Թէքէեան մշակութային միութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղը իր գոյության մօտ 45 տարիներու ընթացքին միշտ փաստած է իր մշակութային-գեղարուեստական գործունէութեան առաւելագոյն չափի արդիւնաւորութիւնըՙ ամենաբարձր մակարդակի ձեռնարկներով:
Այդ գործունէութեան մաս կը կազմէր նաեւ թատրոնը, երբ գոյութեան կը կոչուէր ԹՄՄ թատերախումբը աւելի քան 40 տարիներ առաջ, որ 1985-էն սկսեալ կը մկրտուէր որպէս ԹՄՄ «Հայ բեմ» թատերախումբ:
«Հայ բեմ»-ը որոշ տարիներու անգործութենէ ետք, մեծաւ մասամբ վերանորոգուած երիտասարդական կազմով, օրերս դարձեալ բեմ բարձրացաւ, քաղաքին թատերասէր հասարակութեան հրամցնելու աննախընթաց յաջողութեամբ եւ ամենաբարձր մակարդակի ներկայացում մըՙ Արամ-Աշոտ Բաբայեանի «Գնա մեռիր, եկուր սիրեմ» թատերախաղը: Սոյն բեմադրութիւնը բարձր որակով ներկայացնելու համար յատուկ հրաւէրով Մոնթրէալ ժամանած էր ՀՀ ժողովրդական արտիստ, թատերական մարզին մէջ 60 տարիներու փորձառութեան ու վաստակի տէրՙ պրոֆեսոր Երուանդ Ղազանչեանը:
Եթէ մէկ բառով ուզեմ բնորոշել խաղարկութեան մակարդակը, առանց վարանումի պիտի ըսեմՙ ապշեցուցիչ: Եւ այսՙ երկու պատճառներով:
Նախ, ինչպէս վերը յիշեցի. «Հայ բեմը» ժողովուրդին ներկայացաւ բացարձակ մեծամասնութեամբ երիտասարդ նոր դերակատարներով: Բացի Վարուժան Թաշճեանէն եւ Պերճ Քիւփելեանէն, մնացեալ 7 դերակատարները առաջին անգամ ըլլալով բեմ կը բարձրանային: Երկրորդ, պրն Ղազանչեանի Մոնթրէալ ժամանումէն եւ յաջորդ օրն իսկ դերակատարներու հետ հանդիպումէն 5 շաբաթ ետք տեղի ունենալու էր ներկայացումը: Պարզ աչքով դիտուած, տրամաբանական գնահատումով անկարելի պիտի թուէր այս պայմաններուն տակ յաջող ներկայացում մը գլուխ հանել: Ահա հոս էր, որ ի յայտ կուգար պրն Ղազանչեանի բեմադրական գերազանց տաղանդը յարատեւ, առօրեայ փորձերու ճամբով, կրկնութիւններով ու կրկնութիւններով, բարձրաղաղակ դիտողութիւններով եւ քաջալերանքով, յղկելու եւ ձեւաւորելու անփորձ դերակատարներուն բեմի վրայ արտայայտչական կարողութիւնները, բոլորին ներդաշնակուած խաղարկութեամբ մէջտեղ բերելու ամենաբարձր որակի ներկայացում մը:
Իրօք ամենաբարձր որակի: Պիտի չխուսափիմ պրոֆեսիոնալ մակարդակ ըսելու, քանի յետ ներկայացման հանդիսատեսներու հետ կարծիքներու փոխանակման ընթացքին, բոլորն ալ անխտիր նոյն ձեւով կը բնութագրէին ներկայացումըՙ պրոֆեսիոնալ: Վարուժան Թաշճեանը, որ երկար տարիներու փորձառութիւն ունի, այս անգամ ինքզինք գերազանցեց, կարծէք Տարօնի դերը գրուած էր զինք որպէս տիպար ունենալով, այնքան բնական, հարազատ, որ յուզումի պահեր ալ յառաջացուց, ինչպէս պիտի վկայէին հանդիսատեսներէն շատեր: Տիկ Աստղիկ Տէմիրճեան որպէս դրացուհին, որ նոյնպէս, ըստ տեղեկութեան, առաջին անգամ բեմ կ՚ելլէր, կարծէք երկար տարիներու բեմական վաստակով կը ներկայանար մեզի հարազատութեամբ մարմնաւորելով Սօֆիկի դերը: Պերճ Քիւլփելեան, նոյնպէս տարիներու փորձառութեան տէր, իսկական բժիշկի կեցուածքով կատարեց իր դերը, համոզիչ արտայայտութիւններով հարազատ բնութագրում մը տալով բժիշկի մարդկայնական նկարագրին: Հապա ի՛նչ ըսել երկու հարսերուն մասինՙ Լիլիկ եւ Անժելա, ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ, որ անոնքՙ Մարգարիտ Գրիգորեան եւ Նատալիա Կարախանեան, առաջին անգամ բեմ կը բարձրանային, պչրոտ, քմայքոտ, դիւրագրգիռ, յատուկ կնոջական չափազանցեալ շարժուձեւերու մէջ այնքան համոզիչ: Գրաւիչ իրենց ներկայութեամբ, անոնք իրենց անսայթաք դերակատարումով արժանացան ներկաներու անվերապահ գնահատանքին: Րաֆֆի Երէցեան եւ Սեդրակ Մելքոնեանՙ Տարօնին զաւակները (Ալիկ եւ Ռոպէր) եւ որպես բռնկող տիկիններու պոռթկումներուն ենթակայ ամուսինները Անժելային եւ Լիլիկին, իրենց համոզիչ ելոյթներով տպաւորեցին ներկաները: Ժերալտ Արզումանեանը, որպէս դրացի Սօֆիկի որդին, դպրոցական գրասեղաններէն ճանչցած եմ որպես աշակերտ, աւելի վերջ ան ի յայտ պիտի բերէր իր բեմական յատկութիւնները տարբեր տիպարներ ներկայացնող զուարճալի մենակատարումներով: Հոս եւս ան փաստեց, թէ դերասանական անուրանալի յատկութիւններ ունի եւ գիտէ ինքնավստահութեամբ հանդիսատեսին փոխանցել իր ապրումները: Թամար Սեւունց, որպէս Վարդուհիՙ դրացիին հարսը, տարիքով խումբին ամենաերիտասարդն էր, բայց ինչպիսի ճկունութեամբ եւ համարձակութեամբ ան առանց սայթաքումի կատարեց իր դերը, մեզ վստահեցնելով, թէ ապագային բեմին վրայ մեծ անակնկալներու առջեւ կրնայ դնել մեզ:
Բեմայարդարումը եւս կատարեալ էր, ըլլալով պրն Ղազանչեանի Հայաստանէն Մոնթրէալ բերած մանրակերտին իսկական չափերով ճշգրիտ վերարտադրութիւնը, որուն տեքորներու պատրաստութիւնը կատարած էին Ալպէր Ղարիպեան եւ Դաւիթ Թոգաթլեան:
Այս բացառիկ ձեռնարկին իրականացման մէջ մեծապէս գնահատելի է արուեստագէտ պրն Կարօ Նշանեանի ներդրումը, որ Հայաստանի հետ իր կապերով հետեւողական ճիգերով յաջողեցաւ պրն Երուանդ Ղազանչեանի ներկայութիւնը եւ այս բեմադրութեան իրականացումը ապահովել շատ կարճ ժամանակի ընթացքին:
Անկասկած, երախտագէտ գնահատանքի ամենախոշոր բաժինը կ՚երթայ բեմադրիչ պրն Երուանդ Ղազանչեանին, որ յոգնութիւն չճանճցող իր եռանդով, իր բարձր արուեստով, վերակենդանացուց «Հայ բեմ» թատերախումբըՙ ի փառս Թէքէեան մշակութային միութեան:
Յատուկ շնորհակալութիւն ՀՀ սփյուռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, որուն բարձր հովանաւորութիւնը կը վայելէր ձեռնարկը:
Գնահատանք եւ շնորհակալութիւնը Թէքէեան մշակութային միութեան Մոնթրէալի վարչութեան, որ կարելի դարձուց «Թէքէեանի» վարկին վայել այսպիսի ձեռնարկ մը:
ԱՐՍԷՆ ՆՈւԲԱՐ ՄԱՄՈՒՐԵԱՆ, Մոնթրէալ