Յունուար 15-ին, ուրբաթ երեկոյեան, Նիւ Եորքի ամենէն յայտնի ճաշասրահինՙ «Ուոլ սթրիթ Սիփրիանիի» մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ՏՏ Գարեգին Բ հայրապետին, 450-է աւելի հրավիրեալներ պատուեցին Ամերիկայի հայոց առաջնորդարանի Հայաստանի օգնութեան ֆոնդի հիմնադիրներէն եւ համաատենապետներէն, Կոլոմբիա համալսարանի բժշկապետ դոկտ. Էդգար Յովսէփեանը: Ներկայ էին ՀՀ Ուաշինգթընի դեսպան պրն Թաթուլ Մարգարեանը, ՄԱԿ-ի ՀՀ դեսպան պրն Կարէն Նազարեանը, Ամերիկայի զանազան ազգային կազմակերպութիւններուՙ ՀԲԸՄ-ի նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանը, Հայկական համագումարի նախագահ պրն Հրայր Յովնանեանը, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի, ԹՄՄ-ի ու Վարդանանց ասպետներու ղեկավարներ, ծանօթ ազգայիններ ու բարերարներ:
Օրուան հանդիսավարն էր ֆոնդի անդամներէն դոկտ Դաւիթ Նաճարեանը: Ֆոնդի նախագահ Ռենպի Սապահ-Կիւլեան ներկայացուց իր գլխաւորած յանձնախումբին 20 տարիներու կատարած ընդարձակածաւալ աշխատանքըՙ ցարդ 280 միլիոն դոլարի օգնութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին: Օգնութիւնը աւելի քան 6.000 ուսանողներու կրթաթոշակներու եւ համալսարանական կրթութեան եւ այլ:
Մեծարեալին որդինՙ դոկտ. Դաւիթ Յովսէփեան, տեսաերիզով ներկայացուց հօր ազգային ծառայութիւնները, ընտանեկան մթնոլորտով, ուր դոկտ. Էդգար Յովսէփեան յաճախ կը կրկնէր, թէ ինքը կ,ընթանայ իր հօր, ռամկավար ազատական գործիչ, դոկտ. Մովսէս Յովսէփեանի ճանապարհով, օգտակար ըլլալու հայրենաբնակ իր ժողովուրդին: Այս առթիւ ներկայ էին մեծարեալին կինըՙ Մերիէնը եւ զաւակները:
Պոստոնէն խօսք առաւ դոկտ. Արամ Չօպանեան, որ ներկայացուց Յովսէփեան բժշկապետը Նիւ Եորքի ամենէն յայտնի Փրեսփիթերիըն հիւանդանցի ներովիրաբուժութեան բաժնի տարիներու վարիչը, որ օգտակար եղած էր ամերիկացի թէ հայ շատ շատերու:
Յանուն ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգիսեանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան «Մխիթար Հերացի» պատուանշանը յանձնեց մեծարեալին: Այնուհետեւ խօսք առաւ Ամերիկայի հայոց առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, որ բարձր գնահատեց դոկտ. Յովսէփեան ազնուականին մարդասիրական ու հայրենասիրական նկարագիրը եւ անոր ցուցաբերած անսակարկ մասնակցութիւնը ամերիկահայ կեանքէն ներս եւ Հայ օգնութեան ֆոնդի կողմէ յանձնեց մասնաւոր յուշանուէր մը:
Ուաշինգթընի մօտ առաջնորդական նուիրակ Վիգէն արք. Այքազեան կարդաց Վեհափառ հօր այս առթիւ շնորհած կոնդակը, որմէ ետք Գարեգին Բ կաթողիկոսը, որ այս առթիւ յատկապէս ժամանած էր Ս. Էջմիածինէն, բժշկապետին կուրծքը զարդարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջին կարգի շքանշանով: Յուզումնալից իր սրտի խօսք տուաւ եւ ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Էդգար Յովսէփեան:
Հուսկ խօսք առաւ Հայոց հայրապետը ըսելով. «Հայրենանուէր ու եկեղեցասէր Ձեր ծնողների օրինակով ու նոյն նախանձախնդրութեամբ դուք բարի աւանդ էք բերում մեր հայրենիքի բարօրութեանն ու առաջընթացին»: Խօսքի աւարտին ներկաները երգեցին Հայրապետական մաղթերգը:
Անկասկած, նիւեորքահայ այլապէս հարուստ ազգային տարեգրութեան մէջ այս մեծարանքի հանդէսը արձանագրուած պիտի մնայ այս գաղութի նուաճումներու շարքին, դառնալու օրինակ ամերիկահայ նոր սերունդին համար:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք