«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#94, 2009-05-23 | #95, 2009-05-26 | #96, 2009-05-27


ՌԱՖԻԿ ՕՐԴԵԱՆԻ ԿԱՐՃԱՏԵՎ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸՙ (GT-77) ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԸ

Ամէն անգամ երբ Հոլիվուտի անցեալի նորափթիթ աստղերէն Ճէյմս Տինը յիշեմ, դէմս կու գայ արուեստագէտ-ծաղրածու, բացառիկ շնորքներու տէր եւ փայլուն ապագայի մը ճամբուն վրայ գտնուող մեր վաղամեռիկ Լէոնիտ Ենգիբարեանըՙ Հայաստանի ու Խորհրդային Միութեան կրկեսի աստղը: Միտքս կու գայ նաեւ իմ ուսանողութեանս տարիներու Հայաստանի երկնակամարին վրայ երեւցող անզուգական ու իւրայատուկ ուրիշ տաղանդ մը, մեքենաշինութեան եւ յատկապէս ինքնաշարժի նորարար Ռաֆիկ Օրդեանը:

Այս տարի 61 տարեկան պիտի ըլլար ան, եթէ բժշկական աշխարհը աւելի լուրջ վարուէր իր սրտային արատին հետ: Երեսուն տարեկանին արդէն մեծ հռչակի հասած Ռաֆիկ հեռացաւ այս աշխարհէն, երիտասարդ մը, որուն յամառութիւնը, սէրը, նորարարական բացառիկ ունակութիւնը կրնային զինք դարձնել ինքնաշարժագիտութեան բնագաւառէն ներս Guinness-ի գրքին մէջ յիշատակուելու արժանի մարդ մը:

Նախահայրերը 18-րդ դարուն Նախիջեւանի Օրդուբադ քաղաքէն գաղթած էին Հայաստանի հիւսիսըՙ Տաւուշի շրջանի Այգեձոր գիւղը: Գիտութեան ու նորարարութեան հանդէպ արտակարգ հետաքրքրութիւնը զինք կը մղէր անդադար պրպտել մեքենագիտութեան ձեռնարկներըՙ հայերէն ու ռուսերէն լեզուներով: Ութերորդ դասարանցի Ռաֆիկ արդէն տնային առարկաներով պատրաստած էր FM ձայնասփիւռ գործիք մըՙ ծխախոտի տուփի չափով:

Տասնչորս տարեկան էր, երբ «Երիտասարդ ճարտարագէտ» ռուսերէն ամսագրին մէջ կը ծանօթանայ ձեռակերտ փոքրաչափ բեռնատարի մը ու կը վճռէ օր մը տեսնել իր ձեռակերտը: Տասներորդ (աւարտական) դասարանցի Ռաֆիկ կը պատրաստուի ընդունիլ Երեւանի պոլիտեխնիկական (Politechnical) համալսարանի կիպեռնետիկայի (ինքնակառավարման) բաժանմունքը: Նախքան ընդունելութեան քննութիւնները ան արդէն շինած էր Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով իր առաջին բացուող-գոցուող (convertible) «Buggy» ինքնաշարժը:

Բացառիկ ուսանող մըն էր Ռաֆիկ: Ուսանողութեան տարիներուն բնագիտութեամբ հրապուրուած երիտասարդը մտասեւեռում ունէր իր Գիտութեան մագիստրոսի աւարտաճառը (MS) պաշտպանել խորհրդային բնագիտութեան «մայրաքաղաք» Տուպնայի մէջ: Աւարտական տարին կը նուիրուի իր երազած ինքնաշարժի նախագիծի պատրաստութեան, որ իր աւարտին կը հասնի վեց տարուան յամառ ու տքնաջան աշխատանքներէ ետք:

Ամէն ինչ զերոյէն կը սկսի Ռաֆիկ գիւտարարը: Ինքնաշարժի զանազան մասեր իր ձեռքով ու միջոցներով մէջտեղ կը բերէ իր նշանաւոր GT-77: Ան միաժամանակ պէտք է յղկէր, տաշէր, զօդէր, ասդին-անդին իյնար ու ճարէր մեքենայի վստահելի ու յուսալի մասեր, եւ այս բոլորը ԽՍՀՄ Փոխադրութեան նախարարութեան մէջ աշխատանքին զուգընթացՙ աշխատանքային ժամերէն դուրս: «Մի նպատակ ունէի միայն, կ՚ըսէր ան հարցազրոյցի մը մէջ, ստեղծել ժամանակակից եւ եզակի մի ավտոմեքենա, որը տարբերուէր միւսներից»: Ան կ՚օգտագործէ չեխական Շքոտա 1202 մակնիշի 47HP շարժիչ եւ Մոսքվիչ 412-ի արագացուցիչ (vitess/gearbox): Եվ այսպէս, վերջապէս 1977-ի յունիսին ամբողջ Երեւանը կը խօսի Ռաֆիկ Օրդեանի նարնջագոյն GT-77-ի մասին:

1977 թուականի օգոստոս 6-ը Ռաֆիկ Օրդեանի կեանքին մէջ բացառիկ օր մըն էր: Կը սկսի Խորհրդային Grand Prix-ը Մոսկուայէն: Կը մասնակցին աւելի քան 2000 ինքնաշարժներ: Ռաֆիկի նորարարութեամբ ու ճարտարագիտական տաղանդով լուրջ հետաքրքրութիւն կը սկսին ցոյց տալ ԽՍՀՄ գրեթէ բոլոր գիտական ամսագրերն ու հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական բարձրագոյն մարմինները, Զապարոժեց գործարանը (Ուկրաինա) եւ ԵՐԱԶ-ը (Երեւանի Աւտօ գործարան, Քանաքեռ): Մասնակիցները Միութեան մայրաքաղաքի Գորկի զբօսայգիէն պիտի մեկնարկէինՙ կտրելու համար 2500 մղոն տարածութիւնՙ մինչեւ Սեւ ծովի ափ, Ղրիմի շրջանի Սեւաստոպոլ նաւահանգիստը: Յատուկ ուշադրութեան ու պարգեւներու կ՚արժանանայ Ռաֆիկ համամիութենական մակարդակով, եւ կը շահի Grand Prix-ն: Այդ օրերուն Խորհրդային բազմաթիւ թերթերու եւ հեռատեսիլի կայաններուն շնորհիւ աւելի քան 250 միլիոն մարդ կը ճանչնայ մեր հայ երիտասարդ նորարարն ու իր «ձագուկը»ՙ GT-77-ը:

Բարձրացող աստղ մըն էր Ռադիկ ու խոստումնալից գիւտարար մը, որ պատիւ պիտի բերէր որեւէ ազգի: Դժբախտաբար շուտ կտրուեցաւ իր կեանքի թելըՙ 30 տարեկանին: Ան կը տառապէր սրտի արատէ, զոր կարելի էր բուժել, եթէ ճիշդ բուժումներու ենթարկուէր: Ռաֆիկ կը մահանայ Մոսկուայի մէջ 31 մայիս 1979-ին:

Հայրենի ժողովուրդը չմոռցաւ իր վաղամեռիկ որդին: Այսօր Ռաֆիկի ընկերներու եւ իրմով հիացողներու ջանքերով հաստատուած է Օրդեանի անուան մրցանակ, որ ամէն տարի կը տրուի ձեռքով շինուած լաւագոյն ինքնաշարժին: Ռաֆիկի մահուան երեսնամեակի առթիւ որոշուած է նորոգել Օրդեան ընտանիքի տրամադրութեան տակ գտնուող GT-77 ինքնաշարժը, կարգի դնել ու ցուցադրութեան համար դասաւորել նկարներու, մրցանակներու, նամակներու, գծագրերու եւ շահած մետալներու հաւաքածոն:

ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ, Լոս Անջելես


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4