«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#136, 2009-07-22 | #137, 2009-07-23 | #138, 2009-07-24


ՍԻԼՎԱ ՏԷՐ-ՍՏԵՓԱՆԵԱՆԻ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՆՈՐ ՇԱՐՔԸՙ «ԳՈՅՆԵՐ ՅԱՏՈՒԿ ՈՒ ՍԻՐԱՍՈՒՆ»

Նիւ Եորքէնՙ մանկագիր ու մանկավարժ Սիլվա Տէր-Ստեփանեանը կը շարունակէ այնքա՛ն Ամերիկայի Արեւելեան բեղուն եւ օգտաշատի աշխատանքը, անձնական միջոցներով, հասնելու ոչ միայն Հայ եկեղեցւոյ թեմի հայ դպրոցներու կրթական նպատակներուն, այլեւՙ ընդհանրապէս գոցելով մեծ բաց մը նոր հրատարակութիւններով օժտելու զանոնք, նորագոյն ու արդիական մեթոտներէ առաջնորդուած:

Ահա՛ այսպէս Սիլվան դարձեալ թափ տալով իր երեւակայութեան ու նուրբ ճաշակին կը հրամցնէ հայ ուսանողին «Գոյներ յատուկ ու սիրասուն» ուսուցողական 15 ոտանաւորներՙ ամփոփուած գունագեղ գիրքի մը մէջ, ամերիկեան մանկավարժական բոլոր մակարդակները պահելու սահմանուած: Խմբագիրն է Սիլվայի տասնամեակներու գործակիցը եւ Հայ եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի մեր յարգելի դիւանապետըՙ Նուպար Քիւփէլեան:

Ի տարբերութիւն նախորդ հրատարակութիւններու, այս անգամ գիրքին նկարիչ ընտրած է Յասմիկ Փալանճեանը: Չէ՛ սխալած: Նոր շունչ մը եւ արուեստի ճաշակ մը կայ այս հրատարակութեան մէջ: Յասմիկը, օտար հրատարակչութիւններու մօտ նման գիրքեր նկարազարդելու եւ ձեւաւորելու մասնագէտ, այս անգամ իր տաղանդը կը բերէ հայկական նմանօրինակ գիրքերու լոյս ընծայման: Շնորհալի հայրենի արուեստագիտուհին վստահաբար պիտի շարունակէ իր ներդրումը բերել մեզի: Որքա՜ն կարեւոր է նոր սերունդին հասնիլ ամերիկեան կամ եւրոպական ճաշակով, որպէսզի իր միջավայրին մէջ հայ ուսանողը հանգիստ զգայ հայերէն կարդալու եւ գրելու:

Իւրաքանչիւր գոյնի նուիրուած բանաստեղծութիւն մը ներկայացուած է գրքոյկին իւրաքանչիւր էջին վրայ, միշտ գեղեցիկ ու գունաւոր պատկերանկարով մը:

Ինչպէս խմբագիրըՙ պարոն Ն. Քիւփէլեան պիտի գրէր իր յառաջաբանին մէջ. «Գոյներ յատուկ ու սիրասուն» գրքոյկը ընթերցասէր մանուկներուն անձնական գրադարանները ճոխացնող հայերէն լեզուով նոր հրատարակութիւն մըն է»:

«Արա-Մարալ» շարքին հեղինակըՙ Սիլվա Լ. Տէր-Ստեփանեան, վստահաբար տակաւին ունի նոր ծրագիրներ: Յարատեւ յաջողութիւն կը մաղթենք մեր Սիլվային:

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Ջերզի


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4