«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#214, 2009-11-24 | #215, 2009-11-25 | #216, 2009-11-26


ՊԱՀԸ ՇԱՏ ԼՈՒՐՋ ԵՎ ԳԵՐԻՎԵՐ Է ՀԱՏՈՒԱԾԱԿԱՆ ՃԱՄԱՐՏԱԿՈՒԹԻՎՆՆԵՐԷ

Հայ-թրքական յարաբերութիւնները հասած են վճռական հանգրուանի մը, ուր ծայրայեղ զգուշաւորութիւնը, դիւանագիտական խիզախութիւնը, հեռատեսութիւնը եւ շրջահայեցութիւնը ամենակենսական ազդակներն են, որ Հայաստանը դուրս պիտի բերեն այն ճահճախուտէն, որուն մէջ մխրճուած է:

Հայաստան երիտասարդ պետութիւն մըն է եւ անհրաժեշտօրէն կը կարօտի բոլոր կողմերու փորձառութիւններուն եւ միջոցներուն: Սփիւռքի բոլոր քաղաքագէտներն ու քաղաքականութիւնները միշտ բանած են պարապութեան մը մէջ, եւ ուրեմնՙ պատրաստ չեն դիմագրաւելու իրական աշխարհի քաղաքականութիւնը: Լաւագոյն մասնակցութիւնը, որ անոնք կրնան բերել ներկայ կացութեան, զգուշաւորութիւնն է եւ խուսափումը սայթաքումներէ ու կոպիտ սխալներէ:

Շրջանային եւ համաշխարհային ուժեր սովորաբար կը հետապնդեն իրենց սեփական շահերը, եւ ուրեմնՙ կարելի չէ զանոնք դասել որպէս բարեկամ կամ թշնամի: Արդարեւ, այս պարագային, անո՛նք էին իսկական մղիչ ուժերը, որոնք Թուրքիան եւ Հայաստանը զիրար մօտեցուցին որպէսզի սկսին բանակցութիւններու ընթացքը: Ի վերջոյ, շահող պիտի հանդիսանայ ամէնէն խոհեմ բանակցողը: Այժմ պահ մը քննարկենք, թէ որքան զգաստ է մեր քաղաքական ըմբռնողութիւնը եւ որքան խոհեմ են մեր արարքները այս չափազանց զգայուն կացութեան մէջ:

Հայաստան կը դիմագրաւէ հակառակորդ մըՙ Թուրքիան, որ ունի գրեթէ հազարամեակի մը դիւանագիտական փորձառութիւնը, երբ վարած է կայսրութիւններ եւ բախումներ ունեցած է նոյնքան ահարկու կայսրութիւններու հետ. ան այսօր ունի ՆԱԹՕ-ի ամենաուժեղ բանակներէն մին եւ բազմած է տարածաշրջանի ամենառազմավարական կարեւորութիւն ունեցող հողաշերտին վրայ:

Մենք միշտ ստորագնահատած ենք թուրք ղեկավարներու դիւանագիտական հմտութիւնը ի վնաս մեզի, եւ սակայն տակաւին ունինք ձգտումը քաղաքական շատ լուրջ կացութեան մը հանդէպ վերաբերիլ անխոհեմութեամբ եւ անշրջահայեցութեամբ:

Քաղաքական իրականութիւնը բացարձակ սպիտակ կամ սեւ չէ, եւ զայն իջեցնել պարզ տարազներու եւ աժան լոզունգներուՙ մեզի շատ սուղ պիտի արժէ: Դժբախտաբար, ատոր է որ անակատես կ,ըլլանք այս օրերուն, երբ խռովարարներ աւերածութիւն կը սփռեն եւ կարգ մը հատուածներ կը գրգռեն անմիտ արարքներ գործելու:

Յայտնի է, որ շատ քիչեր կարդացած են այն արձանագրութիւնը, որ Հոկտեմբեր 10-ին Ցիւրիխ, Զուիցերիոյ մէջ, նախաստորագրուեցաւ Հայատանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարներուն կողմէ: Իսկ շատ աւելի քիչեր հասկցած են արձանագրութիւններուն մէջ օգտագործուած արտայայտութիւններու քաղաքական եւ պատմական յայտնի եւ թաքուն նշանակութիւնները: Այս արձանագրութիւնները մեկնաբանել միտումնաւոր կերպով եւ ձեւակերպել որպէս «Ղարաբաղը կը ծախեն ազերիներուն» կամ «տեղի կուտան Ցեղասպանութեան հարցին մէջ» եւ կամ «կը հրաժարին Հայկական հողային պահանջներէն»ՙ հանրութիւնը վնասող արարքներ են, եւ այս պարզաբանութիւններուն օգտագործումը ի նպաստ կուսակցական շահերուՙ պատմական չափանիշով ոճիր մըն է:

ՀՅԴաշնակցութիւնը կրկին անգամ առաջաւոր գրգռիչը կը հանդիսանայ ներկայ խռովարարութեան: Դաշնակցակցութիւնը պատմականօրէն կրողն է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին վիճակուած բազմաթիւ քաղաքական աղէտներու ամենալուրջ պատասխանատուութեան: Գուցէ ՀՅԴ ղեկավարներ կը ցանկան, որ իրենց պատմական ձախորդութիւնները մոռցուին-կամ պէտք է որ մոռցուին, որպէսզի անոնք կարողանան մեր ժողովուրդը մխրճել նոր արկածախնդրութիւններու մէջ: Բայց պատմական ամօթալի իրողութիւններ զիրենք մղելու են աւելի յարգալից եւ պատասխանատու վարքի մը:

1908-ին, Օսմանեան Սուլթանին դէմ Իթթիհատականներու յեղափոխութենէն ետք, Դաշնակցակցութիւնը գործընկերութեան մէջ մտաւ գեր-ոճրագործներուն հետ, ինքզինք կոչելով Օսմանլի Դաշնակցութիւն, խորհրդարանական քանի մը աթոռներու փոխարէն:

Մեր ազգային հերոսՙ Զօրավար Անդրանիկ, զգուշացուց զիրենք, որ չվստահին թուրքերուն, բայց մտիկ չըրին զինք: Դաշնակցականները վար դրին իրենց զէնքերը եւ զինաթափ ըրին հայութիւնը, վերահաս աղէտի մը-Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրեակին:

Դեկտեմբեր 2, 1920-ին, Հայաստանի կառավարութիւնը Սովետներուն յանձնելէ անմիջապէս ետք, դաշնակցականները ապօրինի կերպով ստորագրեցին Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը, հրաժարեցան Սեւրի դաշնագիրէն, որ Հայաստանին կը խոստանար 130.000 քառ. քմ հողատարածք, եւ համաձայնեցան 10.000 քառ. քմ-ի, այսօրուան Հայաստանի տարածքի մէկ երրորդին: Եւ այսպէսով, զօրավար Քազիմ Քարապեքիր, պարտուած Թուրքիոյ ղեկավար մը, յաղթանակ արձանագրեց Հայաստանի դէմ:։

Փետրուար 1921-ին, երբ նորահաստատ համայնավար կառավարութիւնը Մոսկուայի մէջ քեմալիստ ներկայացուցիչներու հետ կը բանակցէր ներկայ սահմաններու մասին, դաշնակցականներ պետական հարուած մը կը կազմակերպէին (ծանօթ Փետրուարեան արկածախնդրութիւնը) Երեւանի մէջ, այսպէսով պատճառ ըլլալով, որ Հայաստանի ներկայացուցիչը զրկուէր բանակցութիւններուն մասնակցել է:

Մոսկուայի դաշնագիրը հաստատուեցաւ 1921-ինՙ Կարսի դաշնագրով, որ պարտադրուեցաւ Հայաստանին: Հետեւաբար, Դաշնակցութիւնը նոյնքան պատասխանատու է ներկայ սահմաններու իրավիճակին, որքան որեւէ այլ մարմին:

Այսօր կուսակցութիւնը ձեռնամուխ եղած է նոր արկածախնդրութիւններու, վստահաբար նոյն հետեւանքներով: Որեւէ պատմական նախընթաց պիտի չկարենայ դաշնակցական ղեկավարներուն խոհեմութիւն սորվեցնել:

Հոկտեմբեր 23-ին ՀՅԴ գերագոյն մարմինը յայտարարեց, թէ կը պատրաստուի Հայաստանի իշխանափոխութիւն կատարել, ճիշդ այն ատեն, երբ ընթացքի մէջ են նուրբ բանակցութիւնները:

Բաւական ժամանակ է, որ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը սկսած էր կորսնցնել իր խորհրդաւորութիւնը եւ ցուցադրել իր իսկական դէմքը. Հայաստանի ժողովուրդը պարզամիտ չէ եւ անոնք սկսած են սուր հարցադրումներու: Մինչ ՀՅԴ յայտարարութիւնը կոչ կուղղէ ընկերային դրութեան արդարութեան, թոշակառութեան վերակազմակերպութեան եւ հարստութեան հաւասար բաշխումին, Հայաստանի ժողովուրդը հարց կուտայ եւ մամուլը կարձագանգէ.

ինչո՞ւ չբարեկարգեցիք ընկերային ծառայութիւնը, երբ նախարարութիւնը ձեր ձեռքն էր.

ինչո՞ւ գոնէ կրթական մարզին մէջ վերջ չդրիք կաշառակերութեան, երբ ձեզմէ մէկն էր կրթական նախարարը.

ինչո՞ւ ձախողեցաւ Հայաստանի գիւղատնտեսութիւնը, երբ դուք կը տնօրինէիք այդ նախարարութիւնը:։

Տարբեր խմբաւորումներ կը հետապնդեն քօղածածուկ անձնակեդրոն նպատակներ, երբ կը հակադրուին հայ եւ թուրք համաձայնագրին: Շատ քիչերն են, որ անխարդախ կերպով մտահոգ են համաձայնագրի ելքով: Եւ կա՛յ մտահոգուելու պատճառ անոնց համար, որոնք կարող են տեսնել պատմական եւ քաղաքական անդրադարձներն այս համաձայնագրին: Հայաստանի նախագահը այցելեց սփիւռք եւ փորձեց համակումութիւն մը գոյացնել, բայց ան միայն գտաւ Դաշնակցութեան հրահրած ամբոխին անարգանքը: Բարեբախտաբար, աւելի լուրջ կազմակերպութիւններ, ինչպէսՙ ՀԲԸՄ-ը, Հայկական Համագումարը եւ աւանդապահ ՌԱԿ-ը, ցուցաբերեցին հաւասարակշռուած մօտեցում մը: Դաշնակցական ղեկավարները համոզած են նաեւ կարգ մը հնչակեան ղեկավարներՙ ունենալու համար դասական կուսակցութիւններու «գագաթի ժողով» մը Երեւանի մէջ: Անոնք իրենց փէշերուն կախած են նաեւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան նախկին անդամներէն մէկը, որ վտարուած է կուսակցութեան Թորոնթոյի ակումբէն, որ իր կարգին ենթակայ է ՌԱԿ ԱՄՆ եւ Կանադայի Արեւելեան շրջանային վարչութեան:։

Այս անձը միայն ինքզինք կրնայ ներկայացնել եւ ոչ ՌԱԿ-ը:։

Այսպիսի տհաճ անձեր հրապուրելու ճիգով դաշնակ ղեկավարութիւնը ինքզինք կը խաբէ, թէ իր հեղինակութեան տակ ունի դասական կուսակցութիւնները: Այլ նպատակ մըն է նաեւ ճեղք մը յառաջացնել ՌԱԿ-ի մէջ, որ պատմականօրէն աննկուն կերպով դիմադրած է ՀՅԴ արկածախնդրութիւններուն:։

Բոլոր այս պատմական սայթաքումներէն ետք, ՀՅԴ ղեկավարութեան ընդդիմութիւնը պարզապէս ինքնամատոյց վանկախաղ մըն է, յուսալով Հայաստանի 2-րդ նախագահ Քոչարեանի վերադարձը, որ անգամ մը եւս իրենց մատուցանէ շնորհաբաշխ կերակրատաշտին նպաստները:։

Այս պատմական առիթը շատ աւելի լուրջ է, քան կուսակցական քաղաքականութեան խաղը Հայաստանի ճակատագրին հետ։

Նոյեմբեր 7, 2009

Խմբագրականՙ ՌԱԿ պաշտօնաթերթ, «The Armenian Mirror-Spectator»-ի, Բոստոն

(կրճատումներով)


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4