ թէ ատենապետ (էջ 339. զարմանալի է, որ յաջորդ էջին մէջ ճիշդ հանգամանքով է նշուած այս պաշտօնը): Գագիկ Աբրահամեանի խօսքին մէջ տեսակէտ կայ, թէ «հայ ոսկերիչների միջին տարեկան շրջագայութիւնը մէկ միլիոն դոլարը անցնում է» (էջ 401): Կ,ենթադրենք, որ մուտքագրողի անուշադրութեան հետեւանքով «միլիարդ» բառը «միլիոն» դարձած է, այլապէս` կան հայազգի անհատ ոսկերիչներ, որոնց միջին տարեկան շրջագայութիւնը բազմամիլիոն տոլար է (Աստուած աւելի շատցնէ` յօգուտ ... ազգին ու Հայրենիքին): Տարակուսանք կ,առաջացնէ հոգեւորականը` Բաբգէն Աւագ Քահանայ Մագսուտեանը կուսակցական ընկեր կոչելը (էջ 350, 355), որուն Տէր Հայրը չ,առարկեր: Սա ուղղակի անընդունելի է: Կը հանդիպինք «լրագրամիջոց» բառին (էջ 364), որը «լրատուամիջոց» բառի հաւանաբար մուտքագրման սխալ ըլլալու է, թէեւ բացառուած չէ, որ զայն արտաբերած ըլլայ ռուսական կրթութիւն ստացած Արտաշէս Գեղամեանը, որու հետ կատարուած հարցազրոյցին մէջ ռուսաբանութիւնները պարզապէս կը վխտան («խօսքը գնում է» - ճիշդը` «խօսքը ...ի մասին է», «խնդիրը նրանումն է» - «խնդիրն այն է», «ինչո՞ւմն է առանձնայատկութիւնը» - ճիշդը` «ո՞րն է առանձնայատկութիւնը», «ինչպէ՞ս է ստացւում» - ճիշդը` «ինչպէ՞ս է լինում» եւ այլն եւ այլն): Խորհուրդ կու տայինք Հ. Հ.-ի մշտական նախագահացուին` այդ պաշտօնին յաւակնելէ առաջ տիրապետել պետական միակ լեզուին...
Առանց նսեմացնելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի 9-ամեայ գահակալութեան ժամանակ արձանագրուած դրական փոփոխութիւնները, թող ներուի մեզի հաստատելու, թէ աներեւակայելի չափազանցութեան գիրկն ինկած է Յակոբ Վարդիվառեանը, երբ Գարեգին Բ.-ի ուրուանկարի իր շարադրանքին մէջ կը գրէ. «Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրով աւելի գործ տեսնուեցաւ քան անցնող գրեթէ հինգ հարիւր տարիներուն» (էջ 386): Չեղա՛ւ, Պր. Վարդիվառեա՛ն, բնա՛ւ չեղաւ: Կարելի չէ՛ այսպիսի յայտարարութիւն ընել, ինչը կը նսեմացնէ նոյնինքն Գարեգին Բ.-ի առ այսօր կատարածները: Ո՞ւր մնացին միւս մեծագործ Հայրապետներն ու անոնց մեծամեծ գործերը` Սիմէոն Ա. Երեւանցի, Ներսէս Ե. Աշտարակեցի, Գէորգ Դ., Խրիմեան Հայրիկ, Գէորգ Զ., Վազգէն Ա.` յիշելու համար ընդամէնը մէկ քանին վերջին ոչ թէ հինգ հարիւր, այլՙ երկու հարիւր յիսուն տարիներուն:
Այդպէս ալ չկրցանք գուշակել, թէ ո՞րն է «Պետական Համալսարանի պանդոկ»ը (էջ 404), ուր Վարդիվառեան հարցազրոյց ունեցած է Երեւանի Պետական Համալսարանի երկարամեայ նախագահ Ռատիկ Մարտիրոսեանի հետ:
Կան նաեւ եզակիի ու յոգնակիի անհամապատասխանութեան, գլխագրման, միօրինականացման («Հայ Եկեղեցի»ն ոչ քիչ պարագաներու տպուած է փոքրագիրով), կէտադրական (կոչականի շեշտը եւ հաստատութիւններու անուններու չակերտները կարծես ջնջուած են արեւմտահայերէնէն), ուղղագրական ու հոլովական (հազուադէպ) եւ մուտքագրման սխալներ, որոնց քանակը կակնկալուէր, որ աւելի քիչ ըլլար` բծախնդիր ընթերցման ու խմբագրման պարագային:
Յոյս յայտնենք, որ մատենաշարին յաջորդ ժողովածուները նման բնոյթի սխալներէ զերծ կ,ըլլան:
Վերոյիշեալ ու չյիշուած սխալներով եւ թերիներով հանդերձ, հատորը կը պահպանէ իր գիտահանրամատչելի մակարդակը:
Յակոբ Վարդիվառեան դիւրին հարցավար մը չէ: Ան կը չարչրկէ իր «զոհերը»` անոնցմէ իրեն պէտք եղածը կորզելու նպատակով: Ան այնպէ՛ս կ,ուղղէ հարցումները եւ այնպիսի՛ հարցումներ կ,ուղղէ, որպէսզի տրուելիք պատասխաններէն մերկապարանոց պարզուին ենթակային խառնուածքի հիմնական գիծերը: Խօսակիցներէն ոմանք կը հասկնան Վարդիվառեանի այս մտադրութիւնը եւ կը զգուշանան, ուրիշներ` ոտքով-ձեռքով կ,իյնան թակարդը` ի մեծ բաւականութիւն հարցավարին եւ ... ընթերցողներուն:
Հայ Եկեղեցւոյ, հայկական գաղութներու, սփիւռքահայ դպրոցներու, Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութեանց, Հ. Հ.-ի նորագոյն շրջանի քաղաքական պատմութեան եւ բազմաթիւ, աւելի ճիշդ` անթիւ բնագաւառներու ուսումնասիրութեանց համար ատաղձի շտեմարան մըն է այս ժողովածուն: Նախորդին նման, այս հատորը եւս հանրագիտարանային բնոյթ ունի: «Հանդիպումներ - 3» հարցազրոյցներու ժողովածուն անշրջանցելի աղբիւր մըն է հայկական հասարակական ու հումանիտար թեքումով ամենատարբեր երեւոյթներն ուսումնասիրողներուն համար:
Մատենաշարի նախորդ ժողովածուին նման (Ա. հատորը չենք տեսած), «Հանդիպումներ»ի Գ. ժողովածուն կ,ընթերցուի պարզապէս յափշտակութեամբ ու ինքնամոռացութեամբ:
Այս հատորին մէջ Յակոբ Վարդիվառեան կը յայտնէ, թէ «Հանդիպումներ» մատենաշարին Դ. հատորը վերաբերելու է հայկական գաղութներ իր ուղեւորութեանց, իսկ Ե.-ը` նորէն հայ դէմքերու հետ իր հարցազրոյցներուն: Ան հատորի շապիկին վրայ տուած է նոյնիսկ ցանկը այդ վայրերուն եւ դէմքերուն:
Անհամբերութեամբ կը սպասենք մատենաշարի միւս հատորներուն լոյս ընծայումին, որով ա՛լ աւելի կը հարստանայ մեր գիտելիքը հայոց նորագոյն պատմութեան մասին` որպէս անհրաժեշտ նախապայմանը մեր ապագայի ճիշդ ծրագրաւորումին եւ գործադրութեան: