«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#135, 2009-07-21 | #136, 2009-07-22 | #137, 2009-07-23


ԱԺԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՎՆՆԵՐՈՎ ՀՐԱՊԱՐԱԿ ՄԻ՛ ԻՋՆԷՔ

Հայրենի «Հրապարակ» օրաթերթի մէջ կարդացինք «թոշակառու լրագրող» Եւգենի Կուրղինեանի լոյս ընծայած «Ով վճարում էՙ նա էլ պատուիրում է» յօդուածը, ուր ան կը շօշափէ իր հասողութենէն վեր ազգային-եկեղեցական հարցեր, որոնցմէ ինք մղոններով հեռու կ՚ապրի: Ան կը փորձէ անդրադառնալ եւ իր «հեղինակաւոր» կարծիքը ներկայացնել քաղաքամայր Երեւանի մէջ տեղի ունեցող այն հիմնարկէքին, ուր պիտի բարձրանայ Ս. Աննա եկեղեցին ու կաթողիկոսարանի երեւանեան գրասենեակի շէնքը: Այս մեծածախս համալիրին բարերարն է ամերիկահայ ծանօթ ազգային Հրայր Յովնանեանը:

Դարերէ ի վեր մեր եկեղեցական թէ ազգային կառոյցները Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին բարձրացած են շնորհիւ հաւատացեալ ու կրթանուէր ազգայիններու: Եւ այս աւանդութիւնը ոչ միայն հայութեան համար իւրայատուկ երեւոյթ է, այլեւ բովանդակ քրիստոնեայ աշխարհին: Կաթոլիկ, Օրթոտոքս թէ Անկլիքան եկեղեցիները կառուցուած են, հակառակ այդ եկեղեցիներու ունեցած մեծագումար հարստութեանց, մի՚շտ ալ դիմելով գաղութներու մէջ հաւատացեալ հարուստ մեծատուններու եւ բարերարներու: Նոյնիսկ Սուրբ քաղաքիՙ Երուսաղէմի մէջ մեր ունեցած կալուածներն ու եկեղեցական կառոյցները բարձրացած են այդ օրերու հայ ազնուականներուն իշխանական նուիրատութիւններով: Գոնէ մեր պատմութիւնը արձանագրած է անունները այն բազմահարիւր կառոյցներուն, որոնց բարերարները եղած են թագաւորներ եւ իշխաններ:

Զարմանալի չէ, որ բարերարներ, երբ իրենց ողջութեան կը կատարեն նմանօրինակ մեծ նուիրաբերումներ, կը փափաքին անուանակոչել իրենց սիրեցեալներու անունով կամՙ ծնողներու յիշատակը անմահացնելու մտքով: Ասիկա պարզ ու հասկնալի պէտք է ըլլայ բոլորին, նոյնիսկ «թոշակառու» ազնուափայլ յօդուածագրին, որ հասակ առած ըլլալու է սովետական իշխանութեան օրերունՙ տեսնելով իր շուրջբոլորը մեր հրապարակներն ու պողոտաները, որոնք անուանուած են Լենինի, Մարքսի կամ Շահումեանի ու Կամոյի անուններով:

Սակայն երբ ամբողջութեամբ ժողովրդային հանգանակութեամբ ազգային կառոյց մը կը բարձրանայ, ինչպէս է պարագան Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր եկեղեցիին, այն ատեն օրուան թեմակալ առաջնորդը իրաւո՚ւնքը ունի զայն մկրտելու ազգային հերոսի մը կամ սուրբի մը անունով: Սակայն այս պարագային հարցը կը տարբերի, որովհետեւ Սուրբ Աննայի անունով մկրտուելիք եկեղեցիին միա՚կ բարերարը պարոն Հրայր Յովնանեանն է:

