Նախագահ Սերժ Սարգսեանի արտասահմանի մէջ կատարած հանդիպումներու ընթացքին Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման դէմ արտայայտուողներու շարքէն, մասնաւորաբար աղմկարար կոպիտ փոքրամասնութեան մը կողմէ կազմակերպուած ցոյցերը անընդունելի պատահարներու ալ տեղի տուին:
Քալիֆոռնիոյ Գլենդէյլ հայաշատ քաղաքի Հայաստանի հիւպատոսարանին դիմաց հացադուլ կատարող քանի մը հայ երիտասարդներ ծայրայեղ քայլ առնելով յարձակած են շէնքին դռան վերեւ պարզուած ամերիկեան ու հայկական դրօշակներուն վրայ եւ վար առած հայկականը: Հիւպատոսարանի պատասխանատուները այս տգեղ ու նզովելի արարքին դիմաց չեն ուզած բողոքել եւ նախայարձակ անոպաներու պատժուիլը պահանջել, ցաւօք դիտել տալով սակայն, թէ անոնք հայ երիտասարդներ էին եւ կ՛երեւի բնաւ գաղափար չունէին իրենց ըրածին չափազանց ծանրակշիռ բնոյթին մասին: Հիւպատոսարանի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ երիտասարդներըՙ անարգելով ազգային խորհրդանշանըՙ արժեզրկած եղան իրենց անձը:
Ո՜վ գիտէ. ըստ երեւոյթին մոլորեալ ոմանց համար կուսակցութեան մը խորհրդանիշը գերագահութիւն ունենալ կը թուիՙ ազգային խորհրդանիշերէն գերագոյնին վրայ:
«Աշխարհ», Փարիզ, 07.11.09