Յակոբ Բագրատունեան. «Հայաստանըՙ Հայաստան է ի՛ր սփիւռքով եւ սփիւռքըՙ Հայաստանով»...
Վերջին 10-15 տարիներին Լիբանանում կազմավորվեց քաղաքական գործիչների մի նոր սերունդ, որն այսօր իր ուսերին է կրում երկրի ներքաղաքական, հայ համայնքի իրավունքների պահպանման եւ ներհայկական շավիղներում գործելու պարտականությունը: Այդ սերնդից է Հակոբ Բագրատունյանը (Բագրատունի), որ հանդիսանում է տեղի ՀՅԴաշնակցության լիդերներից եւ լիբանանյան խորհրդարանում նույն կուսակցության ներկայացուցիչ: Թրծվելով ներլիբանանյան հեղհեղուկ ու բարդ քաղաքական առօրյայում, տիրապետելով (ի տարբերություն նախորդ սերնդի) արաբերեն լեզվին ու քաղաքական մշակույթին, այդ սերունդն այժմ իր ձեռքն է վերցրել լիբանանահայ համայնքի ղեկավարման գործը, ունենալով նաեւ մեկ այլ առավելությունՙ իրատեսություն եւ գործնամտություն: Մաղթենք, որ այս վերջին զույգ հատկանիշները կուղենշեն նրանց դիրքորոշումը նաեւ համահայկական հարցերում:
ԽՄԲ.
- Պրն Բագրատունեան, որպէս կրթական երկարամեայ մշակ, դպրոցի տնօրէն եւ քաղաքական գործիչ այսօր կըհանդիսանաք խորհրդարանական աշխոյժ ներկայացուցիչներէն մէկը Լիբանանի քաղաքական կեանքին: Ինչպիսի՞ն էր 2009 տարեշրջանը ձեզի համար եւ ի՞նչ են ձեր ծրագիրներն ու ակնկալիքները 2010 թուականին:
- Բնականաբար, Լիբանանի պատմութեան վերջին 5 տարիները, 2005 թուականի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութենէն ետք, բնական տարիներ չեղան: Մեծ հարուած էր Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը եւ անկէ ետք պատահած դէպքերը ցնցեցին ամբողջ Լիբանանը իբրեւ գոյութիւն, հայրենիք, ժողովուրդ: Ինչպէս նաեւ ցնցեցին երկրին ներքին քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական վիճակը: Սակայն ժամանակի ընթացքին հարցերը աւելի յստակացան եւ կողմերը համոզուեցան, որ երկրին հարցերը կարելի չէ լուծել առանց երկխօսութեան:
Այժմ ընդհանուր մթնոլորտը աւելի հանդարտ է, քան ինչ որ էր 2009ին: Բնականաբար գոյութիւն ունին նաեւ այլ խնդիրներ: Խորհրդարանի նախագահին կողմէ հրապարակ նետուած քաղաքական համայնքայնութիւնը ջնջելու յատուկ խորհուրդի մը կազմութեան, քաղաքապետական ընտրութիւններու նոր օրէնքի մը պատրաստութեան եւ նշանակումներու դէմ-յանդիման ենք: Ասոնք բնական երեւոյթներ են, որպէսզի մեր Լիբանանի ժողովուրդը չվախցնեն, ոչ ալ դառնան այնպիսի անկիւնադարձային խնդիրներ, որոնք երկիրը տանին բաժանումի: Ասոնք իբրեւ բնական հարցեր պէտք է դիտուին ու քննարկուին, թէ՛ ժամանակին եւ պայմաններուն մէջ համապատասխան արդիւնքներու հասնելու համար:
Այսօր, Ազգային միութեան կառավարութեան կազմութենէն ետք, անպայմանօրէն չենք կրնար ըսել, թէ փոխադարձ վստահութիւնը ամբողջութեամբ վերահաստատուած է: Վստահութիւնը վերահաստատելու ճիգին մէջ կարելի է նկատել, որ կարգ մը կողմեր լուրջ աշխատանք կը տանին: Այս գործընթացին կը նպաստեն նաեւ միջարաբական հաշտութիւնները, որոնք տեղի ունեցան եւ որոնց իբրեւ արդիւնք կարելի դարձաւ Լիբանանի ներքին կեանքի բացայայտ եւ ոչ այնքան բացայայտ հարցերու լուծումը, որով վարչապետըՙ նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի զաւակն է եւ անկախ այլ հարցերէ եւ վարչապետ Հարիրիի սպանութեան պատասխանատուութեան ճշդումէն (որ վերպահուած է միջազգային դատարանին), կրնայ բնականոն հարաբերություններ ստեղծել Սուրիոյ հետ: Համայն Լիբանանի վարչապետը, այդ պատասխանատուութեան տէր մարդըՙ Սուրիոյ նախագահին կողմէ ընդունուեցաւ որպէս Լիբանանի վարչապետը: Կը հաւատամ, որ մեր յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ պիտի վերադառնան իրենց բնականոն պայմաններուն, բնականաբար փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներէն մեկնածՙ զոյգ երկիրներու գերիշխանութեան, անկախութեան եւ յարգանքի ծիրէն ներս:
