Տեղեկատուական զանգուածային միջոցներու հաղորդումներէն ու թղթակցութիւններէն յայտնի է արդէն, որ 2009 հոկտեմբեր 3-6-ին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ՌԱԿ-Արմենական միաւորիչ համաժողովը, մասնակցութեամբ Հայաստանի մէջ մինչ այդ վերակազմուած Արմենական-ՌԱԿ 16 ակումբներու վարչութեանց եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան սփիւռքատարած շրջանակներէ եւ ակումբներէ 56 պատուիրակներու: Այսպիսով համաժողովին ներկայ էին կուսակցական պատուիրակներՙ Հայաստանէնՙ Երեւանի վարչական զանազան տարածքներէն, ինչպէս նաեւ Արագածոտնի, Արմաւիրի, Շիրակի, Լոռիի, Վայոց ձորի, Զանգեզուրի եւ Տաւուշի մարզերէն, իսկ Սփիւռքէնՙ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերէն, Քանատայէն, Լոնտոնէն, Փարիզէն, Ժնեւէն, Պէյրութէն, Պաղտատէն, ինչպէս նաեւ, առաջին անգամ ըլլալով նման ժողովի մը համար, երկու ներկայացուցիչ Թեհրանէնՙ դիտորդի հանգամանքով: Համաժողովի կազմակերպիչները սփիւռքի զանազան շրջանակներէ ստացեր էին ողջոյնի գիրեր զանազան ընկերներէ, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով չէին կրցած ներկայ գտնուիլ համաժողովին:
Մինչեւ համաժողովին բացումը ՌԱԿ զանազան շրջանակները ներկայացնող պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի , վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի ու Ամենայն Հայոց հայրապետ Գարեգին Բ կաթողիկոսին կողմէ, որոնց հետ զրոյցները կուսակցութեան հայրենական եւ արտերկրեայ գործունէութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու, Հայաստանի տնտեսական զարգացումին նպաստելու եւ յարակից հարցերու շուրջ էին:
Համաժողովին հանդիսաւոր բացումը, հոկտ. 3-ի առաւօտեան, կատարուեցաւ Հայաստանի ֆիլհարմոնիայի Առնօ Բաբաջանեան սրահին մէջ, մասնակցութեամբ ՌԱԿ եւ Արմենական շուրջ 300 պատուիրակներու եւ հայաստանեան զանազան կուսակցութիւններէ ներկայացուցիչներու եւ բազմաթիւ լրագրողներու: Նոյն օրը կէսօրէ ետք Թէքէեան կեդրոնի մեծ դահլիճին մէջ շարունակուեցաւ համաժողովը, միայն կուսակցական պատուիրակներու մասնակցութեամբ: Ժողովը կը վարէր ընկ. Արմէն Մանուէլեան, ըստ նախապէս պատրաստուած օրակարգի հարցերուն:
Սփիւռքէն ժամանած ընկերները, մեծապէս տպաւորուած Արմենական-ՌԱԿ-ի երիտասարդ ընկերներու եւ ընկերուհիներու գործնական եւ խելամիտ ելոյթներէն, վստահութիւն յայտնեցին, որ յանձինս անոնց կուսակցութիւնը Հայաստանի մէջ լաւ հեռանկարներ կրնայ ունենալ եւ խոստացան կարելի բոլոր միջոցներով օժանդակել Արմենական-ՌԱԿ-ի հզօրացումին:
ՌԱԿ-ի այժմու վիճակին վերաբերեալ ընկեր Արշաւիր Կէօնճեան զուսպ, այլ խիստ գիծերու մէջ ներկայացուց տխուր պատկերը, որ ստեղծուած է կուսակցութեան մէջ խումբ մը անպատասխանատու մարդոց փառասիրութեան, վրէժխնդիր նկրտումներուն, արկածախնդիր գործելաձեւին հետեւանքով: Առանց անուններ տալու, որպէսզի չարժեւորէ յայտնի խմբակը, ընկ. Կէօնճեան եւ արտայայտուող միւս ընկերները ներկայացուցին այն զուր ջանքերը, որոնք, յամենայնդէպս, Հայաստանի թէ Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ յառաջ տարուեցան, յայտկապէս 2009 փետրուար ամսուն, համախոհութիւն եւ ի հարկին համագործակցութիւն ստեղծելու այդ խմբակին հետՙ ի սէր եւ ի շահ կուսակցութեան: Սակայն յորդորները, խրատներն ու նախազգուշացումները դժբախտաբար չտուին որեւէ արդիւնք եւ ինքզինքնին օրէնքէ դուրս դրած այդ խմբակին անդամները, հայաստանեան իրենց հայհոյաբերան ներկայացուցիչին հետ միասինՙ ինքզինքնին գործնականօրէն արժանի դարձուցին persona non grata կոչուելու: Իրերու այս կացութեան մէջ, ահա, եկած ենք ոչ միայն ներկայ գտնուելու Արմենական-ՌԱԿ համաժողովին, այլեւ ստեղծուած վիճակէն համախոհական ելք մը գտնելուՙ վերակազմակերպելու համար կուսակցութիւնը, անոր նոր աւիւն ու կորով տալու, յատկապէս այս օրերուն, երբ հայութիւնն ու հայրենիքը կանգնած են ճակատագրական խնդիրներու առջեւ:
Առանձին զեկուցումով արտայայտուեցաւ նաեւ ընկ. Յակոբ Աւետիքեան, որ առաւելաբար ծանրացաւ կուսակցութեան հայաստանեան գործունէութեան վրայ եւ փաստեց կազմակերպութեան գօտեպնդիչ հեռանկարները, ի մասնաւորի յառաջիկայՙ 2012 թուականին խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը, մանաւանդ վերջին համապետական երեք ընտրութիւններուն ՌԱԿ-ի բացարձակ անգործունէութեան ֆոնին:
Յաջորդական չորս նիստերէ, երկու օրերու վրայ տարածուող բազմաթիւ քննարկումներէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք ժողովականներու մեծամասնութեան ձայնով որոշուեցաւ ստեղծել ՌԱԿ Համաշխարհային Խորհուրդ, որուն մաս կրնան կազմել կուսակցութեան Սփիւռքեան եւ Հայաստանեան բոլոր մակարդակի վարչութիւնները, շրջանակները, ակումբները, մեկուսի ակումբները եւ անհատ ընկերները: Խորհուրդը պիտի ունենայ Գործադիր վարչութիւն մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ մինչեւ յաջորդ համաժողով կազմել Խորհուրդին ընդհանուր կանոնադրութիւնը, ինչպէս նաեւ գործունէութեան գլխաւոր ոլորտներն ու համապատասխան ծրագիրները: Ինչ կը վերաբերի կեդրոնական գրասենեակի խնդրին, որոշուեցաւ զայն հաստատել Երեւանի մէջ, նկատի ունենալով պետական եւ այլ կառոյցներու հետ անմիջական յարաբերութիւններու, համապատասխան մասնագէտ աշխատակիցներու առկայութեան, ինչպէս նաեւ նիւթական հարցերը: Վերջապէս, ՌԱԿ-ը ի սկզբանէ որոշեր էր իր Կեդրոնը հաստատել Մայր հայրենիքի մէջ, դառնալ հայաստանակեդրոն կուսակցութիւն:
Որոշուեցաւՙ
1. Ներկա ժողովը համարել ՌԱԿ Համաշխարհային Խորհուրդի հիմնադիր ժողով,
2. Կազմել ՌԱԿ Համաշխարհային Խորհուրդի ղեկավար մարմինըՙ Գործադիր Մարմին անունով, բաղկացած սփիւռքէն 6 եւ Հայաստանէն 5 ընկերներէ, հետեւեալ կազմովՙ Արմէն Մանուէլեան (Երեւան), Բաբգէն Մկրեան (Ֆիլատելֆիա), Վարուժան Սիրապեան (Փարիզ), Նար Խաչատուրեան (Պէյրութ), Յակոբ Աւետիքեան (Երեւան), Երուանդ Ազատեան (Տիթրոյթ), Յակոբ Վարդիվառեան (Նիւ Եորք), Վարդան Նազիրեան (Լոս Անճելըս), Սուրէն Սարգսեան (Երեւան), Գայիանէ Մուրատեան (Երեւան), Սիրեկան Գէորգեան (Երեւան): Քուէարկութեամբ կազմուեցաւ նաեւ Գործադիր մարմնի դիւանը հետեւեալ կազմով. ատենապետՙ Յակոբ Աւետիքեան, փոխատենապետՙ Երուանդ Ազատեան, ատենադպիրՙ Գայիանէ Մուրատեան, գանձապահՙ Բաբգէն Մկրեան, մամլոյ դիւանի պատասխանատուՙ Յակոբ Վարդիվառեան: Բոլոր ներկաներու միահամուռ առաջարկով Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեան ընտրուեցաւ պատուոյ նախագահ:
3. Գործադիր Մարմնին յանձնարարել յետագայ 6 ամիսներու ընթացքին պատրաստել ՌԱԿ Համաշխարհային Խորհուրդի Ծրագիր-Կանոնագիրը, ինչպէս նաեւ տարեկան պիւտճէն,
4. ՌԱԿ Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնական գրասենեակը հաստատել Երեւան, իսկ այլ վայրերու մէջ արդէն իսկ գործող գրասենեակներըՙ ինչպէս Պոստոն եւ Մոնթրէալ, համարել տարածաշրջանային գրասենեակներ,
5. Կոչ ուղղել ՌԱԿ բոլոր շրջանակներուն, ակումբներուն, անհատ ընկերներուն եւ համակիրներուն միանալու նորակազմ Խորհուրդին,
6. Ստեղծել Խորհուրդի համացանցային կայքէջը, որ պիտի համակարգուի դարձեալ Երեւանէն, կեդրոնական գրասենեակէն:
7. Մէկ տարի յետոյ, 2010 Հոկտեմբերին, դարձեալ հրաւիրել համաժողովՙ քննարկելու եւ վաւերացնելու համար Ծրագիր-Կանոնագիրը, քննարկելու մինչ այդ կատարուած աշխատանքները, մշակելու նորՙ նաեւ երիտասարդութիւնը ընդգրկող ծրագիրներ:
Այսու կոչ կ,ընենք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան բոլոր անդամներուն եւ համակիրներունՙ անդամակցելու ՌԱԿ Համաշխարհային Խորհուրդին, որպէսզի կուսակցութիւնը, անոր համակիր եւ համախոհ շրջանակները վերակազմակերպ ուժ դառնան Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքներուն, հաւասարակշռելու համար ամբողջ հայութեան կեանքը, արդիականանան եւ կատարելագործուին մեր ժողովուրդին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն յաղթահարման ձեւերն ու միջոցները:
E-mail: office-rak@armenakan.am, azg2@arminco.com
Ի գիտութիւն կուսակցական եւ ազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան հետ պաշտօնական կապի հասցէներն են:
Երեւան.- Koriuni 19 A, Yerevan 37025 - Republic of Armenia
Ամերիկա.- 755 Mt. Auburn Street, Watertown, MA, 02472-USA
Քանատա.- 825 Rue Manoogian, St. Laurent, Quebec, H4N 1Z5, Canada
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ, Նոյեմբեր 24, 2009