«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#13, 2010-01-28 | #14, 2010-01-29 | #15, 2010-01-30


Կ՚ԵՐԹԱՅ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄԵԾ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

Մ. Նահանգներու հայ եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմին մէջ քսան տարիներու ծառայութենէ ետք, Վահան ծ. վրդ. Յովհաննէսեան անցեալ տարուան դեկտեմբեր 23-ին ընտրուելով Մեծ Բրիտանիոյ թեմի առաջնորդ, շուտով Լոնդոն պիտի մեկնի: Ան կը հովուէր Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, որ երրորդ մեծագոյն ծուխը ըլլալէ բացի, նաեւ ունի գործունէութեան լայն դաշտ:

Հայր Վահան, աւազանի անունովՙ Սարգիս, ծնած է 1963-ին, Բաղդադ: Որպէս մեքենաշինական ճարտարագէտ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Իրաքի հայոց առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի քաջալերանքով կու գայ Ամերիկա եւ կ՚աւարտէ Ս. Վլադիմիր աստուածաբանական ճեմարանը եւ 1990-ին կը ձեռնադրուի վարդապետ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ: Ունի աստուածաբանական, ինչպէս նաեւՙ երաժշտական գործեր: Ֆորդհեմ համալսարանէն կը ստանայ իր դոկտորականը: Որպէս հովիւ ծառայած է Նիւ Եորքի Ս. Խաչ եւ Նիւ Ջերզիի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցիներուն եւ շրջան մը եղած է լուսարարարպետը Ս. Վարդան առաջնորդանիստ տաճարի:

Գաղութէն ներս իր ծառայութիւններով, արժանիքներով, լրջութեամբ, խոնարհութեամբ ու նուիրուածութեամբ կը վայելէ համայն գաղութին համակ սէրն ու համակրանքը: Մշակոյթի մարդՙ ան ներկայ կը գտնուի Թէքէեան մշակութային միութեան մեծագոյն Նիւ Եորքի կազմակերպած թատերական ու մշակութային գրեթէ բոլոր ձեռնարկներուն:

Իր մեկնումին առիթով, յունուար 24-ին, Մանհասեթի (Նիւ Եորք) Քաունթրի քլաբի մէջ կը կազմակերպուի ողջերթի հաւաք աւելի քան 250 ներկաներու եւ ծխականներու ներկայութեան: Խօսք կ՚առնեն Եղիշէ արք. Կիզիրեան, ծխական խորհուրդի ատենապետ Մայքըլ Զօհրապեան, Լին Չեթին, Կարպիս Մարթայեան, Ֆրենք Գապարաճեան եւ յանուն առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանիՙ Հայկազուն ծ. վրդ. Նաճարեան: Խօսք կ՚առնէ նաեւ հայր Վահանին երբեմնի ուսուցիչն ու բարեկամըՙ Փոլ Թարազի, յոյն ուղղափառ վարդապետը, բնիկ լիբանանցի:

Հանդէսի աւարտին սրտայոյզ ելոյթ կ՚ունենայ Վահան վարդապետ ու ներկաները կը հրաւիրէ յաճախ այցելելու Անգլիա:

Հայր Վահան վարդապետ, տակաւին երիտասարդ, վստահաբար ունի կատարելիք մեծ գործեր մեր համայնքներէն թէ եկեղեցիէն ներս: Ան, հաւատարիմ Ս. Էջմիածնին, ամուր կերպով կը հաւատայ Մայր աթոռի անսասանութեան:

Բարի ճանապարհ սիրելի հայր սուրբին:

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4