«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#143, 2009-07-31 | #144, 2009-08-01 | #145, 2009-08-18


ԴԵՏՐՈՅԹԻ ՀԲԸՄ ԱԼԵՔ ԵՎ ՄԱՐԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ Կ՚ՕԺՏՈՒԻ ՆՈՐ ՇԷՆՔՈՎ

Հարցազրոյց տնօրէնՙ դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանի հետ

- Դոկտ. Թորոսեան, ի՞նչ պարագաներ ստիպեցին վարժարանի պատասխանատուներուն ծրագրել ու իրագործել երկրորդականի (միջնակարգ) նոր եւ արդիական շէնքին կառուցումը:

- Նախ այս առիթով թոյլ տուէք մեր դպրոցի փոքր պատմականը կատարել: 1969 թուականին, ճիշդ 40 տարի առաջ, մեծանուն բարերար ու ՀԲԸՄ-ի ատենի նախագահՙ տիար Ալեք Մանուկեանի նախաձեռնութեամբ կը հիմնուի մեր վարժարանը երկու ուսուցիչով ու 20 աշակերտներով: Տարիներու ընթացքին դպրոցը կը բարգաւաճի ու կը դառնայ Միութեանս կրթական ցանցին յաջողագոյն դպրոցներէն մին: 1995 եւ 2001 թուականներուն դպրոցը կ՚արժանանայ Միչիգան նահանգի «Ոսկէ խնձոր» մրցանակներուն, իր արձանագրած ուսումնական յաջողութիւններուն առ ի գնահատանք: Վարժարանիս համբաւը կը տարածուի շրջանին մէջ, եւ բարերար Մանուկեան ընտանիքի համաձայնութեամբ վարժարանը 1995-ին կը դառնայ «չարթըր» դպրոց: Ուրեմն, դպրոցիս ուսումնական հաջողութիւններն ու աշակերտներու թիւի զգալի յավելումը կը ստիպեն հոգաբարձութեան խորհիլ լուծումի մի մասին: Բարերար Լուիզ եւ Ռիչըրդ Մանուկեաններու նուիրատուութեամբ դպրոցաշէնքը հիմնական վերանորոգման ու ընդարձակման կ՚ենթարկուի 2004-ին, սակայն քանի մը տարի յետոյ այս ալ բաւարար չի նկատուիր. ուստի, դարձեալ Լուիզ եւ Ռիչըրդ Մանուկեաններու նիւթական ներդրումով 2008-ին ամրան կը սկսի երկրորդականի արդիական շէնքին շինարարութիւնը:

- Կրնա՞ք աւելի մանրամասնել երկրորդական վարժարանի յաջողութիւնները, որոնք ըստ երեւոյթին տպաւորելով բարերարները, առիթ հանդիսացեր են միլիոնաւոր դոլարներու ներդրում կատարել:

- Նախ ըսեմ, որ վերջին տարիներուն կնքեցինք երեք համաձայնագրեր շրջանիս հեղինակաւոր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու հետ: Միչիգանի համալսարանի, Լորընս համալսարանի, ինչպէս նաեւ Օքլենդ Արհեստագիտական քոլէջի հետ մեր կնքած պայմանագրերը առիթ կ՚ընձեռեն մեր բարձրագոյն կարգի աշակերտներուն յաճախել ու համալսարանական դասընթացներու հետեւիլ այդ հաստատութիւններէն ներս: 11-րդ եւ 12-րդ դասարանի աշակերտները մինչեւ չորս համալսարանական դասընթացներ կրնան ամբողջացնել դպրոցը աւարտելու ընթանցքին: Մեր աշակերտները լաւագոյն արդիւնքները ձեռք կը ձգեն այդ քոլէջներուն մէջ. ուրեմն, դպրոցիս նիւթական ու բարոյական զոհողութիւնը (աշակերտներուն համալսարանական վարձքը եւ երթեւեկը դպրոցս կ՚ապահովէ) կ՚արդարացնէ ինքզինք: Մեր աշակերտները շնորհիւ իրենց համալսարանական թէ դպրոցական բարձր արդիւնքներունՙ կարելիութիւն կ՚ունենան համալսարանական կրթաթոշակներ ապահովելու: Միայն անցեալ տարեշրջանին 20 աւարտականները քառորդ միլիոնի կրթանպաստ կրցան ապահովել. ինչ-որ յաւելեալ մէկ ապացոյցն է մեր աշակերտներուն ձեռք ձգած բարձր արդիւնքներուն ու մեր դպրոցի վարկին:

- Կրնա՞ք կարգ մը մանրամասնութիւններ տալ նոր կառուցուող շէնքին մասին:

- Երկյարկանի շէնքը օժտուած պիտի ըլլայ արդիական բոլոր յարմարութիւններով: Երկրորդ յարկը պիտի ունենայ 10 դասասենեակներ, երկու գիտական արդիական տարրալուծարաններ եւ համակարգիչի սրահ: Իսկ առաջին յարկը բաղկացած պիտի ըլլայ տնօրէնութեան ու վարչական գրասենեակներէ, երաժշտութեան սենեակէ, հայերէն լեզուի 2 դասասենեակներէ եւ արդիական հանդիսասրահէ:

- Ե՞րբ կարելի պիտի ըլլայ աւարտին հասցնել կառոյցին շինարարութիւնը:

- Ինչպէս նշեցի, շնորհիւ Մանուկեան բարերար ընտանիքի ասռատաձեռնութեան, շէնքի կառուցումը պիտի աւարտի այս ամրան ու բացումը պիտի կատարենք 2009-ի հոկտեմբերին: Անշուշտ պէտք չէ մոռնանք նշելու նաեւ Դետրոյթի հայ համայնքին բարոյական նեցուկը, առանց որուն դժուար պիտի ըլլար գոյատեւել, բարգաւաճիլ ու այսպիսի հոյակապ դպրոցաշէնք ունենալ:

- Ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ դպրոցիդ հայկական բաժանմունքէն ներս:

- Հայկական բաժինը ունի հինգ որակեալ ու փորձառու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Անոնք յաջողութեամբ կրցան հայերէն լեզուի ու հայոց պատմութեան դասընթացները յարմարեցնել ոչ հայ կամ ոչ հայախօս աշակերտներու պահանջներուն, մանաւանդ երբ օտար աշակերտներ ալ սկսան յաճախել վարժարանս «չարթըր» դպրոցի վերածուելէն ետք: Որեւէ դասագիրք կամ ուղեցոյց չկար մեր ուսուցիչներուն ձեռքին, թէ ինչպէս կազմակերպել ոչ հասյախօսներու դասընթացքը, բայց անոնք պատուով կատարեցին իրենց առջեւ դրուած առաջադրանքը եւ այսօր հայերէնն ու հայոց պատմութիւնը պարտադիր է դպրոցիս բոլոր աշակերտներուն համար: Ոչ միայն այդ, դպրոցիս բոլոր աշակերտները կը մասնակցին Վարդանանց, հայ մշակոյթի, Մեծ եղեռնի ոգեկոչման կամ այլ հանդիսութիւններուՙ երգերով ու արտասանութիւններով: Անցեալ տարի աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար շրջապտոյտ մը կազմակերպեցինք Հայաստան: Իսկապէս հոգեպարար երեւոյթ էր տեսնել աշակերտներուն խանդավառութիւնն ու հայրենասիրական զգացումներու պոռթկումը: Կը նախատեսենք երկու տարին անգամ մը այսպիսի շրջապտոյտ կազմակերպել:

- Ինչպէ՞ս կը հաւասարակշռէք ձեր պիւտճեն:

- Վարժարանիս պիւտճեն մօտ 3 միլիոն դոլար է, որ գրեթէ ամբողջութեամբ կը հոգացուի նահանգային կառավարութեան կողմէ իբր «չարթըր» դպրոց: Պաշտօնապէս դպրոցս կը գտնուի Central Michigan University-ի հովանաւորութեան ու հսկողութեան ներքոյ: Այս կապակցութեամբ կ՚արժէ նշել, որ մեր դպրոցին «չարթըր» ուսումնական հաստատութեան վերածուիլը յաջող գրաւական մըն էր յարատեւման, նաեւ գաղութիս հայ աշակերտութեան անվճար բարձր մակարդակի ուսում, ինչպէս նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու: Այս մեր փորձը կրնայ ամերիկահայ այլ վարժարաններու ալ օրինակ ծառայել: Վերջերս իմացանք, թէ Քալիֆորնիոյ մէջ ալ կը հիմնուի հայկական նոր «չարթըր» վարժարան մը:

- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանին ապագան:

- Այս դպրոցը ունեցած է նուիրեալ մանկավարժներ ու տնօրէններ, ինչպէսՙ Զարեհ Մելքոնեան, Վըրջինիա Վարդ, Ռիչըրդ Նորսիկեան, դոկտ. Նատիա Սարաֆեան, որոնք հաւատքով փարած են այս գործին, մեծ ներդրում ունենալով դպրոցիս բարգաւաճման մէջ: Այսօր, գործակցութեամբ դպրոցիս նախակրթարանի ու միջնակարգի տնօրէնուհիՙ օրդ. Դիանա Գըզըլեանի, կը փորձենք այդ աւանդութիւնը շարունակել, միշտ անվերապահ նեցուկը վայելելով դպրոցիս հոգաբարձութեան:

ՀԲԸ Միութեան կրթական այս միաւորը ամուր հիմքերու վրայ դրուած հաստատութիւն մըն է, որ նոր դպրոցաշէնքի բացման կողքին պիտի նշէ նաեւ իր հիմնադրութեան քառասնամեակը 2009 հոկտեմբեր 10-ին:

Գործակցութեամբ Դետրոյթի հայ համայնքին եւ աջակցութեամբ Ռիչըրդ եւ Լուիզ Մանուկեան բարերարներուն, պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը ի շահ հայ ապագայ սերունդներու դաստիարակման սուրբ գործին:

Հարցազրոյցը վարեց ՍԵՊՈՒՀ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ, Դետրոյթ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4