Հիմա գանք յօդուածագրին ունեցած եկեղեցական տգիտութեան, երբ գռեհկօրէն օրինակ կը բերէ ռուսական Նատաշա անունը կամ աժան լրագրական սրամտութեամբ մը կը գրէ. «Կամ էլՙ ինչքան է բախտներս բերել, որ սփիւռքահայ բարերար Հրայր Յովնանեանի կնոջ անունը այն ժամանակների տարածուած անուններից չէՙ ասենք, Վարդիշաղ կամ Թազագիւլ, թէ չէ Երեւանի կենտրոնում ունենալ Ս. Թազագիւլ եկեղեցի, այնքան էլ յարմար չէր լինի հաւատացեալ հայ ժողովրդի համար»:

Ըսենք, որ Մայր աթոռն ու անոր արժանաւոր գահակալըՙ մեր Վեհափառը լա՚ւ գիտէ, թէ Աննան եղած է մեր սուրբերու կարգին: Եթէ առիթ ունենաք այցելելու Ս. Էջմիածին, պիտի խնդրեմ, որ կարդաք Կ. Պոլսոյ պատրիարքներէն Շնորհք արք. Գալուստեանի սուրբերու նուիրած լուրջ ուսումնասիրութիւնը, ուր 137-րդ էջով երբ կը թուագրէ սուրբերու անունները, առաջին որպէս սուրբեր կ՚արձանագրէ Յովակիմ եւ Աննա, որոնք եղած են ծնողքը Աստուածամօր: «Յովակիմ եւ Աննա Նոր Կտակարանի սուրբերուն կարգին անցած են լոկ Քրիստոսի նախածնողքըՙ այսինքն մեծ հայրը եւ մեծ մայրը եղած ըլլալնուն համար: Յովակիմ արդար, ուղիղ եւ աստուածավախ մարդ է եղած եւ Աննան բարեպաշտՙ բայց ամուլ է եղած: Աստուծմէ խոստացուած զաւակ կ՚ունենայ: Ասիկա վկայութիւնն է Յակոբոս Տեառնեղբօր, որուն գերեզմանը կը հանգչի Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբ Մայր տաճարին մէջ :

«Աննա յղացաւ ու ծնաւ հրեշտակային մանուկ մը, զոր կոչեց Մարիամ, որ կը նշանակէ լուսաւորեալ: Աննա տեսած, երջանկացած իր թոռնիկը, Յիսուս մանուկը, եւ կարճ ժամանակ մը յետոյ վախճանած է խաղաղութեամբ»:

Հայ եկեղեցին ի պատիւ Յովակիմի եւ Աննայի գեղեցիկ շարականներ յօրինած է, որոնց մէջ կը հաստատուի, թէ այն օրհնութիւնը, որ Աստուծոյ կողմէ տրուեցաւ «աստուածացոյգ արուաց եւ իգաց», լիովին իրականացաւ Յովակիմի եւ Աննայի վրայ: Կը յիշուի, որ Հին Ուխտի արքայական ու քահանայական գաւազանները միացան Յովակիմի եւ Աննայի վրայ, որոնց միակ պտուղը եղաւ Ս. Կոյսը: Ու կ՚եզրակացնէ շարականը.

«Ի յամուլ երկրէ (Յովակիմէ եւ Աննայէ) այսօր բուսաւ մեզ

Բարեբեր բոյսն բարի. շուշան հովտաց, ծաղիկն դաշտոց.

Միամայրն Մարիամ, արմատ Տնկոյն անմահութեան:

Աղաչանօք սոցա խնայեա ի մեզ»:

Կամ, բարեպա՜շտ «թոշակառուհի» Եւգենի, հաճէ կարդալ մեր Շարակնոցին էջ 17-ի վրայ «Կանոն Յովակիմայ եւ Աննայի ծնողաց սրբուհւոյ Աստուածածնին» շարականը: Ի՜նչ հարուստ է մեր եկեղեցին եւ, ինչպէս կը յիշես յօդուածիդ մէջ, այս անգամ դո՚ւն գնա ու քու աղանդաւոր բարեկամներուդ ջանայ համոզել, որ վերադառնան մայր եկեղեցին: Ի վերջոյ այդ նորաբոյս եւ օտարամուտ աղանդաւորական շարժումներու ետին կեցող մարդիկն են, որոնք մեր համեստ հաւատացեալներուն կը վճարեն ու կը պատուիրեն հեռու մնալ առաջին քրիստոնեայ մեր եկեղեցիէն:

Վերջապէս, ըսեմ նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու Իլլինոյ նահանգի Փալոս Հայթց քաղաքի հայոց եկեղեցին կը կոչուի Սրբոց Յովակիմ եւ Աննա հայաստանեայց եկեղեցի, որ ամերիկածին բարեպաշտ սերունդի ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր կեդրոնն է:

Այսքանըՙ եկեղեցական հարցերու մասին:

Ու հիմա վերադառնանք այդ գրութեան ազգային պարունակին:

Պարոն Հրայր Յովնանեան եւ ընդհանրապէս Յովնանեան գերդաստանը ամերիկահայ կեանքի մէջ ազգապահպանման ծաւալուն աշխատանք տարած են: Տանք քանի մը օրինակներ այս ընտանիքին կատարած կարգ մը նուիրատուութիւններուն մասին.

Կառուցած են Նիւ Ջերզի նահանգի Էլպերոն քաղաքի մէջ Ս. Ստեփանոս եկեղեցին: Բարձրացուցած են Նիւ Ջերզի նահանգի միա՚կ հայկական դպրոցըՙ Յովնանեան ամենօրեայ վարժարանը, Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրած են ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ դեսպանութեան շէնքը, որ առաջին արտասահմանեան կալուածն էր ՀՀ արտգործնախարարութեան: Դարձեալ, Հայաստանին նուիրած են Ուաշինկթընի մօտ ՀՀ դեսպանութեան շքեղ շէնքը: Ֆիլադելֆիոյ մէջ, Հռիփսիմեանց հայ քոյրերու վարժարանի կառուցման մասնակցած են մեծագումար նուիրատուութեամբ:

Սակայն չբաւարարուինք միայն նիւթական իրենց մասնակցութեամբ, որոնց շարքը պիտի երկարէր: Պարոն Հրայր Յովնանեան եղած է հիմնադիրներէն Ամերիկայի հայկական համագումարին (Արմինիըն Էսեմբլիին), որուն նախագահն է ցայսօր: Կ՚արժէ որ տիկին Կուրղինեան այցելէ համագումարի Երեւանի գրասենեակը եւ պատասխանատու տնօրէնուհի Արփի Վարդանեանէն իմանայ այս կազմակերպութեան Հայաստանի ու մեր արդար դատին համար կատրած աշխատանքներուն մասին: Եթէ այսօր տակաւին արթուն կը մնայ մեր Մեծ երազի հետապնդումը այս մեծ երկրին մէջ, ատիկա առաւելաբար կը պարտինք Ամերիկայի հայկական համագումարի ջանքերուն: Իր շուրջ բոլորած ամերիկահայ ծանօթ քաղաքական ազդեցիկ ու տիրական դէմքեր, բարերարներ ու գիտնականներ, անցնող մօտ 40 տարիներուն միլիոնաւոր դոլարներ հաւաքած է ի նպաստ Հայ դատին, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին ու ՀՀ անկախացումէն ետք ալ Հայաստանի օգնութեան աշխատանքներուն: Եթէ այսօր, ահա՛ 15 տարիներէ ի վեր ամերիկեան պետական օգնութիւն կը հոսի մեր այլապէս համեստ պետական պիւտճէին մէջ, այդ կու գայ առաւելաբար Էսեմբլիին կատարած լոբբիինգի լուրջ աշխատանքին շնորհիւ:

Ու դեռ, պարոն Հրայր Յովնանեանի մեծ եղբայրըՙ պարոն Գէորգ Յովնանեան, պատուական այդ հայը, որ կը գլխաւորէ մեր առաջնորդարանի Հայ օգնութեան ֆոնդը (ՀՕՖ), երկրաշարժէն ի վեր մինչեւ այսօր աւելի քան 300 միլիոն դոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն բերած է Աղէտի գօտիին, Ղարաբաղին թէ կրթական ու բարեսիրական այլեւայլ նպատակներու համար: Ազգային որեւէ հաստատութիւն ցարդ նմանօրինակ օժանդակութիւն չէ բերած մեր հայրենիքին:

Յովնանեան եղբայրներ իրենց քսակը մնայուն կերպով բաց պահած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նուիրահաւաքի աշխատանքներուն, Մայր աթոռի պայծառութեան թէ Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիային համար: Թուել պէտք չկայ մնացեալները:

Ու այս ձեր յօդուածը սփիւռքի մէջ կը տարածուի, ցաւօք սրտի, «ՀՌԱԿ-ի թիւ 171 հաղորդագրութիւն» վերտառութեան տակ եւ չար ձեռքեր կը տարածեն սփիւռքով մէկ:

Հայրենի ընթերցողներուն հասնելու նպատակով, այս առթիւ, կ՚ըսեմ ու կը հաստատեմ հոս, որ ՀՌԱԿ-ը ո՚չ մէկ օրգանական կամ օրինական կապ ունի աւանդական Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հետ, հետեւաբար այդ կազմակերպութեան պատասխանատու պարոն Յարութ Առաքելեանի հաղորդագրութիւններն ու յայտարարութիւնները, մամլոյ տեսակցութիւններն ու ասուլիսները ոչ մէկ պաշտօնական բնոյթ կը ստանան եւ չեն կրնար ապակողմնորոշել ռամկավար ազատական շարքերը, մեզի բարեկամ կազմակերպութիւններու անդամները, առհասարակ սփիւռքահայ բազմահազար մեր ընթերցողները, եւ մանաւանդ Մայր աթոռը, ՀԲԸՄ-ը, Հայկական համագումարն ու մեր սիրելի բարերարները:

Բոլոր անոնք, որ աղանդամոլութեամբ կամ քաղաքական նեղ հաշիւներով անվայել արտայայտութիւններ կը յղեն Ամենայն հայոց հայրապետի հասցէին, պարզապէս ազգակործան տարրեր են, որոնց պիղծ թակարդին մէջ ինկածներէն մէկը կը թուիք ըլլալ, երբ մեր հայրապետին մասին կը գրէք հետեւեալը. «Սարսափելի է, երբ հոգեւորականի աչքերի մէջ նայելովՙ հասկանում եք, որ նա Աստծուն չի հաւատումՙ ինչպիսի համոզիչ առոգանութեամբ էլ հաւատացեալ ժողովրդի հետ հոգեւոր արժէքներից խօսի»: Եկեղեցական հարցերու ձեր տգիտութեամբ դուք իրաւունք չունիք հաւատաքննիչի դեր կատարելու:

Գարեգին Բ մեր մեծագործ հայրապետը, իր իշխանութեան այս կարճ ժամանակաշրջանին, Հայաստան աշխարհի, նախկին սովետական հանրապետութիւններու տարածքին թէ սփիւռքի ամենախուլ անկիւններու մէջ ամէնէն աւելի եկեղեցի, դպրոց ու համայնքային կեդրոն բարձրացնող կաթողիկոսն է եղած:

Ո՜չ, տիկին, դուք մեր Վեհափառը չէք ճանչցած:

Այս երեկոյ իսկ ժամ գացէք եւ մոմ վառեցէք Ս. Աննայի բարի յիշատակին եւ աղօթեցէք Վեհափառ հօր արեւշատութեան համար, խնդրելով Իրմէ ձեր յիմար մեղքերուն թողութիւն:

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4