Անշուշտ մեր դիմաց կան Լիբանանի ժողովուրդին առօրեան հետաքրքրող խնդիրներ, որոնք առաջնահերթութիւն ունին ուրիշ երկիրներու մէջ, բայց դժբախտաբար, որովհետեւ մեր երկրին մէջ այնպիսի քաղաքական լուրջ տագնապներու դէմ-յանդիման կը գտնուինք, որ անմիջական կենսամակարդակի խնդիրները կը դառնան յետաձգելի:
Եթէ պետութիւնը եւ քաղաքական պատասխանատուները այս ժողովուրդին առօրեային հետ առնչուող հարցերուն լուծումներ չտան, վստահաբար հաւանական քաղաքական խնդիրներ պիտի բազմանան եւ ընկերային տագնապները պիտի առաջնորդեն ներքին նոր խմորումներու, արմատականութիւնը պիտի շեշտաւորուի աւելի ու երկիրը պիտի չկարողանայ գոյատեւել իբրեւ այն երկիրը, որ համերաշխութեան, համայնքային գոյակցութեան եւ առաքելութեան երկիր եղած է միշտ:
- Այսօր, Մայր հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ քաղաքական կարեւոր գործընթացներ տեղի կÿունենան: Որպէս Հ. Յ. Դաշնակցութեան ղեկավարներէն մէկը, ինչպիսի՞ն են ձեր վերլուծութիւնները եւ կարծիքը այդ իրադարձութիւններուն ու գործընթացներուն վերաբերեալ, մանաւանդ որ ձեր կուսակցութիւնը Հայաստանի մէջ այսօր ինքզինք կը համարէ ընդդիմութիւն:
- Անցնող տասնամեակին եւ անկէ աւելի, Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի հետ առնչուող վերիվայրումներն իրենց ազդեցութիւնը կÿունենան ոչ միայն երկրինՙ այլեւ համայն հայութեան վրայ: Իբրեւ այդպիսին, պէ՞տք է մտածել, որ Լիբանանի մէջ հայկական ծագումով երեսփոխան մը իրաւունք եւ պարտաւորութիւն ունի ու կրնայ յաջողիլ, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ սեպ խրէ: Հայաստանըՙ Հայաստա՛ն է իր սփիւռքով եւ Սփիւռքըՙ Հայաստանով: Մէկ մարմին ու մէկ գլուխ է, սրտի երկու բաժինները այդ մարմինն ու գլուխը կÿաւելցնեն: Սփիւռքն ու Հայաստանը սրտի երկու բաժիններն են ու կարելի չէ, որ հայ ժողովուրդը գոյատեւէ կէս սիրտով...: Հետեւաբար բոլոր անոնք, որոնք այս կամ այն քաղաքականութեան դէմ Սփիւռքի ընդդիմութիւնը կը տեսնեն որպէս հայրենիքի հետ բաժանումՙ չարաչար կը սխալին: Անուրանալի է, որ Հայաստանի անկախութեան հռչակումով եւ Արցախի ազատագրումով Հայ դատի հետապնդումը մտաւ նոր հանգրուան: 1988 էն ետք հակաթուրք պայքարը նահանջ արձանագրեց, Արցախի ազատագրումը առաջնահերթ դարձաւ, անոր յաջորդելով Հայաստանի անկախութիւնը: Մեր ժողովուրդը չկրցաւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ հայթայթել անհրաժեշտ կարողութիւնը, որ մենք կարողանանք առաւելագոյն չափով շարունակել Հայ դատի հետապնդումը: Նահանջ արձանագրեց հակաթուրք պայքարըՙ Ցեղասպանութեան ճանաչման «աքթ»երով: Արցախը որոշ ժամանակ առաջնահերթութիւն էր հրապարակի վրայ:
Դժբախտաբար, Հայաստանի ղեկավարները սկզբնական շրջանին այնպիսի խարխափումներու մէջ եղանՙ որ խոչընդոտներ յառաջացան Սփիւռք-Հայաստան բնականոն յարաբերութիւններուն մէջ: Նաեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետ կապերու վատթարացումով, ներքին փտածութիւն, եւ այլն: Այսօր, հիմնական հարցերը մեր առջեւՙ Արցախի պաշտպանութեան եւ անկախութեան, Հայաստանի անկախութեան ամրացման խնդիրներուն հետ, նաեւ, Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ Փրոթոքոլներու եւ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշ հարցերու նկատմամբ վերապահութիւններն ենՙ որոնք ցարդ կը մնան մտահոգութիւն համայն հայութեան համար: Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարելի չէ դիտել իբրեւ միայն Հայաստանի յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, այլ նաեւ համայն հայութեան յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ:
Փրոթոքոլներու ստորագրութեան օրը, արաբ թէ իսլամական լրատուական միջոցները յատուկ ջանք թափեցինՙ զայն նկատելու որպէս մէկ դարու հայ-թուրք հակամարտութեան աւարտը: Այդպէս չէ՛ իրականութիւնը: Կը շարունակենք պահանջատէր մնալ մեր իրաւունքներուն: Կÿուզենք հաւատալ եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այդ հաւատքը արմատացնեն մեր մէջ, որ ո՛չ մէկ զիջում պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին գծով: Ո՛չ մէկ զիջում պիտի ըլլայ Հայաստան-Թուրքիա սահմաններուն կապակցութեամբ եւ գրաւեալ հողերը պիտի մնան մեր պայքարի կիզակէտին մէջ: Ո՛չ մէկ զիջում պիտի ըլլայ Արցախի պետութեան անկախութեան, ազատութեան վերաբերեալ:
Թուրքիա ի՛նք զանազան պատրուակներով հրապարակ կու գայ, որպէսզի չստորագրէ Փրոթոքոլները եւ բնականաբար կարելին կÿընէ, որ ինքզինք բարելաւէ յաչս Եւրոպայի եւ այդ քաղաքականութեան մաս կը կազմէ դէպի Արաբական աշխարհ քաղաքական «յարձակումը»: Դժբախտաբար, արաբական երկիրները, մոռնալով Օսմանեան պետութեան արիւնալի անցեալը եւ Թուրքիոյ ռազմավարական համաձայնագիրը Իսրայէլի հետ, կը շարունակեն թուրքերուն քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական ցանկութիւններուն ենթարկուիլ:
- Վերջերս համաձայնագիր ստորագրուած էր Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւՙ վիզաներու դրութեան վերացման եւ տնտեսական համագործակցութեան շուրջ: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այդ կապակցութեամբ:
- Այդ մասին արդէն ես ու Հ. Յ. Դ. Կեդրոնական կոմիտէն յատուկ հաղորդագրութեամբ անդրադարձանք: Մեզի համար դրական է, որ Լիբանան քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններ ունենայ Թուրքիոյ հետ: Մենք չենք ուզեր, որ այդ յարաբերութիւնները ըլլան ի շահ Թուրքիոյ (կը խօսիմ որպէս Լիբանանի քաղաքացի): Այսօր, Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաւասարակշռուած տնտեսական յարաբերութիւններ չկան: Մեր արտածումները դէպի Թուրքիա 100 միլիոն դոլար են, իսկ ներածումներըՙ 900 միլիոն դոլար: Իսկ առեւտրական հաշուեկշիռը Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ 7 միլիար դոլար է:
Ինչպէս որ շիա համայնքի հոգեւոր ղեկավար Մուսա Սադըրի առեւանգման ցաւերը կը յարգենք, կÿակնկալենք նաեւ որ 150,000 լիբանանցիներուՙ լիբանանահայերու զգացումները նոյնպէս յարգուին: Լիբանանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները եթէ կոչենք «պատմական», մինչ այդ յարաբերութիւնները արեան, ոճիրի ու սովի (Ա. Համաշխարհային պատերազմին) յարաբերութիւններ եղած են: Լիբանանի մէջ չկայ որեւէ ընտանիք, որ զոհ չէ տուած Օսմանեան կայսրութեան: Առաւել եւս պէտք է նկատենք, որ դասագիրքերու մէջէն վերցուցած են նոյնիսկ այդ ահաւոր աւերը գործած Օսմանեան պետութիւնը, իշխանաւորըՙ Ջեմալ Փաշան, կախաղանները...: 6 Մայիսի Նահատակաց ոգեկոչումը շուքի մէջ պահելու երեւոյթ մը կայ եւ նոյնիսկ ձայներ կան, որ Նահատակաց հրապարակին անունը պէտք է փոխուի:
Անոնք բոլորը Լիբանանի նահատակներն են ու, եթէ չենք յարգեր յիշատակը առաջին նահատակներուն, շատ արագ պիտի մոռնանք նոր նահատակները: Մենք այս իմաստով դէմ արտայայտուեցանք նաեւ «ՖԻՒՆԻՒԼ»ի մէջ թրքական ուժերու ներգրաւման: Մենք ամէն իմաստով դէմ ենք ապահովական եւ զինուորական որեւէ յարաբերութեան Թուրքիոյ հետ: Այն ուղղուած է ոչ միայն Լիբանանի հայ համայնքին, այլեւ ամբողջ երկրին շահերուն դէմ: Յիշեցնեմ, որ Թուրքիա այն ինչ որ չկրցաւ ընել ամբողջ 400 տարի արաբական աշխարհին եւ Լիբանանինՙ զէնքով ու զինամթերքով, բանակով եւ բռնատիրութեամբ, այսօր կը յաջողի ընել խաղաղ միջոցներով, դիւանագիտութեամբ եւ ճարպիկութեամբ, տնտեսական ու մշակութայինՙ նոյնիսկ ֆիլմաշարի մարզերէն ներս ազդեցութիւններով, ներթափանցմամբ: Մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ այս երեւոյթին եւ ազդեցութեան դէմ:
- Ինչպիսի՞ն են ձեր կապերը հայ քաղաքական միւս կուսակցութիւններու խորհրդարանական ներկայացուցիչներուն հետ եւ ինչպէ՞ս կը տեսնէք համագործակցութիւնը անոնց հետ, Լիբանանի եւ Լիբանանի հայութեան կարեւորագոյն հարցերու լուծման մէջ:
- Հակառակ այն ընդհանրական տպաւորութեան, թէ մենք Լիբանանի մէջ, քաղաքական իմաստով, հակառակ դիրքերու վրայ ենքՙ ընտրական դաշինքներու պատճառով, 2000 թուականէն ասդին Լիբանանի հայութեան մօտ կը նկատենք լայնախոհութիւն: Չեմ յիշեր որեւէ ժամանակաշրջան, գէթ վերջին 10 տարիներուն, որ մեր կուսակցական յարաբերութիւնները դադրած են: Ամենայն հպարտութեամբ կրնամ ըսել, թէ ամէնէն դժուարին օրերուն այդ յարաբերութիւնները մնացին, համատեղ հանդիպումներն ու ժողովները գումարուեցան:
Հայկական հարցերու կապակցութեամբ ընդհանրապէս դժուարութիւններ գոյութիւն չունին: Այն հարցերը, որոնք ընդհանրական են, Լիբանանի գերիշխանութեան, ապահովութեան, ազատութեան, Լիբանանի հայութեան անվտանգութեան կապակցութեամբՙ կողմերու մօտեցումները դոյզն տարբերութիւն իսկ չունին: Կը մնայ այնՙ որ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն քաղաքական ուղղութեան մը հետ կը գործէ: Ես կը հաւատամ, որ ժամանակի ընթացքին այս ալ կրնայ իր լուծումը գտնել: Անվտանգութիւնը հիմնական նշանակութիւն ունի մեզի համար: Որպէս քաղաքական կողմ եւ համայնքՙ յաջողեցանք ներկայութիւն ըլլալ երկխօսութեան սեղանին վրայ, որ կազմակերպուած էր օրինՙ խորհրդարանի նախագահին կողմէ... համայնքը, հակառակ իր ներքին քաղաքական, այսպէս ըսած, որոշ բաժանումներուՙ երբ երկրին գերագոյն շահերը կը պահանջեն, միացեալ պատուիրակութեամբ մը ներկայ կÿըլլայՙ իր դրական անդրադարձը ունենալով, իբրեւ դաս եւ օրինակ ծառայելու միւս կողմերուն: Հայկական յարաբերութիւնները կը շարունակուին, դրական հունի մէջ կը մտնեն եւ լիայոյս պէտք է ըլլանք, որ մենքՙ որեւէ ժամանակ, Լիբանանի հայութեան շահերը պաշտպանելու իմաստովՙ ոչ մէկ տեղ որեւէ զիջում կրնանք կատարել իբրեւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, իբրեւ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող քաղաքական կուսակցութիւններ:
Հարցազրոյցը վարեցՙ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Բեյրութ