«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#68, 2010-04-16 | #69, 2010-04-17 | #70, 2010-04-20


ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՎԱԳԱՆԻԻՆ ՍՈՒՐԻԱ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՎՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ

«Ուշացած բայց ոչ ուշ»-ի տրամաբանութեամբ պէտք է միայն ողջունել հայրենի իշխանութիւններու մեծաւորներուն պաշտօնական այցելութիւնները Միջին Արեւելք ու գործնական հանդիպումներն ու ստորագրած համաձայնագիրերը:

Խօսքը, անշուշտ, կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու խորհրդարանի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի յաջորդական այցելութիւններուն Սուրիա ու Լիբանան, բարձրաստիճան պաշտօնաւորներու ու լրագրողներու մեծաթիւ պատւիրակութիւններու ընկերակցութեամբ:

Այս այցելութիւնները պէտք է դիտել տարածքային, միջպետական ու միջխորհրդարանական լայն ֆոներու վրայ, նկատի ունենալով հետեւեալ գլխաւոր գործօնները.

- Ամբողջ շրջանը կ՚անցնի խիստ փափուկ ու զգայուն ռազմաքաղաքական հանգրուաններէ, ուր եթէ մերձեցումի, համատեղութեան ու համախոհութեան ազդակները բացառուին կամ թուլացուին, կացութիւնը աւելի վատթարանալու դատապարտուած է:

- Հարաւային Կովկասի եւ արաբական-իսրայէլեան առանցքին վրայ, երբ հակամարտութիւններն ու լարուածութիւնները հասնին իրենց վտանգաւոր հորիզոնականին, պայթուցիկութիւնը կրնայ հասնիլ իր գագաթնակէտին:

- Մեծապետական տէրութիւններու յաւակնութիւնները, ոչ միայն թափանցելու այդ շրջանները, այլեւՙ հաստատուելու հոն, կրնան անակնկալներու դուռ բանալ:

- Արաբական (իմաՙ իսլամական) աշխարհը բաժնելու կամ ճեղքելու նկրտումները, սուրիական-պաղեստինեան-իրաքեան-լիբանանեան (ընդհուպՙ իրանեան) ճակատները թիրախ դարձնելու դիտաւորութեամբ, միշտ կը մնան ի զօրու, ամէն անգամ որ պահը կամ առիթը պահանջէ, ստեղծէ:

Հայաստան աշխարհը, առաւել կամ նուազ չափով, առնչուած է այս բեւեռներուն հետ, որովհետեւ որեւէ «ցնցում», հոս թէ հոն, անխուսափելիօրէն իր ազդեցութիւնը կը գործէ անոր վրայ, մանաւանդ երբ, հարեւանութեան կարգով, կան զայն շրջափակող երկու երկիրներՙ Թուրքիան եւ Ադրբէյջանը:

Մեծն Ռուսիոյ հետ ռազմական (թէկուզեւ քաղաքական) գործընկեր ըլլալը հոյակապ է, բայց արդեօ՞ք բաւարար է, երբ թուրքական-ադրբէյջանական խաղաղաթուղթերը, ամերիկեան-արեւմտեան նեցուկներով, ունին շատ մը պատճառներ եւ պատեհութիւններ, «անհանգստացնելու» Հայաստանը (նաեւՙ Ղարաբաղը):

Եթէ այս դիտանկիւնէն մօտենանք, այսպէս ըսած, հայաստանեան դրուածքին, կը հասկնանք (ու պէտք է հասկնանք), որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, անկախաբար իր աւանդական բարեկամ երկիրներէն, իր կապերը պէտք է ամրապնդէ շրջանային եւ արտաշրջանային երկիրներու հետ:

Առանց թերագնահատելու կամ արժեզրկելու որեւէ այլ հասարակութեան դերն ու նպատակը, ո՞վ կրնայ առարկել, որ Սուրիան ու Լիբանանը, որպէս մերձհայաստանեան երկիրներ, ուր կան ազդեցիկ հայկական համայնքներ, չեն գրաւեր առաջին տեղերը:

Ասիկա ոչ մրցակցութեան, ոչ ալ համեմատութեան եզր է, այլ խօսուն իրականութիուն մը, թէ՛ արաբականութեան, թէ՛ հայկականութեան առումներով, որովհետեւ զոյգ երկիրներուն մէջ, տարագիր հայութիւնը կրնայ իր ազգային արժանապատւութիւնն ու աւանդութիւնները պահել, կառչած մնալով իր ակունքներուն, սակայն առանց անտեսելու իր քաղաքացիական պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները:

Նշելի է, որ այս երկիրներու հետ բարւօք ու սերտ յարաբերութիւնները նորութիւն չեն, եղած են անցեալին, եղած են նաեւ խորհրդային կարգերու շրջանին, իսկ անկախութիւնն աւելի պարտաւորեցնող կը դարձնէ զանոնք, նոր լիցքի ու մղումի հասցնելու հրամայականութեամբ:

Եթէ արաբ հիւրընկալ եւ ասպնջական ժողովուրդը գիտէ յարգել եւ գնահատել հայ ժողովուրդին բարեմասնութիւններն ու առաքինութիւնները արդարօրէն ու պարկեշտօրէն, ապա վերաբերմունքը փոխադարձ է, անկեղծօրէն եւ ազնւօրէն:

Հոս է, որ սկիզբ կառնէ հայրենի պետականութեան դերը, այդ երկիրներու (եւ այլ) պետութիւններուն հետ պահելու մնայուն, անմիջական եւ փոխշահաւէտ կապեր, որոնց յաջողութեան մեջ երբեք զանցառելի եւ անտեսելի չեն կրնար ըլլալ տեղւոյն հայութեան ճիգերն ու ներդրումները:

Այս բոլորը պէտք չի միայն պահել հայու եւ քաղաքացիի պարունակին մէջ, այլ զայն բարձրացնել պետական մակարդակի վրայ, պետութենէՙ պետութիւն կամրջումով, կառավարութենէՙ կառավարութիւն գործակցութեամբ:

Հայաստան-Սուրիա, Հայաստան-Լիբանան միջպետական համագործակցութիւններով, զանազան մակարդակներու ու բազմաբնոյթ մարզերու վրայ, անհրաժեշտաբար կարիքը ունին դառնալու ամրակուռ այն կռուանները, որոնք, նախՙ այդ երկիրներուն կու տան փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ, ապաՙ ժողովուրդներուն միջեւ սիրոյ ու գործակցութեան մեկնակէտ:

Պետական մակարդակով այս վերջին այցելութիւնները կը միտին այդ երաշխաւորութիւնը տալ, այդ վստահութիւնը ներշնչել, պայմանով, որ անոնք դառնան գործնական ու յաջորդական վարքագիծ մը, նույնիսկ ստորագրուած համաձայնագիրներին անդին անցնելով ու նորերու հողը պատրաստելով:

Սակայն մեզի համար (թերեւս ալ շատերու), այս այցելութիւնները ունենալու են նաեւ համագործակցութենէն աւելի (կամ անոր չափ), քաղաքական շահույթ, այն բացատրութեամբ, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն շրջանին մէջ ներկայութիւնը խիստ կարեւոր է, հետեւեալ կետերը նկատի ունենալով.

- նախանձախնդրութիւնՙ շրջանի երկիրներուն հետ պահելու բարւօք, գործարար եւ երկկողմանի կապեր, քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական, մշակութային ու բարեկամական մարզերին ներս:

- Հետեւողականութիւնՙ այդ կապերը զարգացնելու ու հիմնաւորելու իրենց զանազան դրսեւորումներով եւ իրագործումներով:

- Արդյունաւէտութիւնՙ այդ կապերը դնելու մասնագիտական ուղղութեան վրայ, զանոնք ձեռնհասօրեն վարելով եւ առաջնորդելով:

Ասոնք, իրենց զանազան իրողութիւններով ու մեկնաբանութիւններով, կը մնան անխուսափելի պահանջները հայ-արաբական շինիչ յարաբերութիւններուն, սակայն ամէնէն աւելի կարեւորը այսօր թրքական ներթափանցումին հակակշռումն է այս տարածաշրջան:

Իսկ ատիկա ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, եթէ ոչ հայկական պետականութեան ազդու ներկայութեամբ մէկ կողմէն, պետական մակարդակով կապերը զօրացնելու, զարգացնելու հետեւանքով, իսկ միւս կողմէնՙ հայկական հարցին իրաւացիութեան պաշտպանութիւնը շեշտելով (միշտ յիշելով նաեւ Ղարաբաղեան հարցը):

Յիշեցնենք, գէթ Լիբանանի պարագային, այսօր որքան թրքական ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ «ահաւոր» սահմաններու հասած է: Եթէ պիտի կարծէք թէ ատիկա միայն «խաղաղասիրական, մարդասիրական ու լիաբանանասիրական» է, պարզապէս միամտութիւն է, որովհետեւ գերազանցապես քաղաքական է, որուն մէջ երբեք բացառուած չէ լիբանանահայութիւնը «ստուերելու» մտադրութիւնը եւ, չզարմանալ, Հայկական հարցը թաղելու ստորնամտութիւնը:

Տարօրինակ պէտք չէ թուի, որ Թուրքիան, իր այս «նուաճողական» քաղաքականութիունը պիտի շարունակէ ու զարգացնէ, մանաւանդ օգտուելով Սուրիոյ նկատմամբ իր «բարեացակամ» վերաբերմունքէն ու Լիբանանին իր մատուցած «մարդասիրական» օժանդակութիւններէն:

Ասոնք անզսպելի՜ քաղաքական փորձեր են, սակայն «զսպելի» պիտի ըլլան հայրենի իշխանութիւններուն պետական մակարդակով, ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՄԲ, առանց կոպիտ միջամտութիւններու, այլՙ «աչք ծակող» ներկայութիւններով, որոնց պերճախօս օրինակներն այս վերջին այցելութիւններն էին:

***

Մեկնելով այս թռուցիկ խորհրդածութիւններէն, որքան ուսանելի պիտի ըլլար որ հայրենի իշխանութիւններն իրենց ուղեգիծը շարունակեն ու վերածաղկեցնեն, բայց այնպիսի ճկունութեամբ ու փափկանկատութեամբ, որ ներհամայնքային (ներգաղութային) հարցերուն մէջ, եթէ ոչ ճիշդ կողմերը լսելու, գոնե անճիշդ կողմերն անտեսելու պայմանով:

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ, Բէյրութ, 13 ապրիլ, 2010


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4