«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#87, 2009-05-14 | #88, 2009-05-15 | #89, 2009-05-16


ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՎՆ ԿԱՆԱԴԱՀԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԿ ՎԱՅԵԼՈՂ ԱՐՈՒՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ

Կանադահայ ազգային կեանքին մէջ իր տեսակով առաջինը հանդիսացող հանդիսութեամբ մը մայիսի 2-ին եզրափակուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի շրջանակէն ներս Թէքէեան մշակութային միութեան 60-ամեակը, երբ մոնթրէալահայ գաղութի ծանօթ ազգայիններու ներկայութեամբ քաղաքի ամենավայելուչ կեդրոնինՙ «Մաունթ Սթիվըն» ակումբին մէջ մեծարուեցան կանադահայ հանրայայտ տասը արուեստագէտներ: Հանդէսը կը հովանաւորեր Կանադայի մշակոյթի նախարարըՙ Քրիսթին Սէն-Փիէրը:

Ծանօթ կանադական մշակութային կեանքին ու բոլորն ալ իրենց անունը պարտադրած հեղինակութիւններ. երեսուն գիրքերու հեղինակ պրոֆ. Յակոբ Խաչիկեան, Վենքուվըրի օպերայի մեներգչուհի, կոլորատուրա Ալին Գութան, Կանադայի արքայական ակադեմիայի կրտսերագոյն անդամ ընտրուած գեղանկարիչ Արման Թաթոսեան, աշխարհահռչակ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեան, սինեմայի միջազգային փառատոներու դափնեկիր բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեան, աշխարհի զանազան օպերաներու մեներգիչ սոպրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեան, արդի երաժշտութեան մասնագէտ պրոֆ. Մարիվոնն Քենդերջի, Տորոնտոյի եւ Դիտրոյթի սիմֆոնիկ նուագախումբերու ղեկավար Փիթըր Ունջեան, խմբավար ու Քեպեքի համալսարանի երաժշտութեան դասախօս պրոֆ. Րաֆֆի Արմենեան ու մանկական երաժշտութեան միջազգային մեկնաբան Րաֆֆի:

Ահա՛ այս մեծ անուններն էին, որ քով-քովի բերած էր Մոնթրէալի Թէքէեան մշակութային միութեան յանձնախումբը, որ կը գլխաւորէր օրիորդ Քարին Վեհունին եւ որուն կը մասնակցէին միութեան վարչականները, ի մասնաւորիՙ Միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետըՙ տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան:

Այս առթիւ ողջոյնի գիրեր ուղղած էին ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, Կանադայի ՀՀ ժամանակաւոր հաւատարմատար Արման Յակոբեանը, որ անձամբ ներկայ էր եւ յայտագրի աւարտին տուաւ եզրափակիչ իր խօսքը, Կանադայի Հայոց թեմի առաջնորդըՙ Բագրատ եպս. Գալստանեան:

Տասը դափնեկիրներէն ներկայ էին հինգը (մնացեալներէն մէկըՙ տիկին Քենդերջին անկողնոյ կը ծառայէր, իսկ միւս չորսըՙ Ունջեան, Րաֆֆի, Պայրաքտարեան եւ Էգոյեան երկրէն դուրս կը գտնուէին հիւրախաղերով) ու անոնց յանձնուեցաւ Թէքէեանի արժէքաւոր յուշանուէր-արձանիկը այս առթիւ պատրաստուածՙ քանդակագործ Արթոյին կողմէ, մինչ իրեն յանձնուեցաւ Կանադայի մշակոյթի նախարարուհիին հրովարտակը: Հոլիվուդի «Ագատեմի Ըուորտ»-ները յիշեցնող ճոխ յայտագիր մըն էր ներկայացուածը, իւրաքանչիւր արուեստագէտին համար պատրաստուած մասնաւոր տեսաերիզով: Այս հանդիսութեան գլխաւոր մեկենասներն էին Տորոնտոյէն Սուրէն Աճեմեան եւ Նիւ Եորքէն Յակոբ Վարդիվառեան, որ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ: Երեկոյթի երեք լեզուներով հանդիսավարներն էին Պատրիկ Մազպուրեանն ու Րաֆֆի Երէցեանը:

Կանադահայ մշակութային տարեգրութեան մէջ անպայմանօրէն արձանագրուած պիտի մնայ այս հանդիսութիւնը որպէս իւրայատուկ ու որակաւոր նախաձեռնութիւն մը:

ԹՂԹԱԿԻՑ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4